Հայկական Technology and Science Dynamics (TSD) ընկերութիւնը «խելացի» EcoPad notebook (նոթատետր) ստեղծած է, որ Ipadի եւ notebookի խառնածինն է: «Խելացի» notebookը գործածողը կրնայ գրառումներ, նշումներ կատարել «մարքըր»ով եւ գրիչով, իսկ ապա ջնջել ռետինի օգնութեամբ:
«Ամբողջութեամբ բոլոր գրութիւնները հնարաւոր է ջնջել՝ տաքացնելով notebookը միկրօ-ալիքային վառարանում կամ ֆենի (fan) օգնութեամբ»,- յայտնած է TSD ընկերութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Վահան Շաքարեան՝ նոր սարքի շնորհանդէսի ընթացքին, որ տեղի ուեցաւ Յուլիս 20ին, Երեւանի մէջ:
EcoPad նոթատետրը հնարաւորութիւն կու տայ պահպանելու գրութիւնները ամպային համակարգի մը մէջ, Android եւ IOS յաւելուածներու միջոցով:
«Խելացի» notebook
Հայաստանի մէջ «խելացի» notebook ստեղծած են