2016-2017 հունձ­քը: Ձա­խէն աջ՝ Ան­նա ­Ղա­լա­նո­փու­լու, Ա­նա­յիս ­Լու­լու­մա­րի, Ք­րիս­տին ­Քե­րո­բեան, ­Սո­նիա ­Ֆա­րա­ճեան, ­Նի­քո­լե­թա Ս­վաղ­ճեան, ­Սե­ւակ ­Խա­չե­րեան, Անդ­րա­նիկ Ա­բի­կեան, Ք­րիս­տիան ­Փի­լա­ֆեան, ­Վա­սի­լիս ­Ռամ­պա­զիս, Անդ­րիաս ­Պաս­մա­ճեան, Անդ­րա­նիկ ­Թու­թուն­ճեան:

Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի 2016-2017 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը կը հաս­նի իր ա­ւար­տին այս ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սով, զոր ու­րա­խու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին մե­զի մեր սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րը։ ­Մեր փոք­րիկ­նե­րը, որ այ­սօր փայ­լե­ցան բե­մին վրայ, ի­րենց պայ­ծառ ներ­կա­յու­թեամբ կը փաս­տեն մեր հայ ազ­գին գո­յա­տե­ւու­մը։ ­Վառ կը պա­հեն մեր մշա­կոյ­թը՝ ի­րենց պա­րե­րով, եր­գե­րով ու ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։
­Հա­յա­պահ­պան­ման դե­րա­կա­տար­նե­րը, ըն­տա­նի­քէն ետք, մեր ազ­գա­յին վար­ժա­րան­ներն են, ուր ե­րե­խան կը քա­ջա­լե­րո­ւի պաշտ­պա­նե­լու իր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը, պա­հե­լու իր մա­կոյ­թը, ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւնն ու ար­ժէք­նե­րը, պատ­մու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւա՛նդ իր լե­զուն։
­Ման­կա­պար­տէ­զի մէջ ջա­նա­ցինք ստեղ­ծել հա­յա­շունչ մթնո­լորտ մը, որ կը նպաս­տէ հայ ո­գիի զար­գաց­ման։ ­Մես­րո­պեան այ­բու­բե­նով ճիգ թա­փե­ցինք հա­յա­խօ­սու­թեան հի­մե­րը դնե­լու եւ դէ­պի այս ուղ­ղու­թեամբ ըն­թա­նա­լու հե­քիաթ­նե­րով, եր­գե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով եւ խա­ղե­րով։
­Ջա­նա­ցինք մեր փոք­րիկ­նե­րուն փո­խան­ցել կա­րե­ւոր գի­տե­լիք­ներ ու փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցում։ Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով քա­ջա­լե­րե­ցինք ի­րենց ման­կա­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը՝ զար­գաց­նե­լու հա­ճոյ­քով։
­Ջանք թա­փե­ցինք մեր փոք­րիկ­նե­րուն ըն­ծա­յե­լու ա­պա­հով եւ հա­ճե­լի մի­ջա­վայր մը, ուր ի­րենց նկա­րա­գի­րը պի­տի կազ­մա­ւո­րեն դաս­տիա­րա­կո­ւե­լով հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րով ու ար­ժէք­նե­րով։ ­Բա­րո­յա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան ու­ղե­գի­ծով հե­տա­մուտ ե­ղանք դէ­պի բա­րին ա­ռաջ­նոր­դե­լու մե­զի յանձ­նո­ւած մատ­ղաշ­նե­րը։
Այս տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին ման­կա­կան թան­գա­րան­ներ եւ մաս­նակ­ցե­ցան հա­ցի պատ­րաս­տու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան մա­սին դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու եւ խա­ղե­րու։ Այ­ցե­լե­ցին Ի­մի­թո­յի ան­տա­ռա­պահ­պան­ման կեդ­րո­նը, ուր ա­ռի­թը ու­նե­ցան ծա­նօ­թա­նա­լու զա­նա­զան բոյ­սե­րու ու կեն­դա­նի­նե­րու։ ­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան թա­տե­րա­կան եւ տիկ­նի­կա­խա­ղա­յին ներ­կա­յա­ցում­նե­րու։
­Նաեւ՝ գոր­ծու­նեայ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին բո­լոր դպրո­ցա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու աշ­խու­ժու­թեամբ։
2016-2017 ու­սում­նա­կան տա­րե­փա­կի ա­ռի­թով մեր ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն, Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց, վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան եւ բո­լոր ա­նոնց, որ ի­րենց նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ըն­ծա­յե­ցին մեր ճի­գե­րուն ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար։
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կեր­տու­թեան ծնող­նե­րուն, որ հա­կա­ռակ տնտե­սա­կան տագ­նա­պին, վստա­հե­ցան ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան մեր այս վար­ժա­րա­նին։
­Մեր տնօ­րէ­նու­թեան՝ պրն. ­Ռի­քար­տօ Եր­կա­նեա­նին եւ պաշ­տօ­նա­կից ու­սուց­չու­հիի տի­կին ­Մա­րիա ­Տի­մա­քիի, ո­րու ջան­քե­րուն ար­դիւնքն է այս փոք­րիկ­նե­րուն գե­ղե­ցիկ խում­բը, որ այ­սօր հան­դէս ե­կաւ ձեր առ­ջեւ՝ ար­տա­սա­նե­լով, եր­գե­լով ու պա­րե­լով թէ՛ հա­յե­րէ­նով, թէ՛ յու­նա­րէ­նով։
­Մեր շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րու այ­սօ­րո­ւան թա­տե­րա­կան ներ­կա­յաց­ման մէ­ջէն ուղ­ղո­ւած պատ­գա­մը, թէ հայ­րեն­քը բո­լո­րիս հա­րա­զատ տունն է, թող ըլ­լայ ի­րենց կեան­քի ու­ղե­ցոյ­ցը։ Զ­գան՝ թէ ­Հա­յաս­տա­նը մեր մայրն է, որ գրկա­բաց միշտ կը սպա­սէ իր պան­դուխտ զա­ւակ­նե­րուն։
Ի­րենց սրտե­րուն մէջ պա­հեն մէկ հայ­րե­նիք եւ մէկ ­Հա­յաս­տան տես­լա­կա­նը ու այդ ո­գիով ապ­րին ու կեր­տեն ի­րենց ա­պա­գան։ ­Միշտ ջա­նան վառ պա­հել մեր ազ­գը ու մեր լե­զուն՝ հպար­տաց­նե­լով մեր հայ­րե­նի­քը, մեր մայր ­Հա­յաս­տա­նը։
Եզ­րա­փա­կե­լով՝ մեր ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք մեր ման­կա­պար­տէ­զի 11 սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Այս փոք­րիկ­ներն են մեր հա­յու­թեան փայ­լուն ու յու­սա­լի ա­պա­գան։ Սր­տանց կը մաղ­թենք ի­րենց յա­ջո­ղու­թիւն՝ բո­լոր մար­զե­րուն մէջ, յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ու լու­սա­շող ա­պա­գայ մը։

­Բա­րի ար­ձա­կուրդ
եւ բա­րի վե­րա­մուտ։