­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ պրն. Էր­տո­ղա­նի ­Յու­նաս­տան եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւ­նը «պատ­մա­կան» ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ե­ղաւ ոչ միայն սոսկ այն պատ­ճա­ռով, որ 1952էն աս­դին, 65 տա­րո­ւան մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ մը պաշ­տօ­նա­պէս կ­’այ­ցե­լէր ա­րեւմ­տեան իր դրա­ցիին՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, ո­րուն հետ ի դէպ դաշ­նա­կից է ՆԱԹՕի ճամ­բով…
Պրն. Էր­տո­ղա­նի ­Յու­նաս­տան այ­ցը դառ­նօ­րէն եւ թրքա­վա­յել ո­ճով «պատ­մա­կան» ե­ղաւ այլ նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ այն պատ­ճա­ռով, որ դի­ւա­նա­գի­տա­կան պատ­շա­ճու­թեան ա­մէն սահ­ման ոտ­նա­կո­խե­լով, նոյ­նիսկ կոխկռ­տե­լով՝ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը կոպ­տօ­րէն կարծր քննա­դա­տու­թեանց եւ մե­ղադ­րան­քի նշա­ւակ դար­ձուց իր հիւ­րըն­կալ­նե­րը։
­Մին­չեւ իսկ մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը ապ­շե­ցան՝ ի տես եւ ի լուր ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին կի­րար­կած ամ­բար­տա­ւան եւ ար­հա­մար­հա­կան ո­ճին ու փու­թա­ցին ընդգ­ծե­լու, որ ­Յու­նաս­տա­նի բա­րի-դրա­ցիա­կան հրա­ւէ­րին եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ վի­ճե­լի հար­ցե­րը հաշ­տա­րար երկ­խօ­սու­թեամբ հար­թե­լու Ա­թէն­քի բա­րեա­ցա­կա­մու­թեան՝ Ան­գա­րա փաս­տօ­րէն կը պա­տաս­խա­նէ թրքա­կան հան­րա­ծա­նօթ (ի­մա՛ ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան) կե­ցո­ւածք­նե­րու կարծ­րա­ցու­մով։
Ան­կախ ­Կիպ­րո­սի հար­ցին վե­րա­բե­րեալ ­Յու­նաս­տա­նը իբ­րեւ «պա­ռակ­տիչ» կողմ մե­ղադ­րե­լու թրքա­կան յան­կեր­գը կրկնե­լէն՝ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը ­Յու­նաս­տան իր «պատ­մա­կան» այ­ցը… պսա­կեց 1923ի ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը «այժ­մէա­կա­նաց­նե­լու»՝ վե­րա­նա­յե­լու պա­հան­ջով։
Իսկ ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րին «այժ­մէա­կա­նաց­ման» Էր­տո­ղա­նեան պա­հան­ջը կը նշա­նա­կէ թէ՛ հա­րե­ւան ու ՆԱԹՕի մէջ դաշ­նա­կից զոյգ եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ պե­տա­կան սահ­ման­նե­րու վե­րաճշ­դու­մը (յատ­կա­պէս Ե­գէա­կա­նի մէջ), թէ՛ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող թուրք փոք­րա­մաս­նու­թեան (որ ­Յու­նաս­տա­նի կող­մէ կը նկա­տո­ւի իս­լամ, այլ ոչ թէ թուրք փոք­րա­մաս­նու­թիւն) ի­րա­ւունք­նե­րուն ընդ­լայ­նու­մը…
­Փաստ է, որ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն ­Յու­նաս­տան եւ ­Թուր­քիա քա­նի մը ան­գամ մատ­նո­ւե­ցան պա­տե­րազ­մա­կան բա­խու­մի վտան­գին՝ Ան­գա­րա­յի կող­մէ թրքա­կան օ­դու­ժին հրա­հան­գո­ւած Ե­գէա­կա­նի սահ­ման­նե­րը բռնա­բա­րե­լու ոտնձ­գու­թեանց հե­տե­ւան­քով։
­Նոյն­պէս փաստ է, որ ­Թուր­քիա ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն մեր­ժած է յար­գել ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րով ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած ­Թուր­քիոյ յոյն, ինչ­պէս եւ հայ թէ քիւրտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ի­րա­ւունք­նե­րը, մինչ­դեռ ­Յու­նաս­տան իր հո­ղին վրայ ապ­րող բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թեանց, այդ կար­գին եւ ա­ռա­ջին հեր­թին իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ի­րա­ւունք­նե­րը յար­գե­լու եր­կա­րա­մեայ ա­ւան­դու­թիւն ու­նի։
Ո՛չ, հիւ­րըն­կալ ­Յու­նաս­տա­նի դէմ կա­տա­րո­ւած ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին նո­րա­գոյն՝ կարծր ու կո­պիտ յար­ձա­կում­նե­րը ոչ միայն ան­հիմն են ու կեղծ, այ­լեւ պար­զա­պէս ա­պա­ցոյցն են «լա­ւա­գոյն պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նը յար­ձա­կո­ղա­կանն է» ու­սու­ցա­նող ռազ­մա­վա­րու­թեան, ո­րուն այն­քան հա­ճոյ­քով փա­րած են ան­ցեա­լին եւ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կեն փա­րիլ ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թեան օ­րի­նա­կով յան­ցա­գործ­նե­րը։
­Հա­րե­ւան­նե­րուն հետ «զե­րօ հարց» ու­նե­նա­լու ­Թուր­քիոյ պաշ­տօ­նա­կան յո­խոր­տան­քին որ­քա՜ն հա­տու եւ խօ­սուն պա­տաս­խան կու տայ նոյ­նինքն պրն. Էր­տո­ղա­նի կա­տա­րած այ­սօ­րի­նակ շին­ծու մե­ղադ­րանք­նե­րը՝ ­Յու­նաս­տա­նի հաս­ցէին։
Այն­քան ա­տեն, որ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան եւ ար­դար դա­տաս­տա­նի չ­’են­թար­կեր յան­ցա­գործ՝ յատ­կա­պէ՛ս ու­րի­շին հո­ղը բռնագ­րա­ւող եւ ամ­բողջ ազ­գեր ցե­ղաս­պա­նու­թեան թի­րախ դարձ­նող իր յան­ցա­գործ ան­դամ­նե­րը, մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը միշտ ալ պի­տի դի­մագ­րա­ւէ ան­պա­տիժ մնա­ցած յան­ցա­գործ­նե­րու նո­րա­նոր ոճ­րա­յին սան­ձար­ձա­կու­թիւն­նե­րը…
Ա­հա՛ խտա­ցած դա­սը ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին ­Յու­նաս­տա­նի տո­ւած «պատ­մա­կան» այ­ցե­լու­թեան՝
Ե՛ւ յան­ցա­գործ, ե՛ւ պա­հանջ­կոտ նման վար­քա­գի­ծով՝ ­Թուր­քիա միայն ա­ւե­լիով կը ծան­րաց­նէ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ա­րիւ­նոտ բե­ռը։