Խնկենին* (Աւանդութիւն)
Սօս Վանի
Ճրագալոյցի իրիկուն մը:
Մօրս հետ՝ ժամէն տուն կը դառնայինք: Անոր ծամերուն մէջ՝ խունկի բոյրը կար, իսկ սրտիս մէջ՝ հպարտութիւնը քրիստոնեայ տղու: Մօրս շուրթերուն վրայ՝ աղօթքի մնացորդներ, ես՝ անոր հետքէն կը քալէի «ընթերցռուած»ս կրկնելով…:
Ժամուն երկփեղկ դուռը բաց էր:
Զատիկը անոր սեմէն կը հոսէր, կը մտնէր բակը, կը գահավիժէր քարէ սանդուխներէն, կ’իյնար շիտակ ճամբուն վրայ, կը քսուէր ժամուորներու քղանցքին, կը բարձրանար ուսերուն կատարը, կը հասնէր այտերուն, կը մօտենար բերնին եւ կը ցատկէր հոգիներէն ներս…: Այսպէս էր որ ամէն տարի Յարութեան Խորհուրդը հրաշավէպի մը կախարդանքովը մեր գիւղը կ՚իջնէր:
Ամէն մէկ հաւատաւորի գլխուն վրայ՝ ջերմեռանդութեան գոլը խտացած ամպին պէս էր: Ամէնուն նայուածքին մէջ՝ Յիսուսի խաչելութեան ուրուապատկերը կար եւ տխուր Գողգոթայ մը…: Պաղեստինը՝ իր դժուարամարս պատմութեամբը, ագացուած հարաւի խորհրդապաշտ մտքին՝ կը թառէր հայ գիւղացիի բարի ու գունագեղ երեւակայութեան գմբէթին վրայ:
Տաղերգուները, մարգարէները, առաքեալները, թագաւորները, գուշակները, աշակերտները, քահանայապետը, Պիղատոս, Յուդան, աքաղաղն ու հաւախօսի պահերը, խաչափայտն ու գամերը, Գողգոթան ու գեղարդը, երկու աւազակները, զոյգ Մարիամները, ու ամբոխը՝ շարժապատկերի ժապաւէնի պէս կը դառնային գիւղին շուրջ, երդիքներէն ու պատուհաններէն վար կը կախուէին, կը փակէին պատերուն, սիւներուն, հացին ու ջուրին, հագուստին ու ճրագին, թոնիրին ու հողէ պտուկին, օրօրոցին ու մանգաղին, կ’ըլլային կրօնք ու հաւատք, ծանրութիւն եւ իմաստ, անճառելի՜ հանգոյց:
Այսպէս կը ծաղկէ՜ր, կը պտղէր ու կը հասուննար կրօնքը մեր մէջ, որուն կը փարէր հայ գիւղացին:
Ես՝ համոզուած էի, որ Զատիկի Ճրագալոյցի գիշերը, հեռաւոր Հրէաստանի մէջ խաչուած Նազովրեցիին Յարութեան աւետիսը բերող հրեշտակներու թեւին լոյսը պիտի ցատկէր լեռնէ լեռ, դաշտէ դաշտ, պիտի հասնէր մեր գիւղն ալ, պիտի լուսաւորէր մեր ժամու խորանը, Յարութեան հնամաշ պատկերը, տանիքներն ու պատերը, ու անկէ շող մըն ալ պիտի իյնար իմ եւ մօրս անկողիններուն վրայ…:
Մենք Ճրագալոյցի գիշերը աղօթելով քնացանք…:
Սիրտերու մէջ եղած յոյսին պէս բարի է խնկենիին պատմութիւնը: Ան կու գայ պատրանքի մշուշոտ ճամբաներէն, բիրտ ու վայրի չէ իր վազքը, այսինքն՝ անոր հոսումը չունի կիրքն ու ցասումը պարտադրանքին: Կը ճկլտայ ինչպէս մանկամիտ առու, կ’առինքնէ յաւերժահարսի մը նման:
Խնկենին՝ ծառ մը, բոլոր ծառերուն ստորոգելիներովը, բայց կ՚աճի թէ երկրիս վրայ եւ թէ երկինքին մէջ: Երբ երկրիս վրայ է՝ խունկ կուտայ, ազուկ-ազուկ եւ պուտ-պուտ, զոր կը վառեն եկեղեցիներու մէջ, որուն ծուխը օղա՜կ-օղա՜կ կ’ոլորի, կը լեցնէ ժամը, կը ծածկէ Ժամագիրքն ու Աւետարանը, ջահն ու մոմերը, սկիհն ու քշոցները, գորշ գոյնով շրջանակի մը մէջ կ՚առնէ պատարագիչ քահանային դէմքը, մօրուքը, ոսկեգոյն թագը, կը փաթթուի Մանուկ Յիսուսի մարմնին եւ անոր մօր ցաւոտ սրտին…: Իսկ երբ երկինքի մէջ ծլած է, այն ատեն կը դառնայ հանգստավայրը արդար հոգիներուն…:
Մայրս կ’ըսէր թէ՝ հոգիները ճնճուղուկներու պէս թեւ ու կտուց ունին, խնկենիի ճիւղերու վրայ կը թառին, անդենական աշխարհին մէջ, ուտելիքի ու խմելիքի հոգ չկա՜յ, առտուընէ մինչեւ իրիկուն երկնային Արեւագալը կ’երգեն…:
Գիշեր մը: Համեստ ու անմեղ գիշեր մը: Գիւղը կը պատրաստուէր քնանալու: Փաշենց թթենիի վրայ թառած հաւերը գունդ ու կծիկ եղած էին: Լուռ էր Աւետենց կալի չափ մեծ տանիքը, ուր օրուան գրեթէ ամէն ժամուն, խումբ մը խաղացող տղաներ կան: Ամառ էր: Աստուած մեր գիւղի երկինքը զարդարած էր աստղերով:
Մայրս, կեցեր էր մեր տանիքը, բուխերիկին մօտ, ուր փռուած էին մեր անկողինները, կ՚աղօթէր. կը մօտենամ:Մամա՛: (Մեղմ ու անհամարձակ):
Է՛, տղա՛ս: (Քաղցրութեամբ եւ սիրոյ տաքովը):
Ի՞նչ կ’ընես:
Կ՚աղօթեմ, անո՛ւշս:
Ի՞նչ կ՚ըսես, Աստուծմէ ի՞նչ կ’ուզես:
Կ՚ուզեմ որ Աստուածը ինձ ու քեզ խունկի ծառին վրայ բնակելու, անդենական աշխարհի մէջ երջանիկ ապրելու արժանի ընէ:
Ես՝ հաւատացի, հիմա ալ կը հաւատամ, որ Աստուած մօրս խնդրանքը չէ մերժած, ու ան՝ որ մեռած է, ճնճղուկ մը դարձած, նստեր է խնկենիին վրայ ու կ՚երգէ: Է՛յ, հաւատացէ՛ք դուք ալ հրաշքին, որպէս զի պահ մը գէթ ազատ ըլլաք նիւթին ճնշումէն եւ անոր ցաւցնող կանչէն, քալէք ցնորքին ճամբաներէն, երազին ու երեւակայութեան բաւիղներէն, անմարմին ու վերացական, շունչ ու հոգի ըլլաք, թեթեւնա՜ք ու նօսրանա՜ք, վերանա՜ք ու խառնուիք գաղափարին ու աստուածներուն…:
Ձեր հագուստներուն վրայ՝ ապականութեան փոշին ու տիղմը կան, ձեր մսին մէջ՝ մեղք ու ստութիւն, ձեր արիւնին մէջ՝ թարախ ու մանրէ: Ամօթ է ստեղծուիլ «ի պատկերի իւրում» բայց մնալ ու ապրիլ իբր խոզ ու ցեխ, կապիկ ու ապականութիւն…:
Կրօնքի իմաստութիւնը իր Աստղն ու Հրաշքն ունի:
Երանութի՜ւն, երանութի՜ւն:
Ո՛վ իմ ազնուական երեւակայութիւնս, եկո՛ւր ինծի սիրականի մը կարօտովը եւ անոր ինքնանուէր եւ ամբողջական զոհողութեամբը, թեւ թեւի մտնենք, երթանք մանկութեանս տժգոյն յուշերուս ուղիներէն, մտնենք մեր գիւղը, Թաղը, որ բազմեր է Շատի եւ Սեւտիկնայ գետերու միացման մէջտեղը, երեք ձորերու խաչաձեւումին վրայ…:
Մտնե՛նք Ջաղցի Թաղը: Փաշենց ծեր թթենիի ու աղբիւրի մօտերը, նեղ փողոցի մը փորին մէջն է մեր տունը, մէկ սենեակ, խարխլած դուռնով մը եւ երդիքով մը՝ որ լոյս կու տար մեզի. ես այդ երդիքին տակ կը պառկէի, երբ առտուները, մայրս իր թոնիրը կը վառէր, ու ծուխը կը լեցուէր մեր տունին մէջ, ու երդիքէն ու դուռնէն դուրս կը խուժէր թանձր ամպի պէս, ես՝ վերմակս գլխուս վրայ կը քաշէի, ոզնիի պէս կը կծկտէի՜, կը քնանայի՜…: Մայրս կը մխոտէ՜ր ու կը մխա՜ր, կը կենար մուխին մէջ, չէր տրտնջար, երբեմն միայն կը հազար…:
Ահա՛ այս տունն է, որ պիտի փնտռենք, հօրենական սուրբ տունը, ուր ծնան, ամուսնացան, ծերացան ու մեռան հարիւր պորտ ու սերունդ, շինելով անցեալ ու պատմութիւն, դրուագ ու պատկեր: Ապրեցան խաղաղութեամբ ու հաշտ, աստուածներու պէս բարի եւ հրեշտակներու նման հնազանդ: Ուր երբե՛ք կռիւը չմտաւ, քէնն ու ատելութիւնը հեռու մնացին անկէ: Աղքատ էր՝ բայց իշխանի պալատէն աւելի շէն էր եւ ուրախ, երեւոյթը անհրապո՜յր, հասակը կա՜րճ, պատի քարերը տեղ-տեղ դուրս ցցուած, առապարը խարխլած, ի՛նչ հոգ սակայն, անիկա սուրբ էր ժամու չափ, եւ արդար՝ որքան չեն եղած երկնքի բոլոր աստղերը միասին…:
Իմ մտերի՜մ երեւակայութիւն, կենանք փողոցին ծայրը, Սուկունենց տան անկիւնը, հոնկէ ձայն տանք, եթէ մայրս տան մէջ է, պիտի լսէ մեր ձայնը, պիտի վազէ, մեզ պիտի դիմաւորէ, մայրական սրտի սէրովն ու գորովովը, եթէ ոչ՝ այդ պիտի նշանակէ որ արիւնարբու թուրքը, որ երբէք չէ խնայած պզտիկին ու մեծին, ջարդած է անխնայ, նոյն իսկ օրօրոցի մանուկները, եւ չծնած երախաները, չէ խնայած նաեւ մայրական սիրտերուն…: Անիկա մեռցուցած է հայ մայրերը, եւ իմ պաշտելի մայրս, Լուսինը, Գազոյենց աղջիկը, Խլղաթեանենց հարսը…:
Մենք կանչեցինք:
Ու մայրս չպատասխանեց: Մեր տունը աւերակ էր:
Մտնե՛նք գերեզմանատունը: Հոս կեցի՛ր, դրան առջեւը, ինծի սպասէ՛, ես քալեմ շիրիմներուն մէջէն, մայրս կանչեմ հարազատ եւ գիւղացի տղու զգայուն եւ սիրազեղ բառերովը. տարիներու բաժանման միջոցը չի կրնար աղարտել որդիական կանչին իսկութիւնը, անիկա պիտի ճանչնայ ձայնս, իսկ ես՝ անորը, մահը արգելք մը չէ մայր ու տղու հոգեգէն յարաբերութեան ու զրոյցին…:
