Յունիսի մէջ լոյս տեսաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի Մարտ-Յունիս թիւը, որ հրատարակութեան շարքի 100րդ թիւն է։
Այս առթիւ, պարբերաթերթի խմբագրականին մէջ կը նշուի.- «Հարիւր թիւը խորհրդանշական է, սակայն այն իր իմաստը ունի։
Պարբերաթերթի խմբագրութեանս համար, ինչպէս նաեւ՝ նախորդ կազմերուն, պարբերաթերթի հին եւ նոր գործակիցներուն համար կարեւոր եղելութիւն մըն է։ Անիկա, քսան շարունանական տարիներու հաւաքական աշխատանքի գագաթնակէտն է։ Այս աշխատանքը կանգ պիտի չառնէ, նոյնիսկ դժուար պայմաններու տակ»։
«Արմենիքա» պարբերաթերթի 100րդ թիւը հարուստ բովանդակութիւն ունի՝ քաղաքական, ազգային եւ պատմական, տնտեսական, մշակութային, ազգագրական եւ ընկերային նիւթերու, յօդուածներու եւ վերլուծումներու ներկայացումով։
Նաեւ, տեղ գտած են յոյն անձնաւորութիւններու կողմէ զանազան գնահատականներ եւ խօսքեր՝ պարբերաթերթի 100րդ թիւի հրատարակութեան առիթով։
Լոյս տեսաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի 100րդ թիւը
Լոյս տեսաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի 100րդ թիւը