Կիրակի՝ 12 Սեպտեմբեր 2021-ին, փառաւոր կերպով տօնակատարուեցաւ Վերացման Ս. Խաչի տաղաւար տօնը։ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Ս. պատարագին նախագահեց ու քարոզեց, Յունաստանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան։ Իսկ Ս. պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, խմբավարութեամբ դպրապետ պրն. Քերոբ Էքիզեանի եւ սպասարկութեամբ սարկաւագներ Կարապետ Քէօսէեանի ու Պետրոս Կարապետեանի։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր քարոզի սկիզբին նախ օրուան տօնի պատմականը կատարեց։ Ապա յայտնեց, թէ Ս. Խաչը նախապէս պատիժի ու մահուան խորհրդանիշ էր։ Ան մարդոց ահ ու սարսափի կը մատնէր։ Քրիստոսի խաչելութենէն ու յարութենէն ետք սակայն, Ս. Խաչը դարձաւ կեանքի ու փրկութեան խորհրդանիշ։ Եւ Հայ ժողովուրդը, որպէս առաջին քրիստոնեաներ ու Ս. Խաչի հետեւորդներ, մասնակից դարձաւ Պարսիկներու կողմէ գերեվարուած Ս. Խաչը ազատագրելու եւ Պարսկաստանէն վերստին Երուսաղէմ վերադարձնելու առաքելութեան։ Աւարտին Սրբազան Հայրը խրախուսեց հաւատացեալները հաստատ կերպով Ս. Խաչին հետեւելու, որովհետեւ ան չարէն ու չարիքէն պահպանուելու միակ վահանն է։
***
Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ փոխան Երկուշաբթիի տաղաւար տօնի Մեռելոցի հոգեհանգիստը։ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը յատուկ կերպով հոգեհանգիստ խնդրեց Կէլիպոլցիներու ննջեցեալներու հոգիներուն համար։ Ապա հաւատացեալները թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակի խաչքարին առջեւ, ուր երգուեցաւ «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականը։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը սոյն թափօրը նմանցուց Ս. Խաչի Երուսաղէմ վերադարձի թափօրին, որմէ ետք օրհնեց հաւատացեալները։ Ետքը եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմինը բաժնեց ռէհանը։
Սուրբ եւ բժշկարար սպասներու յանձնումը եկեղեցւոյ
Արարողութեան աւարտին, նախօրօք դասաւորման համաձայն «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ ծխականներէն Եզեկիէլեան ընտանիքներ, ներկայ գտնուեցան եկեղեցւոյ սրահ ուր Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանին եւ Թաղային խորհուրդին յանձնեցին իրենց մեծ հօր կողմէ ժառանգած, Կէլիպոլէն կարգ մը եկեղեցական թանկարժէք սպասներ։ Յարութիւն եւ Եզնիկ Եզեկիէլեան եղբայրները, 1922-ի Իզմիրի աղէտէն աւեի առաջ, Կէլիպոլէն բռնի կը գաղթեն ու կը հաստատուին Գոքինիա։
Կորուստէ փրկելու նպատակով, անոնք իրենց հետ կը բերեն այդ սպասները եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին իրենց մօտ կը պահեն զանոնք որպէս Կէլիպոլի պատմութենէն մէկ մասնիկ եւ յիշատակ։ Յետ մահու, այդ պատմական սպասները կը ժառանգեն Եզեկիէլեան եղբայրներու հարազատները։
Եւ վերջերս անոնք փափաքեցան պատմական իրերը յանձնել «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին, որպէսզի զետեղուին սրահին մէջ գտնուող Կէլիպոլցիներու յատուկ ու պատմական ցուցաբեղկին մէջ։
Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան գնահատեց Եզեկիէլեան ընտանիքներու կարեւոր նախաձեռնութիւնը։ Իսկ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, յանուն «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց։ Ապա սպասները զետեղուեցան սրահէն ներս գտնուող Կէլիպոլցիներու ցուցաբեղկին մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