
Սիրելի շրջանաւարտներ,
Ամավերջի հանդէս է այսօր: Ուրախութեան եւ յուզումի պահ է բոլորիս համար:
Բայց մանաւանդ ձեզի համար, որ այս յարկին տակ ութը երկար տարիներ ամբողջացնելէ ետք, ձեր ուսուցիչներուն եւ ձեր ծնողներուն ներկայութեան, պաշտօնապէս կը լրացնէք նախակրթութեան ձեր առաջին կարեւոր հանգրուանը եւ պատրաստ էք անցնելու միջնակարգ վարժարան:
Եթէ 2015 թուականի մեր շրջանաւարտները Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի հունձքը եղան, իսկ անցեալ տարուան շրջանաւարտները՝ հունձքը Արցախեան հերոսամարտի, անկասկած որ դուք՝ սիրելի աշակերտներ, այդ երկուքի շարունակութիւնը կը հանդիսանաք:
Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ապրիլեան ձեռնարկներուն, պատանեկանի շապիկներով թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական տարազով, մեր եռագոյնը հպարտօրէն բռնած, անգամ մը եւս ստանձնեցիք՝ Յունաստանի պահանջատէր հայութեան կրտսեր առաջնորդի դերը:
Ձեզի վիճակուեցաւ տարեշրջանի ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան հայ զինուորին զօրակցութեան նամակ գրելու պարտականութիւնը: Դուք եւ ձեզմէ փոքրերը, բոլորդ մասնակցեցաք սփիւռքի դպրոցներու այդ նամակարշաւին՝ ձեր քաջալերական խօսքը հասցնելու համար հայրենի սահմանները պաշտպանող ձեր եղբայրներուն:
Վստահ ենք նաեւ, թէ բոլորդ կը յիշէք հայ զինուորներուն կողմէ ձեզի ուղղուած նամակներուն ընթերցումի յուզիչ պահը:
Աւելի՛ն, այս տարի բախտաւորութիւնը ունեցաք Անկախ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին ներկայութիւնը վայելելու եւ անոր դպրոց այցելութեան օրը իր հետ զրուցելու:
Դպրոցին մէջ սորվեցաք ազգային բարոյական պարտաւորութեան իմաստը:
Սորվեցաք նաեւ, թէ «մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ» նշանաբանը պարզ լոզունգ չէ, այլ շօշափելի իրականութիւն: Արդարեւ, Ուսումնականի նախաձեռնութեամբ եւ տնօրէնութեանց դասաւորումով՝ Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանի ֆրանսահայ ձեր տարեկիցներուն հետ կապ հաստատեցիք նամակագրութեան միջոցով:
Մեծ հաճոյքով ու մանաւանդ հայերէն գրելով՝ հաղորդակցեցաք եւ շփում ստեղծեցիք սփիւռքահայ ձեր քոյր ու եղբայրներուն հետ: Գիտակցեցաք եւ զգացիք, թէ հայէրեն լեզուն միայն դասագիրքի լեզու չէ, այլեւ՝ ձեր առօրեայ կեանքին անբաժանելի մաս կը կազմէ:
Այսօր Դուք՝ սիրելի շրջանաւարտներ, ձեր պարով, երգով ու արտասանած խօսքերով, մեր անցեալը եւ ներկան ամփոփեցիք: Ձեր թատերական ներկայացումը նուիրեցիք հայ ժողովուրդի հռչակաւոր տաղանդներուն եւ անոնց դերը ստանձնելով՝ մեր դարաւոր մշակոյթի կերպարները կենդանի պատկերի վերածեցիք:
Ամավերջի այս հանդիսութեամբ, անգամ մը եւս եկաք փաստելու, թէ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի, կը յիշէ ու կը պահանջէ: Թէ՝ մեր ժողովուրդի զաւակները կ՛աճին ու կը զարգանան Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքներու տարածքին: Եկաք փաստելու, թէ սերունդներ հասցուցած մեր յիսունհինգ ամեայ վարժարանը՝ կանգուն կը մնայ, հակառակ ընկերային-տնտեսական տագնապին ստեղծած ծանր պայմաններուն:
Սիրելի աշակերտներ,
Հայ ժողովուրդի ամէնէն արժէքաւոր զաւակներէն մէկը՝ բազմավաստակ գրագէտ եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթ կ՛ըսէր.- «Կեանքը կռիւ է, ձգտում, բարձրացում: Իւրաքանչիւր հանգրուանէ ետք՝ նոր բարձունք մը կը պարզուի մեր առջեւ: Պէտք է անվերջ կռուիլ եւ անվերջ առաջանալ: Տկարները, տատամսողները, ուշացողները ոտնակոխ կ՛ըլլան: Կարեւորը մեր նուաճած հանգրուանները չեն, այլ այն պայքարը, որ կը մղենք նպատակի ճամբուն վրայ»:
Աշխատանքի հերոս Լեւոն Շանթի խօսքերով առաջնորդուեցէք ձեր կեանքի յաջորդող հանգրուաններուն:
Անոնք թող ըլլան ապագայ մարդու եւ հայ մարդու ձեր կեանքի ուղեցոյցը:
Եւ լաւ իմացէք. ձեր յարատեւ աշխատանքին, ձեր ծնողներու ջանքերուն եւ յատկապէս ձեր նախակրթութեան կը պարտիք, ապագայի ձեր բարձր վկայականները:
Ապրի՛ք. Վարձքը կատար բոլորին:
Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները ձեր ծնողներուն ու ազգականներուն:
Յունիս 14, 2017թ.
