Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (1905-1997)

Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (1905-1997). Ա­մե­րի­կեան ե­լեկտ­րո­նա­յին ար­դի սար­քե­րու հայ գիւ­տա­րարն ու հնա­րի­չը Ն.

0
2250

­Հոկ­տեմ­բեր 23ի այս օ­րը, 21 տա­րի ա­ռաջ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, 94 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­նո­ւա­նի զա­ւակ­նե­րէն ­Լու­տեր ­Ճորճ ­Սիմ­ճեան, որ իբ­րեւ գիւ­տա­րար-հնա­րիչ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւէ ա­մե­րի­կա­ցի հռչա­կա­ւոր դէմ­քե­րու ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ։
­Ճար­տա­րա­գի­տա­կան մար­զէն ներս ա­ւե­լի քան 200 գիւ­տե­րու հե­ղի­նա­կա­յին ի­րա­ւուն­քը կը պատ­կա­նի ­Լու­տեր ­Սիմ­ճեա­նի։ Բժշ­կա­կան լու­սան­կար­չա­կան հա­մա­կարգ­ներ, լու­սան­կար­չա­կան ինք­նա­ֆո­կու­սա­ւո­րո­ւող խցիկ, ինք­նաշ­խատ (automatic) ե­րե­ւակ­ման սարք, ռազ­մա­կան թռիչք­նե­րու խթա­նիչ (stimulator), փոս­տա­յին սա­կա­գին­նե­րու հաշուիչ եւ նմա­նօ­րի­նակ բա­զում գոր­ծիք­նե­րու հնա­րի­չը ե­ղաւ հա­յազ­գի այս հնա­րա­միտ գիւ­տա­րա­րը։ ­Յատ­կա­պէս դրա­մա­բաշխ սար­քի՝ ATMի (Automated Teller Machine) գիւ­տը կը պատ­կա­նի ­Սիմ­ճեա­նի, որ իր հնա­րած հան­րա­յայտ «­Պանք­մա­թիք»ով (Bankmatic) ռահ­վի­րան ե­ղաւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մէ­նէն ընդ­հան­րա­ցած դրա­մատ­նա­յին այդ գոր­ծի­քի ստեղծ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման։
­Լու­տեր ­Ճորճ ­Սիմ­ճեան (Luther George Simjian) ծնած է 1905 թո­ւի ­Յու­նո­ւար 28ին, ­Կի­լի­կիոյ հա­յա­շատ Այն­թապ քա­ղա­քին մէջ։ 1915ին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած տա­րա­գիր հա­յե­րուն հետ՝ ­Սիմ­ճեանն­նե­րը եւս յայտ­նո­ւե­ցան ­Պէյ­րու­թի մէջ, ուր կարճ շրջան մը ապ­րե­լէ ետք, ­Լու­տեր ան­ցաւ ­Մար­սէյլ, Ֆ­րան­սա, ուր­կէ 1920ին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ։
15 տա­րե­կան հա­սա­կին հաս­տա­տո­ւե­լով Մ. ­Նա­հանգ­ներ՝ ­Քըն­նեք­թի­քըթ նա­հան­գի ­Նիւ ­Հէ­վըն քա­ղա­քին մէջ, պա­տա­նի ­Լու­տեր կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւե­ցաւ իբ­րեւ լու­սան­կա­րիչ։ ­Միա­ժա­մա­նակ բժշկու­թիւն ու­սա­նե­ցաւ Եէլ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ (Yale School of Medicine), մաս­նա­գի­տա­նա­լով իբ­րեւ լու­սան­կար­չա­կան տար­րա­լու­ծա­րա­նի գի­տաշ­խա­տող։ ­Տար­րա­լու­ծա­րա­նա­յին լու­սան­կա­րի­չի իր աշ­խա­տան­քի տա­րի­նե­րուն, նո­ւի­րո­ւե­ցաւ բժշկու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան:
1928ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ միեւ­նոյն հա­մալ­սա­րա­նի լու­սան­կար­չա­կան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն եւ ի­րա­գոր­ծեց լու­սան­կար­չա­կան սար­քե­րու կա­պո­ւած քա­նի մը գիւ­տեր, ինչ­պէս օ­րի­նակ նկար­նե­րու ման­րա­դի­տա­կի լու­սար­ձա­կը (projector):
1934 թո­ւա­կա­նին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Նիւ Եորք, որ ե­րի­տա­սարդ գիւ­տա­րար-հնա­րի­չին առ­ջեւ նոր հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ։ ­Լու­տե­րի ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր գիւ­տը ե­ղաւ սե­փա­կան դէմ­քի լու­սան­կար­ման մեծ սար­քը, որ շատ ա­րագ տա­րա­ծում գտաւ մեծ հան­րա­խա­նութ­նե­րու մէջ, նաեւ՝ ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց հայ գիւ­տա­րա­րին, որ­պէս­զի հիմ­նէ Photoreflex ըն­կե­րու­թիւ­նը, մեկ­նե­լով