Իս­կու­հի ­Ճա­մու­զեան

­Շատ ու­րախ եմ որ մաս կը կազ­մեմ Հ.Օ.­Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին. Հ.Կ.­Խ.ի ան­դամ ըլ­լա­լով հա­ւա­նա­բար բան մը տո­ւած ըլ­լամ միու­թեան, բայց ստա­ցած եմ շատ ա­ւե­լի:
Այդ­քան յի­շա­տակ­ներ, այդ­քան ըն­կե­րու­հի­ներ, այդ­քան փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ, չեմ գի­տեր որ մէ­կը զա­նա­զա­նեմ ա­ռանց որ միւ­սը «ա­նի­րա­ւեմ»:
Մտ­քիս մէջ դրոշ­մո­ւած են քա­նի մը ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ: ­Թէ երկ­րա­շար­ժէն ետք, թէ ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն ե­րեք ան­գամ բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցայ ըն­կե­րակ­ցե­լու զի­նո­ւո­րա­կան օ­դա­նա­ւե­րու, որ օգ­նու­թիւն կը հասց­նէին հայ­րե­նի­քի տան­ջո­ւած ժո­ղո­վուր­դին: Ան­մո­ռա­նա­լի նկար մըն էր ձիւ­նով ծած­կո­ւած Ա­րա­րա­տը ինչ­պէս որ տե­սանք սա­ւառ­նոր­դին նստած տե­ղէն: ­Թէ մենք թէ յոյն օ­դա­չու­նե­րը հիա­ցած մնա­ցինք լե­րան գե­ղեց­կու­թե­նէն: Օ­դա­չու­նե­րը բաղ­դա­տե­ցին Ա­րա­րա­տի գե­ղեց­կու­թիւ­նը ­Զո­ւի­ցե­րիա­յի ծա­նօթ զբօ­սա­վայ­րե­րուն, եւ ը­սին «ա­հա­ւա­սիկ ա­ղո­ւոր տեղ մը այ­ցե­լե­լու հա­մար»:
Ան­կա­խու­թե­նէն վերջ, երբ օ­դա­կա­յան հա­սանք ու տե­սանք ծա­ծա­նող ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­նե­րը, խո­րա­պէս յու­զո­ւե­ցանք: Իսկ ձմեռ մը, այդ­քան սաս­տիկ էր ցուր­տը (-25օC), որ երբ սա­ւառ­նա­կէն ի­ջած ժա­մա­նակ ձեռ­քէս շիշ մը ջուր սա­հե­ցաւ, վայր­կեա­նա­կան սառ դար­ձաւ: ­Նոյն ա­տենն էր որ եր­կի­րը ա­ռանց ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան կ­՛ապ­րէր. մէկ գի­շեր մնա­ցինք ու տա­ռա­պե­ցանք: Ի՜նչ քա­շեց այդ ա­տեն մեր ժո­ղո­վուր­դը:
Ձ­մեռ մըն ալ ­Պուլ­կա­րիոյ մեր գա­ղու­թին օգ­նու­թիւն հաս­ցու­ցինք: ­Ձիւ­նե­րուն մէջ մե­զի փո­խադ­րող ինք­նա­շար­ժը աւ­րո­ւե­ցաւ եւ ստի­պո­ւե­ցանք բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րը հրել ինք­նա­շար­ժը, մին­չեւ որ պուլ­կա­րա­հայ մեր ըն­կեր­նե­րը հա­սան օգ­նու­թեան: Ան­մո­ռա­նա­լի եւ յու­զիչ պա­հեր ապ­րե­ցանք Փ­լով­տի­վի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ: ­Մե­զի հիւ­րա­սի­րե­ցին ի­րենց չու­նե­ցա­ծով. բո­լո­րը ի­րենց տու­նէն բե­րին ինչ որ ու­նէին մե­զի հրամց­նե­լու հա­մար: Այ­սու­հան­դերձ շատ հա­ճե­լի ըն­կե­րա­յին պա­հեր ապ­րե­ցանք պուլ­կա­րա­հայ մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ:
Այս բո­լոր տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ճանչ­ցած եմ շատ ըն­կե­րու­հի­ներ, մտեր­մա­ցած եմ շա­տե­րու հետ եւ այս մէ­կը գանձ մըն է մեզ­մէ ա­մէն մէ­կուն հա­մար… Սրտիս մէջ ան­մո­ռա­նա­լի կը մնայ մեր սի­րե­լի ­Տա­լի­թա­յին յի­շա­տա­կը: ­Միշտ տրա­մա­բա­նող էր, գոր­ծին մէջ ա­ռա­ջին նե­տո­ւող­նե­րէն, կը հաս­նէր ուր որ պէտք էր:
Իբ­րեւ վար­չա­կան շատ աշ­խա­տանք տա­րած էինք միու­թեան բա­րե­րար­նե­րուն գո­հաց­նե­լու եւ խնա­մե­լու հա­մար: ­Բա­րե­րար­նե­րուն ը­րա­ծը ան­շուշտ որ շատ կա­րե­ւոր է, բայց չմոռ­նանք որ Հ.Կ.­Խ.ի ըն­կե­րու­հի­նե­րը որ­քան մար­դուժ, ժա­մեր, համ­բե­րու­թիւն կը տրա­մադ­րեն ազ­գա­սէր այդ ան­հատ­նե­րուն ծա­ռա­յե­լու հա­մար:
­Բա­ւա­կան տա­րի աշ­խա­տած եմ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին որ­բե­րու խնա­մա­կա­լու­թեան յանձ­նա­խում­բին մէջ: Ան­ձամբ կը խո­նար­հիմ մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն յօ­ժա­րու­թեան, ո­րոնք եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին յանձն ա­ռին խնա­մել որ­բե­րը, քա­ջա­լե­րե­լով այս­պէս Հ.Օ.­Մ.ի այս կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը:
Ու­րեմն, ես ալ ­Վա­հան ­Թէ­քէեա­նին պէս հա­շո­ւե­յար­դար մը ը­նե­լով այս անց­նող տա­րի­նե­րուն կրնամ ը­սել

«­Հա­շո­ւե­յար­դար. ի՜նչ մնաց. կեան­քէն ին­ծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տո­ւի ու­րի­շին. տա­րօ­րի­նա՜կ, ա՛յն մնաց.
…Ինչ որ գնաց ու­րի­շին՝ վե­րա­դար­ձաւ ա­նուշ­ցած
Ու զօ­րա­ցած՝ հո­գիիս մէջ մնա­լու յա­ւի­տեան.
Ինչ որ տա­րաւ ­Սէրն ինծ­մէ՝ չկորսն­ցուց զայն Աս­տո­ւած,
­Տո­ւաւ ինձ ետ ու ը­րաւ կեանքս ա­նով միշտ բու­րեան…:»