Խաչս կը հանեմ, կը համբուրեմ գերեզմանատան մատուռին պատը: Տապանաքարեր ու լռութիւն: Սմքած ծառեր ու ամայութիւն: Ապարան գետակը մրմունջ չունի, կը բարձրանամ Հանգստեան Քարին վրայ, կը դիտեմ գերեզմանատունը ու բոլոր շիրիմները:
Լո՜ւռ է: Քարացած են հողն ու քարը:
Կը կանչեմ, երկու ափերս բերնիս վրայ փող մը շինած.Մայրի՜կ…:
Տրտում ու սրսփուն ձայնս ինկաւ տապանաքարերու վրայ: Ես ձայնիս մէջ դրի իմ եսը, իմ կարօտը, իմ սէրն ու անկեղծութիւնը…: Ես ձայն եղայ, ցատկեցի շիրիմէ շիրիմ, մտայ հողին մէջ, դարձայ հրեշտակ ու աստուած…, Հրաշքի եւ Յարութեան խորհուրդովը փնտռեցի Մայրս ու անոր Ձայնը…:
Տղա՜ս…:
Այս մէկ հատիկ բառը բաւական էր ինծի. անոր մէջն էր իմ այրուած ու ջարդուած գիւղը եւ անոր ողբերգութեան աղաղակը, մեր հիւղակին դիւցազնական պատմութիւնը՝ իր դրուագներուն պէսպիսութիւնովը, մեր լքուած պարտէզը, մեր լռած ջրաղացը, գիւղի եկեղեցին ու դպրոցը, թոնիրներն ու տանիքները, լուսինը, արեւն ու աստղերը, մեր ուսուցիչներն ու աշակերտները, մեր գիրքերն ու պայուսակները, գետն ու աղբիւրը, մեր փողոցն ու թթենին, հասակակից ընկերներս ու մեր թաղի շուները…: Վերջապէս ամէնքը: Գի՜ւղը, գի՜ւղը:
Օ՜խ, թեթեւցած եմ վիշտերէս:
Ես խօսեցայ մօրս հետ, ես՝ անոր «Մայր» ըսի, ան՝ զիս «Տղաս» գոչեց…:
Պատրա՞նք, թէ ոչ հրաշք: Ինծի ի՞նչ, ես գիտեմ, որ մայր ու տղայ խօսեցանք իրարու հետ…:
Ով որ կ’ուզէ, իր քիմքին համաձայն վերլուծէ դէպքը, ես հիմա յագեցած եմ հրաշքին վայելքէն, քանզի հաւատացի հրաշքին…:
Ու գիտեմ, որ հրաշք մըն ալ ծնաւ զիս…:
Ես խունկի ծառ տեսած չեմ, մեր երկրի մէջ խունկի ծառ չկար. լա՜ւ որ այդպէս է…:
Որովհետեւ ես միշտ ուզած եմ արբենայ ինծի անծանօթ իրերու առասպելին գինիովը,
Որովհետեւ գիտեմ որ ծանօթութիւնը կը խորտակէ վսեմութիւնն ու պատկառանքը մարդուն եւ առարկաներու միջեւ…:
Մտերմութիւնը նախերգն է ատելութեան: Բարեկամութիւնը շատ անգամ թշնամութիւն եւ քամահրանք կը բերէ…:
Ես կը փնտռեմ հեռաւորութեան մէջէն ու մշուշոտ անծանօթէն ինծի եկած սէրը…, ու համակրանքը անհաղորդ իրերուն ու անձերուն…:
Այն տարին,
Զատիկն ու Գարունը երկու ծիծեռնակներու պէս մեր գիւղն էին մտեր, այն ատեն, մեր գիւղը շէն էր, ու մայրս ալ սպաննուած չէր թուրքերէն:
Ճրագալոյցի իրիկունն էր: Ես ու մայրս ժամ գացած էինք: Մայրս ժամու սուրբիկ մոմէն իր մոմը վառեց, տուն եկանք ու ժամու սուրբիկ բոցէն մեր թոնիրը բռնկեցուց: Մեր տունը լեցուեցաւ թոնիրին ու խունկին ծուխերովը: Կրօնքին յոյզը, հոգին հնհնուքի վրայ բռնող երեւակայութեան տեսիլքովը ու կարօտներու ցանցին քաղցրութեամբը՝ իջաւ մեր սիրտերուն մէջ: Յարութեան լոյսը կը համբուրուէր, կը սիրուըտէր մեր թոնիրի կրակին հետ…: Ու աւեստի բերող հրեշտակներու ձայնը կը խաղա՜ր, կը ճկլտա՜ր մեր բուխերիկին շուրջ…:
Երբ մեր գիւղի բա՜րձր երկնքի, լուսաւոր ու մեծ աստղը, տեսնուեցաւ մեր տան երդիքէն, ես ու մայրս, մեր կերակուրը ուտելէն վերջ, նստանք թոնիրին մօտիկ, սիւնին տակ, ու մայրս այն ատեն, ինծի պատմեց խնկենիին պատմութիւնը:«Ժամանակին, երկու թաղով գիւղ մը կար: Բլուր մը զանոնք իրարմէ կը բաժնէր այնպէս՝ ինչպէս քիթը, մեր երկու աչքերը: Մէկ թաղը արեւոտ էր, ծիլ ու ծաղիկ, թուփ ու ծառ ունէր. մէկալը՝ ցուրտ էր ու չոր, կանաչութիւն չունէր, ո՛չ ծառ, ո՛չ բոյն, երգ ու թռչուն: Այս երկու թաղերու մէջ՝ երկու հարուստներ կային, երկու տարբեր դաշտերու մէջ գտնուող երկու լճակներուն նման…»:
«Արեդդէմ ու ծառաշատ թաղի հարուստը, իր աղջիկը հարսնութեան տուաւ Ծմակ թաղի հարուստի տղուն: Գիւղը հարսնիք լարեց, «կերաւ, խմեց, խնդաց ու պարեց» եւ անօթի փորով հեռացաւ… փեսայի տան մէջ ու սեմի վրայ՝ ձգելով մաղթանք ու շնորհակալութիւն»:
Մամա՛, կերաւ, խմեց, ու անօթի փորով ցրուեցա՞ւ գիւղացին. ուտող-խմող մարդը անօթի կ’ըլլա՞յ:
Ո՛չ, տղաս, գիւղացին բան մը չկերաւ, ու անօթի՜ մեկնեցաւ գիւղացին…: Ծմակ թաղի հարուստը կծծի էր…:
Հասկցայ, հարուստը կծծի էր, ու բան մը չկերցուց, անօթի փորով հարսանիք ըրաւ մարդը…:
«Հարսին անունը Խնկիկ էր: Անոր յօնքերուն արանքը, մեղրի կաթուքին կլորովը ծին (խալ, պէնկ) մը կար: Աչքերն ըսես՝ ամենէն պայծառ արշալոյսին պէս էին: Մազերը՝ թե՜լ-թե՜լ մետաքս, ու մորթը՝ մարմարի գոյն: Հօրը մէկ հատիկը: Խնկիկենց տունը գթասիրտ էր ու աշքատասէր: Խնկիկը, հօրը տունէն, հարսանեկան օժիտին հետ, փեսայի տունը տարաւ առաքինութիւնն ու բարութիւնը: Ան վարժուած էր աղքատին ու թշուառին օգնել, ողորմութիւն տալը անոր հոգիին մաս կը կազմէր»:
«Խնկիկենց թաղին մէջ արեւ կար»:
«Բայց կեսրայրին տունը կարծր ու չոր էր ժայռի մը պէս: Գթասրտութիւնը վախցաւ այդ տան վրայ իր թեւն ու շուքը դնելէն: Գորտի մորթով եւ օձի պէս հակակրելի՝ կեսրայրի բնակարանը, որ՝ խիղճ ու բարութիւն չունեցաւ, վռնտեց մուրացիկները, հայհոյեց թշուառներուն, անարգեց անկարն ու հիւանդը»:
«Ծմակ թաղին մէջ ցուրտ կար»:
«Խնկիկը հարս տուին հարուստի: Հայրը մտածեր էր, «աղջիկս ողորմութիւն տալը կը սիրէ, կը սիրէ օգնել թշուառին ու աղքատին, ուրեմն՝ հարուստի տամ, որ դրամ ունենայ եւ կարողանայ օգնել անկարներուն»: Չէր գիտեր որ Ծմակ թաղի հարուստը կծծի էր, շա՜տ կծծի. այնպէս որ Խնկիկին հարսնութեան առագաստը լարուեցաւ անսպառ հարստութեան մը եւ պողպատեայ կարծրութեամբ անգթութեան մը մէջտեղը»:
(Մայրս պահ մը կեցաւ պատմելէ, պուտ մը խունկ նետեց իր հողէ խնկամանին մէջ, վառեց, խունկը ծուխով լեցուց մեր բնակարանը, խունկին հոտը խառնուեցաւ աւանդութեան խնկաւէտ հիւսքին հետ…: Մայրս ձեռքերը տարածեց, ու աչքը երդիքին՝ ուրկէ կ՚երեւար աստղ մը, աղօթեց՝ լերան մը լռութեան ծանրովը, աղօթեց աղքատներուն համար):
«Կեսրայրը կծծի էր,- յետոյ շարունակեց մայրս, — հարս Խնկիկը չկրցաւ աղքատներուն օգնել: Անոր արգիլեցին ողորմութիւն տալը, վա՛յ թէ տեսնէին որ նոյն իսկ պատառիկ մը հաց դնէր աղքատի մը ափը…»:
«Սիրտը ի՞նչ է որ, երբ անոր մէջէն դուրս կը հանես խիղճը, չունի տիկ, ուրիշ ոչինչ: Խնկիկը վարժուած էր բարեգործութեան, ու հիմա որ չէր կրնար աղքատին օգնել, մտածեց ու տանջուեցաւ, նիհարցաւ…, բայց ամէն օր կը խորհէր ինքնիրեն, հանդարտեցնել իր խռովայոյզ սիրտը, լռեցնել իր հոգիին բողոքը, մտածեց երկա՜ր ու գտաւ միջոցը»:
«Բարիքը միշտ բարիք է, բարիքդ ըրէ՛ ուր որ ալ ըլլայ, մարդու եւ անասունի, սողունի ու թռչունի, օձի ու ձուկի խտրութիւն չկայ, գիշեր ըլլայ թէ ցերեկ, ձմեռ թէ գարուն, ողորմութիւն ըրէ՛, կ’ուզես՝ ծովը նետէ, մարդիկ եէթ չիմանան՝ Աստուածը կը գիտնայ, ասիկա կը բաւէ: Օր մը մտածեց Խնկիկը. չէ՛, քանի որ չեմ կրնար կշտացնել աղքատները, հիւանդները չեմ կրնար կերակրել, կերակրեմ գոնէ երկինքի թռչունները»:
«Ու Խնկիկը ամէն գիշեր, կէս գիշերին, երբ տնեցիները խորունկ կը քնանային, հացի փշրանքները, կերակուրներու աւելցուքները կը տանէր իրենց պարտէզը, խնձորենիին տակ կը թափէր…: Այսպէս ամիսներ ու տարիներ, շարունակ: Տնեցիները չիմացան գաղտնիքը: Կարծր ու բիրտ ժայռի մը տակէն գլգլացող աղբիւրին խաղաղութիւնը ունէր Խնկիկի գթասրտութիւնը, որ քալեց դանդաղ ու վախվխուկ, բայց առանց ընդհատումի»:
«Խնձորենին պարտէզին մէջտեղն էր: Մեղի ու բարեբեր ծառ մը ամէն տարի պտուղ կուտար. Խնկիկը գիշեր մը սովորականին պէս պարտէզ իջաւ, սփռոցը թօթուեց, պնակը պարպեց… երբ ուզեց ետ դառնալ, դէպի տունը, զարմանքով տեսաւ որ խնձորենին կը լուսաւորուի՜: Բռնկեցա՜ւ հետզհետէ, աստղ ու արեւ եղաւ, լուսեց պարտէզը…: Եւ ո՛վ զարմանք, լուսավառ ճիւղերով խնձորենիին վրայ, գթասիրտ հարսը նշմարեց ձիւնափայլ զգեստներով հրեշտակ մը…»:
«Յաւերժահարսի պէս թարմ էր անիկա ու ճկլտուն: Հրեշտակը ըսաւ.- Օրհնեա՛լ ըլլայ հարսնութիւնդ, ուզէ՛ ինչ որ կը փափաքիս ու քեզի պիտի տրուի»:
«Խնկիկը պատասխանեց. կ’ուզեմ տեսնել Արդարին ու Մեղաւորին մահը…»:
«Լա՛ւ, ըսաւ հրեշտակը, վաղը պիտի տեսնես այդ մահերէն մէկը: Կեսրայրդ պիտի մեռնի»:
«Յաջորդ օրը, քարասիրտ կեսրայրը մեռաւ: Տագնապալից ու ծանր էր հոգեվարքը: Սատանաները անոր հոգին՝ դժուարութեամբ ու քրտնած, կրցան փրցնել իր տեղէն, ինչպէս ատամնաբոյժը ակռան կը փրցնէ լինտէն: Մեղաւորին մահն էր ասիկա: Խնկիկը տեսաւ մեռնողին չարչարանքը…, դառնօրէն լացաւ իր կեսրայրի հոգիի փրկութեան համար»:
(Մայրս նորէն ընդհատեց պատմութիւնը, երկրորդ պտղունց խունկ նետեց խնկամանին մէջ: Առասպելէն ինծի եկած տագնապէն՝ կը ցաւէին կողերս, ու սիրտս կարծես իր տեղէն կը խախտէր):
«Խնկիկը իր սուգին հինգերորդ օրը, հօրենական տունը վազեց, երկրորդ տեսակի մահը տեսնելու համար, այդպէս ըսած էր հրեշտակը: Տեսաւ մահամերձ հայրը, դէմքին վրայ ցաւ չկար, ո՛չ ալ բիբին մէջ՝ տրտմութիւն: Երբ մեռաւ՝ կարծես թէ կը քնանար: Խնկիկ տեսաւ հրեշտակները, որոնք երգով ու պարով ննջեցեալի հոգին փոխադրեցին իր վերջին հանգստարանը: Արդարին մահն էր ասիկա, մինչ ամէն մարդ կու լար՝ Խնկիկը խնդաց…»:
«Ի՛նչ հեթանոսութիւն, Խնկիկը խնդացած էր մեռելատան մէջ: Գիւղը ոտքի ելաւ մէկ մարդու պէս, իր եղբայրները զայրացան, սուրերնին մերկացուցին, վազեցին իրենց քրոջ վրայ, մահուան սպառնալիքով՝ պատճառը հարցուցին: Խնկիկը չէր կրնար յայտնել գաղտնիքը, հրեշտակը արգիլած էր. եթէ պատմէր իրողութիւնը՝ անմիջապէս պիտի մեռնէր…»:
«Խնկիկը ինկաւ եղբայրներուն ոտքը, լացաւ ու աղաչեց, բայց՝ ի զուր…: Չարացան եղբայրները, աւելի յամառեցան, ու բռնի՜, սուրին սպառնալիքովը իրենց քրոջ պատմել տուին գաղտնիքը…»:
«Խնկիկը պատմեց ու մեռաւ…»:
«Յաջորդ տարին, թաղուած տեղը, անոր միսէն ու ոսկորէն՝ ծիլ տուաւ բուրումնաւէտ խնկենին…»:
Խունկ ու խնկենի՜:
Հաւատքիս կատարէն, ու փունջ մը արեւ ափիս մէջ՝ կ’ողջունեմ ես Ձեզի՜…:
*Σχίνος