Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ (Մկր­տիչ, 1820-1907)

Հա­յոց «եր­կա­թէ շե­րեփ»ին անկրկ­նե­լի պատ­գա­մա­բե­րը
Ն.

0
3280

Հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­մեծ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ, ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ճա­ռա­գայ­թու­մով, հա­զա­րա­մեակ­նե­րու մեր ու­ղին կը լու­սա­ւո­րէ աստ­ղը Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի՝ հա­յոց «եր­կա­թէ շե­րեփ»ի ու­ղին հու­նա­ւո­րած մեծ պատ­գա­մա­բեր վա­նե­ցի Խ­րի­մեան Մկր­տիչ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սին։

Իր 87ա­մեայ կեան­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նով, Ազ­գի ու ­Հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան եւ պե­տա­կան վե­րա­կանգն­ման նո­ւի­րո­ւած գործ­քով, այ­լեւ հա­յոց ազ­գա­յին ու տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րը ան­մա­հաց­նող ժա­ռան­գու­թեամբ՝ Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ ամ­բող­ջա­պէս նոյ­նա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան 19րդ ­դա­րու ազ­գա­յին զար­թօն­քին ու ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին հետ։

Հա­յոց ան­զու­գա­կան ­Հայ­րի­կը ծնած է 4 Ապ­րիլ 1820ին՝ ­Վան։
Մա­նուկ տա­րի­քէն հօր­մէ որ­բա­ցած է եւ յանձ­նո­ւած հօ­րեղ­բօր հո­գա­տա­րու­թեան, ո­րուն խրա­խու­սան­քով եւ օ­ժան­դա­կու­թեամբ կրցաւ ու­սա­նիլ։ 1847ին, ար­դէն ա­մուս­նա­ցած, ան­ցաւ Կ. ­Պո­լիս՝ հոն­կէ Եւ­րո­պա եր­թա­լու եւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը պատ­ճառ ե­ղան, որ ան մնայ ­Պո­լիս եւ հա­յոց լե­զո­ւի ու պատ­մու­թեան ու­սու­ցիչ դառ­նայ ­Խաս­գիւ­ղի ­Հա­յոց Աղջ­կանց ­Վար­ժա­րա­նին մէջ։ ­Պո­լիս իր կե­ցու­թեան վեց տա­րի­նե­րը, ու­սուց­չու­թեան կող­քին, Խ­րի­մեան նո­ւի­րեց գա­ւառ­նե­րէն ե­կած ե­րի­տա­սարդ պան­դուխտ­նե­րուն ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բե­լու աշ­խա­տան­քին։

Ոչ միայն իր ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ աշ­խար­հա­կան կեան­քի այդ շրջա­նին, այ­լեւ՝ այ­նու­հե­տեւ եւս, թէ՛ 1853-1892 ա­ռաջ­նոր­դա­կան եւ պատ­րիար­քա­կան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին, թէ՛ 1892-1907 Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան գա­հա­կա­լի իր վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, բա­ռին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն եւ խոր ի­մաս­տով լու­սա­ւո­րիչ մը ե­ղաւ Մկր­տիչ Խ­րի­մեան։
Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի կեան­քին ու գոր­ծին մղիչ ուժն ու կե­նա­րար ա­ռանց­քը դար­ձաւ հայ­րե­նի հո­ղին պաշ­տա­մուն­քը, որ­մէ ներշն­չո­ւե­ցան հայ­կա­կան գա­ւա­ռը ամ­բող­ջա­կան հո­գա­ծու­թեան տակ առ­նե­լու, պահ­պա­նե­լու եւ բա­րե­լա­ւե­լու իր հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գն ու գա­ղա­փա­րա­կան վար­քա­գի­ծը։

1853ին, ­Վան վե­րա­դար­ձին, մա­հա­ցած գտաւ մայրն ու կի­նը եւ ան­ցաւ Աղ­թա­մար՝ հրա­ժեշտ տա­լով աշ­խար­հա­կան կեան­քին։ 1854ին ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ ­Վար­դա­պետ եւ լծո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան ու գրա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան՝ հայ­րե­նի հո­ղին կառ­չած մնա­լու, ազ­գա­յին մեր ժա­ռան­գու­թեան տէր կանգ­նե­լու եւ հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ա­ւանդ­նե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու գա­ղա­փար­նե­րը տա­րա­ծե­լով։

