Այս ­Կի­րա­կի, 4 ­Փետ­րո­ւար 2024-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեամբ, դրա­մա­հա­ւաք-­Ֆո­նե­թոն պի­տի կա­տա­րո­ւի, ի նպաստ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան։
­Նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը չէ կա­տա­րո­ւե­լիք դրա­մա­հա­ւա­քը. ար­դէն ե­րեք ա­միս ա­ռաջ մեկ­նար­կած ձեռ­նարկ մըն է, հե­տե­ւե­լով Հ.Օ.Մ.-ի կող­մէ ի գործ դրո­ւած ծրա­գիր­նե­րուն, ո­րոնք նպա­տակ ու­նին օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու Ար­ցա­խի հո­ղէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած հա­յու­թեան։ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան մնա­յուն կի­զա­կէ­տը կը հան­դի­սա­նայ բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած ժո­ղո­վուր­դի օ­ժան­դա­կու­թեան ծրա­գի­րը, ո­րու ծի­րէն ներս, յու­նա­հա­յու­թեան եւս կոչ կ­՚ուղ­ղո­ւի մաս­նա­կից դառ­նա­լու կա­րե­ւոր այս ծրա­գի­րի յա­ջո­ղու­թեան։
Այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, հրա­մա­յա­կան կը դառ­նայ Ար­ցա­խի մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու կա­րի­քը։ Ա­ւե­լի քան 120.000 հայ­րե­նա­կից­նե­րու բռնի տե­ղա­հա­նու­մը ան­տար­բեր չէ ձգած ոե­ւէ հայ, ո­րուն գե­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կը դառ­նայ ան­գամ մը եւս կանգ­նիլ մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի հա­յու­թեան կող­քին, նախ ա­մո­քելու հա­մար ա­նոր սպիա­ցած ցա­ւե­րը, ա­պա յոյ­սի ճամ­բայ ստեղ­ծե­լու հա­մար՝ վե­րապ­րու­մի, վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման ու վե­րա­դար­ձի յոյ­սի փայ­փա­յու­մով։
Այ­սօր, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­նայ հա­յու­թեան զան­գո­ւած­նե­րուն առ­ջեւ յստակ եւ գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րով։ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած է որ­դեգ­րել ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղե­րուն մէջ ար­ցա­խա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու բնա­կա­րան­ներ ա­պա­հո­վե­լու «­Յոյ­սի օ­ճախ­ներ» խո­րագ­րեալ խիստ կա­րե­ւոր եւ օգ­տա­շատ ծրա­գի­րը։ ­Մին­չեւ այ­սօր, Հ.Օ.Մ.-ը նպաս­տած է ա­ւե­լի քան 7000 ըն­տա­նի­քի։
Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը միայն մար­դա­սի­րա­կան բնոյ­թի զօ­րա­շարժ մը չէ, այլ իր մէջ կը պար­փա­կէ ազ­գա­յին նպա­տակ՝ ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը պա­հե­լու իր սե­փա­կան հո­ղե­րուն կող­քին, թոյլ չտա­լու, որ ան ցիրուցան զան­գո­ւած մը դառ­նայ, այլ կազ­մա­կերպ վի­ճա­կով, ազ­գա­յին մտա­սե­ւե­ռում­նե­րուն կառ­չած, իր ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի տէր ըլ­լա­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, ապ­րի ու գո­յա­տե­ւէ հայ­կեան հո­ղի ու­ժին ներ­գոր­ծու­թեան տակ։
Իսկ մենք՝ յու­նա­հա­յերս, ի­րա­ւունք չու­նինք ան­տես առ­նե­լու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կո­չե­րը ու ա­նոնց սե­փա­կան պայ­քա­րի ի­րա­ւուն­քը։ ­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եր­բեք ան­տար­բեր չէ կանգ­նած հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­նոր պատ­մու­թեան տաք ու պաղ օ­րե­րուն հան­դէպ։ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի հե­րո­սա­կան մարտն­չում­նե­րու օ­րե­րէն, մին­չեւ 2016-ի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը ու ան­կէ ետք 2020-ին Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րուն դի­մաց, յու­նա­հայ գա­ղու­թը, միշտ ար­ձա­գան­գե­լով ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի զօ­րա­ւոր կո­չե­րուն, օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րած է Ար­ցա­խին ու ա­նոր հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դին, իր բախ­տին չթո­ղե­լով հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տա­գիրն ու ապ­րե­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը։
Ե­թէ շա­բաթ մը ա­ռաջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր բո­ղո­քի ու զօ­րակ­ցու­թեան ձայ­նը միա­ցուց «Եւ­րո­պա­ցի­ներ յա­նուն Ար­ցա­խի» հա­մաեւ­րո­պա­կան զօ­րա­շար­ժին, այս ան­գամ, պա­հան­ջա­տի­րա­կան եւ ու­ժա­կան քայ­լե­րուն կող­քին, մեր սիր­տին ու խիղ­ճին պարտ­քը ը­նե­լու յար­մա­րա­գոյն պա­հը հա­սած է։
Այս ­Կի­րա­կի, 4 ­Փետ­րո­ւա­րին, կա­մա­ւոր­ներ հե­ռա­ձայ­նա­յին կա­պով պի­տի դի­մեն բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­մէն մէ­կը, իր կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, սա­տա­րէ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան հրա­մա­յա­կան գոր­ծին։
Այս ­Կի­րա­կի, բո­լորս միա­սին, լայն բա­նանք մեր սիր­տե­րը գա­լիք կո­չին, չզլա­նանք օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու Հ.Օ.Մ-ի հա­մա­հայ­կա­կան ծրա­գի­րին, ու ա­նոր մի­ջո­ցով ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի մար­դա­սի­րա­կան մեծ ծրա­գի­րին։
­Թոյլ պի­տի չտանք, որ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան յոյ­սը ի սպառ մա­րի։
­Թոյլ պի­տի չտանք, որ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կորս­տեան տա­նի Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ապ­րե­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը։ ­Թոյլ պի­տի չտանք, որ կոր­սո­ւի մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի յոյ­սը, ա­նոր պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

-Ի­րա­րու թի­կունք կանգ­նե­լով եւ միաս­նա­կան ճի­քե­րով կրնանք յոյս ներշն­չել հպարտ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան։

— Ան­կոտ­րում կամ­քով պի­տի յաղ­թա­հա­րենք բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը։

­- Կի­րա­կի օր, բո­լորս միա­սին, յա­նուն ար­ցա­խա­հա­յու­թեան, յա­նուն ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան։