Բազում սէրեր ես շատ ունիմ,
որ յոյս կու տան իմ սրտին.
հայուն տուած վիշտը սակայն
կը տրորէ իմ հոգին։
Սէր կայ երբեք չի թառամիր, իմացի՜ր.
կախում ունի, թէ ինչպէս դուն կը զգաս զայն,
անցողական շատ սէրեր ես զգացած,
մէկը սակայն կը մնայ ջինջ, իրական։
Հայրենիքիդ սէրն է ան տիրական,
սէրը ազգիդ, հայրենիքիդ ու հողիդ,
որոնց կառչած պէտք է ապրիս մարմնապէս
եւ օտար հող ի զուր երբեք չերազես։
Ուր որ երթաս, ուր ալ ապրիս, լաւ գիտցիր,
չես բաժնուիր երկրիդ հողէն սրբազան,
որուն համար բազում քաջեր կը կռուին,
որպէսզի ան մերը դառնայ յաւիտեան։
Դաւաճանել տղոցն այս քաջարի,
որոնք կեանքով նեցուկ կանգնած են կեանքիդ
եւ լքելով զանոնք մինակ սահմանին
երթաս պանդուխտ, գլուխ ծռես օտարին։
Եթէ կ՛ուզես տղաքն այս ուժ առնեն,
որոնց ոգին կ՛ապրի նաեւ քո սրտին,
հայրենիքիդ հողին փարիր վառ յոյսով
եւ մի լքեր հոս պայքարող քաջերուն։

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Արագածոտնի մարզ, գիւղ Ուշի