Հայաստանի եւ հայութեան համար ծայր աստիճան զգայուն եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ այսօր կը նշենք հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն փառապանծ յաղթանակներէն՝ Շուշիի ազատագրութեան 25ամեակը։
1992 թուականի Մայիս 8-9ին, հայոց Արցախ Աշխարհի անառիկ արծուեբոյնը՝ հայաշունչ եւ հայակերտ պատմական Շուշի քաղաքը վերջնականապէս ազատագրուեցաւ ատրպէյճանական անարգ լուծէն։
19րդ դարավերջին եւ 20րդ դարասկիզբին Շուշի թիրախ դարձաւ կովկասեան թաթարներու եկուոր վաչկատուններուն կողմէ բռնագրաւման եւ իւրացման իրերայաջորդ խուժումներու, բայց ամէն անգամ ալ արեւելեան կողմն հայաշխարհի մեր բարձրաբերձ լեռներուն թառած հայոց առիւծասիրտ հերոսները ետ շպրտեցին թաթար-ազերի խուժաններու ներխուժման փորձերը։
Բայց 1923ին, երբ Անդրկովկասի տարածքին Ցարական Ռուսաստանի իրաւայաջորդը՝ Խորհրդային Միութիւնը ամբողջացուց Վրաստանը, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը վերստին իր մականին տակ առնելու ռուս կայսերապետական ծրագիրը, Ստալին ամենայն «մեծոգութեամբ» Պաքուի վարիչներուն կաշառք տուաւ Արցախը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ անունով շինծու պետական-վարչական իրաւավիճակ մը պարտադրելով հայոց հայրենի հողին իրաւատէր հայութեան։
Խորհրդային-ատրպէյճանական ծանրագոյն լուծը՝ հայաթափման եւ հայաջնջման հետեւողական քաղաքականութեան արհաւիրքը ցմրուր ճաշակեց Արցախի հայութիւնը շուրջ եօթը տասնամեակ։ Նոյն Ստալինեան կամայականութեան գլխաւոր միւս զոհերէն հայապատկան Նախիջեւանը (որ ի դէպ «ինքնավար հանրապետութեան» կարգավիճակ ալ ունէր) չդիմացաւ հայաթափման եւ թրքացման միեւնոյն քաղաքականութեան որոգայթներուն։ Բայց Արցախի հայութիւնը առաջին իսկ օրէն կառչած մնաց իր հայրենի ծննդավայրին եւ ամէն հարուածէ վերականգնելու գնով՝ 1988էն սկսեալ համաժողովրդային ըմբոստացման դիմեց եւ ատրպէյճանական լուծը թօթափելով՝ Մայր Հայաստանին հետ միացում պահանջեց։
Համաթրքական ծանօթ վարքագիծին՝ ցեղասպանութեամբ ազգային-քաղաքական հարցեր լուծելու ռազմավարութեան դիմելով, Ատրպէյճան ամբողջական յարձակումի ձեռնարկեց Արցախի հայութեան դէմ, հայոց պահանջատիրական ժողովրդավար ելոյթները բրտօրէն ճզմել փորձեց, հայոց ինքնապաշտպանութեան անբռնաբարելի իրաւունքը իր սաղմին մէջ խեղդելու մոլուցքին անձնատուր դարձաւ, բայց ամէն փուլի ալ անճրկած ու պարտուած նահանջեց՝ որովհետեւ հերոսներու արծուեբոյն Արցախ Աշխարհը ազգային ազատագրութեան ամբողջական պայքարի ռազմադաշտ նետուեցաւ ցեղասպան թշնամիին դէմ։
Ահա այս խորապատկերով ազգային-ռազմավարական եւ պատմական-քաղաքական իր փառահեղ նշանակութիւնն ու ուղենշային պատգամը կը զգենու Շուշիի ազատագրութեան «Հարսանիք Լեռներում» հերոսական գրոհի գործողութեան յաղթանակով պսակումը։
1988ի Արցախեան Պահանջատիրութեան շղթայազերծումէն մինչեւ 1992ի Մայիս 8ի դարակազմիկ Շուշիի ազատագրումը՝ հայոց դպրութեան, ձեռներէցութեան եւ մշակութային ծաղկումի դարաւոր բնօրրան Շուշին ատրպէյճանական բռնագրաւման զօրքին կողմէ իբրեւ բարձրաբերդ գործածուեցաւ՝ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու միւս շէները ռմբակոծման եւ մարդորսութեան ահացու պատանքին տակ առնելու համար։
Մայիս 8ի Շուշիի ազատագրութեան յաղթական գրոհը օրին ոչ միայն վերջակէտ դրաւ ատրպէյճանական զօրքի դիրքային «առաւելութեան», այլեւ ազդանշանը տուաւ հայրենի հողի ամբողջական ազատագրման յաղթարշաւին։
25 տարիներ անցած են այդ օրերէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու աշխարհով մէկ տարածուած ողջ հայութիւնը ամրօրէն եւ ամբողջական զօրակցութեամբ կանգնած են Արցախի կողքին՝ մեր հայրենիին իրողական ազատագրումը իրաւական միջազգային ճանաչումով նուիրագործելու անտեղիտալի վճռականութեամբ։
Այդ առումով ծայր աստիճան զգայուն եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ կը նշենք Շուշիի ազատագրութեան 25ամեակը, որովհետեւ յանուն շրջանէն ներս խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ համատեղ զարգացման՝ մեծապետական ուժեր եւ նոյնինքն հայ ժողովուրդին դէմ թշնամաբար կողմնորոշուած թուրք-ազերի պետական տրամաբանութիւնը Արցախէն ու արցախցիէն հայրենի մեր հողերը փոխանակելու ահաւոր ճնշումներ կը բանեցնեն, մինչեւ իսկ անուղղակի թէ ուղղակի «հովանաւորութիւն» կը շնորհեն Պաքուի բռնատէրին, որպէսզի զինու զօրութեամբ գրաւէ մեր հողերը…
Որքան ալ ահագնանան Արցախէն հողեր Ատրպէյճանին նուէր տալու եւ Պաքուի քարիւղին բաժնետէր դառնալու նմանօրինակ մեծապետական փորձերը, Շուշիի ազատագրութեան 25ամեակին առիթով համայն հայութիւնը մէկ ու միակ պատասխան ունի բոլորին անխտիր։
Հայ հերոսներու գերագոյն զոհաբերութեամբ՝ արեամբ ազատագրուած հայրենի հողը սուրբ է եւ գին չունի, անգի՜ն է. ո՛չ մէկ պարագայի փոխանակելի է, այլեւ՝ անփոխարինելի է պարզապէս եւ ըստ ամենայնի՛։
Խմբագրական
Ազատագրուած հողը գին չունի եւ փոխանակելի չէ (Շուշիի ազատագրութեան 25ամեակին առիթով)