Մրցանակ
Ամէն տարի, բարձրագոյն դասարանի հայերէնի դասերուն մէջ յատուկ ճիգ թափած եւ լաւագոյն արդիւնքները բերած աշակերտը, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, կը պարգեւատրուի Պատանեկան Միութեան ամառնային բանակումին մասնակցութեան մրցանակով: Այս տարի, անգամ մը եւս, մեր գործը դժուարացաւ՝ նկատի ունենալով, թէ համահաւասար ջանքերով ու նիշերով եօթ աշակերտներ՝ Վարդան Թերզեան, Անդրանիկ Մանոյեան, Անայիս Բարսեղեան, Իրինի Կիւրունլեան, Ատրինէ Խանիկեան, Անգինէ Պետրոսեան եւ Նայիրի Մովսէսեան անկարելի դարձուցին մէկուն ընտրելը՝ առանց անարդարութիւն ընելու միւսներուն:
Բոլորն ալ արժանի ըլլալով այդ մրցանակին, ստիպուած եղանք հարցը վիճակահանութեամբ լուծելու ուսուցչական կազմի 16 Յունիս 2017ի ժողովին, Նախակրթարանի 14 ուսուցիչներու ներկայութեան: Մրցանակին արժանացաւ Իրինի Կիւրունլեան:
Շնորհակալիք
Տարեփակի շնորհակալական մեր խօսքը Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեանին, շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Քահանային, Ազգային Վարչութեան, Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային Խորհուրդներուն, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան եւ շրջաններու մասնաճիւղներուն, իրենց բարոյական եւ նիւթական մնայուն աջակցութեան համար։
Նոյնպէս՝ Գալուստ Կիւլպէնքեան հաստատութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Յունահայերու Միութեան, մեր վարժարաններուն տրամադրած իրենց նիւթական օժանդակութեան համար:
Վարձքը կատար վարժարանիս մանկապարտէզի ու նախակրթարանի ուսուցչական կազմերուն, որոնք տարեշրջանի ընթացքին ազգային շունչ ու ոգի փոխանցելով՝ ամէն ճիգ ի գործ դրին աշակերտութեան լաւագոյն դաստիարակութեան եւ յատկապէս՝ մեր ամավերջի զոյգ հանդիսութեանց պատրաստութեան համար:
Յատուկ շնորհակալական խօսք Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի Ծնողական Միութեան, դպրոցին ու աշակերտութեան կարիքները հոգալու իր մնայուն ջանքերուն համար: Նոյնպէս՝ մանկապարտէզի ու նախակրթարանի շրջանաւարտներուն յանձնուած նուէրներուն համար։
Շնորհակալութիւն՝ «Ազատ Օր»ին, որ իր էջերը լայն բացաւ մեր վարժարաններուն առջեւ եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին, մեր շրջանաւարտներուն հայոց պատմութեան մանկական գիրքի նուէրին համար:
Շնորհակալութիւն այն բոլոր ծնողներուն ու կրթասէր ազգայիններուն, որոնք նուիրատուութիւններու կամ այլ տեսակի օժանդակութիններու ճամբով, թիկունք կանգնեցան մեր դպրոցին:
Վերջապէս, մեր երախտագիտական խօսքը դպրոցին մէջ թէ դպրոցական ինքնաշարժներուն մէջ գործող լրիւ անձնակազմին: