Ի զուր չէ ը­սո­ւած, որ մեր ա­պա­գան մեր զա­ւակ­ներն են, ինչ­պէս որ դի­պուկ խօսք է, թէ ազ­գի մը ա­պա­գան կեր­տո­ղը ա­նոր նոր սե­րունդն է։
Որ­քան ալ հա­սա­րակ տե­ղիք եւ ծա­նօթ կա­ղա­պա­րում թո­ւին ե­րի­տա­սար­դու­թեան վե­րա­բե­րեալ այ­սօ­րի­նակ՝ ժո­ղովր­դա­կա՛ն ընդ­հան­րա­ցում­նե­րը, այ­դու­հան­դերձ բա­ցա­յայտ է, որ կեանք մտնող ա­մէն սե­րունդ իր հա­ւա­քա­կան դէմ­քով կը դրոշ­մէ մարդ­կա­յին կե­ցու­թեան իր մի­ջա­վայրն ու քա­ղա­քակր­թա­կան եր­թը։
­Նոյ­նիսկ երբ տժգոյն ըլ­լա­լու, կամ ու­րոյն համ ու հոտ չու­նե­նա­լու աս­տի­ճան հա­սա­րակ եւ սո­վո­րա­կան թո­ւի նոր սե­րուն­դին դէմ­քը, ճշմար­տու­թիւ­նը կը մնայ նոյ­նը.- Ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէջ կը տես­նես վա­ղո­ւան քու հա­ւա­քա­կան պատ­կերդ՝ իր փառ­քով թէ ող­բեր­գու­թեամբ, իր ճա­ռա­գայ­թու­մով թէ մռայ­լու­թեամբ։
Ա­հա թէ ինչ ա­ռու­մո՛վ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան այ­սօ­րո­ւան ու գա­լի­քին մա­սին հա­ւա­քա­բար խորհր­դա­ծե­լու եւ մեր եր­թը վե­րա­նո­րո­գե­լու խան­դա­վա­ռու­թեամբ ո­գե­ւո­րո­ւե­լու ա­ռի­թը կ­’ըն­ձե­ռէ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70ա­մեա­կը։
Ա­նոնք որ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան կամ մա­մու­լով հե­տե­ւե­ցան մեր Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի 70ա­մեա­կի յո­բե­լի­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու մեկ­նար­կը պաշ­տօ­նա­պէս կա­տա­րող հան­դի­սա­ւոր տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, ան­կաս­կած հպար­տու­թեամբ հա­մա­կո­ւե­ցան եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ հաս­տա­տե­ցին, որ խօսք ու­նե­ցող եւ ու­ղի հար­թե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ լե­ցո­ւած նոր սե­րունդ մը ար­դէն իր ներ­կա­յու­թիւ­նը ամ­րագ­րած է մեր կեան­քէն ներս։
Ա­յո՛, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեանց շար­քե­րէն այ­սօր ալ կը հաս­նին տղաք եւ աղ­ջիկ­ներ, ո­րոնք ե­րի­տա­սար­դաց­ման շուն­չով կը թար­մաց­նեն ազ­գա­յին կեան­քի մեր ա­ռօ­րեան՝ հա­մա­հայ­կա­կան մեր տեն­չե­րուն եւ հո­գե­րուն, մեր նպա­տակ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յու­թեանց առ­ջեւ հե­ռան­կար բա­նա­լու, այ­լեւ՝ սե­րուն­դի՛ ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րե­լու ինք­նավստա­հու­թեամբ։
­Մեր ա­կումբ­նե­րուն ու պա­տա­նե­կան-ե­րի­տա­սար­դա­կան ժո­ղով­նե­րուն մէջ թրծո­ւե­ցաւ նաեւ այս սե­րուն­դը, որ իր նա­խորդ­նե­րուն հա­մե­մա­տած ա­ւելիով յու­նա­րէն խօ­սե­լով կամ յու­նա­կան ա­ռօ­րեա­յին ըն­դե­լու­զո­ւած ըլ­լա­լով մէկ­տեղ՝ ոչ միայն հա­յօ­րէն կը նա­յի կեան­քին ու աշ­խար­հին, այ­լեւ՝ դաշ­նակ­ցա­կա­նօ­րէն վճռա­կամ է ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւե­լու ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան դա­տին։
Ան­շուշտ մեր տու­նե­րէն, դպրոց­նե­րէն եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ստա­ցած ի­րենց հո­գեմ­տա­ւոր ա­ւի­շով կազ­մա­ւո­րո­ւած է հա­յե­ցի դի­մա­գի­ծը այս սե­րուն­դի տղոց եւս։ ­Հայ եր­գին ու պա­րին, հա­յե­րէն բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ու հա­յոց պատ­մու­թեան նկատ­մամբ սէրն է, որ զա­նոնք բե­րած է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, ո­րուն ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւն­նե­րը դար­ձած են նաեւ այս սե­րուն­դի տղոց գա­ղա­փա­րա­կան թրծու­մի հնո­ցը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ ի­տէա­լը ա­նոնց ե­րակ­նե­րուն մէջ հո­սող ա­րիւ­նին կեն­սա­յորդ թթո­ւա­ծի­նին միա­խառ­նե­լով։
­Թէեւ եօ­թա­նա­սուն տա­րին շատ եր­կար ժա­մա­նակ է ե­րի­տա­սարդ մնա­լու հա­մար, բայց 70ա­մեայ մեր Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նը ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն ա­ռած է ե­րի­տա­սար­դաց­ման ու վե­րա­նո­րոգ­ման թարմութեան նե­րու­ժը։
­Սոսկ տա­րիք չէ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ ե­րի­տա­սար­դա­կան ո­գի ու կեանքն ու աշ­խար­հը նոր ու սե­փա­կան հու­նով յա­ռաջ մղե­լու յանդգ­նու­թիւն, ինչ որ գո­յու­թեան ի­մաստն ու գե­րա­գոյն նպա­տա­կը ե­ղաւ ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան՝ հա­յը դա­րա­ւոր գե­րու­թեան վի­ճա­կէն դուրս բե­րե­լու, մար­տու­նակ եւ ի­րա­ւա­տէր ազգ դարձ­նե­լու եւ ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նիք նո­ւա­ճե­լու եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։
­Մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը այ­սօր վկան է ու դրօ­շա­կի­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին այդ անսպառ ու­ժին, որ ­Մա­յիս 28ի լու­սա­շող ա­րե­ւա­ծա­գին հետ՝ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հան­գա­նա­կով կնքեց մեր սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւնն ու հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը։
­Յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տեան կողմն հա­յաշ­խար­հի, ուր հա­կա­հայ հա­լա­ծան­քի, ճնշում­նե­րու եւ բռնու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան այ­լա­պէս բա­րե­բեր պայ­ման­նե­րուն մէջ դիւ­րին են օ­տա­րա­ցու­մը, մեղ­կու­թիւ­նը եւ հա­մա­կեր­պո­ղա­կան ձեռն­թա­փու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թիւն­նե­րը ստանձ­նած են ժա­մա­նա­կի հո­սան­քը սե­փա­կան տես­լա­կան­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ հու­նա­ւո­րե­լու դժո­ւա­րին, այ­լեւ՝ հպար­տա­ռիթ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 70ա­մեա­կը ազ­գա­յին ու հա­ւա­քա­կան մեր շա­րու­նա­կո­ւող եր­թին ար­գա­սի­քը ար­ժե­ւո­րե­լու ա­ռի­թը կը ներշն­չէ։ Ինչ­պէս որ պտու­ղը ծա­ռէն հե­ռու չ­’իյ­նար, նոյն­պէս եւ մեր ե­րի­տա­սարդ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը ազ­գա­յին մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ան­տե­ղի­տա­լի վճռա­կա­նու­թեամբ կը ճա­ռա­գայ­թեն։
Ի վեր­ջոյ բնու­թեան օ­րէն­քով իսկ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու­ժը կը կա­յա­նայ կեանքն ու աշ­խար­հը վե­րա­նո­րո­գե­լու, վե­րա­կեր­տե­լու ե­րի­տա­սար­դա­կա՛ն հա­ւատ­քին, ինք­նավս­տա­հու­թեան ու յանդգ­նու­թեան մէջ։
Իսկ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շուն­չով ու յե­ղա­փո­խա­կան ո­գիով թրծուած հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար օ­դի, լոյ­սի եւ ջու­րի պէս կեն­սա­կան են հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­ծառ ա­պա­գան նո­ւա­ճե­լու եւ ազ­գա­յին մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­լու ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւատ­քը, ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը եւ յանդգ­նու­թիւ­նը։
Վ­կայ՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 70ա­մեա­կը։
­Ճամ­բայ բա­ցէք հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան։