Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ ե­ռօ­րեայ զրոյ­ցի վեր­ջին մա­սը պի­տի յատ­կաց­նենք մեր գա­ղու­թի ա­մէ­նէն կեն­սու­նակ բա­ժի­նին՝ ե­րի­տա­սար­դու­թեան։
Այս ան­գամ պի­տի չանդ­րա­դառ­նանք կա­տա­րո­ւած ե­լոյ­թի մը, այլ վա­ղը, ­Շա­բաթ՝ 8 ­Փետ­րո­ւա­րի գի­շե­րը, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «Օր»ուան նո­ւի­րո­ւած տօ­նախմ­բու­թեան ա­ռի­թով, մեր մտա­ծում­նե­րը պի­տի ար­տա­յայ­տենք հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գիով թրծո­ւած անն­ման մեր տղոց մա­սին։
­Քա­նի մը օ­րեր ա­ռաջ, «Ա­զատ Օր» իր է­ջե­րէն ներ­կա­յա­ցուց դաշ­նակ­ցա­կան ե­զա­կի գոր­ծի­չի մը՝ Գ­րի­գոր ­Գը­յը­ճեա­նի կեանքն ու գոր­ծը, որ փաս­տօ­րէն յու­նա­հայ գա­ղու­թին մէջ հի­մը դրաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան բա­բա­խուն սիր­տին՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կազ­մա­կերպ շար­ժու­մին, որ նոյ­նիսկ Գ­րի­գո­րի վա­ղա­հաս մա­հէն ետք, ա­նի­կա շա­րու­նա­կեց իր վստահ եր­թը մին­չեւ այ­սօր՝ ներգ­րա­ւե­լով եւ ներշն­չե­լով այն բո­լոր տար­րե­րը, ո­րոնք հա­յու­թեան գո­յա­պայ­քա­րին, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րին եւ ա­նոր յա­րա­տեւ­ման խո­րա­պէս հա­ւա­տա­ցին, ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը ըլ­լա­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի ե­րի­տա­սարդ զան­գո­ւած­նե­րուն մէջ։
­Դաշ­նակ­ցու­թեան բո­վան­դակ քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը միս ու ջիղ ստա­ցան հայ նոր սե­րուն­դի յա­ռա­ջա­պահ շար­քե­րուն մէջ եւ այ­սօր՝ կա­րե­լի է ան­վա­րան ը­սել, թէ Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու սնու­ցիչ մի­ջա­վայ­րը ա­պա­գայ հայ մար­դու կեր­տու­մին շա­ղախն է, որ կը ստա­նայ ազ­գա­յին կեր­պար, քա­ղա­քա­կան կազ­մո­ւածք, գա­ղա­փա­րա­կան պայ­ծառ աշ­խար­հա­յեացք։
­Յա­ճախ ը­սո­ւած ու գրո­ւած է, որ մեր կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ինք­նամ­փոփ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը չէ։ Իր հա­ւաք­նե­րը, գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ա­մէն տե­սա­կի կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ քա­ղա­քա­կան քայ­լե­րը թա­քուն ո­չինչ ու­նին, փակ դու­ռե­րու ե­տե­ւէն չեն ծա­ւա­լիր։
Ա­մէն ինչ յստակ է, մեր առ­ջեւն է, եւ մա­նա­ւանդ՝ հա­յօ­րէն շնչա­ւո­րող է։
Ազ­գո­վին հա­սած ենք հանգ­րո­ւա­նի մը, որ Ս­փիւռ­քը փո­խա­նակ իր մար­դու­ժը մղէ դէ­պի հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն, ա­նի­կա մտա­հո­գիչ թա­փով կ­՚ուռ­ճա­նայ, իր մէջ «կուլ տա­լով» սե­րունդ­ներ, ո­րոնք սկսած են պոր­տա­կա­պը կտրել մայր հո­ղի ա­կուն­քէն։
Որ­քան տա­րի­նե­րը կ­՚անց­նին, որ­քան մեր ապ­րած մի­ջա­վայ­րի այ­լա­սե­րիչ պայ­ման­նե­րուն տակ սե­րունդ­նե­րուն մէջ կը նո­ւա­զի ինք­նու­թեան շտե­մա­րա­նը, այն­քան ա­ւե­լի կը զգանք սնան­կու­թիւ­նը ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան, որ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րուն մօտ իր ա­ւե­րիչ տա­րա­ծու­մով, հա­յոր­դի­նե­րը հե­ռու կը պա­հէ ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի կե­նա­րար ու­ժի ազ­դե­ցու­թե­նէն։
Այ­լեւս, դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դը ան­տար­բեր չի կրնար մնալ մտա­հո­գիչ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն դի­մաց։ ­Ժո­ղովր­դա­յին խօս­քը կ­՚ը­սէ թէ, դրա­ցիին տան մէջ բռնկած կրա­կը, շու­տով պի­տի այ­րէ մեր օ­ճա­խը։
Ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դը պար­տի խօսք ու­նե­նալ եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կրել իր սե­փա­կան տան ամ­րագ­րու­մին հա­մար, պար­տի ան­վա­խօ­րէն դի­մադ­րել այն բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն, ո­րոնք յո­ռի կը թո­ւին ա­նոր, չեն հա­մընկ­նիր իր թարմ մտա­սե­ւե­ռում­նե­րուն, ջլա­տիչ կեր­պով պահ­պա­նո­ղա­կան են, նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ընբռ­նում­նե­րուն խորթ են, այդ­պէս ինչ­պէս կը պատ­գա­մէր ու կը դաս­տիա­րա­կէր Գ­րի­գոր ­Գը­յը­ճեան։
­Դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դը, պար­տի շա­րու­նա­կա­բար նոր շուն­չով ներ­կա­յա­նալ իր սերն­դա­կի­ցին առ­ջեւ, լսել ա­նոր մտա­ծում­նե­րը, ըմբռ­նել մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, լու­ծում­ներ գտնել, գա­ղա­փա­րա­կան ճամ­բայ բա­նալ ա­ռողջ տար­րե­րու ներգ­րաւ­ման հա­մար։
Այս­պէս ե­ղած է Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի օ­րե­րէն, նոյն ո­գիով ներշն­չո­ւած է պայ­քա­րի վե­րըն­ձիւղ­ման տա­րի­նե­րուն, ներ­գոր­ծող ո­գեշն­չում ստա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման խոր­հուր­դէն։
Այ­սօր եւս, դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դի գե­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւնն է իր հա­յեաց­քը յա­ռել հոն՝ ուր­կէ կը ցայ­տի հայ հո­ղի ստեղ­ծա­գործ ու­ժը։
­Հա­յաս­տա­նը ա­մէն բա­նէ վեր՝ իր ամ­բող­ջու­թեամբ։
Այս է հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու­ղիին ու վե­րել­քին գա­գաթ­նա­կէ­տը։ ­Դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դը կրնա՛յ այդ ու­ղին բա­նալ, ու­նի՛ ու­ժը եւ կամ­քը իր սերն­դա­կի­ցը ա­ռաջ­նոր­դե­լու մին­չեւ սէգ ­Մա­սի­սի ստո­ւե­րին տակ։
Շ­նոր­հա­ւոր տօնդ՝ Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դու­թիւն։ ­Ճամ­բայ բա­ցէ՛ք, հա­յոր­դի­ներ։

«Ա­զատ Օր»