Ան­կա­խու­թեան ու գո­յա­տեւ­ման խոր­հուր­դը

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 31-ա­մեա­կը ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը կը գտնէ գեր­լա­րո­ւած վի­ճա­կի մէջ, երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը սան­ձա­զեր­ծած ըլ­լա­լով լայ­նա­տա­րած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, կը սպառ­նան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ու ա­նոր փխրուն ան­կա­խու­թեան վրայ։

­Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչ­ցո­ւած սահ­ման­նե­րուն վրայ կա­տա­րած ի­րենց յար­ձա­կում­նե­րով, ո­րոնք նաեւ յան­գե­ցան քա­նի մը քի­լո­մեթր ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րուն վրայ թա­փան­ցե­լուն, ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րը այ­լեւս կը փոր­ձեն ի­րա­կա­նաց­նել այն սպառ­նա­լի­քը, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կա­խո­ւած կը մնայ ­Հա­յաս­տա­նի վրայ՝ բռնի ու­ժով եւ ռազ­մա­կան մի­ջոց­նե­րով ­Սիւ­նի­քը պո­կել ­Հա­յաս­տա­նի գիր­կէն եւ ստեղ­ծել հա­մա­թու­րա­նա­կան կա­մուր­ջին ծա­ռա­յող մի­ջանց­քին այն կա­րե­ւոր բա­ժի­նը, որ ցա­մա­քա­յին եր­կա­րու­թեամբ պի­տի կա­պէ Ատր­պէյ­ճա­նը ­Նա­խի­ջե­ւա­նի ու ­Թուր­քիոյ հետ։

Այս բո­լո­րի ի­րա­կա­նու­թեան դի­մաց, հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը փո­խա­նակ ոտ­քի հա­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դը, կ­՚ա­պա­կողմ­նո­րո­շէ զայն, մա­նա­ւանդ երբ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մըն­դա­նուր յար­ձա­կու­մի ստեղ­ծած վտան­գա­ւոր ի­րադ­րու­թեան մէջ, երկ­րի վար­չա­պե­տը Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ամ­պիո­նէն ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի զգայ­նու­թիւն­նե­րու լա­րե­րը գրգռե­լով, կը խօ­սի փաս­տա­թուղ­թի մը ստո­րագր­ման մա­սին, նոյ­նիսկ ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը իր վրայ վերց­նե­լով։ Ու երբ կը նշմա­րէ, թէ իր վտան­գա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը կը բա­խին հայ­րե­նի­քի ու Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան, ա­պա ժո­ղո­վուր­դը Ե­րե­ւա­նի ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ ճամ­բա­նե­րը կ­՚ո­ղո­ղէ, ինքն ու իր շուր­ջին­նե­րը կը փոր­ձեն շրջել կա­ցու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ պատ­ճա­ռա­բա­նել, թէ օ­տար ոչ բա­րե­կա­մա­կան ու­ժեր կը խա­թա­ռեն ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ կը խե­ղա­թիւ­րեն վար­չա­պե­տի ար­տա­յայ­տած միտ­քե­րը։

Ա­ւե­լին, ան­տե­սե­լով, թէ թշնա­միին ու­ժե­րը ար­դէն ներ­խու­ժած են ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րածք­նե­րը, ան­տե­սե­լով ցարդ յայ­տա­րա­րո­ւած հայ­կա­կան կող­մի զո­հե­րու ա­րեան գի­նը, հա­րիւ­րա­ւոր վի­րա­ւոր­նե­րու կա­ցու­թիւ­նը, հա­զա­րա­ւոր տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րը, յար­ձա­կում ստա­ցած քա­ղաք­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու կա­ռու­ցա­յին ծանր վնաս­նե­րը, այ­սօ­րո­ւան վար­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը յա­մե­նան խօ­սիլ թշնա­միին հետ խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րի ստո­րագ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի զար­գաց­ման մա­սին, որ, ըստ ի­րենց, կրնայ քա­նի մը ա­մի­սէն յան­գիլ այս­պէս կո­չո­ւած «խա­ղա­ղու­թեան» հաս­տատ­ման։

Այ­սօր, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը եւ հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը նա­խան­ձե­լի վի­ճակ չեն ներ­կա­յաց­ներ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­նո­րո­շու­թեան մէջ գոր­ծե­լով, նոյն ա­նել կա­ցու­թեան մէջ մատ­նած են նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան ու ա­նոր ինք­նո­րոշ­ման ճա­նա­պար­հը։ Ա­ւե­լին, քա­ղա­քա­կան կեան­քը այ­սօր բե­ւե­ռաց­ման վտան­գա­ւոր ու­ղի­նե­րու մէ­ջէն կը քա­լէ, եր­կի­րը ու ժո­ղո­վուր­դը նե­տած ըլ­լա­լով ռու­սա­մէ­տու­թեան կամ ա­րեւմ­տա­մէ­տու­թեան յոր­ձա­նու­տին, ար­տա­քին ու­ժե­րու մէջ փնտռե­լով հայ­րե­նի­քի փրկու­թեան լաս­տը։

