Կի­րա­կի՝ 15 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019ին ­Վե­րաց­ման Ս. ­Խա­չի տօ­նին առ­թիւ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց շրջա­նի ­հո­գե­ւոր հովիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան, ներ­կա­յու­թեամբ հոծ բազ­մու­թեան։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն՝ ­Մե­ծա­հան­դէս ան­դաս­տա­նի ու ռե­հա­նի օրհ­նու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ։ ­Պա­տա­րա­գի սկիզ­բէն իսկ Ա­տեա­նին առ­ջեւ սե­ղա­նի վրայ զե­տե­ղո­ւած էր ռե­հա­նով եւ վար­դի ջու­րով զար­դա­րո­ւած Ս. ­Խա­չը, եւ ան­դաս­տա­նի ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ օրհ­նո­ւե­ցան աշ­խար­հի չորս կող­մերն ու ա­նոնց մէջ գտնո­ւող բեր­քե­րը, տու­նե­րը, վան­քե­րը, ե­ւայլն։
Ա­ւար­տին, ­Հայր սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ խա­չին ընդ­մէ­ջէն ­Խա­չեալն է որ վեր ա­ռաւ եւ Ս. ­Խա­չը նկա­տե­լով սի­րոյ ու համ­բե­րու­թեան խորհր­դա­նիշ, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն խրա­խու­սեց՝ ա­պա­ւի­նե­լով ա­նոր զօ­րու­թեան ու հաս­տա­տա­կամ քայ­լե­րով Ք­րիս­տո­սի քա­լած ու­ղիղ ճա­նա­պար­հէն, դժո­ւա­րին, սա­կայն քաղցր ճա­նա­պար­հը շա­րու­նա­կե­լու կո­չը ը­րաւ։ ­Հայր սուր­բը շնոր­հա­ւո­րեց ­Խա­չիկ, ­Խա­չա­տուր ա­նուն կրող­նե­րը, մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։
­Յայտ­նենք, որ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ­Տիկ­նաց ­Միու­թեան կող­քին եւս ե­ղան կա­մա­ւոր ռե­հա­նի նո­ւի­րա­տու­ներ։ ­Հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ եւ ու­րա­խու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ այս իւ­րա­յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թեան եւ ա­պա ­Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ հեր­թա­բար ստա­ցան ռե­հա­նի ճիւ­ղեր, առ ի օրհ­նու­թիւն ի­րենց տու­նե­րը տա­նե­լու հա­մար։