«Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան «Բագին» գրական պարբերաթերթի 2019ի 3 եւ 4 թիւերը վերջերս լոյս տեսան խտացեալ բացառիկ թիւով մը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է սփիւռքահայ բանաստեղծութեան ծանօթ դէմքերէն՝ Վեհանոյշ Թեքեանին։ 136 էջերու վրայ երկարող աշխատասիրութիւններով, վերլուծումներով եւ գրական անդրադարձներով լուսարձակի տակ կ՚առնուի Վեհանոյշ Թեքեանի 50ամեայ գրական վաստակը եւ անոր ներդրումը սփիւռքահայ գրականութեան անդաստանէն ներս։
«Բագինի» ներկայ թիւին մէջ կը ներկայացուին Վեհանոյշ Թեքեանի գործերու նմուշներ, բանաստեղծուհիին ինքնակենսագրականը եւ ճոխ նկարներ։
Ստորեւ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք բացառիկ թիւի խմբագրականը։
«Բագին գրական պարբերաթերթին բաժանորդագրութիւնը կարելի է ապահովել հետեւեալ յղումով՝ https://www.hamazkayin.com/subscribe-to-pakin/
Խմբագրական
Վեհանոյշ Թեքեան երեւոյթը
Հայ գրականութեան «Տոհմածառ»ին վրայ փայլող աստղ մըն է Վեհանոյշ Թեքեանի անունը, որ իր ստեղծագործութիւններով կը պատկերէ խօսող հոգեվիճակներու «Բազմածուփ աշխարհ»ի մը մանրանկարը։ Հոն տողերը սաղմոսներով հիւսուած «ուռկան»ներ են մեզ ներքաշող մինչեւ «Կիզակէտ»ը բանին, մինչեւ ճշմարտութիւնը եսին։ Հոն տողերը վահան են ամրացնող, նուաճելու՝ լեզու, սփիւռք եւ հայրենիք։ Թեքեանի անունը ինքնին եղաւ «Նշանագիր» մը, յիսուն տարուան վրայ երկարող շարժումի մը, բանաստեղծութենէն արձակ, արձակէն՝ բանաստեղծութիւն։ Եղաւ գեղեցիկ այգաբաց մը գրականութեան, որ վաթսունականներու վերջաւորութեան եկաւ նորոգելու հին լեզուին պատկերներն ու բառերը, փունջ մը միջերկրականեան արեւով, ափ մը պէյրութեան լաւատեսութեամբ, ապագայի երազով բաբախող սփիւռքեան սիրտով ու բառերու բոյրերուն հանդէպ անսահման սիրով։ «Քսանամեայ ապրիլը աչքերուն» եւ ողջակիզուած հայուհիներու կանչը ականջներուն, կրցաւ ետեւ ձգել՝ ջարդ, պատերազմ, որբութիւն եւ տուներու երգ։ Իրմով բացուողը աթոմական դարն էր, խրոխտ ինքնավտահութեամբ մը՝ անպարոյկ եւ պարզ պատասխաններով։
Իր մէկ աչքը հայրենիքին սեւեռելով հանդերձ, Սփիւռքի վաւերականութիւնը հաստատող անկեղծ ու խրոխտ հոգին եղաւ Վեհանոյշ Թեքեանը, արեւմտահայերէնի իրաւութիւնն ու կենդանութիւնը ամրագրող գրիչը։ Ան լեզուին տուաւ ինչ որ ունէր իր մէջ՝ սէր, աղօթք, մայրութիւն, կարօտ, ոգի ու վստահութիւն, որոնց շնորհիւ լեզուն շնչեց ու շրջագայեցաւ իր ընթերցողներուն մէջ ու դարձաւ «յիշողութիւնը ուժին», դարձաւ հայրենիք եւ գիտակցութիւն։
Ահաւասիկ ինչո՛ւ այսօր կանգնած ենք Վեհանոյշ Թեքեան երեւոյթին
առջեւ։
Ահաւասիկ ինչո՛ւ «Բագին»ի այս բացառիկ թիւը կը նուիրենք գրողին յիսնամեայ վաստակին։