­Դառ­նանք եւ հա­րիւր փառք ու օրհ­նանք տանք մեր ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­րի հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք 28 ­Մա­յիս 1918ի դա­րա­կազ­միկ ար­շա­լոյ­սը պար­գե­ւե­ցին մեր սե­րունդ­նե­րուն՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ե­րա­զը ի­րենց ա­րեամբ նո­ւի­րա­կա­նաց­նե­լով։
­Դառ­նանք եւ հա­րիւր փառք ու օրհ­նանք տանք յատ­կա­պէս ԱՐԱՄ ա­նու­նով մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ու­ղին լու­սա­ւո­րող ­Քա­ջաց ­Քա­ջին, որ իր հա­ւատ­քին ու­ժով, գա­ղա­փա­րա­կան անձ­նո­ւի­րու­մով եւ կազ­մա­կեր­պա­կան մար­տու­նա­կու­թեամբ՝ մղում եւ թափ տո­ւաւ հա­մազ­գա­յին մեր ո­գո­րու­մին, ի խնդիր հա­յոց պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ըն­թաց­քը շրջե­լու եւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը իր ոտ­քե­րուն վրայ հաս­տա­տա­կամ կանգ­նեց­նե­լու մե­ծա­գոյն յաղ­թա­նա­կին։
Ա­պա՝ դառ­նանք եւ հա­րիւր փառք ու օրհ­նանք տանք ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան ­Սե­րուն­դին, որ 28 ­Մա­յիս 1918ին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ աշ­խար­հէն լքո­ւած եւ ցե­ղաս­պան ո­սո­խին դէմ իր վեր­ջին կռի­ւը մղող հայ ժո­ղո­վուր­դը պաշտ­պա­նե­լու եւ պե­տա­կա­նօ­րէն վե­րա­կանգ­նե­լու պատ­մա­կան իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։ ­Սե­րունդ՝ որ ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի հե­րո­սա­մարտ­նե­րով նո­ւա­ճո­ւած հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կը կրցաւ պսա­կել դա­րե­րէ ի վեր կոր­սո­ւած հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մով, ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիով ար­դար ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րով օժ­տե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը։
­Դառ­նանք եւ կրկին հա­րիւր փառք ու օրհ­նանք տանք ջար­դա­կո­տոր մեր Ազ­գին, որ ան­ձեւ քաո­սի մէ­ջէն՝ ող­բի ու որ­բի մեր հայ­րե­նի­քին յա­րու­թիւն տո­ւաւ.- ­Պատս­պա­րեց ա­նօգ­ներն ու կա­րի­քա­ւոր­նե­րը. ապ­րուս­տով եւ ու­սու­մով հո­գաց սե­րունդ­նե­րը. ա­մէ­նէն ար­դիա­կան եւ ար­դա­րա­գոյն օ­րէնք­նե­րով կազ­մա­կեր­պեց եւ կար­գա­ւո­րեց պե­տա­կա­նա­տէր ազ­գի քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­ներն ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը. ժա­մա­նա­կի ա­մէ­նէն կուռ բա­նա­կով պաշտ­պա­նեց թշնա­մի­նե­րով պա­շա­րո­ւած մեր եր­կի­րը. իր սիրտն ու թե­ւե­րը լայն բա­ցաւ ու պար­զեց դէ­պի իր աշ­խար­հաս­փիւռ բե­կոր­նե­րը՝ անխ­տիր բո­լո­րին մաս­նակ­ցու­թեամբ նո­ւա­ճե­լու հա­մար բո­լո­րիս տէր ու պա­հա­պան ­Հա­յոց ա­զատ ու ան­կախ ­Պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։
­Դառ­նանք եւ ան­պայ­ման փառք տանք տա­րագ­րու­թեան մէջ յայտ­նո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան, խորհր­դա­րա­նին, հե­րո­սա­տիպ ազ­գա­յին բա­նա­կին եւ ամ­բողջ պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յի այն նո­ւի­րեալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, ո­րոնք ո՛ւր որ գա­ցին եւ ի՛նչ աստ­ղի տակ ալ ապ­րե­ցան՝ աչ­քի լոյ­սի պէս պա­հե­ցին եւ գուր­գու­րա­ցին ­Մա­յիս 28ի Ա­ւան­դը՝ իբ­րեւ սրբա­զան մա­սունք եւ ան­կորն­չե­լի ար­ժէք բաշ­խե­լով ու փո­խան­ցե­լով սե­րուն­դէ սե­րունդ, ո­գե­ւո­րե­լով եւ ջեր­մաց­նե­լով օ­տա­րու­թեան ցուրտ ա­լիք­նե­րուն դէմ յան­դի­ման տա­ռա­պող հո­գի­նե­րը տա­րա­գիր հա­յու­թեան։ Այ­լեւ՝ ի­րենց անս­պառ շուն­չը զգա­լի դար­ձու­ցին նաեւ խորհր­դա­յին կո­չուած եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րի ե­տին ծո­ւա­րած բե­կոր մը ­Հա­յաս­տա­նի եւ բուռ մը հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թեան, որ­պէս­զի ա­նոր պոր­տա­կա­պը չկտրո­ւի ­Մա­յիս 28ի Ա­ւան­դին հետ՝ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը վե­րա­կանգ­նե­լու, զայն ա­զա­տու­թեամբ օժ­տե­լու եւ միա­ցեալ հա­յու­թեան միա­ցեալ հայ­րե­նի­քը կեր­տե­լու պատ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան միշտ ա­կան­ջա­լուր մնա­լու կո­չով ու պատ­գա­մով։
Ա­պա եւ դառ­նանք ու հա­րիւր փառք եւ օրհ­նանք տանք ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ Ար­ցա­խէն հնչած ա­զա­տագ­րու­մի գոռ ձայ­նին, որ հայ­րե­նի­քի մայր մարմ­նին հետ ­Միա­ցում պա­հան­ջե­լով՝ նո­րո­վի կեն­սա­գործ­ման ու­ղին բա­ցաւ ­Մա­յիս 28ի Ա­ւան­դին առ­ջեւ, թունդ-թունդ հա­նե­լով հո­գի­նե­րը ար­դէն հա­մաշ­խար­հա­յին մեր Ազ­գին, քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նէն մին­չեւ մեր­ձա­ւոր թէ հե­ռա­ւոր բո­լոր ա­փե­րը ­Հա­յաշ­խար­հին։ Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին շղթա­յա­զեր­ծու­մով՝ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կէն ետք թափ ա­ռած ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը իր լիար­ժէք պսա­կու­մը գտաւ յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան եւ Ա­զա­տու­թեան ծա­ւա­լած ­Մա­յիս 28ի Ա­ւան­դը վե­րա­կանգ­նե­լու հայ­րե­նա­կան ան­կա­սե­լի, այ­լեւ հո­յաս­քանչ հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան շար­ժու­մին եւ ա­նոր նո­ւա­ճում­նե­րուն մէջ՝ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մէն մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։
­Վեր­ջա­պէս դառ­նանք եւ կրկին ու կրկին ան­գամ հա­րիւր փառք ու օրհ­նանք տանք հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր այն ի­րա­ւա­տէր ու պա­հան­ջա­տէր հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ ա­նոնց զօ­րակ­ցող մեր ժո­ղո­վուր­դի մար­տու­նակ բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնք Ապ­րիլ եւ ­Մա­յիս 2018ի դա­րա­կազ­միկ նո­րօ­րեայ յե­ղա­փո­խու­թեամբ՝ ինք­նա­մաքր­ման են­թար­կե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի պատ­մա­կան եր­թը, Ազ­գա­յին մեր ­Պե­տա­կան ­Տու­նը ներք­նա­պէս իր ա­րատ­նե­րէն ու ցե­ցե­րէն մաք­րե­լու դրօշ պար­զե­լով, մեր ժո­ղո­վուր­դի Ա­զա­տու­թեան տեն­չին առ­ջեւ նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նա­լով, միա­ցեալ Ազ­գի եւ միա­ցեալ ­Հայ­րե­նի­քի ուղ­ղու­թեամբ նո­րո­վի շրջա­դարձ նո­ւա­ճե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի օգ­տին։
­Մա­յիս 28ի հա­րիւ­րա­մեա­կը ա­հա՛ կը տօ­նենք ամ­բողջ Ազ­գով եւ ­Հա­յաշ­խար­հով։
Ա­հա՛ հա­րիւր փառք եւ օրհ­նանք տա­լով՝ հան­գիստ ննջե­լու մեր ա­ղօթ­քը կը բարձ­րաց­նենք յի­շա­տա­կին բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ե­րա­զը ի­րենց հո­գիին մէջ՝ հա­րիւ­րա­մեայ մեր եր­թին առ­ջեւ ու­ղի հար­թե­ցին։
Եւ դար­ձեալ հա­րիւր փառք ու օրհ­նանք կու տանք ­Մա­յիս 28ի նո­ւա­ճու­մին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մին եւ պե­տա­կան կա­ռու­ցու­մին, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ ­Մա­յիս 28ի Ա­ւան­դին հա­րիւր տա­րո­ւան պահ­պա­նու­մին, սե­րուն­դէ սե­րունդ սրբա­զան մա­սուն­քի ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ փո­խան­ցու­մին ու վե­րա­նո­րո­գու­մին։
Եր­թը կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ ա­հա մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ նո­րո­վի ու բարձ­րա­հա­սակ կանգ­նած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ե­րա­զին ան­պայ­ման հաս­նե­լու ան­դառ­նա­լի, այ­լեւ մշտա­նո­րոգ Ուխ­տով, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ՝ Ա­րա­մի ան­պար­տե­լի կամ­քով ու ո­գե­ղէն ու­ժով պատ­մու­թեան ա­նի­ւը ճիշդ հու­նով յա­ռաջ մղե­լու ան­վե­հեր վճռա­կա­նու­թեամբ։