Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին 30ա­մեա­կը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մազ­գա­յին յաղ­թա­նա­կին օ՛րն է՝ վե­րած­նուն­դի՛ օ­րը, ինչ­պէս որ ար­դա­րօ­րէն կ­’ը­սեն ար­ծո­ւե­բոյն Ար­ցա­խի խրոխտ որ­դի­նե­րը։
Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­մար­տին 30ա­մեայ յաղ­թար­շա­ւը տօ­նե­լով՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը ա­մէ­նու­րեք հպար­տու­թեամբ կը խո­նար­հի հայ­րե­նի հող ա­զա­տագ­րե­լու պայ­քա­րին մէջ ի­րենց գե­րա­գոյ­նը զո­հա­բե­րած՝ ա­րեա՛ն նո­ւի­րա­բե­րու­մը կա­տա­րած ա­նուա­նի եւ ա­նա­նուն բազ­մա­հա­զար ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ան­մահ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան 30ա­մեա­կը նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ կու գայ շեշ­տե­լու հա­ւա­քա­կան ու միաս­նա­կան մեր մեծ պարտ­քը՝ տէ՛ր կանգ­նե­լու մեր սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ յանձ­նո­ւած Ար­ցա­խեան Ա­ւան­դին՝ ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նաչ­ման եւ հա­մա­հայ­կա­կան հա­շո­ւե­տուու­թեան ո­գիով գուր­գու­րա­լու ա­զա­տագ­րո­ւած հայ­րե­նի հո­ղի իւ­րա­քան­չիւր մաս­նի­կին վրայ, զայն պաշտ­պա­նող հայ մար­դոց անվ­տան­գու­թեան եւ ար­ժա­նա­վա­յել կեանք ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան վրայ, ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղը շէնց­նե­լու եւ ա­նոր որ­բե­ւայ­րի ժա­ռան­գորդ­նե­րը ինք­նավս­տա­հու­թեամբ եւ մար­տու­նա­կու­թեամբ ջրդե­ղե­լու եւ զի­նե­լու։
Ի վեր­ջոյ մտա­հան չենք կրնար ը­նել, որ ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ, փետ­րո­ւա­րեան պոռթ­կու­մի օ­րե­րուն, մար­տու­նակ ար­ցախ­ցի­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ հա­ւաք­նե­րուն եւ եր­թե­րուն հետ ըն­դոստ ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ ի­րա­ւա­տէր ողջ հա­յու­թիւ­նը՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն ար­ձա­կո­ւող «­Միա­ցո՜ւմ»ի պա­հան­ջին յաղ­թա­գոռ վան­կար­կում­նե­րուն միա­խառ­նե­լով իր պա­հան­ջա­տի­րա­կան հուժ­կու ար­ձա­գան­գը։
Ա­յո՛, ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն ար­ձա­կո­ւած մայր հայ­րե­նի­քի հետ Ար­ցա­խի վե­րա­միաց­ման պա­հան­ջով ճամ­բայ ե­լած պայ­քարն ու շար­ժու­մը ամ­բողջ դար­ձա­կէտ մը նո­ւա­ճե­ցին հա­յոց ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան մէջ։ Ոչ միայն նոր ու կազ­մա­կեր­պո­ւած թա­փով ար­ծար­ծե­ցին ա­ւե­լի քան վեց տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր պար­բե­րա­բար պոռթ­կա­ցող հա­յոց ար­ծո­ւե­բոյն Ար­ցա­խը ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նին հետ վե­րա­միա­ւո­րե­լու ազ­գա­յին մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, ոչ միայն հա­յու­թեան պար­տադ­րո­ւած ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կան ու ամ­րագ­րե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն վերջ­նա­կա­նա­պէս ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու Ար­ցա­խի հա­յու­թեան անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քը, այ­լեւ՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նո­ւա­ճե­ցին ու յա­ռա­ջա­պահ պատ­նէ­շի վե­րա­ծե­ցին Ար­ցա­խը, իբ­րեւ ­Հայ ­Դա­տի վե­րած­նեալ պայ­քա­րին ա­նա­ռիկ միջ­նա­բեր­դը, յա­ռա­ջա­պա՛հ պատ­նէ­շը։
­Մեր ժո­ղո­վուր­դին չափ՝ ե­թէ ոչ ա­ւե­լի, նոյ­նինքն ­Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիան եւ ա­նոր ձեռ­նա­սու­նը՝ ե­ղեռ­նա­գործ Ատր­պէյ­ճա­նը խո­րա­պէս կը գի­տակ­ցին, որ միայն մայր հայ­րե­նի­քի հետ Ար­ցա­խի վե­րա­միա­ւո­րու­մով չ­’ա­ւար­տիր Ար­ցա­խեան ­Շա­րժու­մով շղթա­յա­զեր­ծո­ւած ­Հայ ­Դա­տի վե­րա­նո­րոգ պայ­քա­րին ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը։
­Թուրք պե­տա­կան վեր­նա­խա­ւը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէ, որ ­Հա­յաս­տա­նի շրջա­փա­կու­մը դադ­րեց­նե­լու եւ ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց բնա­կա­նո­նա­ցու­մին հա­մա­ձայ­նե­լու հա­մար՝ նա­խա­պայ­ման կը դնէ այս­պէս կո­չուած «հայ­կա­կան զօր­քե­րու կող­մէ բռնագ­րա­ւեալ տա­րածք­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նին վե­րա­դարձ­նե­լու» պա­հան­ջը։
