«Խ. Աբովեան»-ի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան հանդիպում ունեցած է Ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդի եւ Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու տնօրէններուն ու ուսուցիչներուն հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ֆիքսի մէջ։ Խ. Ստեփանեան հետաքրքրուեցաւ հայկական դպրոցներուն մէջ հայոց պատմութեան դասաւանդման մասին:
Ուսումնական խորհուրդը եւ ուսուցիչները ներկայացուցին շարք մը խնդիրներ՝ համապատասխան դասագիրքերու, ուսումնական նիւթերու պակաս եւ այլն: Յայտնուեցաւ, թէ յատկապէս քիչ են արեւմտահայերէնով տրամադրուած նիւթերը:
Հայրենի փրոֆէսորը կարեւորած է օտար ափերուն վրայ հայ դպրոցի նուիրեալներու գործը հայ մանուկներու ինքնութեան պահպանման համար, խոստանալով աջակից ըլլալ դիմագրաւած խնդիրներու լուծման հարցին մէջ՝ դասագիրքեր, հանրամատչելի տեսանիւթեր, ուսուցանող խաղեր եւ այլ նիւթեր տրամադրելու ուղղութեամբ:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Խաչատուր Ստեփանեանի հանդիպումը Ուսում. խորհուրդին եւ ուսուցիչներուն հետ