Խնդ­րել-Փնտ­ռել

Խնդ­րել-Փնտ­ռել

0
1557

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Այ­սօր, երբ Մկր­տիչ ­Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի «­Մահ ­Քա­ջորդ­ւոյն»ը կը կար­դա­յի, անդ­րա­դար­ձայ, որ ԽՆԴՐԵԼ բա­յը մեր գիտ­ցած ա­ղա­չել, ու­զել, փա­փա­քիլ ի­մաստ­նե­րէն զատ շատ հե­տաքրք­րա­կան այլ ի­մաստ մըն ալ ու­նի:

Ա­հա­ւա­սիկ քեր­թո­ւա­ծէն պա­տա­ռիկ մը.
–­Դու զո՞վ ԽՆԴՐԵՍ, մա՜յր իմ ա­նոյշ,
Ե՛կ մի՛­դո­ղար, մօ­տե­ցիր հոս,
Ան­լաց ա­չօք դի­տէ զոր­դիդ
Ու իւր վէր­քերն ա­րիւ­նա­հոս…:

­Բա­նաս­տեղ­ծը ԽՆԴՐԵԼ բա­յը գոր­ծա­ծած է գրա­բա­րեան ի­մաս­տով, որ կը նշա­նա­կէ «փնտռել, ո­րո­նել, ցան­կալ»:
­Տե­սէ՛ք գրա­բա­րեան այս օ­րի­նա­կը. «­Դիա­կա­պուտս ա­ռա­քէ տի­կինն յետ յաղ­թու­թեանն ի տե­ղի ճա­կա­տուն, ԽՆԴՐԵԼ ի մէջ դիա­կանցն ան­կե­լոց զըղ­ձա­լին իւր»: (­Խո­րե­նա­ցի, աշ­խար­հա­բա­րով՝ տի­կի­նը (­Շա­մի­րա­մը) յաղ­թա­նա­կէն յե­տոյ ճա­կա­տա­մար­տի վայ­րը դիակ կո­ղոպ­տող­ներ կ’ու­ղար­կէ, որ ին­կած դիակ­նե­րուն մէջ իր սի­րե­լին (Ա­րան) ՓՆՏՌԵՆ):
Ա­հա այս ի­մաս­տով ալ գոր­ծա­ծած է ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան ԽՆԴՐԵԼ բա­յը, այ­սինքն՝ դուն զո՞վ կը փնտռես, մա՜յր իմ ա­նուշ:
Խնդ­րել բա­յին ար­մա­տը ու­րեմն խնդիրն է, որ կը կրէ «ո­րո­նել, փնտռել, քննու­թիւն» ի­մաստ­նե­րը: ­Յի­շե­ցէ՛ք ԽՆԴՐՈՅ ԱՌԱՐԿԱՅ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, որ կը նշա­նա­կէ քննու­թեան ա­ռար­կայ:
Ո­րո­նո­ղի ի­մաս­տով ու­նինք.
Ար­կա­ծախն­դիր– ար­կած ո­րո­նող
­Շա­հախն­դիր– շահ ո­րո­նող
­Բախ­տախն­դիր– բախտ ո­րո­նող
­Ման­րախն­դիր– ման­րուք ո­րո­նող
Խն­դի­րը նաեւ հար­ցի մը կամ մտա­հո­գու­թեան նիւթն է. ժո­ղո­վուր­դը կ’ը­սէ ՝ «Խն­դիր մի՛ հա­ներ հի­մա», որ կ’ակ­նար­կէ հար­ցը մեղ­մու­թեամբ փա­կե­լուն:
­Ժո­ղովր­դա­կան բար­բառ­նե­րուն մէջ կը հան­դի­պինք հե­տե­ւեալ ը­սե­լա­ձե­ւին. «Աս­տո­ւած մեղ ա է­լել, խնդիրս գե­տին չթո­ղեց»:
Չ­մոռ­նանք «ձեռ­քը խնդրել» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, որ աղ­ջիկ ու­զե­լուն կը վե­րա­բե­րի:
Խն­դիր չէ– կա­րե­ւոր չէ
Խն­դիր մի՛ ը­ներ– մի ա­ռար­կեր
Խն­դի­րը բազ­մի­մաստ բառ է: «Խնդ­րեմ»ով կը պա­տաս­խա­նենք մեզ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նո­ղին: «Խնդ­րեմ»ով մեր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կ’ար­տա­յայ­տենք նաեւ.
–­Գիրքդ վայր­կեան մը կրնա՞մ առ­նել:
– Խնդ­րեմ:
«Խնդ­րեմ»ը կը գոր­ծա­ծո­ւի նաեւ Իբ­րեւ հրա­ւէ­րի ար­տա­յայ­տու­թիւն.
– Խնդ­րե՛մ, այս­տեղ նստե­ցէք:
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէջ ա­ղա­չա­կան ի­մաս­տով ալ կը գոր­ծա­ծո­ւի խնդրե­լը. «Ի՜նչ կ’ըլ­լաս….. կը խնդրեմ», իսկ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ քա­ղա­քա­վա­րա­կան խօս­քի ար­տա­յայ­տիչ է, ճիշդ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի «հա­ճիս»ին պէս:
­Սա­կայն, ճամ­բան երբ մէ­կը քեզ չհասկ­նա­լով «խնդրում եմ հա­յե­րէն խօ­սա՛» կ’ը­սէ, ա՛լ ոչ խնդրե­լը միտքդ կու գայ, ո՛չ ալ քա­ղա­քա­վա­րու­թիւ­նը…
Այս բո­լո­րէն ետք, պի­տի խնդրեմ, որ խնդիր­նե­րէն զերծ մնաք, իսկ ե­թէ մարդ ես` պա­տա­հի որ ոե­ւէ մէ­կուն հետ խնդիր ու­նե­նաք, կը մաղ­թեմ որ կա­րո­ղա­նաք… «խնդի­րը ա­նուշ-ա­նուշ տեղ կա­պել»: