Վերջին օրերուն, հրապարակի վրայ է «Արմենիքա» յունալեզու պարբերաթերթի նոր թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Արցախին։
Թուրք-ազերիական բանակի եւ իրենց վարձկաններու շղթայազերծած յարձակումի լոյսին տակ, պարբերաթերթը կը ներկայացնէ 44-օրեայ պատերազմի եւ անոր յաջորդած ամօթալի հրադադարի մասին քաղաքական եւ ռազմական վերլուծութիւններ, ինչպէս նաեւ Արցախի իրաւական հարցի ծալքերը։
Յատուկ անդրադարձ եղած է Արցախի նորագոյն պատմութեան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ կիրարկուած ցեղասպանական քաղաքականութեան՝ ընդդէմ հայ ժողովուրդին։
Ներկայ ծաւալուն թիւը ճոխացած է Արցախի պատմական, աշխարհագրական, մշակութային, ազգագրական, հոգեւոր եւ ընկերային նիւթերու ներկայացումով, որոնք յատկապէս յոյն ընթերցողներուն առջեւ կը բանան հայ ժողովուրդի դարաւոր ժառանգութեան կարեւոր մէկ բաժինը, որ զարգացաւ Արցախի մէջ եւ մաս կը կազմէ հայ ազգի պատմական երթին՝ հայկական լեռնաշխարհին վրայ։ Նաեւ, նշում կ՚ըլլայ Մեհմանա գիւղի մասին, ուր 19-րդ դարէն հոն կ՚ապրին պոնտացի յոյներ։
Բոլոր յօդուածները զարդարուած են ճոխ եւ գունագեղ նկարներով, որոնք ցոյց կու տան Արցախի պատմամշակութային գանձերու անսպառ հարստութիւնը։
«Արմենիքա»ի նոր թիւը ստանալու համար կարելի է դիմել պարբերաթերթի խմբագրութեան եւ «Ազատ Օր»ին։