Կիրակի՝ 17 Սեպտեմբեր 2017ին, Գավալայի հայութիւնը՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւին, Թաղային Խորհուրդին եւ Հայ Գթութեան Խաչին, անգամ մը եւս իր ուխտին հաւատարիմ փառաւոր կերպով տօնակատարեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը։
Շաբաթ առաւօտ, հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան օրհնեց աղը եւ հաւատացեալներ սկսան պատրաստել մատաղը։ Մինչեւ անցեալ տարի, մատաղը կը պատրաստուէր Մսըրեան ընկերութեան շրջափակին մէջ։ Թաղային Խորհուրդը վերջերս եկեղեցւոյ խոհանոցին մէջ յատուկ վայր մը շինել տուաւ, որպէսզի մատաղը այլեւս հոն պատրաստուի։
Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագը մատուցեց Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Գոմոթինիի դպրաց դասը, խմբավարութեամբ՝ տիկ. Նէլլի Անդրէասեանի։ Ընդառաջելով Թաղային Խորհուրդի հրաւէրին՝ ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. Ատրիկ Ստեփանեան, Միջ-Թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, Թաղային Խորհուրդներու ատենապետներ ու անդամներ եւ գնահատելի թուով հաւատացեալ ժողովուրդ։
Պատարագիչ Քահանայ Հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ Քրիստոսի հետեւորդները իրենց անձերը վստահած էին Անոր՝ որպէս քաջ հովիւի։ Քրիստոս անօթիները կը կերակրէր, հիւանդները կը բժշկէր, մոլորածները կը փրկէր, յուսալքուածներուն յոյս կը ներշնչէր։ Տիրոջ յարութենէն ետք, հետեւորդները մնացին առանց առաջնորդի ու սկսան փնտռել Անոր հետքերը։ Քրիստոս Ս. Խաչը թողեց հետեւորդներուն՝ որպէս Իր նշանը։ Խաչը դարձաւ միացման կէտ եւ հովանի՝ բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Ան՝ որ Քրիստոսի հետքերուն կը հետեւի, կը հասնի խաչին։ Ոմանք Խաչի ճանապարհը կը նմանցնեն նեղ, դժուար կամ տառապանքի ճանապարհի։ Մինչդեռ Խաչի ճանապարհին վրայ Քրիստոսի իւրաքանչիւր հետքը կը ներկայացնէ Անոր իմաստուն խօսքերէն մին։ Իւրաքանչիւր քայլը կ’ուսուցանէ բարոյալից պատգամներէն մին։ Խաչի ճանապարհը մարդու փրկութեան ու երջանկութեան ճանապարհն է։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք եւ եկեղեցւոյ մէջ ծառայած հոգեւոր հովիւներու, դպրաց դասի ու թաղային խորհուրդի անդամներու եւ բարերարներու հոգիներուն համար հոգեհանգիստ։ Թաղային Խորհուրդը մատաղին հետ ժողովուրդին բաժնեց նաեւ օրհնուած ռէհան։
Կէսօրուան ժամը 1։30ին, «Ալեքսանտրոս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթը։ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Աբրահամ Աշրեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց քաջալերանքին համար։ Ապա՝ բեմ հրաւիրուեցաւ տիկ. Զապէլ Այվազեան։ Ան յանուն Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանին եւ Ազգային Վարչութեան շնորհաւորեց Գավալայի Հոգեւոր Հովիւը, Թաղային Խորհուրդն ու հայ համայնքը եւ մաղթեց յաջողութիւն։ Ապա՝ խօսք առաւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան։ Ան յանուն պաշտօնական հիւրերուն եւ ժողովուրդին ջերմօրէն գնահատեց Գավալայի Թաղային Խորհուրդն ու Գթութեան Խաչը, իրենց անձնուէր ծառայութեան համար։ Ապա՝ մաղթեց անոնց քաջառողջութիւն ու նորանոր յաջողութիւն։ Ճաշկերոյթի ընթացքին Հայ Գթութեան Խաչի «Սեւան» մասնաճուղի վարչութիւնը կազմակերպեց վիճակահանութիւն։ Իսկ ներկաները հայերէն երգերով, ասմունքներով ու պարերով մթնոլորտը ճոխացուցին։
ԹՂԹԱԿԻՑ
Խաչվերացի տօնը՝ Գավալայի մէջ
Խաչվերացի տօնը՝ Գավալայի մէջ