Քրիստոնեայ աշխարհը Ապրիլի այս օրերուն կը վերանորոգուի Սուրբ Յարութեան խորհուրդով։
Թէեւ իր արմատներով հեթանոսական տօն է Զատիկը եւ հնադարեան ժամանակներէն կը խորհրդանշէ յարութիւնն ու վերանորոգումը մայր բնութեան, այդուհանդերձ՝ քրիստոնէութիւնը մարդկայնացուց եւ հոգեմտաւոր սուրբ խորհուրդ մը ջամբեց Յարութեան տօնին։
Մարդեղինացած Յիսուս Քրիստոսի աստուածակերպ օրինակով՝ Սուրբ Յարութեան տօնը լուսաւորեց ինքնամաքրման եւ անմահութեան ուղին հանուր մարդկութեան առջեւ։
Քրիստոս իր ուսերուն կրեց տառապալից խաչը մարդկութեան մեղքերուն, ցմրուր ճաշակեց երկրաւոր կեանքի ցաւերուն եւ տառապանքներուն դառնագոյն բաժակը, անարդարօրէն դատուեցաւ ու խաչուեցաւ, բայց անսասան մնաց իր հաւատքին եւ բարութեան մէջ՝ Իր Յարութեան սրբազան խորհուրդով ջրդեղելով կամքը Աստուծոյ Արքայութեան հաւատացող քրիստոնեայ մարդկութեան։
Զատիկ է դարձեալ նաեւ ու մանաւանդ հայ ժողովուրդին համար, որ իր ամբողջ պատմութեամբ՝ խաչելութեամբ ու վերընձիւղումով վկան է Յարութեան խորհուրդին անհուն հզօրութեան։
Ինչպէս որ սփիւռքահայ գրականութեան մեծատաղանդ երախտաւորը՝ Նիկողոս Սարաֆեան կը վկայէր եօթանասուն տարի առաջ, Զատիկը «խորհրդանշանն էր մեր տառապանքին եւ ազգային ազատագրութեան: Խաւարման գիշերը գիշե՛րն էր նաեւ մեր խաւարած բախտին: Կը հոսէին արցունքները: Հոգիները կը վառէին հալող մոմերու պէս: Հալելով` կը դառնային լոյս: Կը լուսաւորէին տաճարները: Մեր զանգերը կ՚արձագանգէին, յաղթական ու թաւ` մեր լեռներուն, լիճերուն, գետերուն եւ անտառներուն վրայ: Կը պայթէին հրազէնները` ժամուն բակին մէջ` խաչքարերէն վեր` որոնց շուրջ կը դառնար թափօրը կարմրազգեստ դպիրներուն, քահանաներուն եւ ոսկեփայլ վարդապետներուն: Կը լողային արծաթ խաչերն ու բուրվառները: Կը բուրէին ծաղիկներն ու խունկերը: Հոյակապ էր Զատիկը նոր ծաղկած ճիւղերով»:
Սուրբ Յարութեան խորհուրդը միայն անցեալի յուշեր եւ հայրենաբաղձութեան յուզական ալիքներ չի բարձրացներ հայ մարդոց մօտ։
Իւրովի ու նորովի կը լուսաւորէ հայութեան հաւատքի ուղին։
Կը վերանորոգէ Հայուն Հաւատքն ու Յոյսը՝ Քրիստոսի օրինակով յարութիւն առնելու եւ վերականգնելու ամէն կարգի խոցերէն ու մահացու հարուածներէն, յաղթահարելու երկրաւոր այս կեանքին հետ եկող եւ մարդոց ձեռամբ գործուած չարիքներն ու անոնց առթած կսկիծն ու յուսահատութիւնը։
Երբ այս օրերուն կը վառենք մեր մոմերը եւ իրարու, այլեւ ողջ մարդկութեան կ՚աւետենք հրաշափառ Յարութիւնը Քրիստոսի, չմոռնանք մոմ մըն ալ վառելու հայրենի մեր սահմաններուն վրայ արթուն հսկող հայ զինուորին արեւշատութեան համար, պատնէշի վրայ հերոսաբար ինկած մեր արթուն պահակներուն յարութեան ու անմահութեան համար։
Խմբագրական
Սուրբ Յարութեան Խորհուրդը՝ մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդին համար