Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 104-րդ տարեդարձի ելոյթներու ծիրէն ներս, Կիրակի 29 Մայիս 2022-ին, Հ.Գ.Խաչի Խալքիտիքիի ամարանոցին մէջ, տեղի ունեցաւ ոգեկոչական ելոյթ, որ կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբի եւ Համազգայինի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ։ Աւելի քան 250 հայրենակիցներ, իրենց խանդավառ ներկայութեամբ, հայկական ամարանոցը վերածեցին փոքրիկ Հայաստանի մը, իւրատիպ ազգային տօնակատարութեան ուխտագնածութեան մը, ուր հերթաբար հնչեց աղօթքը, ապա խրախուսիչ խօսքերով, հայկական երգով ու պարով, պանծացուեցաւ հայ ժողովուրդի գերագոյն սխրագործութեան օրը ու երիտասարդական խանդը ջերմացուց բոլոր մասնակիցներու սիրտերը։
«Քորոնա» համավարակի մօտ երեք տարուան պատճառած ընդմիջումէն ետք, Խալքիտիքիի հայկական ամարանոցը դարձեալ իր դռները բացաւ ընդունելու համար ամէն տարիքի հայրենակից։ Օրեր առաջ, երիտասարդականի մեր ընկերները տենդագին աշխատանք տարին, որպէսզի ամարանոցը պատրաստ ըլլայ ընդունելու ժողովուրդի բազմամարդ ներկայութիւնը։
Անոնց կողքին էին նաեւ Աթէնքէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ սկաուտական աստիճանաւորական կազմը, որոնք նաեւ սկաուտական շարժումի նախապատրաստական հետեւողական ընթացքի մը մէջ կը գտնուին, որպէսզի Սեպտեմբերի վերամուտին Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղը օժտուի սկաուտական խումբով եւ ծաւալէ համապատասխան գործունէութիւն։
Կիրակի առաւօտ, երեք բուլման ինքնաշարժներով եւ անձնական միջոցներով ժամանած հայրենակիցները արդէն լեցուցած էին բանակավայրի գեղատեսիլ տարածքները։
Որոշեալ ժամուն, բոլոր ներկաները հաւաքուեցան դրօշի արարողութեան վայրը, ուր յունական եւ հայկական ոգերգներու հնչումով վեր բարձրացան ազգային դրօշակները։ Յաջորդաբար, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի բացօդեայ մատուրը, ուրտեղ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ.վրդ. Փաշայեան կատարեց Հայաստանի անկախութեան նուիրուած գոհաբանական մաղթանք, ապա շնորհաւորեց հայոց անկախ պետականութեան պանծալի ստեղծումը։
Ճաշասրահի վայրէն ներս ծայր առաւ օրուան պաշտօնական յայտագիրը, որուն՝ բացի շրջանի հոգեւոր հովիւէն, ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամ տիկ. Վերա Պլէճեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամ ընկ. Կարօ Նատեան, Հ.Գ.Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութիւններու անդամները, Թաղային խորհուրդի, միութիւններու տեղական մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները եւ Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոսը։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի անունով բացումը կատարեց ընկերուհի Ալեքսիա Ռաֆայիլիտու, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ հակիրճ խօսքերով անդրադարձաւ օրուան պատմական խորհուրդին, տալով մայիսեան հերոսապատումի անկիւնադարձային եղելութիւնները, որոնք յանգեցան անկախութեան հռչակումին։ Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրուեցաւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, որ կուռ խօսքով մը ոգեւորեց ներկաները, ընդգծելով Հայաստանի անկախութեան իմաստը եւ վերջապէս յորդորելով բոլորին մասնակից ըլլալ համայնքային կեանքին, ամրացնել հայկականութեան ոգին, անընդհատ խօսիլ հայերէն ու բարձր պահել հայկական բարքերը ընտանիքներէն ներս։
Օրուան բանախօսն էր Աթէնքէն հրաւիրուած ընկ. Քերոբ Էքիզեան, որ շեշտը դրաւ անկախութեան գերագոյն խորհուրդին, որպէս հայ ժողովուրդի առաջնորդող գաղափար եւ ներնչումի աղբիւր։ Յաջորդաբար, անդրադարձաւ հայրենիքի ներկայ իրականութեան, արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակին եւ «Դիմադրութիւն» շարժումի տարած պայքարին՝ տէր կանգնելու համար հայրենի ժողովուրդի սպասումներուն եւ պահանջներուն։ Աւարտին, բանախօսը շեշտեց անհրաժեշտութիւնը մասնակից ըլլալու գաղութային կեանքին, որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ միասնական աշխատանքի պահանջով, ի խնդիր հայրենիքի հզօրացման։
Ընկերոջ խօսքը կու տանք առանձնաբար քովի սիւնակներուն մէջ։
Հ.Գ.Խաչի Թեսաղոնիկէի «Ծաղկոց» շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին, տիկ. Վիքա Նազարեանի, ներկայացուցին հայրենասիրական ոճով խնամուած յայտագիր մը, ուր լսուեցան երգեր եւ արտասանութիւններ, պատանի աշակերտները պարեցին հայկական պարեր, ոգեւորելով բոլոր ներկաները։
Ապա, տեղի ունեցաւ Ծաղկոցի աւարտական դասարանի վկայականներու տուչութիւն, որ եղաւ ձեռամբ վարժարանի տնօրէնուհի ընկ. Զապէլ Գալֆայեանի։ Ան, աւարտին շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները եւ յորդորեց ըլլալ յառաջդիմող իրենց կեանքին մէջ։
Յաջորդած ճաշկերոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ, երգերով եւ պարերով։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի եւ Համազգայինի երիտասարդ անդամները պարեցին բազմաթիւ հայկական աւանդական պարեր. քոչարիով ու այլ ծանօթ պարերով դնդացուցին սրահը եւ ժողովուրդի խանդավառ բացագանչութիւններուն տակ ջերմացուցին մթնոլորտը։ Մեր երիտասարդները, բացի իրենց ժրաջան աշխատանքէն՝ ամէն ինչ կատարելապէս կազմակերպելու համար, եղան խանդավառութեան ուժը, որ ներկաները մղեց՝ մեծով ու փոքրով, մասնակցիլ շուրջպարերուն եւ պահ մը բոլորս տանիլ դէպի հայրենիք։
Ինքնաբուխ յայտագիրի ընթացքին երգով ու նուագով հանդէս եկան Թամարա Սիմոնեան՝ երգ, Սվեթլանա Մանուկեան՝ ջութակ եւ Ռաֆայէլ Վարդազարեան՝ կիթառ։ Հայկական ծանօթ մեղեդիներու գունաւորումներով երաժշտական խումբը ստեղծեց յուզիչ մթնոլորտ մը, ամէն անգամ ալ ժողովուրդը ընկերակցեցաւ անոնց երաժշտութեան։
Յայտագիրի ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ օրուան տօնախմբութեան միացած է Արցախի առաջին պատերազմի հերոս Արսէն Կարապետեան, որուն զաւակը եւս՝ Սերգէյը, մասնակցեցաւ 44-օրեայ պատերազմին, ստանալով ծանր վէրքեր, որոնք խոցեցին իր մարմինը եւ ֆիզիքական կազմուածքը, եւ այժմ ան տակաւին ապաքինման դժուար շրջան մը կ՚անցընէ։ Երկու հերոսներուն մասին յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ ջերմ ծափահարութիւններով եւ բացագանչութիւններով։ Երբ արդէն ուշ երեկոն հասաւ, անկախութեան նուիրուած լեցուն օրը յանգեցաւ իր աւարտին, լիացած Մայիս 28-ի խորհուրդով ու հայրենակարօտ զգացումներով։
Ընկեր Քերոբ Էքիզեանի խօսքը
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է
ապրել հայ ժողովրդի սրտում, որպէս մշտավառ
յուշ անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս ապագայի»
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի ամէնէն աւելի տարածուած ու արտասանուած խօսքը իր մէջ կը պարփակէ անկախութիւնը կերտած սերունդի քաղաքական պատգամը, որ աւելի քան մէկ դարու իր զօրեղ հնչեղութեամբ կը շարունակէ ներշնչել ու ոգեւորել հայ սերունդները, այսօրուան անկախ Հայաստանի փաստացի եւ իրաւական լինելութեան մէջ տեսնելով 28 Մայիս 1918-ի փառապանծ սխրագործութեան անմար կրակը։ Ի զուր չէր, որ հայութեան մոխիրներէն վերածնած Հայաստանը կերտող հսկաները, գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, տասնեակ տարիներ շարունակ, հաւատացին երկրորդ արշալոյսի մը, «որուն ոտնաձայնը» տեւաբար կ՚առնէին հայրենի ժողովուրդի ծոցէն եւ լիաթոք ուժգնութեամբ վառ պահեցին Սփիւռքի մէջ հասակ նետած հայրենազուրկ սերունդներուն մօտ։
Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան շքեղ պատուանդանին վրայ շատոնց կանգնեցուցած է 1918-ի անկախութիւնը կերտող «խենդ»երու փաղանգը, անոնց, որոնք հայ մարդուն նուիրեցին այլեւս պետականօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու թանկագին պարգեւը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի երազը իրենց արեամբ նուիրականացնելով։
Փառքը վայել է Հայաստանի Անկախութեան սերունդին, որ 28 Մայիս 1918-ին արժանաւոր կերպով տէր կանգնեցաւ կոտրտուած ու արիւնաքամ դարձած, ապա «քաղաքակիրթ» աշխարհէն լքուած հայ ժողովուրդին, տալով «վերջին մարտը» ցեղասպան ոսոխին դէմ, որ միահամուռ հաստատակամութեամբ յանգեցաւ իր մոխիրներէն ծնած հայրենի Փիւնիկի կերտումին։ Սերունդ մը՝ որ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերով նուաճուած հայութեան յաղթանակը կրցաւ պսակել դարերէ ի վեր կորսուած հայոց ազգային պետականութեան վերահաստատումով եւ հայ ժողովուրդին պարգեւել արդի ժամանակներու ոգիով արդար ու ժողովրդավարական կարգերով երազելի հայրենիքի մը շօշափելի գոյութիւնը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երբեք չիւրացուց Մայիսեան յաղթանակի պատմական եւ քաղաքական արժէքը, այլ պատասխանատուութեան ամէնէն բարձր գիտակցութեամբ զայն նուիրեց իր ժողովուրդին, որպէսզի անկախութեան խորախորհուրդ իմաստը ներշնչումը դառնայ Հայաստանի մէջ 1965-ին «մեր հողերը-մեր հողերը» պահանջող զանգուածներուն, անկէ յետոյ հայ ազատագրական հակաթուրք ուժական պայքարի ազդանշանանը տուաւ, երեսուն տարի առաջ ստեղծեց Արցախեան հերոսապատումը, որուն արգասիքը դարձաւ թէ՛ վերանկախացեալ Հայաստանի, այլ նաե՛ւ Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը եւ բարգաւաճումը։
Սիրելի բարեկամներ,
Բոլորս հպարտութեամբ ապրեցանք մեր վերանկախացեալ հայրենիքի ու Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու ծնունդը եւ անոր յառաջդիմութիւնը։
Սակայն, ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումի առաջին տարիները պարուրուեցան արցախեան հերոսամարտի յաղթութեան շղարշով, որ այնուհետեւ յատկանշեցին հայոց պետականութեան ու ազգին երթը, յաղթանակի ու անպարտ զգալու գինովութեան մը մոլար եղանակին մէջ։ Այսպէ՛ս կառուցուեցաւ պետութիւն մը ամբողջ, իսկ վերանկախացման յաղթապանծ նշումները տարիէ տարի աւելի կը տկարացնէին մեր ժողովուրդի զգօնութեան եւ հայրենակերտութեան ժուժկալ նկարագիրը, երբ կը սպասուէր, որ յաղթանակներն ու հողային նուաճումներու ձեռքբերումները սոսկ հայրենասիրական զգացումներ առթելէն անդին, պիտի ամրապնդէին հայոց պետականութեան հիմերու հաստատման գործընթացը՝ հողային ամբողջութեան, հզօր բանակի, պետական լիիրաւ համակարգի, ազգային համախմբումի ու ընկերային բարօր պայմաններու ստեղծումով։
Շարունակեցինք մսխել մեր պատմութեան գանձարանը, մոռնալով, թէ պետութիւնները իրենց ուղին կը հունաւորեն հիմնուած ըլլալով իրատեսութեան վրայ, արդար կարգերու հաստատումով, աշխահաքաղաքական զարգացումներուն մէջ իրապաշտ մօտեցումով, տարածաշրջանային փոխոխութիւնները իրատեսօրէն կանխագուշակելով, երկրի արհեստագիտական եւ ռազմական հզօրացումով, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումով։
2018-ի շարժումը կանուխէն յուսախաբութիւն պատճառեց, պարզապէս որովհետեւ այսօրուան իշխանաւորները, որոնք լայն խաւերու արդար ցասումի զգացումներուն լոզունգային դրօշակիրներու դերը ուզեցին վերցնել, կանուխէն փաստեցին թէ անցնող երեսուն տարիներու համակարգէն սնած քաղաքական պատեհապաշտներ էին, որոնք «յեղափոխական» պատմուճանը հագած՝ մինչեւ այսօր կը շարունակեն մսխել հայ ժողովուրդի ազատ եւ արդար երկրի մը մէջ ապրելու երազանքը։
Որքան ալ հայ միտքը փորձէ 2020-ի տարուան պարտութեան արդիւնքը վերագրել անցնող երեսուն տարիներու աշխարհաքաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ ընկերային սխալ ընտրանքներու, մարդկային պատմութիւնը անողոք կը դառնայ պարտութեան մատնուած օրուան քաղաքական ղեկավարութեան վրայ, այնպէս ինչպէս յաղթանակի ձեռքբերումի մը պարագային, անխուսափելիօրէն օրուան իշխանաւորները պիտի փորձէին դափնիներ տեսնել իրենց գլխուն վրայ։
Երեսուն տարի յետոյ Արցախի ազատագրուած հողերու աւելի քան 75% զիջած ըլլալով, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները թափանցած եւ անցակէտեր հաստատած վտանգաւոր իրադրութեան տակ, պարտադրուած հայ եւ թուրք, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական նուաստացուցիչ՝ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանագիրի» մը ստորագրութեան ճնշումին ներքեւ, թուրքեւատրպէյճանական շարունակական սպառնալիքներով, բայց մանաւանդ հարիւրաւոր հայ գերիներու խնդիրով, Հայաստան կը կը շարունակէ կանգնիլ ծանրօրէն վիրաւոր վիճակին մէջ։
Այլեւս, կարելի չէ սպասել։
Բոլորս ականատես ենք, թէ ինչպէս Հայաստանի հայութիւնը այսօր ոտքի կանգնած է եւ ամէն օր կը պահանջէ որպէսզի վերջ տրուի Հայաստանի քաղաքական սնանկացման եւ ժամ առաջ նոր ուժեր ստանձնեն մեր ազգին ղեկը։ «Դիմադրութին» շարժումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայութեան արդար պոռթկումի արտայայտութիւնը, որ իր ամէնօրեայ հաւաքներով եւ քաղաքական արտայայտութիւններով տէր կը կանգնի ժողովրդային ցասումին։
Դիմադրութեան շարժումը քաջ կը գիտակցի թէ, հայ քաղաքական միտքի պարտականութիւնն է՝ արտաքին դաշինքներ ստորագրելու փութկոտութենէն հրաժարելով, նախ եւ առաջ ձեւաւորել նոր տեսակի «դաշինք» մը մեր ժողովուրդին հետ, համաձայնագիր մը, որ խարսխուած պիտի ըլլայ իրատեսական սկզբունքներուն վրայ, ճշմարտութիւնը խօսելու եւ հայութեան աչքերուն մէջ ուղիղ նայելու անկեղծութեամբ, ապագան յստակ տեսնելու եւ ձեւաւորելու քաղաքական պարկեշտութեամբ։
Աւելին, հրամայական է որ մեր քաղաքական աշխարհը ժամ առաջ կասեցնէ թաւագլոր երթը դէպի այն նուաստացուցիչ համաձայնագիրները, որոնք Արցախի Հանրապետութիւնը դուրս կը ձգեն տարածաշրջանային քաղաքական զարգացումներէն, զայն համարելով Ատրպէյճանի մասնիկ։ Որեւէ քաղաքական ուժ իրաւունք չունի անտեսելու եւ ոտնակոխ ընելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, որ արեամբ ձեռք բերուեցաւ մեր հայորդիներու զոհաբերութեամբ։
Անգամ մը եւս կը շեշտենք, մենք դէմ չենք մեր դրացիներուն հետ բարի համակեցութեան ու բնականոն յարաբերութիւններու մշակման, սակայն դէմ ենք երբ անոնք ամէն կերպով կը փորձեն գետնին հաւասարեցնել մեր համահայկական օրակարգը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իրաւացիութիւնը, կը շարունակեն գրաւել Արցախը, ոտնձգութիւններ կատարել Սիւնիքի վրայ ու Հայաստանը մեկուսացնել իրենց վտանգաւոր ճիրաններուն մէջ։
Սիրելիներ,
Այս բոլորը կը բնութագրեն մեր հայրենիքի եւ բովանդակ հայ ժողովուրդի ապագային հետ առնչուած պատմական ու քաղաքական ուղին, որուն մէկ մասնիկն ենք մենք՝ յունահայութիւնը։
9 Նոյեմբեր 2020-ի պարտուողական համաձայնագիրէն ետք, բոլորս ալ ազդուած ու հիասթափուած կը զգանք։ Որեւէ հայրենակից հարցնելով, ան պիտի պատասխանէ, թէ իր մէջ կազմաքանդուած է այն ամբողջ արժեհամակարգը, որուն վրայ յենուած էր իր ազգային արժանապատուութեան եւ հպարտութեան գիտակցական պատուանդանը։
Երբ պատերազմի մը մէջ պարտուողի կողմը կ՚անցնիս, չկայ աւելի մեծ ամօթալի խարան, որ կը չարչարէ հոգին, կը մաշեցնէ միտքը, անխնայ կը կրծէ հայկականութիւնդ, քեզ կը ստիպէ հեռանալ հաւաքականութենէն, մոռնալ հաւաքական կեանքը, մնալ անտարբեր գաղութի ու ազգի հոգերուն հանդէպ, դառնալ անյոյս թափառող մը օտարութեան այս կլանիչ ու աւերիչ ափերուն վրայ։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Այս տարին կը յատկանշէ Փոքր Ասիոյ, Իզմիրի եւ Կիլիկիոյ աղէտի 100-ամեակը։ Ձեզմէ շատեր այդ սերունդէն եկող շարաւիղներն էք։ Պահ մը ետ դարձուցէք ձեր նայուածքը դէպի այն սեւ օրերը, երբ հայ տարագիրներն ու գաղթականները հասան այս կողմերը, առանց հայրենիքի ու տունի, եւ սկիզբէն կերտեցին իրենց օճախը, մանաւանդ՝ եկեղեցիներով, ակումբներով, միութիւններով եւ դպրոցներով դարձեալ ստեղծեցին հոգիի ու սրտի հայրենիքը, որպէսզի մենք այսօր հա՛յօրէն միասին հաւաքուած նշենք մեր հայրենիքի անկախութեան տօնը։
Իրաւունք չունինք յուսահատելու։ Մանաւանդ, իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու։ Բոլորս միասին ձեռք-ձեռքի տուած պիտի շէնացնենք մեր հաւաքական տունը։
Վաղն իսկ, դարձեալ պիտի լեցնենք մեր եկեղեցիները եւ ակումբները, մեր զաւակները պիտի չզրկենք հայ դպրոցի ու ձեր աննման Ծաղկոցի հայադրոշմ կրթութենէն, հայկական թերթը եւ մամուլը պիտի դարձնենք բոլոր տուներու եւ ընտանիքներու լոյսը, մեր զաւակները պիտի ուղղենք դէպի Հ.Յ.Դ. պատանեկան եւ երիտասարդական յուսադրիչ շարժումները, մեր երիտասարդները պիտի դարձենք տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ մանաւանդ երբ Սեպտեմբերին Թեսաղոնիկէի մէջ իսկ յառաջ պիտի գայ սկաուտական շարժումը, պիտի գինովնանք Համազգային մշակութային միութեան մէջէն ճառագայթող հայ մշակոյթի ու արուեստի լուսաւոր ճաճանչներով։
Սիրելի եւ թանկագին թեսաղոնիկահայ բարեկամներ,
Դուք յունահայ բովանդակ գաղութի կարեւոր մէկ մասնիկն էք։ Կարդացէք այս գաղութի պատմութիւնը եւ պիտի նշմարէք թէ ինչ օրեր ապրած է շրջանը։ Այսօր եւս, դուք ստանձնած էք այս դերը։
Բոլորս միասին պարտինք ըլլալ համախումբ, միաւորուած, համերաշխ եւ մանաւանդ արթուն, դիմակայելու համար հայրենիքին առջեւ ցցուած ամէն տեսակի գրգռութիւնները։ Մեր հայեացքը պիտի ուղղենք դէպի Արարատի այն կողմը, հոն՝ ուր կը գտնուի հայ ժողովուրդի լինելութեան իմաստը ու նպատակը։
Պիտի շարունակենք քալել ու գործել Սիմոն Վրացեանի պատգամով, որ մինչեւ այսօր կը բոցավառէ մեր սիրտերը։
Հայաստանը կը շարունակէ մնալ ու անվերջ պիտի մնայ կենդանի յոյսը մեր ապագայի։
Պարտք ունինք գալիք սերունդներուն։