Հայ ժողովուրդի անձնուրաց քաջորդիներու եւ առասպելատիպ հերոսներու ֆետայական փաղանգին մէջ առանձնայատուկ իր տեղը ունի Սասնոյ Խիանք գաւառի ծնունդ Աւետիսեան Մուշեղը, որ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ Խմբապետ Մուշեղ։
Մարտ 19ի այս օրը կ’ոգեկոչենք մահուան 62րդ տարելիցը սասունցի ազատամարտիկներու այս արժանաւոր խմբապետին, որուն մօտէն ծանօթանալու բախտը ունեցած էր սփիւռքահայ գրականութեան անմահներէն Անդրանիկ Ծառուկեան՝ իր «Երազային Հալէպը» գործին մէջ վկայելու համար.-
«Հսկայ մարմին մը, վրան առիւծի գլուխ մը եւ երկու աչքեր, լեռնային լճակներու պէս խաղաղ ու վճիտ աչքեր։ Ամէն ինչ այդ աչքերուն մէջ է։ Իր մտածումները, զգացումները, ապրումները հոն են, այդ աչքերուն մէջ, որոնց թափանցիկ պայծառութեան մէջ կը կարդաս իր պարզունակ հոգին։ Հոգի մը, որ ծալքեր չունի, ներքին ալեկոծումներ եւ բարդութիւններ չի ճանչնար, այլ անմեղ մանուկի աչքերով կը դիտէ աշխարհը, զարմացած եւ զարմանալու միշտ պատրաստ։
«Ուսման բարիքները, ինչպէս եւ չարիքները անծանօթ են իր ուղեղին, որ դեռ մաքուր է, կաւիճէն չաղարտուած գրատախտակի մը պէս։ Մեսրոպեան տառերը հեգելու ժամանակ չէ ունեցած։ Իր կոշկոռած ձեռքերը հազիւ սորված են գութանին մաճը բռնել, անմիջապէս յետոյ հինգ մատներով գրկելու համար հրացանին պողպատը։ Ուրիշ գործ չի գիտեր, չէ ունեցած։ Ո՛չ արհեստ, ո՛չ ուսում։
«Իր սպիտակ նժոյգով եւ հրացանով պատմութեան անցած եւ այնտեղ ալ մնացած՝ խմբապետ Մուշեղը հիմա պարզապէս եղած է ընկեր Մուշեղ մը, որուն հետ կը նստինք, կը խօսինք, կը խօսեցնենք։ Խօսիլ շատ չի սիրեր, մանաւանդ իր մասին։ Եւ մեր պատանեկան անյագուրդ ծարաւին գոհացում տալու համար է, որ երբեմն կը զիջի պատմել դրուագ մը։
«– Այդտեղ՝ տղերքը իսկոյն դիրք գրաւեցին։ Տղաներէն մէկը ծանր վիրաւորուեցաւ, ինչ որ կատաղութեան հասցուց ընկերներուն զայրոյթը եւ գրոհի անցան, փախուստի մատնելով թշնամին։
«Միշտ տղերքն էին, տղաները, ինք չկայ։ Միշտ կը խօսի երրորդ դէմքով։ Անգամ մը միայն շեղում ունեցաւ.– «Այդ կռիւին, ներողութիւն սրա համար, ձիս զարնուեցաւ»։ Անձնական այդ միակ յիշատակութեան համար – ներողութի՜ւն…»։
1887ին ծնած՝ Մուշեղ կը պատկանէր Հայկական Ազատամարտի միջնաբերդ Տարօն Աշխարհը ըմբոստացման եւ պայքարի հանած աննման Ֆետայիներու երկրորդ սերունդին։ Մանուկ տարիքին ականատես դարձաւ 1894-1895ի Սասնոյ առաջին ապստամբութեան, կազմաւորուեցաւ Համիտեան կոտորածներուն տարածած մահ ու սարսափի մթնոլորտին մէջ եւ, «Ս. Կարապետ» վանքի ու Մշոյ վարժարաններուն մէջ յեղափոխաշունչ ուսումի տիրանալով՝ պատանի տարիքէն սնանեցաւ ու առաջնորդուեցաւ Սերոբ Աղբիւրներու եւ Հրայր Դժոխքներու, Անդրանիկներու եւ Գէորգ Չաւուշներու յանդգնութեան, արութեան եւ անձնազոհութեան օրինակով։
Սասնոյ երկրորդ եւ երրորդ ապստամբութեանց շրջանին, 1904ին եւ 1907ին, Մուշեղ արդէն անդամագրուած էր Դաշնակցութեան եւ աշխոյժ մասնակից էր ֆետայական կռիւներուն։ Երիտասարդ իր այդ տարիքէն Մուշեղ գրաւեց ուշադրութիւնը Ռուբէն Տէր-Մինասեանի, որուն վստահուած էր Տարօն Աշխարհի յեղափոխական կազմակերպումը ուժեղացնելու առաքելութիւնը։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէնի յանձնարարութեամբ, Մուշեղ անցաւ Տիգրանակերտ եւ լծուեցաւ տեղւոյն հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռուանները կազմակերպելու գործին։ Դաշնակցութեան Անկեղծ Զինուորի իր կերպարը այդպէ՛ս արմատաւորուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ։
Երբ Իթթիհատական իշխանութեան առաջին տարիներուն ամէնուր խանդավառութիւն կը տիրէր ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան խոստումներուն նկատմամբ, խմբապետ Մուշեղ թերահաւատութեամբ ընկալեց երեւութական այդ «ազատութիւններ»ը։ Ընդհակառակն՝ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Տարօնի հայութեան դիմադրական կորովը վառ պահելու, զէնքերը վար չդնելու եւ յոռեգոյնին՝ արիւնալի պատուհասին կազմակերպականօրէն պատրաստ գտնուելու տենդագին աշխատանքին, Ռուբէնի իսկ խրախուսանքով եւ յանձնարարութեամբ։
Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Հայկական Ազատամարտի առասպելատիպ քաջերէն Կորիւնի հետ, Մուշեղ անմիջական գործակիցը դարձաւ Սիմոն Զաւարեանի, որ իբրեւ կրթական հսկիչ եւ ուսուցիչ Պոլիսէն առաքուած էր գաւառները։ Այդ ճամբով էր, որ գաւառներու հայութիւնը եւ յատկապէս Տարօնի Աշխարհը թէ՛ հոգեմտաւոր, թէ՛ զինումի առումներով նախապատրաստուեցաւ Ցեղասպանին հետ օրհասական ճակատումին։
1915ին, Տարօնի հայութեան վեցամսեայ հերոսամարտին ամբողջ տեւողութեան, Մուշեղ դարձաւ շրջանի զինուորական հրամանատարութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ հերոսական ինքնապաշտպանութեան մեծ աւանդ նուաճելով։
Իսկ 1916էն 1917, ռուսական զօրքերու հետ հայ կամաւորական ջոկատներուն Արեւմտահայաստան մուտքէն ետք, իբրեւ Խնուսի ձիաւոր գումարտակի հրամանատար, Խմբապետ Մուշեղ մնաց Սասնոյ լեռներուն վրայ եւ շարունակեց քրտական ու թրքական սանձարձակութեանց ենթակայ հայութեան բեկորները հաւաքելու եւ փրկելու սրբազան Գործը։
Այնուհետեւ, ռուսական զօրքերու նահանջէն եւ Արեւմտահայաստանի հայութեան պարպումէն ու Արեւելահայաստան գաղթէն ետք, 1917էն 1920, զէնքի իր հին ընկերոջ՝ Փեթարայ Մանուկի հետ, ապա անոր նահատակութենէն ետք առանձինն՝ Մուշեղ պատմական նշանակութեամբ մեծ գործ կապեց իր անունին, Թալինի ամբողջ շրջանը թաթարներէն մաքրագործելով եւ Սասունէն ու Մուշէն գաղթած հայութիւնը հոն բնակեցնելով։
Ինչպէս որ Անդրանիկ Ծառուկեան իր վկայութիւնը շարունակելով կ’ընդգծէ՝
«Մուշեղին իսկական գործը, մեծ գործը, Կովկասի մէջ էր, Հանրապետութեան շրջանին։ Հայաստանը հայացնող հեծեալ մարտիկներու ջոկատին խմբապետն էր։ Սասունցիներու այդ գումարտակը, թիւով 200 հոգի, զինուորական հրամանատարութենէն անջատ միաւոր մըն էր, որ դրուած էր ուղղակի պատերազմական նախարար Ռուբէնի հրամանատարութեան տակ։
«– Գրաւոր կամ բերանացի հրաման տալու պէտք չունէի Մուշեղին,– կ՚ըսէր Ռուբէն։ Սեղանիս բացուած Հայաստանի քարտէսին վրայ թուղթէ պզտիկ դրօշակներ կը դնէի եւ բարձրաձայն կը կարդայի նշուած թրքական գիւղին կամ աւանին անունը։ Մուշեղը կը հասկնար ու կ’երթար։ Ինծի զեկոյց տալու պէտք չունէր։ Գիտէի թէ ճշդուած վայրը մաքրուած է»…
Իսկ Խմբապետ Մուշեղ ինք, այդ շրջանի իր գործունէութեան անդրադառնալով, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ.-
«… Ինչ որ ամէնէն մտահոգիչն էր, Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի շրջաններուն մէջ լաւագոյն հողերու վրայ նստած էին թուրքն ու թաթարը, երբ անդին, ցուրտին եւ արեւին տակ հարիւր հազարաւոր հայեր ենթակայ էին ամէն տեսակ զրկանքներու եւ կը մահանային հարիւրներով ու հազարներով։
«Թալինի բերդը ռազմական բացառիկ նշանակութիւն ունէր մեր փոքր երկրին համար. Անիկա ոչ միայն կ’իշխէր Էջմիածնի եւ Աշտարակի վրայ, այլ նաեւ տեւական սպառնալիք մըն էր Երեւանի համար: Հետագային, երբ Սարդարապատի կռիւները տեղի ունեցան, այն ատեն միայն հասկցուեցաւ մեր շարժման կարեւորութիւնը»։
Խմբապետ Մուշեղի եւ իր ղեկավարած սասունցի քաջամարտիկներու ձիաւոր գունդը ստացած էին Արամի համաձայնութիւնն ու օժանդակութիւնը եւ արագօրէն կը պատրաստուէին «պապենական այդ հողերը վերագրաւելու»։ Վերակազմեալ սասունցիների գունդը դասաւորուած էր 10 յիսունեակներով.
— «Գիտէինք այն դժուարութիւնները,- կը շարունակէ պատմել Խմբապետ Մուշեղ,- որոնց պիտի հանդիպէինք Թալինի բերդը գրաւելու համար: Ռուբէն մեզի տուած էր յարձակման ընդհանուր յատակագիծ մը…
«Յաջորդ օր բոլոր պատրաստութիւնները վերջացած էին: Իրիկունը ճամբայ պէտք էր իյնայինք, արշալոյսին հասնելու համար Ալագեազ:
«Մեր երեւումը տպաւորիչ դարձնելու համար, կռուող ուժերուն պիտի միանային քառապատիկ թիւով մարդիկ:
…
«Իրիկուան դէմ ամբողջ Ալագեազը մաքրուած է թշնամիներէն: Ժողովուրդը հետզհետէ կը սկսի հասնիլ ու տեղաւորուիլ թշնամիին լքած գիւղերուն մէջ։ Թաթարներու լքած պաշարին ու անասուններուն բաշխումը կատարուեցաւ, արդար կերպով, գաղթականներուն միջեւ»։
Ալագեազի գիւղերու ազատագրման ու հայացման այդ փրկարար ու հերոսական քայլը ծանրագոյն յանցագործութիւն հռչակուեցաւ 1926 թուին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ պոլշեւիկները Երեւանի մէջ բեմադրեցին «Դաշնակցութեան դատավարութիւնը»։ Իսկ ի պատասխան այդ մեղադրանքին, «Սասունցի պ. Սինոյեանը մէկ պարզ պատասխան կուտար դատաւորին.- «Տուն չունէինք բնակուելու եւ հաց չունէինք ուտելու: Թուրքերը Սասնոյ եւ Մշոյ մէջ գրաւած էին մեր տուները եւ նստած էին մեր հացին վրայ։ Մենք ալ քշեցինք այս տեղի թուրքերը՝ տուն եւ հաց ունենալու համար»։
Խմբապետ Մուշեղի վերջին խոյանքը հանդիսացաւ 1921ի Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան յաղթանակը։ Սասունցի իր քաջագործ մարտիկներուն գլուխն անցած՝ խմբապետ Մուշեղ եղաւ Փետրուար 18ի հակապոլշեւիկեան ըմբոստացման առաջին ազդանշանը տուողներէն մէկը՝ Էջմիածինէն ու Աշտարակէն վտարելով կարմիր ջոկատայիններուն ապաւինած հայ պոլշեւիկները։
Այնուհետեւ՝ Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, Խմբապետ Մուշեղ իր կարգին ցմրուր ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը։ Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա՝ Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր եւ մահացաւ 19 Մարտ 1956ին՝ սերունդներուն կտակելով Սասունցի Քաջորդիի, Դաշնակցութեան Անկեղծ Զինուորի եւ Ֆետայական Խմբապետի ոգեւորող ու առաջնորդող աւանդ մը՝
Հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի ազատագրութեան համար մինչեւ վերջին շունչ անձնուիրաբար ծառայելու վարակիչ օրինակ մը։
Խմբապետ Մուշեղ (Աւետիսեան, 1887-1956)
Խմբապետ Մուշեղ (Աւետիսեան, 1887-1956). Սասնոյ ֆետայական սերունդին անկեղծ զինուորն ու քաջարի խմբապետը Ն.