ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

­Պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րուս ­Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տան միշտ ալ ե­ղած էր մտքիս մէջ շփոթ, բայց նաեւ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծող եր­կիր մը: ­Նախ, որ կա­յին եր­կու Իր­լան­տա­ներ եւ միշտ չէ, որ կրնա­յինք այդ տա­րի­նե­րուն զա­նա­զա­նել մէ­կը միւ­սէն: ­Կար նաեւ ­Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա­յի ներ­քին տագ­նա­պը. կը լսէինք եւ լու­րե­րէն կը հե­տե­ւէինք, որ «բո­ղո­քա­կան­ներ»ը կը կռո­ւին «կա­թո­ղի­կէ­նե­րուն» դէմ: ­Բայց ինչ­պէ՞ս կրնար ըլ­լալ, որ մար­դիկ եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ ի­րա­րու հետ կը կռո­ւէին քրիս­տո­նէա­կան հա­մայն­քի պի­տա­կին տակ:
­Բայց մեր պա­տա­նե­կան օ­րե­րուն ­Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա­յի խառ­նաշփոթ պատ­կե­րին մէջ կա­յին նաեւ հռչակ տո­ւող գրա­ւա­կան­ներ:
­Մեր պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րուն կը հե­տե­ւէինք հա­մաշ­խար­հա­յին հռչակ ա­ռած մեծ ֆութ­պո­լիստ­նե­րուն եւ ա­նոնց սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն. ա­նոնց մէջ էր նաեւ հիւ­սիս-իր­լան­տա­ցի ­Ճորճ ­Պես­թը, որ մին­չեւ այ­սօր եւ յետ-մա­հու հիւ­սիս-իր­լան­տա­ցի­նե­րու երկր­պա­գեալ­նե­րէն մէկն է: Երկ­րի օ­դա­կա­յան­նե­րէն մէ­կը կո­չո­ւած է իր ա­նու­նով, ինչ­պէս նաեւ շքեղ պան­դոկ մը` մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ:
Ու տա­կա­ւին, ի՜նչ խօսք, նշա­նա­ւոր ­Թայ­թա­նիք նա­ւը, որ ­Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա­յի նա­ւար­կու­թեան ճար­տա­րա­րո­ւես­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ ա­ռաս­պել եւ իւ­րա­քան­չիւ­րին հպար­տու­թիւնն է: ­Բայց չ­՛ու­շա­նար իր­լան­տա­ցի­նե­րուն հաս­տա­տու­մը, որ երբ նա­ւը ձգեց ­Պել­ֆաս­թի նա­ւա­հան­գիս­տը, ա­մէն ինչ լաւ էր: Եւ որ` միայն անգ­լիա­կան ջու­րե­րուն մէջ էր, որ պա­տա­հե­ցան ա­ղէտն ու պա­տու­հա­սը:
­Փետ­րո­ւար 2018:
Մտ­քիս մէջ գծո­ւած ան­ցեա­լի այս բո­լոր «պատ­կեր­նե­րը» պի­տի փոր­ձէի մէկ-մէկ քա­կել եւ, կ­՛ե­րե­ւի, քիչ մըն ալ հասկ­նալ ու տա­կա­ւին վա­յե­լել ­Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տան ու ա­նոր շատ գե­ղե­ցիկ բնու­թիւ­նը:
«Ես մեծ­ցած եմ բաժ­նո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը մէջ»,- գոր­ծա­կիցս` ­Քաթ­րինն է, որ կը փոր­ձէ մէկ կող­մէ բա­ցատ­րել, բայց նաեւ` ցոյց տալ մայ­րա­քա­ղաք ­Պել­ֆաս­թին «բաժ­նո­ւած» ի­րա­վի­ճակ­նե­րը :
«­Տա­կա­ւին մին­չեւ այ­սօր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ կայ այդ խո­րունկ բա­ժա­նու­մը»,- շա­րու­նա­կեց ան,- ան­կախ այն ե­րե­ւոյ­թէն, որ 1998ի «Ա­ւագ Ուր­բաթ»ի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը փոր­ձեց հաշ­տեց­նել եր­կու «ան­հաշտ» հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը»…
Երբ կը շրջա­գա­յէի ­Պել­ֆաս­թի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ ու բաժ­նո­ւած կող­մե­րը՝ սկսայ տես­նել, թէ ինչ­պէ՛ս պատ­մու­թիւ­նը ինք­զինք կը կրկնէ: ­Նոյնն է տագ­նա­պը քիչ մը ա­մէն տեղ: ­Կայ միայն խոր­քա­յին տար­բե­րու­թիւ­նը: ­Մայ­րա­քա­ղաք ­Պել­ֆաս­թի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ շի­նած են «պա­տեր» (ու բաժ­նած` հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը) եւ զա­նոնք կո­չած` «խա­ղա­ղու­թեան պա­տե՞ր», որ­պէս­զի ան­դոր­րու­թի՞ւ­նը հաս­տա­տեն… ­Բայց այս պա­տե­րը խո­րա­ցու­ցած են ցաւն ու ա­նոր ե­տին` ա­տե­լու­թիւ­նը: Ու տա­կա­ւին ա­մուր եւ պա­րիս­պի նման դռնե­րը, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին գի­շեր­նե­րը կը գո­ցեն, որ­պէս­զի կան­խեն ա­նա­խորժ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:
Եւ կ­՛անց­նիմ, այս­պէս ը­սած, բո­ղո­քա­կան շրջա­նէն դէ­պի կա­թո­ղի­կէ մաս. իւ­րա­քան­չիւր շրջա­նի մէջ զե­տե­ղո­ւած են յու­շա­կո­թող­ներ, ուր իւ­րա­քան­չիւր խմբակ կը փոր­ձէ յի­շել իր «նա­հա­տակ­նե­րը» եւ ա­նոնց մէ­ջէն ի­րենց «ի­րա­ւունք­նե­րը»…
«Բ­րի­տա­նա­ցի եմ եւ ոչ` անգ­լիա­ցի».- ­Հես­թինկզն է, որ բո­ղո­քա­կան ե­րի­ցա­գոյն ե­կե­ղե­ցիի հո­գե­ւոր հո­վիւ է, որ կը փոր­ձէր նաեւ ներ­կա­յաց­նել իր տե­սա­կէ­տը:
«Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մայք­նե­րը կը գոր­ծա­ծո­ւին որ­պէս պի­տակ` քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին խոր բա­ժան­մունք­նե­րու պայ­քա­րին մէջ»,- ը­սաւ ան:
­Կա­թո­ղի­կէ շրջա­նակ­նե­րը շատ ա­ւե­լի ա­մուր ձե­ւով կ­՛ու­զեն կառ­չիլ ի­րենց ար­մատ­նե­րուն: Իր­լան­տան գրե­թէ կորսն­ցու­ցած է իր ազ­գա­յին լե­զուն` «կէ­յիք»ը: Անգ­լե­րէ­նը կը տի­րա­պե­տէ ա­մէն տեղ: ­Բայց հե­տաքրք­րա­կան էր տես­նել, որ կա­թո­ղի­կէ շրջան­նե­րու մէջ փո­ղոց­նե­րուն ա­նուն­նե­րը գրո­ւած են անգ­լե­րէ­նով եւ կէ­յիք լե­զո­ւով: Այս ձե­ւով ա­նոնք կը փոր­ձեն «յի­շեց­նել», թէ ու­նին լե­զու մը, որ պէտք է պա­հո­ւի եւ պահ­պա­նո­ւի:
Ու դար­ձեալ` խա­ղա­ղու­թեան պա՞­տը եւ ա­նոր եր­կու բաժ­նո­ւած կող­մե՞­րը, ո­րոնց մէջ կը զգաս ապ­րո­ւած «վա­խը»…
Իւ­րա­քան­չիւր յու­շա­կո­թող եւ նկար կամ գրու­թիւն այդ վա­խին շու­քին տակ ան­ցեա­լին կառ­չե­լու ի­րա­կա­նու­թիւնն էր:
Ար­դեօ՞ք ա­պա­հո­վու­թիւնն էր ի­րենց փնտռա­ծը…
1921 թո­ւա­կա­նին ստեղ­ծո­ւած է ­Հի­սի­սա­յին Իր­լան­տան` ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ կազ­մին մէջ. խորհր­դա­րա­նը կազ­մո­ւած է 1932ին: Ե­թէ երկ­րին վար­չա­մե­քե­նան կը գոր­ծէ «հա­մա­խո­հու­թիւն» ստեղ­ծե­լու տես­լա­կա­նով` տար­բեր կող­մե­րու մի­ջեւ, բայց կայ տա­կա­ւին անվս­տա­հու­թիւ­նը…
«­Բո­ղո­քա­կան­նե­րը ու­նին մտա­հո­գու­թիւ­նը, թէ ի՛նչ կրնայ պա­տա­հիլ ի­րենց, ե­թէ կա­թո­ղի­կէ­նե­րը իշ­խեն»:
­Դար­ձեալ ­Քաթ­րինն է.- «Եւ այս ի­մաս­տով, ե­թէ ազ­գայ­նա­կան­նե­րը, ի­մա՛ կա­թո­ղի­կէ­նե­րը, կ­՛ու­զեն մտա­ծել ա­պա­գա­յի մա­սին, բրի­տա­նա­ցի­նե­րը, ի­մա՛ բո­ղո­քա­կան­նե­րը կը փոր­ձեն պա­հել ի­րենց ու­նե­ցա­ծը»: Եւ այս­տե­ղէն նաեւ յա­ռաջ կու գան ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ մէջ մնա­լու եւ կամ ան­ջա­տուե­լու ձգտում­նե­րը:
­Հա­պա հայ­կա­կա՞ն ներ­կա­յու­թիւ­նը…
­Դոկտ. ­Փօլ ­Մա­նուկ (­Տիշ­չէ­քէ­նեան) ե­կած է ­Պաս­րա­յէն, Ի­րաք: Ան ե­լեկտրո­նա­յին ճար­տա­րա­պետ է եւ վկա­յո­ւած` Ս­կով­տիոյ հա­մալ­սա­րա­նէն. այ­սօր ­Պել­ֆաս­թի մէջ կը դա­սա­խօ­սէ եւ կ’աշ­խա­տի ա­կա­դե­մա­կան ու գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու մէջ: Ա­մուս­նա­ցած է տե­ղա­ցիի մը հետ եւ կազ­մած` ըն­տա­նիք: ­Փօ­լին մեծ հայ­րը ե­ղած է գոր­ծօն ան­դամ հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցիին մէջ եւ, ինչ­պէս` բո­լոր հա­յե­րը, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած, վե­րապ­րած ու հաս­տա­տո­ւած է Ի­րաք:
­Հայ­րը ե­ղած է գոր­ծօն ան­դամ հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցիին եւ մայ­րը` ա­ւե­տա­րա­նա­կան: կ­՛ե­րե­ւի այս «ե­րե­քին» միա­ցու­մով՝ ­Փօ­լը այ­սօր կրնայ լա­ւա­պէս նա­ւար­կել Իր­լան­տա­յի նման միջ-հա­մայն­քա­յին փո­թոր­կոտ երկ­րի մը մէջ:
«­Կը փոր­ձեմ հա­յու­թիւ­նը ծա­նօ­թաց­նել, ո՛ւր որ կը գտնո­ւիմ` հա­մալ­սա­րա­նի աս­պա­րէ­զիս եւ այլ պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ»: ­Փօլ ա՛յն հայն է, որ կ­՛ու­զէ միշտ հայ գտնել ու հա­յու հան­դի­պիլ: «­Հա­յե­րուն թի­ւը ­Պել­ֆաս­թի մէջ շատ փոքր է, հա­զիւ հինգ հո­գի ենք»,- ­Փօլն է խօ­սո­ղը: Ան կը փոր­ձէ նա­խա­ձեռ­նել եւ այս պզտիկ հայ­կա­կան խմբա­կը քով-քո­վի բե­րել տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով: «­Միշտ չէ, որ կը յա­ջո­ղիմ: Այս օ­րե­րուն մար­դիկ շատ զբա­ղած են»,- ը­սաւ ան:
­Բայց ­Հա­յաս­տա­նը ­Փո­լի սրտին մէջ է: Ա­նոր մեծ դուստ­րը ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած եւ աշ­խա­տած է հայ­րե­նի­քի մէջ եր­կու տա­րի` որ­պէս ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յող եւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է տար­բեր բա­րե­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու մէջ: «Աղջ­կանս այ­ցե­լու­թիւ­նը մեզ խթա­նեց, որ ա՛լ ա­ւե­լիով առն­չուինք հայ­րե­նի­քին հետ: 2001 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ ա­մէն տա­րի կա­նո­նա­ւոր կեր­պով ­Հա­յա­սա­տան կ­՛այ­ցե­լենք»,- ը­սաւ ­Փօլ:
­Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա­յի այդ շատ գե­ղե­ցիկ բնու­թեան մէ­ջէն կը փոր­ձէի դուրս հա­նել տագ­նապն ու ցա­ւը: Եր­կու հա­կա­դիր ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ`գե­ղե­ցի­կը եւ վա­տը, ո­րոնք ինչ­պէ՜ս ի­րա­րու մէջ մտած ու գօ­տեպն­դո­ւած են ի­րար­մով եւ կազ­մած մէկ ապ­րող ի­րա­կա­նու­թիւն:
Այս նոյն պատ­կե­րը քիչ մը ա­մէն տեղ է, չէ՞:
­Մենք ալ ապ­րե­ցանք գե­ղե­ցիկ ­Լի­բա­նա­նի մէջ այդ ա­հա­ւոր վա­խը, ցաւն ու ա­նա­պա­հո­վու­թիւ­նը: ­Մենք ալ շի­նե­ցինք ե­րեւ­ցող եւ չե­րեւ­ցող խա­ղա­ղու­թեան պա­տե՞ր եւ բաժ­նե­ցինք հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի ա­ւե­լի ա­պա­հով կեան­քե՞ր ստեղ­ծենք ամ­բողջ տասն­հինգ տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած:
Ու տա­կա­ւին ներ­կա­յի ապ­րած մեր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ որ­քա՜ն բան կայ ան­ցեա­լէն. վա­խը եւ անվս­տա­հու­թիւ­նը… Եւ` (չ­)ե­րեւ­ցող յու­շա­կո­թող­նե­րը եւ ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ո­րոնց մէ­ջէն մենք ալ ան­ցեա­լի ա­նո­րո­շու­թիւն­նե­րը կը բե­րենք ներ­կա­յին…
­Հա­պա ի՞նչ խօսք այն բո­լոր քա­ղա­քա­կան տա­գապ­նե­րուն ու պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճակ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք տա­րա­ծո­ւած են քիչ մը ա­մէն տեղ` հոս ու հոն, մօ­տիկ թէ հե­ռա­ւոր:
­Պատ­մու­թիւ­նը որ­քա՜ն ինք­զինք կը կրկնէ ե­ղեր:
­Խա­ղա­ղու­թեան պա­տե՞­րը քիչ մը ա­մէ­նու­րեք: Այդ պա­տե­րուն շու­քին տակ` (չ­)ե­րեւ­ցող վա­խերն ու ա­տե­լու­թիւն­նե­րը: ­Նոյն կրկնո­ւող ի­րա­վի­ճակ­նե­րը. միայն աշ­խար­հագ­րա­կան բո­վան­դա­կու­թիւնն է, որ կը փո­խո­ւի…
Ու դար­ձեալ ­Հես­թինկզն է.- «Իմ ա­ղօթքս է, որ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն հետ այս վա­խե­րը վե­րա­նան, եւ մար­դոց հո­գի­նե­րուն մէջ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ար­մա­տա­նայ:
Ե­թէ ­Հես­թինկ­զը կը խօ­սէր իր երկ­րի ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նին ի խնդիր, բայց իւ­րա­քան­չիւրս կը խօ­սինք եւ պար­տինք խօ­սիլ նաեւ մեր ապ­րած շրջան­նե­րուն հա­մար:
Ե­թէ պատ­մու­թիւ­նը ինք­զինք կը կրկնէ՝ ու­րեմն ար­ժէ այդ կրկնո­ւող պատ­մու­թեան մէ­ջէն մէջ­տեղ հա­նել վստա­հու­թիւ­նը եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը: Եւ այս կա­րե­լի է, երբ մար­դը իր շի­նած խա­ղա­ղու­թեան պա­տե­րը կը փլէ եւ ա­նոր տեղ կը սկսի շի­նել խա­ղա­ղու­թեան հո­գի­ներ… ­Հո­գի­ներ, ուր պա­տեր չկան… եւ ուր բնու­թեան ու հո­գի­նե­րու գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը միա­նան որ­պէս մէկ «պատ­կեր», մէկ, միա­ցած եւ ո՛չ ի­րա­րու հա­կա­դիր` կազ­մե­լու հա­մար ապ­րե­լու կեան­քեր, ուր վստա­հու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան հո­գի­ներ կը շի­նո­ւին:
Եւ ընտ­րան­քը մար­դունն է իւ­րա­քան­չիւ­րիս…
Ի՞նչ պի­տի ու­զենք շի­նել:
­Խա­ղա­ղու­թեան պա­տե՞ր, թէ՞ խա­ղա­ղու­թեան հո­գի­ներ…