ԼՈՒՍԻ ՇԱՆԿԱՅԵԱՆ

1981ի ­Փետ­րո­ւա­րին էր, երբ ­Ռիխ­թէ­րի 6,7 աս­տի­ճան ուժգ­նու­թեամբ Ալ­քիո­նի­տէս կղզի­նե­րուն մօտ պա­տա­հած երկ­րա­շար­ժը հիմ­նո­վին ցնցեց ամ­բողջ Ա­թէնքն ու ­Յու­նաս­տա­նը։ ­Շուրջ 20 մարդ իր կեան­քը կորսն­ցուց Ա­թէն­քի եւ ­Լութ­րա­քիի շրջան­նե­րու մէջ՝ փլա­տակ դար­ձած շէն­քե­րուն տակ մնա­լով եւ ա­ւե­լի քան 22.500 ըն­տա­նիք­ներ ան­տուն մնա­ցին։
Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րէն շա­տեր ալ տու­ժե­ցին, յատ­կա­պէս ­Ռեն­տիի շրջա­նին մէջ գտնո­ւող բազ­մա­յարկ շէն­քե­րու վնա­սո­ւածք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ ­Պա­տե­րուն վրայ ճեղ­քեր՝ բնա­կու­թեան հա­մար ան­յար­մար դար­ձու­ցած էին շա­տե­րու տու­նե­րը։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ա­նու­նով շու­տով դի­մե­ցինք Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան՝ խնդրե­լով, որ նիւ­թա­պէս օ­ժան­դա­կէ մեր գա­ղու­թի կա­րի­քա­ւոր այս հա­տո­ւա­ծին։ Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս ըն­դա­ռա­ջեց եւ շու­տով գու­մա­րը հա­սած էր Ա­թէնք։ ­Մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ցան­կեր կը կազ­մո­ւէին, ուր կ’ար­ձա­նագ­րո­ւէին երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ա­նուն­նե­րը եւ ա­նոնց բնա­կա­րան­նե­րուն հաս­ցո­ւած վնաս­նե­րը։
Կը յի­շեմ, ­Մա­յիս 9ին էր, երբ գու­մար­նե­րը բաշ­խե­լու հա­մար, փոք­րիկ բա­ցօ­թեայ գրա­սե­նեա­կի պէս դրու­թիւն մը հաս­տա­տած էինք ­Ռեն­տիի շրջա­նին մէջ, որ­պէս­զի դիւ­րու­թիւ­նը ու­նե­նան մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րե­ւէ ժա­մու, մե­զի դի­մե­լու եւ ի­րենց յատ­կա­ցո­ւե­լիք գու­մա­րը ա­րա­գօ­րէն ստա­նա­լու։
Դ­ժո­ւար օ­րեր էին. խու­ճա­պի մատ­նո­ւած մար­դիկ, ան­տուն մնա­ցած ըն­տա­նիք­ներ։ Եւ մենք կը փոր­ձէինք ա­նոնց կա­րի­քին հաս­նիլ՝ կա­րե­ւոր չէ մեծ թէ փոքր գու­մա­րով, բայց մա­նա­ւանդ ա­նոնց կող­քին՝ ա­ջա­կից գտնո­ւե­լու նպա­տա­կով։
­Տաս­նեակ­նե­րով մեր քով հա­սած ըն­տա­նիք­նե­րէն կը յի­շեմ եր­կու պա­րա­գա­ներ, ո­րոնց խօս­քերն ու կե­ցո­ւած­քը ընդ­միշտ դրոշ­մո­ւած կը մնան յի­շո­ղու­թեանս մէջ։
Ա­ռա­ջի­նը՝ հա­սուն տա­րի­քի տի­կին մըն էր, որ ե­րի­տա­սար­դու­թեան իր տա­րի­նե­րը վատ պայ­ման­նե­րու ու հա­լա­ծանք­նե­րու են­թար­կո­ւած էր, իր եւ իր ա­մուս­նոյն հետ լրջօ­րէն տու­ժե­լով եւ դժո­ւար օ­րեր ան­ցը­նե­լով։ Երբ ի­րեն դի­մե­ցինք՝ հաս­տա­տե­լով, թէ իր բնա­կա­րա­նը լուրջ վնա­սո­ւածք­ներ ու­նէր, մեր­ժեց մեր տրա­մադ­րած գու­մա­րը, ը­սե­լով թէ ինք Հ.Օ.Մ.ու­հի մըն էր եւ ծա­ռա­յու­թեան գա­ղա­փա­րը սոր­ված էր միու­թեան մէջ. «­Մենք միայն տա՛լ կրնանք ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին, եր­բեք առ­նել չենք կրնար այս միու­թե­նէն»։
Իսկ երկ­րոր­դը, որ կը յի­շեմ, շատ աղ­քատ ու ան­գործ ե­րի­տա­սար­դի մը պա­րա­գան էր, որ ա­ռան­ձին կը բնա­կէր, թշո­ւառ պայ­ման­նե­րու տակ։ Ինք եւս մեր­ժեց ստա­նալ օգ­նու­թեան գու­մա­րը, հա­կա­ռակ որ գիտ­նա­լով իր պայ­ման­նե­րը՝ մենք պնդե­ցինք եւ ան­կեղ­ծօ­րէն հա­ւաս­տիա­ցու­ցինք, թէ պէտք էր ըն­դու­ներ։ Եր­բեք չհա­մո­զո­ւե­ցաւ։
Եր­կու պա­րա­գա­ներն ալ դրո­ւա­տի­քով խօ­սե­ցան ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, ի­րենց լա­ւա­գոյն մաղ­թանք­նե­րը մե­զի փո­խան­ցե­լով։
­Վեր­ջին խօսք մը ը­սեմ։ ­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ գոր­ծե­լով մեր սի­րե­լի միու­թեան մէջ հաս­տա­տած ենք, թէ հայ մար­դուն՝ հայ ան­հա­տին ուղ­ղո­ւած մեր ա­մէն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մե­զի դէմ յան­դի­ման բե­րած է մարդ­կա­յին այն­քա՜ն յու­զիչ ու յար­գանք պար­տադ­րող ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք վստա­հա­բար ձե­ւա­ւո­րած են նաեւ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն մէջ նո­ւի­րա­բե­րու­մի զգա­ցու­մը, զո­հո­ղու­թեամբ ու ան­շա­հախնդ­րու­թեամբ գոր­ծե­լու ո­գին։
Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի հան­դէպ մեր նոր ըն­կե­րու­հի­նե­րու սէրն ու յար­գան­քը՝ խան­դա­վա­ռու­թեան նոր ե­ռան­դի աղ­բիւր դար­ձած են մե­զի հա­մար, եւ վստահ եմ, որ ան­կեղծ այս հա­մակ­րանքն ու սէ­րը տես­նե­լով՝ մեր ե­րի­տա­սարդ ըն­կե­րու­հի­նե­րը ալ ա­ւե­լի պի­տի հա­մախմ­բո­ւին միու­թեան շուրջ։ Այս թան­կա­գին փոր­ձա­ռու­թիւն­ներն են, որ շա­րու­նա­կե­լու ու­ժը տո­ւած են մեր սե­րուն­դին, եւ ո­րոնք փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ են, որ ան­գին են ին­ծի հա­մար։