­­Շա­բաթ, 30 ­­Մարտ 2024-ին, ժա­մը 18:00-ին, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը այ­ցե­լեց ­­Սեր­րե­սի հա­մայն­քին։
Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ կը գտնո­ւինք ­­Մեծ ­­Պա­հոց ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մէջ, ­­Հայր սուր­բը կա­տա­րեց հսկու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ա­պա հո­գե­ւոր խորհր­դա­ծու­թիւն։ ­­Հո­գե­ւոր խորհր­դա­ծու­թեան ըն­թաց­քին, հայր սուր­բը անց­նող եր­կու ­­Կի­րա­կի­նե­րուն ի­մաս­տը վե­րա­թար­մա­ցուց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն միտ­քե­րուն մէջ, ա­պա մեկ­նա­բա­նեց յա­ջորդ օ­րո­ւան Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ա­ռա­կին՝ «Ա­նա­ռակ Որ­դի»-ին մէջ տի­րող գա­ղա­փա­րը: ­­Հայ սուր­բը նախ նշեց, որ այս ա­ռա­կը կը յի­շեց­նէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րիս, թէ ինչ­պէս աշ­խար­հիկ հա­ճոյք­նե­րէ կը տա­րո­ւինք եւ օ­րէ օր կը հե­ռա­նանք Աս­տու­ծոյ խնամ­քէն։ ­­Սա­կայն ո­րոշ ժա­մա­նակ ետք, կ­­՚անդ­րա­դառ­նանք մեր ա­ռած սխալ ո­րո­շում­նե­րուն։ ­­Հայր սուր­բը յի­շե­ցուց, որ այս պա­րա­գա­յին միայն անդ­րա­դառ­նա­լը կա­րե­ւոր չէ, այլ զղջալ ու ա­պաշ­խա­րելն է, որ մեզ կրկին Աս­տու­ծոյ որ­դի ըլ­լա­լու կ­՚ար­ժա­նաց­նէ։
Ա­պա, շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը ը­սաւ, որ Աս­տո­ւած մեզ կը դի­տէ եւ ա­մէն օր գրկա­բաց մե­զի կը սպա­սէ, որ­պէս­զի մեզ ա­զա­տէ եւ նոր պատ­մու­ճա­նով պա­րու­րե­լով՝ փրկու­թիւն շնոր­հէ մե­զի, մեր մատ­նե­րուն մա­տա­նի ան­ցը­նե­լով՝ մեզ կրկին Իր որ­դի­նե­րը կո­չուե­լու իշ­խա­նու­թեան ար­ժա­նաց­նէ, իսկ նոր կօ­շիկ­ներ հագց­նե­լով՝ մեր առ­ջեւ նոր ճա­նա­պարհ մը պատ­րաս­տէ։ Այլ խօս­քով, մեզ նոր մարդ դարձ­նէ։
Աս­տո­ւած ­­Հայր է բո­լո­րին, հա­կա­ռակ միւս որ­դի­նե­րու չկա­մու­թեան, կ­’ըն­դու­նի ճշմար­տա­պէս զղջա­ցող որ­դի­նե­րը եւ զա­նոնք կը վե­րա­հաս­տա­տէ նախ­կին ե­րա­նու­թեան եւ եր­ջա­նիկ ի­րա­ւունք­նե­րուն մէջ։
Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ­­Սեր­րե­սի հա­մայն­քը պատ­րաս­տած էր կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

Թղթակից