Իր 31-ա­մեայ պատ­մու­թեան մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նիշ­խա­նու­թեան խոր­հուր­դը չեն կրնար սա­կար­կու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նալ։ Որ­քան ալ ար­տա­քին եւ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու բա­խում­նե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ հայ­րե­նի նա­ւը փո­թոր­կա­լից ա­լիք­նե­րու մէջ կը մղեն, որ­քան ա­նոնց շա­հե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տա­գի­րին վրայ դառն խա­ղեր կը սար­քեն, հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք չէ կորսնց­նէ ան­կախ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու ու­ժի զօ­րու­թիւ­նը, այն որ ան­ցեա­լին Ար­ցա­խի հե­րո­սա­պա­տու­մը ի­րա­կա­նա­ցուց, այն որ 31 տա­րի շա­րու­նակ կան­գուն կը պա­հէ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թե­նա­կան երթն ու բար­գա­ւաճ­ման ի­րա­ւուն­քը։

Ս­փիւռ­քը եւս իր շո­ւա­րու­մի մթնո­լոր­տէն դուրս գա­լու հրա­մա­յա­կա­նին մէջ կը գտնո­ւի։ ­Կը թո­ւի, թէ Ս­փիւռ­քը վա­ղուց վար դրած է իր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու զէն­քը, տե­ղի տա­լով նաեւ պա­ռակ­տիչ ձայ­նե­րու եւ ար­ձա­գանգ­նե­րու, ո­րոնք կը ջլա­տեն իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ կը ստի­պեն մնալ կրա­ւո­րա­կան դիր­քի մէջ։ Ս­փիւռք­նե­րու յատ­կա­նիշն է զօ­րա­ւոր հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ այդ գա­ղա­փա­րին կառ­չե­լու ան­ծայր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը։ ­Յատ­կա­նիշ­ներ, ո­րոնք այ­սօր տժգու­նած կը թո­ւին ըլ­լալ, քա­նի որ Ար­ցա­խի մեծ մա­սի կորս­տեան եւ այժմ ­Հա­յաս­տա­նի վրայ ներ­խուժ­ման ու տա­րածք­նե­րու գրաւ­ման ստեղ­ծած հիաս­թա­փու­թիւ­նը հե­ռու կը պա­հեն սփիւռ­քա­հայ մար­դը ազ­գա­յին գե­րա­գոյն գա­ղա­փար­նե­րու պահ­պա­նո­ղի ա­ւան­դա­կան դե­րէն։

Ս­փիւռ­քը մէկ ա­ւե­լի պէտք է գի­տակ­ցի, թէ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, միա­ժա­մա­նակ հայ­րե­նա­կեր­տու­մի ու պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րաց­ման հա­մար իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը վճռո­րոշ կը դառ­նան։ Այդ­պէս ե­ղած է վեր­ջին 31 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան նոյ­նը կը պա­հան­ջէ այ­սու­հե­տեւ։

Իսկ հայ­րե­նի­քի մէջ, հարկ է որ ժո­ղո­վուր­դին մէջ ստեղ­ծո­ւին քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն եւ պե­տա­կա­նօ­րէն ա­զատ շնչե­լու, մտա­ծե­լու եւ գոր­ծե­լու նպաս­տա­ւոր այն պայ­ման­նե­րը, ո­րոնց մէ­ջէն պի­տի վե­րար­ժե­ւո­րո­ւի ան­կա­խու­թեան, ինք­նո­րոշ­ման եւ պե­տա­կա­նու­թեան հի­մե­րու ամ­րապն­դու­մը ու պե­տա­կան շէն­քի կա­ռու­ցու­մը։ Ոչ մէկ ա­տեն, ոչ մէկ պա­րա­գա­յին, ո­րե­ւէ իշ­խող խումբ ի­րա­ւունք ու­նի սա­կար­կե­լու հա­յու­թեան՝ ապ­րե­լու եւ իր ի­րա­ւունք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու ձգտու­մը։

Այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նա­կան խա­ւը այ­լեւս ոչ մէկ շունչ կրնայ փչել հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի ե­րազ­նե­րուն թռիչք տա­լու յոյ­սին։ Ա­ւե­լի քան չորս տա­րի շա­րու­նակ, այդ շուն­չը օ­րէ օր կը սպա­ռի, մինչ ա­մէն կողմ «յան­ցա­ւոր­ներ» փնտռե­լու իշ­խա­նա­կան վար­քա­գի­ծը ցոյց կու տայ այն վտան­գա­ւոր ու­ղին, ո­րու ա­կա­նա­պատ անց­քե­րէն կը փոր­ձո­ւի մղել հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 31-րդ ­տա­րե­դար­ձի ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն տակ, հայ ժո­ղո­վուր­դը պար­տի վե­րագտ­նել վե­րա­զարթ­նու­մի ուժն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, նախ շրջան­ցե­լու հա­մար այ­սօ­րո­ւան ա­նել քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը ու իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու ստեղ­ծած ան­յոյս կա­ցու­թիւն­նե­րը, ա­պա, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին «նոր դա­շին­քի» մը կնքու­մով վե­րա­հաս­տա­տե­լու ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման ու հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան մար­տու­նակ ո­գին։

31 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բե­րո­ւած եւ աչ­քի լոյ­սի նման պա­հո­ւող ան­կա­խու­թեան փոր­ձա­ռու­թեան ի­րա­կա­նու­թեան տակ, ­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Ս­փիւռք ե­ռա­միաս­նու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ, որ ժո­ղո­վուր­դը դար­ձեալ տէր կանգ­նի իր ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեան։