Դարմանատուն Փակրաթիի մէջ՝ 1923-1924

­ՅՈՎՍԷՓ ­ՊԱՐԱԶԵԱՆ

«­­Հայ գաղ­թա­կան­նե­րը ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ 1922-1940» պատ­մա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ­­Նէա Զ­միռ­նիի ե­լեկտ­րո­նա­կան թան­գա­րա­նի սրա­հին մէջ, յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէջ ար­ժա­նա­հա­ւա­տօ­րէն փաս­տագ­րա­կան ան­ցա­գիր մը եւս կ­‘ա­ւելց­նէ՝ հա­մայն­քա­յին մեր պատ­մու­թեան ժա­մա­նա­կագ­րա­կան կար­գի, պատ­մա­կան հանգ­րո­ւա­նա­յին հո­լո­վոյ­թի, այ­լեւ ա­նուն ու ազ­գա­նուն ու­նե­ցող հա­յե­րու, ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու եւ ա­ռօ­րեայ բնոյթ կրող ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու բազ­ման­պա­տա­կա­յին գո­յու­թեան ու ապ­րե­լա­կեր­պին շուրջ:
­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր հե­տա­գայ գաղ­թա­կա­նա­կան զար­գա­ցում­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած են յու­նա­հայ գա­ղու­թի ճնշո­ւած ու ան­բա­րե­յոյս կեան­քի մը դի­մագ­րաւ­ման հե­տե­ւանք­նե­րով, որ բռնազ­բօ­սի­կօ­րէն դա­սա­ւո­րեց աք­սո­րեալ ու տա­րա­գիր խլեակ­նե­րը՝ ի­րենց նոր ու ճամ­բա­բա­ժան հայ­րե­նի­քի դրա­կան ու բա­ցա­սա­կան ի­րա­կա­նու­թեան նիս­տու­կա­ցին հա­մա­կեր­պե­լու հար­կադ­րան­քով:
­­Բայց այս նոր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ալ հա­յե­րը սի­րե­ցին յոյ­սը, ա­պա­ւի­նե­ցան յոյ­սին ու յոյ­սի բնա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով սկսան հա­մա­կեր­պիլ ի­րենց ապ­րած նոր նստա­վայ­րնե­րու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն:
­­Պատ­մա­կան ինք­նու­րոյն լու­սան­կար­նե­րու այս ո­դի­սա­կա­նին է, որ ձօ­նո­ւած է Ա­թէն­քի մօ­տա­կայ ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն հա­յա­սէր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մը՝ ­Նէա Զ­միռ­նիի մշա­կու­թա­յին հիմ­նար­կի եւ յու­նա­լե­զու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կազ­մի հա­զո­ւա­գիւտ լու­սան­կար­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­յի 18 տա­րո­ւան կեան­քին վրայ եր­կա­րող ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ լու­սան­կար­նե­րու ար­տա­ցոլ­ման ընդ­մէ­ջէն կը պատ­կե­րաց­նէ ծա­նօթ ու ան­ծա­նօթ հա­յե­րու կեն­ցա­ղը, կեան­քի պատ­կեր­նե­րը, ա­ռօ­րեայ ըն­կե­րա­յին պատ­շա­ճե­ցում­ներն ու սերն­դա­փո­խու­թեանց մտա­ւոր ու հո­գե­ւոր յե­ղա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:
1922ին գաղ­թա­կան հա­յու­թեան հա­մար ող­բեր­գա­կան նոր նա­խա­բան մը գրո­ւե­ցաւ, սե­րունդ­նե­րու վրայ ազ­դող հա­մա­պա­տաս­խան հո­գե­բա­նա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով, ան­նա­խա­տե­սե­լի ա­պա­գա­յով եւ նոր կեան­քի մը յա­րա­բե­րա­կան ան­ծա­նօթ հան­գոյց­նե­րով:
­­Ցու­ցա­հան­դէ­սին ա­ռի­թով հրա­տա­րա­կո­ւած յու­նա­լե­զու նկա­րա­զարդ փոք­րիկ պրա­կին մէջ լոյս տե­սած պատ­մա­կան ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, 1922ին ­­Յու­նաս­տան ի­ր ­շուն­չը ա­ռած գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը տա­րա­գիր ու փախս­տա­կան վի­ճա­կի մէջ կը ժա­մա­նէր ­­Փոք­րա­սիա­կան ա­փե­րու ­­Կի­լի­կիոյ ու ­­Նի­քո­մի­տիոյ շրջան­նե­րէն, եւ ա­պաս­տան կը գտնէր իր կեան­քի նոր բնա­կա­վայ­րնե­րը՝ ­­Փի­րէա­յի նա­ւա­հան­գիս­տի շրջա­կայ­քը կազ­մող գաղ­թա­կա­նա­կան թա­ղա­մա­սե­րը՝ ­­Լի­փազ­մա, ­­Գո­քի­նիա, թրքա­մերձ ­­Սա­մոս, ­­Խիոս, ­­Մի­թի­լի­նի, ­­Քոր­ֆու եւ ­­Սի­րոս կղզի­նե­րը, ա­պա ­­Լաւ­րիօ, ­­Վո­լօ եւ ­­Պե­ղո­բո­նէ­զի հա­րա­ւա­յին քա­ղաք­նե­րէն ­­Գա­լա­մա­թա, ա­պա ­­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ քա­ղաք­նե­րը եւ շրջա­կայ­քը:
­­Գաղ­թա­կա­նա­կան ա­լի­քը հա­զիւ հան­դար­տած, իբ­րեւ յու­նա­հա­յու­թիւն՝ կազ­մո­ւող ու կազ­մա­ւո­րո­ւող հա­մայն­քը սկսաւ կազ­մա­կեր­պել իր վար­չա­կան մե­քե­նան, ե­կե­ղե­ցին, դպրո­ցը, ա­կում­բը, թեր­թը եւ յա­րա­կից այլ կա­ռու­ցա­յին գոր­ծօն­ներ, ժա­մա­նա­կա­ւոր եւ ո­մանց հա­մար ալ մնա­յուն նոր հայ­րե­նիք մը ստեղ­ծե­լու ա­նո­րո­շու­թեան մէջ տա­տա­նող ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րով թէ՛ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով:
­­Նոր վայ­րե­րը նոր մար­դիկ կը ստեղ­ծեն ընդ­հան­րա­պէս եւ ըն­կե­րա­յին այս նոր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­սուն­ցող նոր մար­դի­կը՝ հա­մա­կեր­պե­լով ի­րենց նոր ի­րա­կա­նու­թեան, փոր­ձե­ցին քայլ պա­հել նոր մտայ­նու­թիւն­նե­րու, նոր գա­ղա­փար­նե­րու եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու հետ, ազ­դո­ւե­լով ու ազ­դել տա­լով ի­րենց ապ­րած կեան­քի մի­ջա­վայրն ու ի­րենց ե­րազ­նե­րը ձե­ւա­ւո­րող ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը:
­­Գաղ­թա­կան մար­դի­կը՝ գաղ­թա­կան­նե­րով յոր­դող մի­ջա­վայ­րի մը մէջ (մէկ մի­լիոն յոյն, հա­րիւր հա­զար հա­յեր) ի­տէա­լա­կան հայ­րե­նիք մը ժա­մա­նած չէին, ոչ ալ ի­տէա­լա­կան հայ­րե­նիք կը հա­մա­րո­ւէր այդ օ­րե­րուն ­­Լե­նին-Ս­թա­լի­նեան ­­Խորհր­դա­յին ­­Հա­յաս­տա­նը: Ո՞ւր պի­տի փնտռէին ի­րենց նոր հայ­րե­նի­քը: ­­Հոն՝ տի­րա­պե­տող դար­ձաւ յու­նա­կան դա­սա­կան բա­ցատ­րա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը, որ կ­‘ը­սէր.- «Ո՛ւր որ կո­խած հողդ է, հոն է քու հայ­րե­նիքդ»:
Ա­հա դժո­ւար ճա­նա­պարհ ան­ցած մար­դոց ճա­կա­տագ­րի մէկ օ­րի­նա­կը:
­­Հո­ղը, հայ­րե­նի­քը, գա­ղա­փար կը սնու­ցա­նէ, կը կազ­մա­ւո­րէ:
Այդ օ­րե­րուն, թե­րեւս մար­դիկ յա­ջո­ղած չէին պատ­կե­րաց­նե­լու, թէ ինչ­պէ՞ս կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի նոր հայ­րե­նիք մը, կամ ի­տէալ հայ­րե­նի­քի մը լու­ծու­մը ինչ­պէ՞ս կ­‘ըլ­լայ: Ինչ­պէ՞ս մէ­կը միւ­սին դէմ յան­դի­ման կու­գայ:
Ա­նոնք նոր ճամ­բա­ներ կ­‘ու­զէին բա­նալ, բայց ա­նոնց տե­սա­բա­նա­կան գնա­հա­տու­մը հա­սուն­ցած չէր ի­րենց նե­րաշ­խար­հի լայ­նա­միտ ծա­ւալ­նե­րուն մէջ:
1922էն 1940, զոր կ­‘ընդգր­կէ լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ ­­Յու­նաս­տա­նը կը յոր­դէր հայ­կա­կան թէ յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան ան­ցու­դարձ­նե­րով, ո­րոնք ի­րենց խո­րունկ դրոշ­մը դրին երկ­րի պատ­մու­թեան վրայ: Ա­նոնց­մէ ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կա­նը պէտք է հա­մա­րել յու­նա­կան բա­նա­կի ­Փոք­րա­սիա­կան ար­շա­ւան­քը, ­­Մուս­թա­ֆա ­­Քե­մա­լի զօր­քե­րէն պար­տու­թիւ­նը, բա­նա­կի մեծ կո­րուստ­նե­րով ­­Յու­նաս­տան վե­րա­դար­ձը եւ այդ ար­շա­ւան­քի պար­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու դա­տա­վա­րու­թիւնն ու մա­հավ­ճի­ռի ո­րո­շու­մը: ­­Ներ­քին պա­ռակ­տու­մը ծայր ա­ռած էր ար­դէն:
Այս­պի­սի լա­րո­ւած մթնո­լոր­տի մը մէջ էր, որ գաղ­թա­կա­նա­կան հե­ղեղ մը կը խու­ժէր ար­դէն վի­րա­ւոր ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ, իր տե­սա­նե­լի եւ ան­տե­սա­նե­լի ե­րես­նե­րով:
­­Հա­կա­ռակ տի­րող ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն՝ հա­մայն­քի վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը յա­ջո­ղէին Ա­թէն­քի եւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ կազ­մել ­Հել­լէն եւ ­­Հայ­կա­կան ­­Լի­կա մը (­­Հել­լէ­նա­հայ ­­Լի­կա), ո­րու նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ստանձ­նեց ա­կա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը՝ հնա­գէտ ­­Ֆի­լա­տել­ֆեւս, իսկ քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը՝ նա­խա­րա­րա­կան պաշ­տօն­ներ ստանձ­նած ­­Ֆի­լի­փոս Տ­րա­ղու­միս եւ ի­րա­ւա­բան, մեծ հա­յա­սէր ­­Տի­միթ­րիոս ­­Տա­մաս­քի­նոս, իսկ հա­յե­րու կող­մէ զօ­րա­վար ­­Թոր­գոմ (Ար­շա­կեան) եւ մտա­ւո­րա­կան-ու­սու­ցիչ-գրող ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան, որ Ե­գիպ­տո­սէն գոր­ծի­չա­յին ա­ռա­քե­լու­թեամբ ժա­մա­նած էր Ա­թէնք:
Այդ շրջա­նին բա­ցո­ւե­ցան հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ (Ա­թէնք, ­­Տուր­ղու­թի-­Ֆիքս, ­­Գո­քի­նիա, ­­Լի­փազ­մա, ­­Սինկ­րու, ­­Փե­րիս­թե­րի, ­­Վե­րին ու ­­Վա­րին Ա­մա­րուս, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէ, ­­Գա­վա­լա, Ք­սան­թի, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս, Տ­րա­մա, ­­Սե­րէս, ­­Խիոս, Կ­րե­տէ, ­­Փաթ­րաս, ­­Գա­լա­մա­թա, ­­Լա­րի­սա, ­­Վո­լօ), ոչ միայն Ա­թէն­քի, ­­Հիւ­սի­սա­յին ­­Յու­նաս­տա­նի, այ­լեւ կղզի­նե­րու մէջ, ինչ­պէս ­­Մի­թի­լի­նի, ուր ու­սուց­չու­հի ­­Տիգ­րա­նու­հի Ս­տե­փա­նեան բա­ցաւ վար­ժա­րան մը, ­­Նի­քո­մի­տիա­յէն հոն ա­պաս­տա­նած 500 ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բե­լու հա­մար: Ու­սուց­չու­հին մա­հա­ցաւ 1959ին:
1936ին վար­չա­պետ Իոան­նիս ­­Մե­թաք­սա­սի հաս­տա­տած բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գը, իսկ 1940-1944 Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ող­բեր­գա­կան տա­րի­նե­րը ու նա­ցիա­կան գրա­ւու­մը, ուր սո­վի հե­տե­ւան­քով տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ մա­հա­ցան երկ­րէն ներս, ո­րոնց կար­գին նաեւ հա­յե­րը վեր­ցու­ցին սո­վի ու մա­հո­ւան ի­րենց տխուր բա­ժի­նը:
­­Չենք ու­զեր տա­րա­ծո­ւիլ Աշ­խար­հա­մար­տի յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րու պատ­մա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ, պարզ այն պատ­ճա­ռով, որ ներ­կայ գրու­թիւ­նը կ­‘ու­զենք պա­հել կազ­մա­կեր­պո­ւած լու­սա­նա­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի պատ­մա­ժա­մա­նա­կագ­րա­կան թո­ւա­կան­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ:
­­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը, ինք­նաբ­նո­րո­շող պատ­մու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն կը սկսի 1920-1922էն յե­տոյ, թէեւ ան­կէ ա­ռաջ ալ, 1890ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն ի վեր մին­չեւ 1900 թո­ւա­կան­նե­րը Ա­թէն­քի, ­­Փի­րէա­յի ու ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հա­յեր բնա­կած են, նոյ­նիսկ ­­Պոլ­սոյ 1896ի կո­տո­րած­նե­րէն ետք: Ա­րիւ­նար­բու ­­Սուլ­թան ­­Հա­մի­տի ջար­դե­րէն ետք ­­Փի­րէա­յի նա­ւա­հան­գիս­տը հան­դի­սա­ցած էր հա­յե­րու աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն ա­մե­նա­մեր­ձա­ւոր ա­պաս­տան­նե­րէն մէ­կը:
Այդ տա­րի­նե­րուն, ի մաս­նա­ւո­րի ­­Պոլ­սոյ դէպ­քե­րէն ետք, Ա­թէն­քի մէջ՝ «­­Միու­թիւն» ա­նո­ւամբ տպա­րա­նին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած է «Հն­չակ» ա­նու­նով պար­բե­րա­թեր­թը, իսկ մտա­ւո­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն ե­ղած են ­­Նա­զար­բէ­կեա­նը, Ե­րո­ւանդ Օ­տեա­նը, բա­նաս­տեղծ ­­Տիգ­րան Եր­կա­թը, ո­րու մա­հո­ւան ա­ռի­թով յոյն ա­նո­ւա­նի բա­նաս­տեղծ ­­Գոս­թիս ­­Փա­լա­մաս քեր­թո­ւած մը ձօ­նած է:
Այս թո­ւա­կան­նե­րուն գե­րա­կա­տա­րօ­րէն նշե­լի է նաեւ 1921ին ­­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին դես­պան ­­Տիգ­րան ­­Չա­յեա­նի ստանձ­նած պաշ­տօ­նը, ­­Հա­յաս­տա­նի տա­րա­գիր կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով: ­­Չա­յեան մա­հա­ցաւ ­­Փա­րիզ 1952ին, 70 տա­րե­կան հա­սա­կին:
­­Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սա­րա­նը շա­րու­նա­կեց բաց մնալ Ա­թէն­քի մէջ մին­չեւ 1925, ­­Յա­րու­թիւն ­­Գը­լը­ճեա­նի գոր­ծա­կա­տա­րու­թեամբ ու հիւ­պա­տո­սա­կան հան­գա­ման­քով:
­­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի դա­րա­դար­ձա­յին պատ­մու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի. ա­նոր հա­շո­ւե­յար­դա­րի ժա­մը հա­սած չէ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ ա­նոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան բե­ռը դեռ շատ ծանր կը կշռէ:
Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պղտոր ժա­մա­նակ­նե­րու բնո­րո­շում­նե­րը վտան­գա­ւոր կը դառ­նան, երբ բաղ­դա­տա­կան եզ­րե­րու փոր­ձու­թեան կը մատ­նո­ւին:
­­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը մաս­սա­յա­կա­նօ­րէն ան­կազ­մա­կերպ ու ան­ղե­կա­վար ցի­րու­ցան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը ե­ղած չէ եր­բեք, եւ չէ՛, մին­չեւ այ­սօր: Ազ­գա­յին դի­մագ­րա­ւե­լի հար­ցե­րը ըն­կա­լո­ւած են միշտ ի­րա­պաշտ ու բա­րո­յա­կան պրիս­մա­կի մը հա­մե­մա­տու­թեան գնա­հա­տու­մով, քա­նի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը կի­րար­կո­ւած են հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան ու միար­ժէ­քօ­րէն ժո­ղովր­դա­վար ար­ժէք­նե­րու չա­փա­նիշ­նե­րով:
Այս կը պա­հան­ջէ ար­դէն իր սկզբունք­նե­րու քա­ղա­քա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան ար­ժե­չա­փին բաղ­դա­տա­կա­նը:
Այս մտա­ծում­նե­րը կը ցո­լա­նան լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի նիւ­թե­րու եւ ցու­ցան­մոյշ­նե­րու բո­վան­դա­կու­թեան ընդ­մէ­ջէն:
Այ­ցե­լէ­ցէ՛ք. յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան հա­մար՝ յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի ու տա­րի­նե­րու ճիգ պա­հան­ջող հսկա­յա­կան գործ մըն է:
­­Լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը ժա­մա­նա­կագ­րա­կա­նօ­րէն մեզ հե­ռու կը տա­նի, ա­ւե­լի մօտ բե­րե­լու հա­մար: ­­Մար­դիկ ո­րո­շա­կիօ­րէն կը հե­ռա­նան այս կեան­քէն, բայց ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը կը մնայ: Չ­չա­րա­շա­հենք պատ­մու­թիւ­նը:
­­Ցու­ցա­հան­դէ­սով՝ աշ­խար­հը փոք­րա­ցաւ. ան­կախ բո­լո­րէն՝ հի­նը ար­դէն մեր առ­ջեւն է, հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու ի­րա­պաշտ զու­գա­դի­պու­թեամբ ու զգայ­նու­թեամբ:
­­Մեր քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը կրնայ հպարտ զգալ ե­րազ­նե­րու ու յու­շի ի­րա­ւուն­քի այս գոր­ծով, բաւ է որ մեր մէջ չցամ­քի ազ­գա­յին ինք­նաբ­նո­րոշ­ման հա­ւատ­քին վստա­հու­թիւ­նը:
­­Ցու­ցա­հան­դէ­սը պատ­մու­թեան ծանր բեռ մը ու­նի իր ու­սե­րուն վրայ: