2018. վերանորոգումի տարի
Թէեւ ընթացիկ տարի մը աւարտած ըլլալու հոգեվիճակով ահա անցեալին ու պատմութեան կը յանձնենք հին տարին, այդուհանդերձ՝ նոյնպիսի տրամադրութեամբ եւ հոգեբանութամբ չենք դիմաւորեր եկող նոր տարին։
Չենք ալ կրնար ընթացիկի արժեչափով դիտել ու ողջունել ահա յաղթաքայլ իր ոտնաձայնները լսելի դարձնող 2018ի ժամանումը։
Նոր Տարուան հետ փաստօրէն կը դիմաւորենք ու կը տօնենք դարադարձը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստան Աշխարհի արդի ժամանակաշրջանի ազատագրութեան եւ անկախութեան նուաճումին, որ պսակուեցաւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով ու ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր կերտումով։
Այո՛, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի՝ ազգովի՛ն կը նշենք դարադարձը 28 Մայիս 1918ի պատմակերտ յաղթանակին, որ եկաւ շտկելու եւ ամրապնդելու ողնաշարն ու մէջքը դարաւոր գերութեան տակ հիւծած ու կքած, այլեւ՝ օտար ասպատակողներու հայաջինջ ու հայրենակուլ հարուածներուն տակ մասնատուած եւ ուծացման դատապարտուած հայ ժողովուրդին՝ հայոց աւետեաց երկիր Հայաստան Աշխարհի փոքր մէկ հողակտորին վրայ շրջելով պատմութեան թաւալգլոր անկումի մահաբեր ընթացքը։
28 Մայիս 1918ին Արարատեան Դաշտին մէջ կծկուած՝ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրէն դեռ չվերականգնած, այլեւ ռուս թէ եւրոպացի իր բարեկամներուն ու դաշնակիցներուն կողմէ իր բախտին լքուած վերապրող հայութիւնը, բառին իրա՛ւ թէ փոխաբերական իմաստներով, ըստ ամենայնի յարութիւն առաւ՝ փիւնիկի նման յառնեցաւ մոխիրներէն եւ արդի ժամանակներու մարդկութեան մեծ ընտանիքին մէջ արժանաւորապէս իր անսակարկելի տեղը գրաւեց։
28 Մայիս 1918ի պատմակշիռ նուաճումին հարիւրամեակը համազգային տարողութեամբ տօնելով՝ 2018ի ամբողջ տեւողութեամբ, մեր ժողովուրդը էջ առ էջ պիտի բանայ ու հաղորդուի Մայիսեան Հերոսամարտներուն խորհուրդով ու պատգամով, «Հայրենիք կամ Մահ» վճիռով մէկ մարդու պէս պայքարի դաշտ նետուելու ազգային մեր ուխտը պիտի վերանորոգէ՝ Արամ Մանուկեանի եւ Ֆետայական Սերունդի, այլեւ ու մանաւանդ հայոց անկախութեան ճակատամարտները յաղթանակի առաջնորդած Նազարբէկեան, Սիլիկեան եւ Բէկ-Փիրումեան անուն հայոց զօրավարներու ԱՒԱՆԴը անլռելի զանգակատան ղօղանջներով թնդացնելով։
Աւելի՛ն. 2018ը կոչուած է վերանորոգումի տարի մը ըլլալու՝ յատկապէս Հայաստանի անկախութեան անփոխարինելի արժէքին եւ ազգային պետականութեան ու ազատ հանրապետութեան կենսայորդ կռուաններուն ազգովին տէր կանգնելու հարիւր տարի առաջուան մեր միասնականութիւնը վերահաստատելով։
Կը բաւէ որքա՜ն անհարկի տուրք վճարուեցաւ հայ քաղաքական մտքին կողմէ՝ 28 Մայիս 1918ի ազգային-քաղաքական հանգանակին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին շուրջ երկփեղկում հրահրելով եւ պառակտում սերմանելով, ամբողջ հայութիւնը արուեստականօրէն հակադիր ճամբարներու բաժնելով՝ «հայաստանասէրներ»ու եւ «հակահայաստանեաններ»ու շինծու, մտացածին կեղծ պատուարներով։
Հայաստանի անկախութեան նուաճումին եւ հայոց ազատ պետականութեան վերականգնումին հարիւրամեակը կու գայ մեր ժողովուրդը վերանորոգելու Վահան Թէքէեանի աւետած «Յարութեան շունչ»ով, որուն մղումով եւ շարժիչ ուժականութեամբ՝ 1918ին մէկդի նետուեցան կուսակցական թէ դաւանական, քաղաքական թէ գաղափարական բաժանարար բոլոր գիծերը եւ մէկ ու միացեալ բռունցք դարձաւ իրաւատէր հայութիւնը։
2018ը վերանորոգումի տարուան իր խորհուրդը կը տարածէ ու կը խորացնէ նաեւ իր բերած եւ լրացուցիչ երկրորդ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան հարիւրամեակով։
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը կեանքի կոչուեցաւ թէեւ Պոլսոյ մէջ, բայց ըստ էութեան հանդիսացաւ եւ հարիւր տարի մնաց համայն հայութեան գաղափարական արգասիքը Հայաստանի անկախութեան նուաճումին եւ հայոց ազգային ազատ պետականութեան հիմնումին։
Տարագիր հայութեան իրերայաջորդ սերունդները Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարքին եւ ուղիին, գործին ու պատգամին մէջ գտան եւ ներշնչուեցան հայ ազգային անանց՝ համընդհանուր արժէքներու Աւանդով։
«Բարձրացիր, Բարձրացուր» պատգամող Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր սկաուտներուն եւ մարզիկներուն ներշնչեց հպարտութիւնը Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի Եռագոյնը միշտ առաջնորդ ունենալու արժանաւորութեան։
Եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը տասնամեակներ շարունակ եւ մինչեւ այսօր, երբ Հայաստանի անկախութեամբ ու Հայաստանի Հանրապետութեամբ հաղորդուելու եւ վերանորոգուելու պատեհ առիթներ կ’ունենայ, ինքնեկ հպարտութեամբ կը փնտռէ, կը հետեւի եւ կը վերանորոգուի՝ սկաուտներով, մարզիկներով եւ փողերախումբով Երեւանի փողոցներէն թէ աշխարհի մեծ ու փոքր պողոտաներէն վերապրող հայութեան յաղթարշաւը հանդիսադրող Հ.Մ.Ը.Մ.ի տողանցքներով՝ Եռագոյնի հովանիին ներքեւ։
«Նահատակ ցեղ»ի եւ «յարուցեալ հայրենիք»ի պատգամաբերի իր այդ հանգամանքով է, որ Հ.Մ.Ը.Մի հարիւրամեակը կու գայ ազգային կենսունակութեան եւ ինքնահաւատարմութեան ոգիով տոգորելու Հայաստան աշխարհի պետական անկախութեան եւ ազատութեան խորհուրդը՝ հայ ժողովուրդի հաւասարապէս բոլոր զաւակներուն եւ հատուածներուն միաւորող ընդհանրական արժէքներու ոգեւորիչ աղբիւրը զուլալ պահելով։
Այսօրինակ խոհերու եւ յոյզերու մակընթացութեամբ կը մօտենայ Նոր Տարին՝
2018ի վերանորոգումի տարին։
Ազատ Օր