­Բայց ո՛չ ­Թուր­քիա, ո՛չ Ատր­պէյ­ճան եւ ոչ ալ այս կամ այն մե­ծա­պե­տա­կան հա­շուարկ­նե­րով հա­մաթր­քա­կան դա­հիճ­նե­րուն պար­բե­րա­բար ձայ­նակ­ցող աշ­խար­հա­կալ տէ­րու­թիւն­նե­րը կ­’անդ­րա­դառ­նան կամ կը գի­տակ­ցին, որ Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մով այ­լեւս բա­ցա­ռո­ւած է Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ո­րե­ւէ տա­րա­զով Ատր­պէյ­ճա­նի լու­ծին տակ առ­նե­լու կամ պա­հե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
­Թէեւ Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին յաղ­թար­շա­ւով այ­սօր կա՛յ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն ու սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն ար­մա­տա­ւո­րո­ւած է եւ ի­րո­ղա­պէս ա­զատ ու ան­կախ կ­’ապ­րի Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, այ­դու­հան­դերձ՝ դեռ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն նո­ւա­ճուած ու հաս­տա­տագ­րո­ւած չեն հայ­կա­կան երկ­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քէն ներս լիար­ժէք ճա­նա­չումն ու ըն­դու­նու­մը։
­Հե­տե­ւա­բար, Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին 30ա­մեա­կը հայ քա­ղա­քա­կան մտքի անխտիր բո­լոր հո­սանք­նե­րուն վրայ պարտք կը դնէ, ա­մէն բա­նէ վեր, միաս­նա­բար եւ ան­սա­կարկ նո­ւի­րա­բե­րու­մով տէր կանգ­նե­լու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան՝ ա­նոր քա­ջա­րի, այ­լեւ բազ­մա­չար­չար ժո­ղո­վուր­դին, նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն, պե­տա­կան կռո­ւան­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ժո­ղովր­դա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին հե­տե­ւո­ղա­կան զար­գա­ցու­մին ու հզօ­րա­ցու­մին։
­Հա­մա­հայ­կա­կան այդ զօ­րա­շար­ժին յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րը, ան­շո՛ւշտ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւնն է՝ պե­տա­կան իր կռո­ւան­նե­րով եւ քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րով, ո­րոնք կո­չո­ւած են աչ­քի լոյ­սի պէս գուր­գու­րա­լու Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ ինք­նա­զար­գաց­ման նե­րու­ժին լիար­ժէք ար­դիւ­նա­ւոր­ման վրայ։
­Հա­մազ­գա­յին այդ զօ­րա­շար­ժին մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան է ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քը՝ աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծո­ւած հա­յօ­ճախ­նե­րու հա­ւա­քա­կան ու միաս­նա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը վե­րած­նեալ Ար­ցա­խին։
— Որ­քան ալ թշնա­մին սեւ ցան­կեր «շի­նէ» եւ ա­նոնց վրայ դնէ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ՝ աշ­խար­հի մեծ ու փոքր քա­ղաք­նե­րէն Ար­ցախ այ­ցե­լող պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան դէմ­քե­րը, սփիւռ­քեան իւ­րա­քան­չիւր հա­յօ­ճա­խի ա­ւագ պար­տա­ւո­րու­թիւնն է ոչ միայն քա­ղա­քա­ցիա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով դէմ կանգ­նե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան նման ոտնձ­գու­թեանց, այ­լեւ՝ ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րե­լու եւ քա­ջա­լե­րե­լու օ­տար­նե­րու դէ­պի Ար­ցախ հա­մակ­րան­քի քայ­լե­րը։
— Ինչ­պէս որ Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն եւ այ­նու­հե­տեւ աշ­խար­հով մէկ պար­զո­ւե­ցաւ, սփիւռ­քեան հա­յօ­ճախ­նե­րը ի­րենց լրիւ ի­րա­ւուն­քին մէջ են ստեղ­ծե­լու «Ար­ցա­խեան ա­ռօ­րեայ»՝ օ­րը օ­րին ար­ձա­գան­գե­լու եւ զօ­րակ­ցե­լու Ար­ցա­խի ե՛ւ մեծ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­յանպաստ կողմ­նո­րոշ­ման սե­ւե­ռող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ե՛ւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ու­ժե­ղա­ցու­մին, ե՛ւ Ար­ցա­խի պարզ մար­դոց ու յատ­կա­պէս նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ա­մէ­նօ­րեայ հո­գե­րու բա­ւա­րար­ման եւ տար­րա­կան ե­րազ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։
Ա­յո՛, ինչ­պէս ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ, նոյն­պէս եւ այ­սօր ու վա­ղը՝ մենք բո­լորս ար­ցախ­ցի՛ ենք։
Ա­յո՛, մայր հայ­րե­նի­քին հետ վե­րա­միա­ցու­մի պա­հան­ջէն շատ ա­ւե­լին շղթա­յա­զեր­ծեց Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին 30ա­մեայ յաղ­թար­շա­ւը՝
­Հայ ժո­ղո­վուր­դին տո­ւաւ ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չու­մի եւ ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին նո­րօ­րեայ վե­րած­նուն­դին հպար­տու­թիւ­նը, հաս­տա­տա­կա­մու­թի՛ւ­նը։