Հոկտեմբեր 23ի այս օրը, քսան տարի առաջ, Մ. Նահանգներու մէջ, 94 տարեկանին մահացաւ անուանի հայ գիւտարար մը՝ Լուտեր Ճորճ Սիմճեան անուն-մականունով, որ իբրեւ արհեստագիտական արդիական սարքերու հնարիչի՝ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ամերիկացի աշխարհահռչակ դէմքերու մատեանին մէջ։ Ճարտարագիտական մարզէն ներս աւելի քան 200 գիւտերու հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի Լուտեր Սիմճեանի։ Բժշկական լուսանկարչական համակարգեր, լուսանկարչական ինքնակեդրոնացուցիչ (auto-focusing) խցիկ, ինքնաշխատ (automatic) երեւակման սարք, ռազմական թռիչքներու խթանիչ (stimulator), փոստային սակագիներու հաշուիչ եւ նմանօրինակ բազում գործիքներու հնարիչը եղաւ հայազգի այս հնարամիտ գիւտարարը։
Յատկապէս դրամաբան սարքի՝ ATMի (Automated Teller Machine) գիւտը կը պատկանի Սիմճեանի, որ իր հնարած հանրայայտ «Պանքմաթիք»ով (Bankmatic) ռահվիրան եղաւ մեր ժամանակներու ամէնէն ընդհանրացած դրամատնային այդ սարք-գործիքի ստեղծման ու կատարելագործման։
Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (Luther George Simjian) ծնած է 1905ի Յունուար 28ին, Կիլիկիոյ հայաշատ Այնթապ քաղաքին մէջ։ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր բիւրաւոր հայերու հետ, Սիմճեաննները եւս յայտնուեցան Պէյրութի մէջ, ուր կարճ շրջան մը ապրելէ ետք՝ Լուտեր անցաւ Մարսէյլ, Ֆրանսա, ուրկէ 1920ին տեղափոխուեցաւ Մ. Նահանգներ։
15 տարեկան հասակին հաստատուելով Մ. Նահանգներ՝ Քըննեքթիքըթ նահանգի Նիւ Հէվըն քաղաքին մէջ, պատանի Լուտեր կեանքի ասպարէզ նետուեցաւ իբրեւ լուսանկարիչ։ Միաժամանակ բժշկութիւն ուսանեցաւ Եէյլ համալսարանին մէջ (Yale School of Medicine), մասնագիտանալով իբրեւ լուսանկարչական տարրալուծարանի գիտաշխատող։ Տարրալուծարանային լուսանկարիչի իր աշխատանքի տարիներուն, նուիրուեցաւ բժշկութեան ուսումնասիրութեան:
1928ին նշանակուեցաւ միեւնոյն համալսարանի լուսանկարչական բաժանմունքի տնօրէն եւ իրագործեց լուսանկարչական սարքերու կապուած քանի մը գիւտեր, ինչպէս օրինակ՝ նկարներու մանրադիտակի լուսարձակը (projector):
1934 թուականին տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք, որ երիտասարդ գիւտարար-հնարիչին առջեւ նոր հորիզոններ բացաւ։ Լուտերի առաջին կարեւոր գիւտը եղաւ սեփական դէմքի լուսանկարման մեծ սարքը, որ շատ արագ տարածում գտաւ մեծ հանրախանութներու մէջ, նաեւ՝ առիթը ընծայեց հայ գիւտարարին, որպէսզի հիմնէ Photoreflex ընկերութիւնը, մեկնելով իր հնարած համանուն գործիքէն։ Յաջողութիւնը այնքա՜ն մեծ էր, որ Լուտեր Սիմճեան իր գիւտին հեղինակային իրաւունքը եւ համանուն ընկերութիւնը վաճառեց։ Շուտով հիմնեց նոր ընկերութիւն մը՝ Reflectone անունով, որպէսզի հրապարակ իջեցնէ միեւնոյն անունը կրող նոր սարք մը՝ դարձող հայելիներով օժտուած բազկաթոռ մը, որուն վրայ բազմողը ի վիճակի պիտի ըլլար իր սեփական մարմինը դիտելու բոլոր անկիւններէ։
1939 թուականին Սիմճեանի մօտ առաջացաւ կանխիկ դրամ տրամադրող ինքնաշխատ դրամաբան սարքի (Automated Teller Machine — ATM) ստեղծման գաղափարը: Թէեւ դրամատունները թերահաւատութեամբ ընդունեցին դրամ տրամադրող ինքնաշխատ մեքենեայ ունենալու գաղափարը եւ հազիւ վեց ամիս փորձարկեցին Սիմճեանի գործիքը, այսուհանդերձ՝ ան շարունակեց աշխատիլ իր գործիքի կատարելագործման վրայ։ Մինչեւ 1960 ապահովեց 20 արտօնագիր` կատարելագործելով Banmatic սարքը եւ հիմք ստեղծելով այսօրուան թղթադրամ տրամադրող եւ դրամական գործարք կատարող գործիքներուն համար։ 1965ին ան հնարեց նաեւ միեւնոյն գործիքի մետաղադրամ տրամադրող սարքը։
Լուտեր Սիմճեան առեւտրական մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ գիւտը ըրաւ ռազմական թռիչքներու Optical Range Estimation Trainerին, որ կ’օգտագործուէր Մ. Նահանգներու ռազմական օդաչուներու մարզումներուն ժամանակ՝ գնահատելու համար օդանաւային կազմածներու արագութիւնն ու միջ-տարածութիւնը: Սիմճեան իր հնարած գործիքէն աւելի քան երկու հազար օրինակ վաճառեց եւ նիւթական մեծ յաջողութիւն ունեցաւ։ Իր կեանքի վերջալոյսին հայազգի գիւտարարը հաստատուեցաւ Ֆլորիտա՝ Ֆորթ Լօտըրտէյլ (Fort Lauderdale), ուր հիմնեց իր սեփական մեծ տարրալուծարանը եւ մինչեւ 92 տարեկանը աշխատեցաւ նոր գիւտերու հնարման վրայ։
Իր մահկանացուն կնքեց 23 Հոկտեմբեր 1997ին։
Լուտեր Ճորճ Սիմեանի մասին ամերիկեան «Թայմ» թերթը 1934ին գրած է, երբ անդրադարձած է գունաւոր բժշկական նկարող սարքի մշակման նիւթին.- Շատերը զինք կը կոչէին՝, երկրորդ Թոմաս Էտի֊ոնե, որ ամերիկեան նշանաւոր գիւտարար էր եւ արժէքաւոր գիւտերու հեղինակ, ինչպէս ելեկտական լամբը, ձայնագրիչը եւ այլ գործիքներ ստեղծողները: Ինչ կը վերաբերի հայազգի Ճորճ Սիմճեանին, ան հեղինակ է աւելի քան երկու հարիւր արտօնագիրներու եւ բազմաթիւ սարքերու, որոնցմէ այսօր ամենատարածուածը՝ դրամաբաշխիչ մեքենան է (Automated Teller Machine-ATM) եւ հեռայուշարարը, որ կը գործածուի յատաէս հեռատեսիլի խօսնակներու եւ այլ մարդոց հեռատեսիլային ելոյթներու ընթացքին:
Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (1905-1997)
Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (1905-1997). Արդիական գործիքներու եւ ելեկտրոնական սարքերու ամերիկահայ հնարիչը Ն.