իր հնա­րած հա­մա­նուն գոր­ծի­քէն։ ­Յա­ջո­ղու­թիւ­նը այն­քա՜ն մեծ էր, որ ­Լու­տեր ­Սիմ­ճեան իր գիւ­տին հե­ղի­նա­կա­յին ի­րա­ւուն­քը եւ հա­մա­նուն ըն­կե­րու­թիւ­նը վա­ճա­ռեց։ ­Շու­տով հիմ­նեց նոր ըն­կե­րու­թիւն մը՝ Reflectone ա­նու­նով, որ­պէս­զի հրա­պա­րակ ի­ջեց­նէ միեւ­նոյն ա­նու­նը կրող նոր սարք մը՝ դար­ձող հա­յե­լի­նե­րով օժ­տո­ւած բազ­կա­թոռ մը, ո­րուն վրայ բազ­մո­ղը ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար իր սե­փա­կան մար­մի­նը դի­տե­լու բո­լոր ան­կիւն­նե­րէ։ 1939 թո­ւա­կա­նին ­Սիմ­ճեա­նի մօտ ա­ռա­ջա­ցաւ կան­խիկ դրամ տրա­մադ­րող ինք­նաշ­խատ սար­քի (Automated Teller Machine — ATM) ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րը: ­Թէեւ դրա­մա­տուն­նե­րը թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ ըն­դու­նե­ցին դրամ տրա­մադ­րող մե­քե­նեայ ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րը եւ հա­զիւ վեց ա­միս փոր­ձար­կե­ցին ­Սիմ­ճեա­նի գոր­ծի­քը, այ­սու­հան­դերձ՝ ան շա­րու­նա­կեց աշ­խա­տիլ իր գոր­ծի­քի կա­տա­րե­լա­գործ­ման վրայ։ ­Մին­չեւ 1960 ա­պա­հո­վեց 20 ար­տօ­նա­գիր­ներ` կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով Banmatic սար­քը եւ հիմք ստեղ­ծե­լով այ­սօ­րո­ւան թղթադ­րամ տրա­մադ­րող գոր­ծիք­նե­րուն հա­մար։ 1965ին ան հնա­րեց նաեւ միեւ­նոյն գոր­ծի­քի մե­տա­ղադ­րամ տրա­մադ­րող սար­քը։
­Լու­տեր ­Սիմ­ճեան ա­ռեւտ­րա­կան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, երբ գիւ­տը ը­րաւ ռազ­մա­կան թռիչք­նե­րու սի­միւ­լէյ­թը­րին՝ Optical Range Estimation Trainerին, որ կ­þօգ­տա­գոր­ծո­ւէր Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու ռազ­մա­կան օ­դա­չու­նե­րու մար­զում­նե­րուն ժա­մա­նակ՝ գնա­հա­տե­լու հա­մար օ­դա­նա­ւա­յին կազ­մած­նե­րու ա­րա­գու­թիւնն ու միջ-տա­րա­ծու­թիւ­նը: ­Սիմ­ճեա­նի հնա­րած գոր­ծի­քը բաղ­կա­ցած էր հա­յե­լիէ, լոյ­սի աղ­բիւ­րէ եւ փոքր սա­ւառ­նակ­նե­րէ։ ­Սիմ­ճեան իր հնա­րած գոր­ծի­քէն ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար օ­րի­նակ վա­ճա­ռեց եւ նիւ­թա­կան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ։
Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին հա­յազ­գի գիւ­տա­րա­րը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ֆ­լո­րի­տա՝ ­Ֆորթ ­Լօ­տըր­տէյլ (Fort Lauderdale), ուր հիմ­նեց իր սե­փա­կան մեծ տար­րա­լու­ծա­րա­նը եւ մին­չեւ 92 տա­րե­կա­նը աշ­խա­տե­ցաւ նոր գիւ­տե­րու հնար­ման վրայ։
Իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց 23 ­Հոկ­տեմ­բեր 1997ին։
­Լու­տեր ­Ճորճ ­Սիմ­ճեա­նի մա­սին ա­մե­րի­կեան «­Թայմ» թեր­թը 1934ին գրած է, երբ անդ­րա­դար­ձած է գու­նա­ւոր բժշկա­կան նկա­րող սար­քի մշակ­ման նիւ­թին.-
«­Շա­տե­րը զինք կը կո­չէին՝ «երկ­րորդ ­Թո­մաս Է­տի­սոն», որ ա­մե­րի­կեան նշա­նա­ւոր գիւ­տա­րար էր եւ ար­ժէ­քա­ւոր գիւ­տե­րու հե­ղի­նակ, ինչ­պէս ե­լեկտ­րա­կան լամ­բը, ձայ­նագ­րի­չը եւ այլ գոր­ծիք­ներ ստեղ­ծող­նե­րը: Ինչ կը վե­րա­բե­րի հա­յազ­գի ­Ճորճ ­Սիմ­ճեա­նին, ան հե­ղի­նակ է ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր ար­տօ­նա­գիր­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ սար­քե­րու, ո­րոնց­մէ այ­սօր ա­մե­նա­տա­րա­ծո­ւա­ծը՝ դրա­մա­բաշ­խիչ մե­քե­նան է (Automated Teller Machine — ATM) եւ հե­ռա­յու­շա­րա­րը, որ կը գոր­ծա­ծո­ւի յատ­կա­պէս հե­ռա­տե­սի­լի խօս­նակ­նե­րու եւ այլ մար­դոց հե­ռա­տե­սի­լա­յին ե­լոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին»: