­Լոյս տե­սաւ «Ա­զատ Օր»-ի բա­ցա­ռի­կը՝
նո­ւի­րո­ւած ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի 100-ա­մեա­կին

Հ­րա­պա­րա­կի վրայ է «Ա­զատ Օր»-ի կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւած բա­ցա­ռի­կը՝ ­Փոքր Ա­սիոյ եւ Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տի 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով։ ­Սոյն հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ճո­խա­ցած է մեր աշ­խա­տա­կից­նե­րու գրու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ պատ­մա­կան եւ նկա­րագ­րա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով ու վկա­յու­թիւն­նե­րով։ ­Բա­ցա­ռիկ թի­ւը ցրո­ւիչ­նե­րուն կող­մէ ար­դէն կը բաժ­նո­ւի մեր բա­ժա­նորդ­նե­րուն, իսկ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին ստա­նալ օ­րի­նակ մը կրնան դի­մել թեր­թին՝ հե­ռա­ձայ­նե­լով կամ այ­ցե­լե­լով խմբագ­րա­տու­նը։ Այս ա­ռի­թով կը հրա­տա­րա­կենք բա­ցա­ռիկ թի­ւի խմբագ­րա­կա­նը։

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

­Ներ­կայ հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռի­թով

­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի 100-ա­մեա­կի տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս կազ­մա­կեր­պո­ւած թիւ մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կար­գին, «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թը եւս կու գայ ներ­կայ հրա­տա­րա­կու­թեամբ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու ­­Մեծ Ա­ղէ­տի նշու­մին, ներ­կա­յաց­նե­լով պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու շարք մը, ինչ­պէս նաեւ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու թեր­թիս աշ­խա­տա­կից­նե­րու մտո­րում­նե­րը եւ հաս­տա­տում­նե­րը, ո­րոնք կապ ու­նին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­զա­րա­մեայ քա­ղա­քակր­թու­թեան մը ի սպառ ան­հե­տա­ցու­մին հետ եւ առն­չո­ւած են յատ­կա­պէս ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ գաղ­թա­կա­նու­թեան ժա­մա­նու­մին ու գա­ղու­թա­հայ կեան­քի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու փո­թո­րիկ­նե­րուն հետ։
­­Մեր թեր­թը չէր կրնար ան­մասն մնալ այս նշում­նե­րէն, ո­րով­հե­տեւ մա­մուլն էր, որ ա­ռա­ջին ար­ձա­գան­գեց գաղ­թա­կա­նու­թեան ծով կա­րիք­նե­րուն, տա­լով վա­ւե­րա­կան պատ­կե­րը իւ­րա­քան­չիւր գաղ­թա­կա­յա­նի, պատս­պա­րեալ­նե­րու հո­գե­րը լրաց­նե­լու հա­մար օ­րո­ւան ազ­գա­յին եւ խնա­մա­տա­րա­կան մար­մին­նե­րու դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, ժո­ղո­վուր­դի ապ­րուս­տի ան­գոյ պայ­ման­նե­րուն, որ­բե­րու վի­ճա­կին, հա­յե­ցի կրթու­թիւն ջամ­բե­լու ճի­գե­րուն եւ տա­կա­ւին մեծ ու փոքր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ո­րոնք յատ­կան­շե­ցին թշո­ւա­ռու­թեան տա­րի­նե­րը ամ­բողջ ­­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին։
Այս բո­լո­րին հա­յե­լին կը հան­դի­սա­նայ «ՆՈՐ ՕՐ» օ­րա­թեր­թը, որ լոյս սկսաւ տես­նել 1923-ի ­­Մար­տին, (յա­ջորդ տա­րի կը նշո­ւի հրա­տա­րա­կու­թեան 100-ա­մեա­կը), եւ ա­ռա­ջին պա­հէն իսկ դար­ձաւ հա­րա­զատ ձայ­նը հայ գաղ­թա­կան զան­գո­ւած­նե­րուն, ո­րու է­ջե­րուն մէջ իւ­րա­քան­չիւր հայ փնտռեց իր կոր­սո­ւած հա­րա­զա­տը, այ­լեւ սկսաւ գի­տակ­ցիլ վրան­նե­րու տակ ապ­րած ող­բեր­գա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձեալ հա­ւա­քա­կան ստեղ­ծա­գործ կեան­քի վե­րա­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։
­­Ներ­կայ բա­ցա­ռիկ թի­ւի մեծ բա­ժի­նը կը յատ­կաց­նենք «­­Նոր Օր»-ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ թղթակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կեն­դա­նի լե­զո­ւով ու նկա­րագրա­կան պեր­ճա­խօ­սու­թեամբ կու տան այդ օ­րե­րու մթնո­լորտն ու գաղ­թա­հա­յու­թեան ցա­ւի զգա­ցու­մը։ Զ­միւռ­նիոյ եւ մեր­ձա­կայ շրջան­նե­րու կեանքն ու ստեղ­ծած նա­խան­ձե­լի կեն­ցա­ղը մէկ առ մէկ կը տո­ղան­ցեն այս է­ջե­րէն, տա­լով կոր­սո­ւած քա­ղա­քակր­թու­թեան մը հա­րա­զատ պատ­կե­րը եւ մեր նախ­նի­նե­րու ստեղ­ծած յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը։ Այս աշ­խար­հը մեր առ­ջեւ կը բա­նայ 1961-ին ­­Նիւ Եոր­քի մէջ՝ Զ­միւռ­նա­հայ միու­թեան կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւած «­­Մեր Զ­միւռ­նիան» յու­շա­մա­տեա­նը, ո­րու է­ջե­րը թան­կա­գին աղ­բիւր մը կը հան­դի­սա­նան ­­Մեծ ­­Քա­ղա­քի կեան­քին մա­սին։
­­Բա­ցա­ռիկ հե­տաքր­քու­թեամբ կը կար­դա­ցո­ւի Աս­պետ ­­Ման­ճի­կեա­նի ընդգր­կուն գրու­թիւ­նը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ փոք­րա­սիա­կան յու­նա­կան ար­շա­ւան­քի պատ­մա­կա­նը, ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու յաղ­թա­նակ­ներն ու յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, այ­լեւ ­­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը, քե­մա­լա­կան ու­ժե­րու եւ խորհր­դա­յին­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, յու­նա­կան բա­նա­կին մէջ յու­սալ­քու­թեան եւ կարգ մը բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու ան­հե­ռա­տե­սու­թեան ու ան­կա­րո­ղու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք աս­տի­ճա­նա­բար յան­գե­ցան թուրք բա­նա­կի հա­կա­դարձ­ման, Զ­միւռ­նիոյ գրա­ւու­մին ու հրկիզ­ման եւ բա­նա­կի ու ժո­ղո­վուր­դի ան­փա­ռու­նակ դուրս շպրտման իր պատ­մա­կան հո­ղե­րէն։
­­Նոյ­նիսկ ե­թէ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը քիչ թէ շատ ծա­նօթ կը թո­ւին ըլ­լալ ըն­թեր­ցող­նե­րուն, կ­­՚ար­ժէ ան­գամ մը եւս ծռիլ հե­ղի­նա­կի է­ջե­րուն վրայ ու ամ­բող­ջու­թեամբ ի­րա­զեկ դառ­նալ այն պատ­մա­կան օ­րե­րուն, ո­րոնք Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ող­բեր­գու­թեան ա­հա­ւոր պա­հե­րը դար­ձան։
Ա­ռա­ւել, մեր աշ­խա­տա­կից­նե­րու մտա­ծում­նե­րը, խո­կու­մի եւ ինք­նամ­փոփ­ման պա­հեր ստեղ­ծե­լու պատ­ճառ­նե­րէն ան­դին, պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու վե­րագ­նա­հատ­ման եւ մեր ա­պա­գայ կեան­քը ա­ղէտ­նե­րէն յե­տոյ (մա­նա­ւանդ՝ Ար­ցա­խի ու ­­Հա­յաս­տա­նի վրայ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­կայ յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թեան տակ) վե­րար­ժե­ւո­րե­լու փոր­ձեր են, ո­րոնք կը յանձ­նենք ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան։
­­Թեր­թիս բա­ցա­ռիկ թի­ւին մէջ լոյս կը տես­նէ լու­սան­կար­նե­րու ճոխ հա­ւա­քա­ծոյ մը, փոր­ձե­լով ու­րո­ւագ­ծել ա­ւե­լի քան 100 տա­րի ա­ռաջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած ստեղ­ծա­գործ քա­ղա­քակր­թու­թեան մը պատ­կե­րը, ո­րու հո­գե­կան եւ յու­զա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը ան­մառ կը մնայ մար­դոց մէջ։
­­Հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ­պէս պատ­մա­կան մեծ ող­բեր­գու­թիւն­ներ ապ­րած եւ իր օր­րան­նե­րէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած ազ­գու­թիւն, պար­տի ան­ցեա­լի յու­զա­կան աշ­խար­հին վրայ գուր­գու­րալ սրբա­զան մա­սուն­քի մը պէս, զայն վե­րա­ծե­լով պայ­քա­րի ազ­դան­շա­նի, դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար նո­րա­նոր ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը՝ ձգտե­լով իր պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու պատ­մակ­շիռ մեծ ա­ռի­թին։