Շաբաթ, 21 եւ Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2023-ը մասնայատուկ օրեր եղան Գոմոթինիի հայ համայքին համար։ Այդ շաբաթավերջին, Թրակիոյ հայութեան ուշադրութիւնը սեւեռած էր հայ-յոյն բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարի բացման արարողութեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ, որուն ներկայ եղան պետական, քաղաքական, կրօնական եւ զինուորական բարձր ներկայացուցիչներ՝ խորհրդանշելով երկու ժողովուրդներու անքակտելի բարեկամութեան եւ բազմադարեայ գոյակցութեան խորհուրդը։ Խաչքարը նաեւ նուիրուած էր Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ պետական պաշտօնական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին։ Արարողութեան նախագահութիւնը ստանձնած էր Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իսկ հովանաւորութիւնը՝ Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան։
Խաչքարի զետեղման ծրագիրը իրականացաւ շնորհիւ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանի եւ Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի հետեւողական աշխատանքին, Հայաստանէն ապահովելով իւրատիպ խաչքար մը, որուն վրայ տեղ գտած են հայկական եւ յունական արուեստի զարդեր, իրար կապելով երկու քաղաքակրթութիւններու յատկանշական ձեւերը։ Խաչքարի ազնիւ բարերութիւնը ստանձնած էր Hyeland ընկերութիւնը, Մարտիրոս եւ Թամար Պոզիաքալեաններու նուիրատուութեամբ։ Շաբաթ, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան, մեծ թիւով յոյն եւ հայ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ եկեղեցի՝ յարգելու համար բացառիկ երեկոյի իմաստը։ Պաշտօնական հիւրերու կարգին, Առաջնորդ Սրբազան հօր կողքին, ներկայ էր Կրթութեան եւ կրօնից ընդհ. քարտուղար Եորղոս Քալածիս, արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, Հ.Հ. դեսպանատան հիւպատոս Արթուր Օհանեան, Թրակիոյ համալսարանի ընդհ. տնօրէնը, Գոմոթինիի եւ Մարոնիայի մետրոպոլիտի ներկայացուցիչը (նշենք, որ մետրոպոլիտը չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ՝ նոյն պահուն մասնակցելով յոյն եպիսկոպասական օծման արարողութեան), Թրակիոյ մահմետական համայնքի միւֆթին, երեսփոխաններու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետի, զինուորական հրամանատարութեան եւ քաղաքի միութիւններու ներկայացուցիչները։
Պաշտօնական յայտագիրը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, որուն հանդիսավարն էր տիկ. Վարդ Պասմաճեան։ Ան հրաւիրեց Յովհաննէս ծ. Վրդ. Սաղտըճեանը կատարելու բացման խօսքը։ Հայր սուրբը անդրադարձաւ խաչքարի զետեղման գաղափարին, ապա բացատրեց անոր վրայ տեղ գտած զարդանշաններու իմաստը։ Ան շեշտեց, թէ երկու ազգերու կապերը յենուած են երկու ժողովուրդներու պատմական նոյն երթին վրայ, որ կը խորհրդանշէ բազմադարեայ անկեղծ բարեկամութիւն մը։ Ներկայացուեցաւ կրթութեան եւ կրօնից ընդհ. քարտուղարի ուղերձը, ուր ան շեշտեց, թէ առաջին խաչքարն է, որուն վրայ տեղ կը գտնեն հայ-յունական քաղաքակրթութեան նմուշներ։ Ան նաեւ դրուատեց Յունաստանի մէջ ապրող հայ համայնքը, իր կազմակերպուած տեսքով եւ կառոյցներով։
Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի հոգեւոր պետ Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսի ուղերձը կարդաց Գոմոթինի եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչը։ Արքեպիսկոպոսը իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուած ելոյթին համար, ընդգծեց հայ եւ յոյն ազգային եւ կրօնական կապերու կարեւորութիւնը, եւ յատուկ նշում կատարեց յունահայ համայնքի ներկայութեան ու կատարած ներդրումին յունական իրականութեան մէջ։
Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պ. Տիգրան Մկրտչեանի անունով հանդէս եկաւ դեսպանութեան հիւպատոսը։ Դեսպանը իր ուղերձին մէջ ընդգծեց նաեւ այն փաստը, որ խաչքարի բացումը տեղի կ՚ունենայ համայն հայութեան համար խորհրդանշական ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդը կանգնած է անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ։ «Դարեր շարունակ հայերը եւ Հայաստանը ձգտել են խաղաղութեան՝ որպէս իրենց հայրենիքում ապրելու ու արարելու գերագոյն նպատակ, ու այսօր այս խաչքարը խորհրդանշում է յանուն խաղաղութեան՝ հայերի մշտական պայքարը, մեր ազգի տոկունութիւնը եւ խիզախութիւնը. սա պատմութիւն է, որը մենք այսօր կերտում ենք ձեզ հետ միասին այստեղ՝ յստակ արձանագրելով Հայաստան պետութեան անսասան յանձնառութիւնը՝ շարունակելու իր ներդրումը յանուն խաղաղութեան թէ՛ մեր տարածաշրջանում եւ թէ՛ դրանից անդի»։
Խօսք առաւ շրջանի Թաղային խորհուրդի ատենապետ պ. Ստեփան Մատթէոսեան, որ բացատրեց եկեղեցին ու համայնքը խաչքարով մը օժտելու իմաստը։ Ան եւս յատուկ անդրադարձ ըրաւ հայ եւ յոյն դարաւոր բարեկամութեան, ընդգծելով բազմամեայ գործակցութիւնը Գոմոթինիի մէջ, որուն մէջ ներառնուած են կրօնական, համայնքային, հասարարական, մշակութային եւ քաղաքապետական կապերը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Մարի Գալայճեան, որ ան եւս ընդգծեց երկու ժողովուրդներու հաստարակաց երթին ու մարտահրաւէրներուն փորձադաշտը։ Նաեւ, խօսք առաւ Գոմոթինիի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ տիկ. Քլէոփաթրա Սթոյանիտու։ Շրջանի երեսփոխան եւ նախկին նախարար Եւրիփիտիս Սթիլիանիտիսի ուղերձը ներկայացուց իր օգնականը։
Խօսք տրուեցաւ նաեւ խաչքարի բարերար՝ Heland ընկերութեան ներկայացուցիչ պ. Քարուշ Ղազէլեանին, որ գոհունակութիւն յայտնեց կատարուած նախաձեռնութեան համար եւ դրուատեց շրջանի հայութիւնն ու պատասխանատու մարմինները։
Երեկոյի ընթացքին, մէջընդմէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Գոմոթինիի «Նայիրեան մեղեդի» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի, որ լաւ պատրաստուած ու խնամուած ձեւով ներկայացուց հայկական շարականներու շարան մը, խոր տպաւորութիւն թողնելով ներկաներուն վրայ։
Նաեւ հայազգի յայտնի ջութակահարուհի Ակելիքի Լալապեքովա ջութակի վրայ ներկայացուց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու շարք մը, իսկ տպաւորիչ բաժիններէն եղաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը, որ յուզում յառաջացուց բոլորին վրայ։
Պաշտօնական ելոյթի եզրափակիչ խօսքը կատարեց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ մասնաւորապէս նշեց. «Խաչքարը հայ եկեղեցւոյ մշակոյթին մէջ շատ հին արմատներ ունի։ Խաչքարը հայկական բնաշխարհի յատուկ հանքային տուֆ քարի վրայ փորագրուած խաչի նշանի փորագրումն է։ Նախաքրիստոնէական հայ հաւատալիքներուն մէջ գոյութիւն ունէր այն հաւատալիքը, թէ Աստուած ժայռերու մէջ կը բնակի, խորհրդանշելով Աստուծոյ զօրութիւնը։ Հայաստանի պետականօրէն քրիստոնէացաման ժամանակէն ասդին, նոյն այդ հաւատալիքը մնաց, սակայն տարբեր ձեւով։ Խաչը, իբրեւ քրիստոսի փրկագործական խորհուրդը, Աստուծոյ զօրութեան յաւերժութեան իմաստով փորագրուեցաւ քարի վրայ։
Խաչքարի արուեստը, որ իր փորագրութեան նրբագոյն ձեւին վերածուած է, հայ քրիստոնէական մշակոյթի ինքնատիպ զարգացման արդիւնք է։ Եկեղեցական թէ հոգեւոր նպատակներուն կարգին, Խաչքարը գործածուած է նաեւ այլ նպատակներով։ Խաչքար կանգնեցուած է պատմական կարեւոր դէպքերու առթիւ, երկիրներու սահմանագիծերու վրայ իբրեւ պաշտպանութիւն, կանգնեցուած է պատմական դէպքեր արձանագրելու։ Խաչքար կանգնեցուած է նաեւ երախտագիտութեան իբրեւ արտայատութիւն։ Անոնցմէ երկու օրինակներ կան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի հրապարակներու վրայ՝ ղրկուած Հայաստանի պետութեան կողմէ, 1988-ի Հայաստանի աղիտալի երկրաշարժին առթիւ Յունաստանի պետութեան եւ ժողովուրդին ցուցաբերած օժանդակութեանց համար։
Բազմադարեան պատմական ընթացք ունի հայ եւ յոյն ժողովուրդներու պատմութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ, իր մութ ու լոյս, ուրախ եւ տխուր պահերով։ Այդ ընթացքը անըդմէջ շարունակուած է։ Այս բոլորէն մաս մը արձանագրուած են պատմական գիրքերու, պետական արխիւներու, ժողովրդային յիշողութեան մէջ, այս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող հայերու շիրմաքարերու վրայ, որոնք սակայն տեսանելի չեն հանրութեան։
Այսօր այս գեղեցիկ եւ իւրայատուկ խաչքարի կանգնեցումը պատմական իրականութեան տեսանելի վկայութիւն մըն է։ Անցնող դարաւոր գոյակցութեան մասին յուշող, բայց նաեւ վերջ 200 տարուան գոյակցութեան մասին վկայող արձան մը, որ անխօս քար ըլլալով հանդերձ, պերճախօս վկայութիւն է հայ եւ յոյն ժողովուրդներու եղբայրական գոյակցութեան։
Պատմականօրէն, Հայաստանի մէջ հազարաւոր խաչքարներ եղած են։ Վերջին երեսնամեակին, Հայաստանի անկախացումէն ետք, հայկական սփիւռքի տարածքին եղող երկիրներու մէջ նաեւ բազմաթիւ խաչքարեր կանգեցուեցան։ Բոլորն ալ հայկական մօթիֆներով եղած են։ Սակայն Գոմոթինիի մէջ կանգնեցուած այս խաչքարը իւրայատուկ է։ Ան ունի նաեւ յունական արուեստի մօթիֆ, առաջին խաչքարն է, որ նաեւ ուրիշ մշակոյթի զարթ ունի իր վրան։ Այս ալ խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի։ Այս խաչքարը, որ տեսանելի վկայութիւն մը պիտի ըլլայ յոյն եւ հայ ճակատագրակից ժողովուրդներու դարաւոր եւ եղբայրական պատմութեան, նաեւ աղօթք, օրհնութիւն եւ մաղթանք է, մեր երկու ժողովուրդներու բարօրութեան համար, յիշեցում եւ թելադրանք է ներկայ եւ գալիք սերունդներուն նոյն հարազատութեամբ եւ զօրակցութեամբ շարունակելու պատմութիւնը»։
Սրբազան հայրը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց Առաջնորդական փոխանորդին եւ Թաղային խորհուրդին, որոնք մտայղացան եւ իրագործեցին խաչքարի զետեղման գաղափարը։ Գնահատանք արտայայտեց խաչքարի նուիրատու պ. Մարտիկ Պոզիաքալեանին, որ ընդառաջեց կոչին եւ յանձն առաւ խաչքարի ծախսերու ամբողջական ծրարը, երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց Յունաստանի հոգեւոր պետին եւ կրթութեան ու կրօնից ընդհ. քարտուղարին։
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, ժողովուրդը եւ հիւրերը յառաջացան դէպի եկեղեցւոյ բակը եւ տեղ առին խաչքարին շուրջ։
Տեղւոյն վրայ՝ Սրբազան հայրը, հիւպատոսը, բարերարի ներկայացուցիչը եւ Թաղային խորհուրդի ատենապետը քաշեցին յուշարձանի շղարղը եւ բոլորին առջեւ ներկայացաւ տպաւորիչ խաչքարը իր հայկական ու յունական զարդաշնաններով։ Պահը յուզիչ էր, բայց միաժամանակ ուրախալի, որովհետեւ կանգնած յուշարձանը իր տեսքով ու պարունակութեամբ կը խորհրդանշէ հայու ներկայութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը։ Բոլոր հիւրերը եւ ներկաները խանդավառ ոգիով շնորհաւորեցին կազմակերպիչները եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին լաւ խնամուած ելոյթին համար։ Կիրակի, 22 Հոկտեմբերին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն հանդիսապետեց Թեմակալ Առաջնորդը։ Պատարագիչն էր Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարուեցաւ բազմաձայն՝ դպրաց դասուն կողմէ, ղեկավարութեամբ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օր մը առաջ տեղի ունեցած խաչքարի բացման արարողութեան, ընդգծելով անոր իմաստը եւ կարեւորութիւնը շրջանէն ներս։ Ապա անգամ մը եւս գոհունակութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն, յատուկ շեշտ դրաւ միօրեայ վարժարանի կարեւորութեան, որ հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ նոր սերունդին, պահելով հայ լեզուն ու գիրը, մշակոյթը եւ ազգային դիմագիծը։ Ան խաղաղութիւն մաղթեց Հայաստան աշխարհին եւ ամբողջ մարդկութեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