20 ­Փետ­րո­ւար 1988-24 ­Փետ­րո­ւար 2018 ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու, ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու, ինք­նո­րոշ­ման ու ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­հաս­տատ­ման օր:
1980ին ծայր ա­ռած Ար­ցա­խեան մեր ազ­գա­յին ու ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը փո­խեց ո՛չ միայն Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ հա­մայն հա­յու­թեան կեան­քը, հաս­տա­տա­կա­մօ­րէն իր ա­ւար­տին հասց­նե­լու հա­մար շար­ժու­մը՝ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը՝ ա­զա­տագ­րու­թեան ե­րա­զի եւ ինք­նիշ­խա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան հան­գա­ման­քի հիմ­նա­ւո­րեալ պե­տա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման։
Այ­սօր, հա­մայն հա­յու­թեան ե­րա­զան­քը կ­’ի­րա­գոր­ծո­ւի այս գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մով, իսկ նոր սե­րուն­դը վճռա­կա­նօ­րէն կանգ­նած է Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման խո­յեան­քին առ­ջեւ, հե­րոս­նե­րու թա­փած ա­րիւ­նը ար­դա­րաց­նե­լու տե­ս­լա­կա­նով։

***

Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ՝ 24 ­Փետ­րո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30էն մին­չեւ ուշ գի­շե­րո­ւան ժա­մե­րը, բեր­նէ-բե­րան յոր­դող ա­կում­բի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­ցա­ռիկ խան­դա­վա­ռու­թեամբ խնճոյք — խրախ­ճանք, ըն­կեր­նե­րու, ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու հա­մա­կիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Օ­րեր ա­ռաջ ար­դէն, մաս­նակ­ցու­թեան տոմ­սե­րը ա­պա­հո­վո­ւած էին եւ տե­ղի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով՝ ո­րոշ ըն­տա­նիք­ներ պար­տա­ւո­րո­ւե­ցան մեկ­նե­լու եւ զրկո­ւե­լու այդ գե­ղե­ցիկ ու խան­դա­վառ ե­րե­կո­յէն։
­Կո­մի­տէի ա­նու­նով բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Գար­լօ ­Ճէ­նա­պեան՝ բա­րի գա­լուստ ու բա­րի զո­ւար­ճու­թիւն մաղ­թե­լով ներ­կա­նե­րուն։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղեց ­Հա­յաս­տա­նէն շրջանս գնտո­ւող «­Նուռ» նո­ւա­գա­խում­բին, որ իր ներ­կա­յու­թեամբ բա­ցա­ռիկ օ­րուան ու վա­րա­կիչ խան­դա­վա­ռու­թեան ան­մո­ռա­նա­լի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեց սրա­հէն ներս՝ ազ­գա­յին, յե­ղա­փո­խա­կան ու Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­պա­տու­մը յատ­կան­շող եր­գե­րու յա­ջող մեկ­նա­բա­նու­թեամբ, ո­րուն յա­ճախ իր ձայ­նը կը միաց­նէր գո­հու­նա­կու­թիւն դրսե­ւո­րող ար­տա­յայ­տու­թեամբ հա­մա­գու­մա­րեալ ժո­ղո­վուր­դը։
Ե­ռան­դամ նո­ւա­գա­խում­բը կը բաղ­կա­նայ ­Ճորճ ­Սար­գի­սեա­նէ (երգ), ­Սար­գիս Ա­դա­մեա­նէ (ձեռ­նա­դաշ­նակ) եւ ­Շանթ ­Դա­նիէ­լեա­նէ (ջու­թա­կի ճար­տար նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ)։
Օ­րո­ւան պատ­շաճ ու Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­կան շար­ժու­մին հան­գա­ման­քը ընդգ­ծող ներշն­չո­ւած խօս­քով՝ ե­լոյթ ու­նե­ցան մեր ե­րի­տա­սարդ գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­նե­րը՝ ­Վահ­րամ ­Չա­քա­լեան ու ­Սա­րին Ա­ւե­տի­սեան, ո­րոնք ար­ձա­գան­գը հան­դի­սա­ցան հաս­տա­տա­կամ քայ­լե­րով Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռուց­ման ու ար­մա­տա­ւոր­ման յաղ­թա­կան եր­թին՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս հա­տուց­ման հասց­նե­լու հա­մար Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ծով ա­րեան գնով ու գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ դէ­պի ցան­կա­լի խա­ղա­ղու­թիւն ուղ­ղո­ւող մեր ժո­ղո­վուր­դին պայ­քա­րը, նաեւ՝ նոր էջ մը բա­նա­լով, 30ա­մեայ պար­տադ­րո­ւած պայ­քա­րը իր ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րա­կան հանգ­րո­ւա­նին յան­գեց­նե­լու հա­մար։
­Ձեռ­նար­կը ա­ռիթ մը եւս տո­ւաւ, որ նոր սե­րուն­դը, մեր ան­փո­խա­րի­նե­լի երկ­սեռ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը՝ պայ­քա­րի իր կամքն ու խոս­տու­մը վե­րա­նո­րո­գէ՝ անվ­հատ քա­լե­լու հա­մար պայ­քա­րի խոր­տու­բորտ ճա­նա­պարհ­նե­րէն, ներշն­չո­ւած Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին 30ա­մեայ ա­զա­տագ­րա­կան յաղ­թար­շա­ւէն։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն 3 նո­ւէր­նե­րով՝ յու­շա­տախ­տա­կի վրայ փո­րագ­րո­ւած Հ.Յ.Դ. զի­նան­շան, Ար­ցա­խի ­Մա­միկն ու ­Պա­պի­կը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նը։

Թղ­թա­կից