Աղ­թա­մա­րի պահ­պա­նո­ղա­կան միա­բա­նու­թիւ­նը խորթ աչ­քով սկսաւ նա­յե­լու ե­րի­տա­սարդ ­Վար­դա­պե­տին աշ­խու­ժու­թեան եւ Խ­րի­մեան ստի­պո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ Աղ­թա­մա­րէն։ Ան­ցաւ Էջ­միա­ծին, հոն­կէ՝ Ե­րու­սա­ղէմ եւ, ի վեր­ջոյ, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշակ­ման ու ազ­գա­յին կեան­քի ժո­ղովրդա­կան-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ղե­կա­վար­ման ի նպաստ ծա­ւա­լած բուռն պայ­քա­րին։ 1855ին լոյս ըն­ծա­յեց «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան» ամ­սա­գի­րը, որ ա­ռա­ջին բե­մը դար­ձաւ ազ­գա­յին իր մտա­ծո­ղու­թեան մշա­կու­մին ու հիմ­նա­ւո­րու­մին։

1857ին կրկին վե­րա­դար­ձաւ ­Վան, բայց այս ան­գամ ­Վա­րա­գայ ­Վան­քը հաս­տա­տո­ւե­լու եւ — ­Պոլ­սէն իր հետ բե­րած տպագ­րա­կան մե­քե­նա­յով — «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին արթ­նու­թեան եւ լու­սա­ւո­րու­թեան ծա­ռա­յող գիր­քեր տպագ­րե­լու նպա­տա­կով։

1862ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Տա­րօ­նի ա­ռաջ­նորդ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ­շոյ ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ վան­քը, որ շու­տով դար­ձաւ հա­յոց ազ­գա­յին զար­թօն­քին ու ա­զա­տագ­րու­մի տեն­չե­րուն հո­գեմ­տա­ւոր հնո­ցը։ ­Լոյս ըն­ծա­յեց «Ար­ծո­ւիկ ­Տա­րօ­նոյ» թեր­թը, որ իր հայ­րե­նա­շունչ եւ ազ­գայ­նա­շունչ գա­ղա­փար­նե­րուն տա­րած­ման նոր բե­մը դար­ձաւ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու ամ­բողջ տա­րած­քին։

1868ին իբ­րեւ ­Տա­րօ­նի Ա­ռաջ­նորդ մաս­նակ­ցե­ցաւ Էջ­միած­նի մէջ կա­յա­ցած ­Գէորգ Դ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ընտ­րու­թեան, որ առ ի գնա­հա­տանք Խ­րի­մեա­նի բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան՝ Ե­պիս­կո­պո­սի աս­տի­ճան շնոր­հեց ար­դէն մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ «­Հայ­րիկ» ա­նո­ւա­նու­մին ար­ժա­նա­ցած մեծ հո­գե­ւո­րա­կա­նին։

Ան­սահ­ման ե­ղաւ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի վա­յե­լած ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը ողջ հա­յու­թեան մօտ։ Եւ երբ 1869ին Կ. ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան նոր գա­հա­կալ մը ընտ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ծա­գե­ցաւ, ժո­ղովր­դա­յին բուռն ու միա­հա­մուռ պա­հան­ջով Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Պատ­րիարք։ Այն­քա՜ն մեծ էին ­Հայ­րի­կին կա­պո­ւած յոյ­սե­րը, որ ­Պետ­րոս ­Դու­րեան, այդ ա­տեն տա­կա­ւին պա­տա­նի, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն նո­ւի­րեց ­Հայ­րի­կի ընտ­րու­թեան՝ գրե­լով.- «Ո՞վ է որ կու գայ. թա­գա­ւո՞ր մը. ո՛չ. սեւ սքեմ մը ու­սին՝ հա­յոց հայ­րիկն է որ կու գայ»…

Բայց միայն ե­րեք տա­րի Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ դի­մա­ցաւ պատ­րիար­քա­կան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան։ ­Պոլ­սոյ պահ­պա­նո­ղա­կան խա­ւին ու քաղ­քե­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ուղ­ղո­ւած իր սուր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը, գու­մա­րո­ւե­լով գա­ւա­ռի հա­յու­թեան բա­րե­կար­գու­մին եւ զար­գա­ցու­մին ի սպաս ու­ժե­րը եւ մի­ջոց­նե­րը կեդ­րո­նաց­նե­լու իր հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գին վրայ, ան­խու­սա­փե­լի դար­ձու­ցին պատ­րիար­քա­կան պաշ­տօ­նէն իր հրա­ժա­րու­մը։ Հայ­րիկ դար­ձեալ վե­րա­դար­ձաւ ­Վան, ուր նո­րո­վի թա­փով շա­րու­նա­կեց կրթա­կան եւ գրա­կան իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Այդ շրջա­նին էր, 1878ին, որ երբ ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վին հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ղրկե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ, օ­րո­ւան պատ­րիարք ­Ներ­սէս Արք. ­Վար­ժա­պե­տեա­նի կող­մէ Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ եւ ­Պեր­լի­նի մէջ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու ինք­նա­վա­րու­թեան պա­հանջ­նե­րը։ Ան­մի­ջա­պէս այս ա­ռի­թով կ­’ար­ժէ ընդգ­ծել, որ ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վէն իր վե­րա­դար­ձին՝ ­Հայ­րիկ ար­տա­սա­նեց «­Թուղ­թէ Շե­րեփ»ի իր ան­մահ քա­րո­զը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­գա­մե­լով, որ ա­ռանց եր­կա­թէ շե­շե­փի ու զի­նեալ պայ­քա­րի, կա­րե­լի չէ տի­րա­նալ ­Հայ­կա­կան Ար­դա­րու­թեան։

Հա­յոց ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին հո­գե­ւո­րա­կան ռահ­վի­րա­յի քա­րոզ­ներն ու գործ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը անն­կատ չան­ցան ­Հա­մի­տեան բռնա­կա­լու­թեան կող­մէ եւ, տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած ազ­դա­րա­րու­թիւն­նե­րէ ու կաշ­կան­դում­նե­րէ ետք, ­Սուլ­թա­նի հրա­մա­նով Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ Ե­րու­սա­ղէմ աք­սո­րո­ւե­ցաւ 1891ին։ ­Բայց հա­զիւ տա­րի մը ետք, երբ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նոր գա­հա­կա­լի ընտ­րու­թեան կա­րի­քը ա­ռա­ջա­ցաւ, Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ հայ ժո­ղո­վուր­դի միա­հա­մուռ պա­հան­ջով ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Սուրբ Էջ­միած­նի գա­հա­կալ։

Ազ­գի ու ­Հայ­րե­նի­քի ­Քաջ ­Հո­վի­ւի պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թիւն մը կտա­կեց Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ՝ իբ­րեւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս։ Իր կա­թո­ղի­կո­սու­թեան օ­րով ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը ա­ւե­լիով ճա­ռա­գայ­թեց՝ իբ­րեւ հայ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու կե­նա­րար հնո­ցի եւ հայ յա­ռա­ջա­դէմ մտքի զար­գաց­ման ու ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խրա­խուս­ման դպրո­ցի։

Իր կա­թո­ղի­կո­սու­թեան զու­գա­դի­պե­ցաւ նաեւ հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման 1903ի ցա­րա­կան տխրահռ­չակ հրա­մա­նա­գի­րը, ո­րուն դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծա­ւա­լած բուռն բո­ղո­քի շար­ժու­մին եւ ան­զի­ջող պայ­քա­րին խորհր­դա­նի­շը դար­ձաւ հա­յոց ծե­րու­նա­զարդ ­Հայ­րի­կը։
Մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը, Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ յաղ­թա­հա­սակ կանգ­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի իր բարձ­րու­թեան վրայ։
10 ­Նո­յեմ­բեր 1907ին վախ­ճա­նե­ցաւ Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի մտքին ու սրտին մէջ ան­զու­գա­կան իր բար­ձուն­քը նո­ւա­ճած։

Հայ­րի­կի ա­ճիւն­նե­րը ի­րենց մնա­յուն դամ­բա­րա­նը ու­նե­ցան Ս. էջ­միած­նի Մայր ­Տա­ճա­րի մուտ­քին։
Իսկ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ ­Հա­յոց ­Հայ­րի­կի մար­տու­նակ պատ­գա­մը.-
«­Ժո­ղո­վուրդ հա­յոց, ան­շուշտ լաւ հասկ­ցաք, թէ զէնքն ի՛նչ կրնար գոր­ծել եւ կը գոր­ծէ: Ու­րեմն, սի­րե­լի եւ օրհ­նեալ հա­յաս­տան­ցի­ներ, գա­ւա­ռա­ցի­ներ, երբ հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լու լի­նիք, ձեր բա­րե­կա­մաց եւ ազ­գա­կա­նաց իբ­րեւ պար­գեւ մէկ-մէկ զէնք տա­րէք, զէնք ա­ռէք եւ դար­ձեալ զէնք…»: