«­Բո­լո­րին շրթնե­րէն կ­՚ար­տա­սա­նո­ւէր մէկ ա­նուն.-
­Տի­կին ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան»

Ա­թե­նա­հա­յու­թիւ­նը, ե­րէկ, ­Կի­րա­կի, 10 ­Յու­նիս 1962, ապ­րե­ցաւ իր պատ­մա­կան եւ ան­մո­ռա­նա­լի օ­րե­րէն մէ­կը։ ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան վար­ժա­րա­նի շի­նու­թեան ա­ւարտ­ման առ­թիւ կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը, որ ո­ղո­ղեց նո­րա­շէն վար­ժա­րա­նի ե­ռա­յարկ շէն­քը եւ բա­ցօ­թեայ բա­կը։
Ե­կած էին Ա­թէն­քէն, ­Փի­րէա­յէն եւ բո­լոր թա­ղա­մա­սե­րէն՝ տես­նե­լու լոյ­սի նո­րա­շէն վա­ռա­րա­նը, որ իր պար­թեւ հա­սա­կը ցցած էր օ­դա­սուն բար­ձուն­քի մը վրայ, հպար­տան­քով ու­ռեց­նե­լով բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կուրծ­քե­րը։ ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան վար­ժա­րա­նը կա­ռու­ցո­ւած է ե­րեք յար­կի վրայ։ ­Գետ­նա­յար­կին մէջ պար­փա­կո­ւած են ա­շա­կեր­տա­կան ըն­դար­ձակ ճա­շաս­րա­հը, իր բո­լոր ար­դիա­կան յար­մա­րու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէն նաեւ տու­շե­րու բա­ժին­նե­րը։ ­Ճա­շաս­րա­հը կրնայ բա­ւա­րա­րել 80-100 ա­շա­կերտ­նե­րու։ ­Ճա­շաս­րա­հի կող­քին՝ խո­հա­նո­ցի բա­ժին­նե­րը եւ լո­ւա­ցա­րան­նե­րը՝ ի­րենց աղ­բիւ­րի ծո­րակ­նե­րով եւ ե­լեկտ­րա­կան բո­լոր սար­քա­ւո­րում­նե­րով։ Երկ­րորդ եւ եր­րորդ յար­կե­րը յատ­կա­ցո­ւած են վեց լայ­նա­նիստ դա­սա­րան­նե­րու, օ­դա­ւէտ եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան բո­լոր պայ­ման­նե­րով օժ­տո­ւած։ Ա­սոնց­մէ զատ կան նաեւ տես­չա­րա­նը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու յա­տուկ գրա­սե­նեա­կը։ Ու նաեւ այս բո­լո­րին վրայ, դա­լար տա­նի­քը, ուր­կէ կա­րե­լի է տես­նել շրջա­կայ­քի հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Ա­ւել­ցու­ցէք նաեւ պաս­քէթ-պո­լի խա­ղա­րա­նը եւ ձեր մտքին առ­ջեւ կ­՚ու­նե­նաք ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը նո­րա­շէն վար­ժա­րա­նին։ Ա­հա, այս հո­յա­կապ շէն­քին առ­ջեւ գտնո­ւե­ցաւ, հա­զար հո­գիի հաս­նող ե­րէ­կո­ւան բազ­մու­թիւ­նը, որ չկրցաւ զսպել իր հիաց­մուն­քը՝ տա­րո­ւած գեր­մարդ­կա­յին ճի­գե­րուն եւ զո­հա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ե­ղած են՝ հայ շի­նա­րար ո­գիի խորհր­դա­նի­շը հան­դի­սա­ցող այս կո­թո­ղին շի­նու­թեան ի խնդիր։
­Տա­նի­քին վրայ կը ծա­ծա­նէին հել­լէ­նա­կան ազ­գա­յին դրօ­շը եւ հայ­կա­կան Ե­ռա­գոյ­նը։ ­Շէն­քի ճա­կա­տին վրայ զե­տե­ղո­ւած էին ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան­նե­րու մե­ծա­դիր նկար­նե­րը։ ­Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Այ­վա­զեան՝ քա­հա­նա­յից դա­սով, ­Կա­թո­ղի­կէ հա­յոց վի­ճա­կա­ւոր գերյ. ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. ­Խան­ցեան եւ ժո­ղովր­դա­պետ գերյ. ­Յովհ. ­Գո­յու­նեան վրդ., ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ­Հաո­ւարտ ­Գա­րա­կէօ­զեան հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, Ազգ. ­Կեդր. վար­չու­թիւ­նը՝ իր Տն­տե­սա­կան եւ Ու­սում­նա­կան խոր­հուրդ­նե­րով, Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը, ­Թա­ղա­յին ­Մար­մին­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վար­չու­թիւ­նը եւ կազ­մա­կեր­պու­թեանց ու միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Հան­դի­սու­թիւ­նը սկսաւ պրն. ­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին»ի երգ­չա­խում­բին կող­մէ եր­գո­ւած հել­լէ­նա­կան ո­գեր­գով եւ «­Յա­ռաջ նա­հա­տակ»ով։ ­Շի­նու­թեան ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Դա­նիէլ ­Դա­նիէ­լեան հա­կիրճ տե­ղե­կա­տուու­թիւն մը ը­րաւ շի­նու­թեան գոր­ծի մա­սին, յու­նա­հայ գա­ղու­թին ե­րախ­տա­գի­տու­թեան տուր­քը մա­տու­ցա­նե­լով մեծ բա­րե­րա­րու­հիին՝ տի­կին ­Սո­ֆիա­յին, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք նե­ցուկ հան­դի­սա­ցան յանձ­նա­խում­բին՝ իր այս դժո­ւա­րին եւ մե­ծա­ծախս գոր­ծը գլուխ հա­նե­լու հա­մար։ ­Շի­նու­թեան յանձ­նա­խում­բի գան­ձա­պահ ընկ. Օն­նիկ Օն­նի­կեան ներ­կա­յա­ցուց նիւ­թա­կան կարճ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն մը, շի­նու­թեան հա­մար գան­ձո­ւած եւ ե­ղած ծախ­սե­րու գու­մար­նե­րու մա­սին։ ­Վար­ժա­րա­նի շի­նու­թիւ­նը ար­ժած է մօտ մէ­կու­կէս մի­լիոն տրախ­մի՝ 50.000 տո­լար, հո­ղա­մա­սի փո­խար­ժէ­քով միա­սին։ Այս գու­մա­րին 30.000 տո­լա­րը յատ­կա­ցու­ցած է մե­ծա­նուն բա­րե­րարու­հին՝ տի­կին ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան, իսկ մնա­ցեա­լը՝ գրե­թէ գո­յա­ցած է տե­ղա­կան մի­ջոց­նե­րով։ ­Կարգ մը լրա­ցու­ցիչ շի­նու­թիւն­նե­րու հա­մար տա­կա­ւին հար­կա­ւոր է 70 հա­զար տրախ­մի մօտ գու­մար մը, զոր ­Յանձ­նա­խում­բը կը յու­սայ ճա­րել մեր զո­հա­բե­րող ազ­գա­կից­նե­րէն։
Երգ­չա­խում­բը յա­ջո­ղու­թեամբ եր­գեց «­Հոյ ­Նար»ը եւ «Օրհ­ներգ ­Հայ­րա­պե­տա­կան»ը։ Դպ­րո­ցա­կան ա­շա­կերտ մը եւ ա­շա­կեր­տու­հի մը ապ­րու­մով ար­տա­սա­նե­ցին «Ա­րա­րա­տին»ը եւ «­Քո մայր լե­զուն չմո­ռա­նաս»ը։
Ըն­կեր ­Դա­նիէլ ­Դա­նիէ­լեան խօ­սե­լու հրա­ւի­րեց հիւ­րա­բար քա­ղաքս գտնո­ւող ԱՆՉԱ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. ­Սու­րէն ­Սա­րո­յեա­նը, որ իր հիաց­մուն­քը յայտ­նեց գա­ղու­թին մէջ տի­րող ո­գե­ւո­րու­թեան եւ խան­դա­վա­ռու­թեան մա­սին եւ ը­սաւ թէ՝ մեր գա­ղու­թը ար­ժա­նի է նոր օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու, որ­պէս­զի նոյն թա­փով կա­րո­ղա­նայ պա­հել իր ազ­գա­յին ո­գին։ Պրն. ­Սա­րո­յեա­նի վեր­ջին խօս­քե­րը ար­ժա­նա­ցան բուռն ծա­փա­հա­րու­թեանց։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, ներշն­չո­ւած՝ ձեռք բե­րո­ւած այս յա­ջո­ղու­թե­նէն, խօ­սե­ցաւ հայ ե­կե­ղե­ցիի եւ հայ դպրո­ցի կա­րե­ւոր դե­րի մա­սին։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րը յայտ­նեց յու­նա­հայ գա­ղու­թին՝ հան­դէպ մեծ բա­րե­րա­րու­հիին։ ­Դա­րեր շա­րու­նակ հայ ե­կե­ղե­ցին եւ հայ վար­ժա­րա­նը ե­ղած են մեր ազ­գա­յին ո­գիի հնոց­նե­րը, ուր­կէ յայտ­նա­բե­րո­ւած են Ս. ­Սա­հա­կի եւ Ս. ­Մես­րո­պի մտքի եւ հո­գիի ցոլ­քե­րը։ ­Թե­լադ­րեց բո­լո­րո­ւիլ այս եր­կու ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն շուրջ, ո­րոնք կը կազ­մեն մեր ազ­գա­յին գո­յու­թեան գլխա­ւոր հիմ­նա­քա­րե­րը։
­Բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու մէջ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ խօ­սե­լու ­Հայ Կր­թա­կան ­Հիմ­նար­կու­թեան վա­րիչ-քար­տու­ղա­րը՝ ­Բիւ­զանդ Կ­ռա­նեան, որ ը­սաւ թէ՝ ինք­զին­քը կը նկա­տէ յու­նա­հայ գա­ղու­թին ան­կեղծ եւ հա­րա­զատ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ իբր այդ՝ մին­չեւ այ­սօր աշ­խա­տած է եւ այ­սու­հե­տեւ ալ պի­տի աշ­խա­տի, որ­պէս­զի ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով օգ­տա­կար հան­դի­սա­նայ ­Յու­նա­հա­յու­թեան։ ­Հայ­րե­նի­քը, ը­սաւ Կ­ռա­նեան, միայն հող, քար, ջուր եւ աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­ման չէ, այլ ապ­րում եւ ո­գե­կա­նու­թիւն։ ­Դա­րեր շա­րու­նակ, երբ մեր ժո­ղո­վուր­դը ստի­պո­ւեր է յա­ճախ լքել իր հայ­րե­նի հո­ղը եւ իյ­նալ օ­տար ա­փե­րու վրայ, իր հետ տա­րեր է այդ ապ­րու­մը եւ ո­գե­կա­նու­թիւ­նը, ո­րոնք ար­ժե­ւո­րո­ւած են հայ ե­կե­ղե­ցիով եւ հայ վար­ժա­րա­նով։ «­Ներ­կայ այս բազ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ թէ՝ այդ ապ­րու­մը չէ մա­րած ­Յու­նա­հա­յու­թեան մէջ, որ ար­ժա­նի է նո­րա­նոր օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու եւ կրնայ յու­սալ թէ՝ բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­ներս ի գործ պի­տի դնեմ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ ա­ւե­լի ամ­րապն­դել իր ազ­գա­յին գո­յու­թիւ­նը՝ այս սքան­չե­լի եւ հիւ­րըն­կալ երկ­րին՝ պատ­մա­կան ­Հել­լա­դա­յի մէջ»:
Ազգ. ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Ներ­սէս ­Յա­կո­բեան, յա­նուն յու­նա­հա­յու­թեան իր ե­րախ­տա­գի­տու­թեան եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան տուր­քը մա­տու­ցա­նեց մեծ բա­րե­րա­րու­հիին, ­Հայ Կր­թա­կան ­Հիմ­նար­կու­թեան եւ Հ. Կ. ­Խա­չին (Հ.Օ.Մ.), ո­րոնք ի­րենց եղ­բայ­րա­կան ձեռ­քը կ­՚եր­կա­րեն մե­զի, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք կան­գուն պա­հել մեր տա­ճար­ներն ու վար­ժա­րան­նե­րը։ Ա­մե­րի­կա­հայ մեր եղ­բայր­նե­րը եւ քոյ­րե­րը կրնան վստահ ըլ­լալ որ, ա­պա­ւի­նած՝ ի­րենց սրտա­բուխ օ­ժան­դա­կու­թեանց, մենք նոյն թա­փով պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր ճի­գե­րը, որ­պէս­զի ապ­րի մեր ժո­ղո­վուր­դը այս հիւ­րըն­կալ ա­փե­րուն վրայ, մին­չեւ այն օ­րը, երբ պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր ե­րա­զած հայ­րե­նի­քը։
­Մու­թը կո­խած էր ար­դէն, երբ հան­դի­սա­կան­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը սկսաւ հե­ռա­նալ նո­րա­շէն վար­ժա­րա­նէն, որ այդ պա­հուն կը նմա­նէր նա­ւա­հան­գիս­տի մէջ խա­րիսխ նե­տած եւ լոյ­սե­րով ո­ղո­ղուն շո­գե­նա­ւի մը։
­Բո­լո­րին շրթնե­րէն կ­՚ար­տա­սա­նո­ւէր մէկ ա­նուն.- ­Տի­կին ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան։

«Ա­զատ Օր», 11 ­Յու­նիս 1962

­Տի­կին ­Սո­ֆիա ­Լե­ւոն ­Յա­կո­բեա­նի գի­րը ­Շի­նու­թեան ­Յանձ­նա­խում­բին

­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան վար­ժա­րա­նի շի­նու­թեան ա­ւարտ­ման առ­թիւ, մեծ բա­րե­րա­րու­հին՝ մայր ­Սո­ֆիա, հե­տե­ւեալ գի­րը ուղ­ղած է ­Շի­նու­թեան ­Յանձ­նա­խում­բին.-
­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան վար­ժա­րա­նի ­Շի­նու­թեան ­Յանձ­նա­խումբ,
Ա­թէնք, ­Յու­նաս­տան
­Սի­րե­լի պա­րոն­ներ,
­Ներ­կա­յիւս կը յայտ­նեմ, որ պրն. ­Բիւ­զանդ Կ­ռա­նեան, քար­տու­ղար ­Հայ Կր­թա­կան ­Հիմ­նար­կու­թեան, լիա­զօ­րո­ւած է իմ կող­մէ՝ մեր կա­ռու­ցած վար­ժա­րա­նի հետ կապ ու­նե­ցող բո­լոր խնդիր­նե­րու հետ։
Կը ցա­ւիմ, որ այս ան­գամ չկա­րո­ղա­ցայ ըն­կե­րա­նալ պրն. Կ­ռա­նեա­նին, բայց, մտադ­րած եմ ա­ւե­լի ուշ ան­պայ­ման այ­ցե­լել ­Յու­նաս­տան եւ կրնայ ըլ­լալ վար­ժա­րա­նիս պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մին։
­Ձեզ կը մաղ­թեմ յա­ջո­ղու­թիւն։

­Սի­րով՝
ՍՈՖԻԱ ԼԵՒՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