ՄԵՂՈՒ
Վճիռը ծանր էր բայց արդար…
Դատախազը զինքը մահուան դատապարտեց…
— Վերջին փափաքդ ի՞նչ է, հարցուց բանտապահը…
— Թուղթ եւ մատիտ… կ’ուզեմ մօրս վերջին նամակ մը գրել…
Վերջին փափաքը իրագործեցին…
Սկսաւ գրել…
«Մայրիկ, եթէ այս աշխարհը աւելի արդար ըլլար, այսօր ոչ թէ միայն ես, այլ… նաեւ դո՛ւն, մահուան դատապարտուած պիտի ըլլայիր… ինծի չափ դո՛ւն եւս մեղաւոր ես…
«Կը յիշե՞ս մայրիկ երբ առաջին անգամ ըլլալով, շուկայէն հեծանիւ մը գողցայ եւ տուն բերի…
«Օգնեցիր, որ պահեմ… որպէսզի հայրիկը չիմանայ ու ինծի չպատժէ…
«Կը յիշե՞ս երբ հայրիկին դրամապանակէն դրամ գողցայ…
«Յանդիմանելուդ եւ պատժելուդ տեղ… միասին ծախսեցինք զանազան պարապ-սարաբ բաներու…
«Կը յիշե՞ս երբ հօրս հետ կռուեցար եւ տունէն մեկնեցաւ…
«Պարզապէս ուզեց մէկ սխալս սրբագրել… որովհետեւ դասերս կարդալ-սորվելուս տեղ… քննութեան ժամանակ… դասընկերէս ընդօրինակած էի… վերջաւորութեան ըրածս բացայայտեցին եւ ինծի ալ պատժեցին…
«Հակառակեցար հօրս եւ ուսուցիչներուս, եւ այս սխալէս ոչինչ սորվեցայ… հետեւանք… ոճրագործ եղայ…
«Մայրիկ՝ երեխայ էի… յետոյ՝ չար պատանի մը եղայ… իսկ ներկայիս՝ այլատեաց եւ կռուազան մարդ մը եղած եմ…
«Մայր իմ… դաստիարակութեան եւ ոչ թէ հաւանութեան պէտքութիւնը ունեցող երեխայ մըն էի…
«Բայց նոյնիսկ այս վերջին պահուն քեզի կը ներեմ…
«Պարզապէս կ’ուզեմ այս նամակս տարածես, կրցածիդ չափ մէկ աւելի ծնողներու, որպէսզի ըմբռնեն զաւակ մը մեծցնելու պատասխանատուութիւնը… հասկնան, որ միայն ու միայն իրենցմէ կախում ունի… զաւակի մը բարի կամ չար մարդ ըլլալը…
«Շնորհակալ եմ մայրիկս որ ինծի կեանք պարգեւեցիր…
«Բայց նաեւ օգնեցիր, որ… կեանքս կորսնցնեմ…
«Վերջին մատնանշում մը եւս…
«Ան որ զաւակը չի պատժեր… անոր չի՛ սիրեր…
«Զաւակը սիրողը չի՛ տատամսիր անոր պատժելէ…
«Դաստիարակութիւնը, աշխարհը դէպի լաւը փոխելու ամենազօրաւոր զէնքն է…
«Ընկերուհիներուդ ըսէ, որ իրենց զաւակները դաստիարակեն, որպէսզի ապագային… չարագործներ չպատժեն…
Ոճրագործ զաւակդ»
minsar55@gmail.com