
Հ.Կ.Խ-ի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի
«Արթին Գալուստեան» մանկապարտէզի վարիչ
մանկապարտիզպանուհի Վիքթորիա Մաղաքեանի խօսքը
2022-2023 ուսումնական տարեշրջանը իր աւարտին կը հասնի վկայականներու բաշխման հանդիսութեամբ , որ ուրախութեամբ ներկայացուցին մեզի « Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի,«Արթին Գալուստեան» Մանկապարտէզի մեր սիրելի շրջանաւարտները: Ամբողջ տարուան ընթացքին մեր սիրելի փոքրիկներուն հետ հաճելի ու շատ արդիւնաբեր պահեր ապրեցանք, ստեղծագործելով, նոր գիտելիքներ, ապրումներ ու փորձառութիւններ ձեռք ձգելով, հէքեաթներ կարդալով ,խաղալով, երգելով ու պարելով միշտ կառչելով մեր մշակոյթին ու աւանդութիւններուն մեր լեզուն սիրելով, ապրելով ու ապրեցնելով:
Դաստիարակչական ծրագիրներ —
աշխատանոցներ- տօնակատարութիւններ — այցելութիւններ
Մշակեցինք զանազան դաստիարակչական ծրագիրներ թէ հայերէնով ,թէ յունարէնով զանազան նիւթերու շուրջ ինչպէս՝ մեր մարմինին, առողջապահութեան,այլազանութեան, մանուկներու իրաւունքներուն, զգացումներուն, բնութեան ու բնապահպանութեան, կենդանիներուն , տիեզերքին եւ մոլորակներուն, գիրքերուն ու ընթերցասիրութեան եւ ճարտարապետութեան մասին: Հայերէնի ու յունարէնի կողքին ներկայ էր անգլերէն լեզուի ուսուցումը:
Իրագործեցինք զանազան այցելութիւններ ու փոքրիկները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին բոլոր դպրոցական տօնակատարութիւններուն:
Կազմակերպեցինք տօնական աշխատանոց ու բաց դռներու օր ,ուր բոլորս միասին՝ ծնողք, փոքրեր ու յաջորդ տարեշրջանի աշակերտներ առիթը ունեցանք հաճելի ու ստեղծագործական պահեր ապրելու ու ընտելանալու մանկապարտէզի ջերմ միջավայրին:
Զանազան նիւթեր ուսումնասիրեցինք որոնցմէ մէկը շատ խանդավառեց իրենց եւ այս պատճառով մեր հանդէսին կեդրոնական նիւթը դարձաւ:Տիեզերքը եւ մոլորակները հմայեցին մեր փոքրիկները:
Նաեւ,Անահիտ Սարգիսեանի ՝ «Բարեւ արեւ» ծրագիրը, որ կը կիրարկուի մանկապարտէզին մէջ նոր աշխարհ մը կը բանայ ու շատ կ’օգնէ մեր նպատակները իրականացնելու համար: Այս ծրագիրով խաղը, երգը, լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները բոլորը միասին կ՚ամբողջացնեն ու կը կազմաւորեն փոքրիկներուն գիտելիքներու աշխարհը:
Միաժամանակ, մեր մանուկներուն մաքուր ու անմեղ սիրտերը միասնաբար մշակեցինք ազնուութեան, ընկերասիրութեան, համագործակցութեան, հաւատարմութեան, յարգանքի եւ ուրիշ կարեւոր արժանիքներու սերմը ցանելով, որպէսզի ինքնավստահութեամբ յաղթահարեն իրենց շրջապատի ներկայ ու ապագայ պատուարները:
«Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի 60-ամեակ
Այս տարի մեզի համար բացառիկ տարի մըն է:Մեր դպրոցին « Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի 60-ամեակի յոբելեանն է: Հայկական կրթական այս օճախը իր վաթսունամեայ բեղուն ճանապարհով շնորհեց բարձրորակ ուսում եւ յունահայ իրականութեան մէջ գործեց կարեւոր ու անժխտելի դեր մը:
Ուրախ ենք, որ 60 տարի ապրած մեր վարժարանը մինչեւ օրս առանց վարանումի կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը եւ իր դռնէն ներս ամէն օր ուրախ-զուարթ կը մտնեն տասնեակներով հայ աշակերտներ որպէսզի սորվին մեր լեզուն, մեր պատմութիւնն ու կրօնը,մեր մշակոյթը եւ ստանան ուսում ու գիտութիւն: Մեր մաղթանքն է որ շարունակէ բազմաթիւ 60ամեակներ եւս իր հայաբոյր ու կրթանուէր ճանապարհը որ սկսած է 60 տարիներ առաջ Լ. եւ Ս. Յակոբեան բարերարներուն, ինչպէս նաեւ մեր հայրենակիցներուն, հաւատքին, հայրենասիրութեան, անձնազոհութեան եւ տեսլականին շնորհիւ:
Շնորհակալական խօսք
2022-2023 ուսումնական տարեշրջանը բոլորելով մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հօր, շրջանիս հոգեւոր հովիւին, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական, Տնտեսական ու Կալուածային խորհուրդներուն, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց:
Շնորհակալութիւն նաեւ, մեր վարժարանի տնօրէնութեան՝ պարոն Բաբգէն Գասապեանին, հայ եւ յոյն պաշտօնակիցներուն եւ անձնակազմին, գործակից տիկին Մարիա Տիմաքիի եւ բոլոր անոնց որ իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ընծայեցին մեր ճիգերուն արդիւնաւորման համար:
Շնորհակալութիւն տիկին Նազիկ Ճամուզեանին, որ իր օգնութեամբ մանկապարտէզի ծրագիրը չխանգարուեցաւ եւ կարելի եղաւ մասնակցութիւնս դաստիարակչական ծրագրի մը:
Շնորհակալութիւն մեր վարժարանի ծնողական միութեան, որ ամբողջ տարուան ընթացքին մեր կողքին էր ու ամէն ջանք թափեց մեր կարիքները հոգալու, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն յանձնուած նուէրներուն համար:
Յատուկ շնորհակալութիւններ ձեզի սիրելի ծնողներ որ վստահեցաք ձեր զաւակները հայկական մեր այս վարժարանին:
Եզրափակելով, կը շնորհաւորենք մեր սիրելի շրջանաւարտները: Սիրելի փոքրիկներ ձեր երգած երգին խօսքերը կրկնելով, կը մաղթենք արեգակը իր շողուն ճառագայթներով միշտ ձեզ լուսաւորէ, ձեր կեանքին երկինքը չ՚ամպոտի եւ խաղաղ ու երջանիկ ապրիք: Հպարտ ենք ձեր բոլորին յաջողութիւններով, ձեր իւրայատուկ նկարագիրներով ու յառաջդիմութեամբ: Սրտանց կը մաղթենք ձեզի բացառիկ ու գերազանց արդիւնքներով բարձրագոյն վկայականներու նուաճումներ: Իրականացնէք ձեր փափաքներն ու երազները: Նաեւ,բարեսիրտ ու բարեկիրթ անձնաւորութիւններ ըլլալով, անհուն սէրն ու գուրգուրանքը որ կը ստանաք ձեր ընտանիքէն,դպրոցէն ու միջավայրէն, դուք ալ ձեր կարգին փոխանցէք ձեր զաւակներուն: Կը մաղթենք որ ձեր զաւակներն ու թոռներն ալ շրջանաւարտ ելլեն այս հայկական վարժարանէն եւ արժանանաք նոյն հպարտութեան եւ երջանկութեան ինչպէս ձեր ընտանիքները այսօր: Յաջողութիւն ու լուսաշող ապագայ մը ունենաք:
Բարի արձակուրդ եւ բարի վերամուտ