­Կի­րա­կի, 5 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին, ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած սուրբ պա­տա­րա­գին հան­դի­սա­պե­տեց ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Գերպ. Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան։
­Հարկ է նշել, թէ 21 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին, ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ­.ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Գո­մո­թի­նիի ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած էր հայ­կա­կան խաչ­քա­րի զե­տեղ­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը, նո­ւի­րո­ւած
­հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան բա­րե­կա­մու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց 30-ա­մեա­կին։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, իր քա­րո­զին մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով խաչ­քա­րի օծ­ման ա­ռի­թը, գլխա­ւո­րա­բար անդ­րա­դար­ձաւ ­Խա­չի տե­ղին ու ըմբռ­նու­մին քրիս­տո­նեա­յի կեան­քին ­Մէջ։ Անդ­րա­դառ­նա­լով նիւ­թե­ղէն խա­չին, Սր­բա­զան հայ­րը նշեց, որ նիւ­թե­ղէն միակ խա­չը որ յար­գան­քի եւ մե­ծա­րան­քի ար­ժա­նա­ցած է Ք­րիս­տո­սի խա­չե­լու­թեան խա­չա­փայտն է, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին գտնո­ւած է մեծն ­Կոս­տան­դիա­նոս կայ­սեր մօր՝ ­Հե­ղի­նէ թա­գու­հիին ջան­քե­րով Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, ուր նաեւ կանգ­նե­ցո­ւած է։
Ե­թէ Ք­րիս­տո­սի խա­չա­փայ­տը չըլ­լար, չի նշա­նա­կեր որ խա­չը ի­մաստ պի­տի չու­նե­նար։ ­Խաչ ը­սե­լով պէտք է հասկ­նալ Ք­րիս­տո­սի ու­սու­ցում­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած քրիս­տո­նեա­նե­րու հա­ւատ­քի կեան­քը եւ ոչ թէ նիւ­թա­կան ա­ռար­կան։ ­Խա­չը խորհր­դա­նիշ է Ք­րիս­տո­սի, որ ­Խա­չին վրայ պա­տա­րա­գո­ւե­լով, մար­դի­կը մօ­տե­ցուց Աս­տու­ծոյ։ ­Խա­չը մար­դուն փրկու­թեան հա­մար է։ ­Խա­չը Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թիւնն է։ Ա­մէն ինչ խա­չով կ­՚օրհ­նենք։
Անդ­րա­դառ­նա­լով խաչ­քա­րին ­Հայ Ե­կե­ղեղց­ւոյ իւ­րա­յա­տուկ ա­րո­ւեստ ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թեան, Սր­բա­զան հայ­րը դի­տել տո­ւաւ նաեւ որ ու­նի հայ­կա­կան նկա­րա­գիր։ Ան կը խորհր­դան­շէ հայ ժո­ղո­վուր­դի քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը։ ­Թե­լադ­րեց ներ­կա­նե­րուն, որ միշտ հաս­տատ մնան ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւատ­քին մէջ, ա­ռանց տա­րո­ւե­լու կամ ըն­դա­ռա­ջե­լու ո­րե­ւէ այլ կրօ­նա­կան հա­ւատ­քի կամ դա­ւա­նան­քի, ի մաս­նա­ւոր ա­ղան­դա­ւոր­նե­րու հրա­պու­րիչ հրա­ւէր­նե­րուն։ Ա­պա­հո­վա­բար եւ ան­վա­րան ա­պա­ւի­նած մնան ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ հայ­րե­րուն դա­րա­ւոր հա­ւատ­քին։
Ակ­նար­կե­լով խաչ­քա­րի օծ­ման, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ը­սաւ, թէ ե­կե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կան ա­րա­րո­ղու­թեանց մէջ գոր­ծա­ծո­ւող բո­լոր ա­ռառր­կա­նե­րը եւ սպաս­նե­րը օրհ­նո­ւե­լով եւ օ­ծո­ւե­լով կը ստա­նան Ս. ­Հոգ­ւոյ ներ­գոր­ծու­թիւ­նը։
­Յա­ւարտ սուրբ պա­տա­րա­գի, ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ, Սր­բա­զան հայ­րը սուրբ միւռ­նով կա­տա­րեց խաչ­քա­րի օ­ծու­մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