Դիւանակալութիւնը կը շարունակէ ըլլալ պետական մեքենայի քանդիչ ուժը ու երկրի մը յառաջդիմութեան զսպողը։ Բազմաթիւ երկիրներ ինկած են դիւանակալութեան ճիրաններուն մէջ, իսկ անկէ ազատումը կը պահանջէ երկրի մը պետական ու քաղաքական մտածողութեան այդպիսի շրջադարձ, որ նոյնիսկ ամրօրէն առնչուած է ժողովուրդին մօտ պետականութեան գաղափարի ըմբռնումներուն խոր արմատացման ու զայն հաւաքական գաղափար դարձնելու ժողովրդավարական պահանջին հետ։ Դիւանակալութիւնը պատճառ կը դառնայ պետական անգործութեան, որ իր կարգին կը քայքայէ ժողովուրդի վստահութիւնը պետութեան հանդէպ։ Հայաստանի պարագային, խորհրդային տարիներէն ժառանգուած պետական անծայր դիւանակալութեան հետեւանքները պատճառ դարձան, որպէսզի Յունաստանի հայ գաղութէն ներս հաւաքուած՝ Արցախի պատերազմի վիրաւոր զինուորներուն ու քաղաքացիներուն համար հսկայ օգնութիւնը մէկ տարի շարունակ «մոռցուած» մնայ Զուարթնոց օդակայանի պահեստանոցներուն մէջ։
«Ազատ Օր»ին կողմէ օրեր առաջ լոյս տեսած լրատուութիւնը եւ մանաւանդ՝ Հ.Օ.Մ.-ի Յունաստանի երկու միաւորներուն՝ Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի նամակը ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան աւելի քան ցայտուն են՝ ստեղծուած ամօթալի կացութեան վերաբերեալ։
Հայաստանի մէջ համատարած վէրք դարձած պետական դիւանակալութիւնը այնքան խոր է ու մաշեցնող, որ երբ արդէն յունահայութեան մարդասիրական օգնութեան հարցը լայնօրէն տարածուեցաւ հայրենի մամուլին մէջ, երբ Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դիւանագիտական մեր մարմինը եւս պաշտօնապէս կը դիմէ պետական այրերուն, նոյնիսկ նամակի մը պատասխան տալու համար մինչեւ այսօր յայտնի կը դառնայ, թէ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը այնքան կլանուած է դիւանակալութեան մէջ, որ կը շարունակէ նոյն անտարբերութեամբ, նոյն անգործութեամբ գրգռել իւրաքանչիւր հայորդիի հայրենասիրական զգացումները եւ ոչինչ ընել այնքան կարեւոր մարդասիրական օգնութեան եւ բժշկական սարքերուն հետ՝ գէթ այս անգամ զբաղելու գործով։ Չենք ուզեր ուրիշ պատճառներ փնտռել պետական այս ապիկարութեան դրսեւորումին մէջ։
Արդեօք ինչպէ՞ս կարելի է պատճառաբանել օդակայանին մէկ մասը պահուած մնացած՝ փճանալու վտանգին ենթակայ, յունահայութեան եւ յոյն ժողովուրդին սիրտէն բխած այնքան կարեւոր օգնութեան մեծաքանակ ծրարներու պատկերը։
Սակայն, որեւէ պատասխանէն անդին, Հայաստանի կառավարութիւնը իր պարտականութիւնը պէտք է կատարէ՝ անմիջապէս ձեռնարկելով օգնութեան տրամադրումի աշխատանքին, գործնական այն բոլոր քայլերուն, որոնք պիտի հաստատեն եւ պիտի ապահովեն, որ գաղութային զօրաշարժը իր տեղը հասաւ, հաշմանդամ զինուորներուն կամ հիւանդանոցներուն ու բժշկական կեդրոններուն հասանելի եղան այն ամբողջ դեղորայքը, անթացուպերը, բժշկական տարբեր սարքերը, սայլակները եւ այլ, ծայր աստիճան կարեւոր ու անհրաժեշտ իրերը, որ անմիջապէս տրամադրելի դառնան իւրաքանչիւր վիրաւոր զինուորին ու քաղաքացիին։
Իսկ ժողովուրդի խախտած վստահութիւնը վերականգնելու համար, անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը հետեւողական կերպով եւ հրապարակայնօրէն ցոյց տայ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, թէ վերջապէս կրնայ դիւանակալութեան մահացու ճիրաններէն ազատելով, տէր կանգնիլ իր պարտականութիւններուն ու վիրաւոր ժողովուրդի մը կարիքները հոգալու գործին։
Հայրենի պետական մեքենային մէջ գործող պաշտօնակատարները նախ եւ առաջ պէտք է նախանձախնդիր ըլլան վերականգնելու նա՛եւ վստահութեան մթնոլորտը յունական աշխարհին հանդէպ, որ իր պետական եւ ժողովրդային միջոցներով զգալիօրէն սատար հանդիսացաւ բարեկամ երկրին ու իրեն դաշնակից պետութեան օգնութիւն ընձեռելու գերագոյն յանձնառութեան մէջ։
Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարը ու պետական այրերը ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայեն ժամ առաջ պատասխան տալու իրենց անգործութեան համար, զգայնութիւն ցուցաբերելու հայ ժողովուրդին հանդէպ, բոլոր անոնց, որոնք տիւ ու գիշեր աշխատեցան օգնութիւն հաւաքելու համար, անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւն ու սեղմումներ համավարակի ծանր օրերուն։
Ամէն բանէ վեր, պէտք չէ խախտի ժողովուրդի եւ մանաւանդ սփիւռքահայութեան վստահութիւնը մեր պետական շէնքին հանդէպ։ Վարչախումբերը գնայուն են, սակայն պետութիւնը, իր ամբողջութեամբ, կը շարունակէ մնալ երաշխիքը իւրաքանչիւր քաղաքացիի սպասումներուն եւ ակնկալութիւններուն։
Ակնկալուածը պետական տարրական պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան ստանձնումն է։ Ոչ մէկ պետական «սպասարկու» կամ պաշտօնեայ իրաւունք ունի դիւանակալութեան ետին թաքցնել իր անգործութեան ու անկարողութեան թափթփածութիւնը։
Հերիք է այլեւս ազգային ողբերգութիւններէն գլուխ բարձրացնելու համազգային ճիգին մէջ պետական այրերու խեղճութիւնը։