Յարգելի ներկաներ,
Տարիները իրենց անակնկալները շալկած, ճեպընթաց վազքի մէջ կուգան ու կ՚երթան, մեր սահմանափակ կեանքին մէջ ձգելով երբեմն անդարմանելի վէրքեր, բայց յաճախ անոր կողքին յոյսի կայծի մը գոյութիւնը թոյլ կուտայ, որ անցաւոր, ժամանակաւոր կեանքով եկած մարդը, հայ մարդը յաւերժանայ իր գործով:
Անմահներու անմահ գործ է նաեւ մեր դպրոցը՝ Հ.Կ.Խաչի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգային վարժարանը, որ այսօր վաթսուն տարիներու փորձարութիւնը իր շալակին, սերունդներու փոփոխութեամբ մի՛շտ կը թարմանայ եւ իր համեստ, բայց սէգ ու խրոխտ կեցուածքով կը շարունակէ ծառայել մեր գաղութին:
Յարգելիներ, այս տարուան մեր վեցերորդ դասարանի աշակերտները առիթը ունեցան նկարահանուելու՝ պատրաստուող վաւերագրական տեսերիզէն բաժինի մը մէջ, որ նուիրուած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք յունահայ գաղութի ստեղծման, կազմաւորման եւ զարգացման քայլերուն շուրջ: Այսպիսով, իրենց հայերէնի դասատու տիկին Ալինա Պարտագճեանին հետ միասին պատրաստեցին երգեր, պարեր ինչպէս նաեւ գծագրութեան աշխատանք՝ առնուած Մարտիրոս Սարեանի եւ Արշիլ Գորկիի գործերէն։
Դպրոցին մուտքը զարդարած գծագրութիւնները մեր սիրելի աշակերտներուն ձեռային աշխատանքն է, ուր փորձած են ձեւով մը նմանիլ հայ հանրաճանաչ գծագրիչներ Արշիլ Գորկիին եւ Մարտիրոս Սարեանին, որ կ՚ըսէ «Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է դառնայ իր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակը»:
Նմանատիպ եւ այլազան աշխատանքներով, 60-մեայ մեր սիրելի դպրոցը անգամ մը եւս գոյն կ՚առնէ, ոգի ու կեանք կ՚առնէ, եւ իր աշակերտներով հպարտ՝ կը շարունակէ իրեն արժանին, որն է Յաւերժներու ճամբան:
***
Սիրելի աշակերտներ, ելեւէջներով յատկանշուած տարեշրջան մը կը բոլորենք այսօր, ուր այդ վեր-վարի փոփոխութիւնները ակնյայտ էին ձեր անմեղ զգացումներուն մէջ, որ երբեմն իրար հակադարձ էին, բայց ինչպէս միշտ, գործնապէս ապացուցած էք եւ ձեր գրութիւններով արդէն հաստատեցիք, թէ տիրողը փոխադարձ յարգանքն ու սէրն է, անշուշտ համեմուած կարօտով:
Իրար հանդէպ միշտ ունեցէք յարգանք ու սէր, ահաւասիկ կախարդական այն բանալին, որուն միջոցով, բոլորդ միասին կրնաք կերտել փայլուն ապագայ:
Մրցանակ
Հայ Կապոյտ Խաչը, տնօրէնութեանս հետ համախորհուրդ, հաստատած է մրցանակ մը` հայերէնի մէջ լաւագոյն ճիգը ցուցաբերող եւ համապատասխան արդիւնքի հասնող աւարտական աշակերտին համար: Մրցանակը կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան ամառնային բանակումին անվճար մասնակցութիւն` Շրջանային վարչութեան հոգատարութեամբ:
Մեծապէս կը գնահատենք նմանօրինակ քայլեր, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան մեր աշակերտութեան` աւելի լաւ սորվելու եւ ամրապնդելու հայոց լեզուի եւ պատմութեան վերաբերեալ իրենց ունացած գիտելիքները: Այս տարի մրցանակը կը տրուի Ալպէր Մարտիկեանին:
Դպրոցին կողմէ մեր շնորհաւորանքները ուղղուած են բոլոր մեր աշակերտներուն, անխտիր, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր ձեւով փորձեց հասնիլ գագաթնակէտին:
Շնորհակալիք
Շնորհակալութիւն Գերաշնորհ Սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան, յարակից եւ պատկան մարմիններուն, Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներուն, իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքին համար:
Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն Սրբազան հօր, որ այս արժէքաւոր գիրքերը՝ Փոքրիկներու Աւետարանները նուիրեց մեր սիրելի աշակերտներուն:
Շնորհակալութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պարոն Մկրտչեան Տիգրանին, որ իր ներկայութեամբ պատուեց մեր հանդէսը եւ իր նուիրած գիրքով հարստացուց մեր դպրոցի գրադարանը:
Խորին շնորհակալութիւն Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային վարչութեան իրենց նուիրական ու անսակարկ նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար:
Հրապարակային շնորհակալութիւն կ՚ուղղենք Հ.Օ.Մ.-ին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Արամ Մանուկեան կոմիտէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի սկաուտներու վարչութեան: Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, կրթասէր ազգայիններու եւ ծնողներուն՝ մեր վարժարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին համար:
Շնորհակալութիւն շրջանիս քահանայ տէր հայրին: Շնորհակալութիւն նաեւ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան, որ որեւէ ճիգ չի խնայեր օգտակար դառնալու համար մեր դպրոցի աշխատանքներուն: Շնորհակալութիւն՝ «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութեան:
Շնորհակալութիւն վարժարանիս ծնողական միութեան անդամներուն, որ ամբողջ տարին եղան մեր կողքին եւ մեր խնդրանքները իրականացուցին դպրոցին նուիրելով գործածական անհրաժեշտ իրեր:
Շնորհակալութիւն պարոն Կարօ Պարտագճեանին, որ անսակարկ նուիրումով օժանդակեց հայ ուսուցչուհիներու ձեռնարկած հայ մշակոյթը մեր կեանքի անբաժան մասը եղող յայտագիրի պատրաստման: Նուագակցելով եւ խորհուրդներով փորձեց մշակել մեր փոքրիկներուն անվարժ ձայները:
Շնորհակալութիւն պարոն Կոստան Եզեկիէլեանին եւ պարոն Կարօ Պուտուրեանին, որոնք այս գեղեցիկ յուշանուէրները պատրաստեցին եւ նուիրեցին մեր աննման աշակերտներուն:
Շնորհակալութիւն մեր վարժարանի յարակից պաշտօնէութեան, որոնք իրենց նպաստը բերին մեր աշխատանքներու յաջողութեան:
Վերջապէս սրտագին շնորհակալութիւն իմ բոլոր պաշտօնակիցներուս, որոնց համախումբ ճիգերուն շնորհիւ հնարաւոր եղաւ արդիւնաւոր տարի մը բոլորել: