Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ Ե­րեք­շաբ­թի՝ 21 ­Յու­նո­ւար 2020ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ա­տե­նադ­պիր ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­ներ ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան, ­Դա­նիէլ Ա­բի­կեան եւ Էդ­գար ­Գալս­տեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ. Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նին, դես­պա­նա­տան մէջ։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր կ­՚ըն­կե­րակ­ցէր ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան։ Այ­ցե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Նոր ­Տա­րո­ւայ եւ Ս. Ծ­նուն­դի առ­թիւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու հա­մար դես­պա­նին եւ դես­պա­նա­տան կազ­մին։
Նաեւ, ըն­դա­ռա­ջե­լով Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նի, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի Հ­րեա­նե­րու հա­մայն­քի հրա­ւէր­նե­րուն, Եր­կու­շաբ­թի՝ 27 ­Յու­նո­ւար 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 12ին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ գտնո­ւող Հ­րեա­նե­րու Ող­ջա­կիզ­ման ձօ­նո­ւած յու­շա­տօ­նին եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց Ող­ջա­կիզ­ման յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ։ ­Յու­նա­կան պե­տու­թիւ­նը 27 ­Յու­նո­ւա­րը հաս­տա­տած է Ող­ջա­կիզ­ման ­Յոյն Հ­րեայ նա­հա­տակ­նե­րու եւ հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կի օր։
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ զրու­ցե­լու փոխ վար­չա­պետ ­Բա­նա­յիո­թիս ­Բիք­րա­մե­նո­սի, Ատ­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղիոս ­Փա­թու­լի­սի եւ ­Յոյն Հ­րեա­նե­րու հա­մայն­քի նա­խա­գահ Ալ­վէր­թոս ­Թա­րա­պու­լու­սի հետ։