Լիզպոնի մէջ իրենց կեանքը Հայաստանի ազատագրութեան բագինին նուիրաբերած հինգ տղոց յիշատակին համար հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 31 Յուլիս 2022-ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան։ Բացի Երիտասարդական միութեան անդամներէն, եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի, շրջաններու կոմիտէներու, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի անդամներ, ինչպէս նաեւ ընկերներ, որոնք եկած էին յարգելու հինգ անձնազոհ տղոց սխրագործութիւնը եւ անոնց անմար յիշատակը։
Պատարագեց եւ քարոզեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, որ յայտնեց, թէ քրիստոնէական վարդապետութեան հասկացողութեան ու բացատրութեան մէջ նահատակութիւն բառը յատուկ արժէք կը ներկայացնէ: «Որովհետեւ նահատակութիւնը սրբազան նպատակի մը համար եղելութիւն է եւ պատասխանատուութեան փոխանցում: Եւ սոյն պատկերին մեծագոյն օրինակը դարձաւ Քրիստոս:
Հայ ժողովուրդը հոգեւորական ու աշխարհական նահատակներով հարուստ պատմութիւն մը ունի:
Եւ այդ մէկը Աստուծոյ պարգեւն է մեզի շնորհուած: Լիզպոնի մէջ զոհուած հինգ երիտասարդները, մեր հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ազգային պահանջատիրութեան սիրոյն նահատակներու շարքին արժանացան, բայց մեզի թողեցին պայքարը շարունակելու ջահը», շեշտեց քահանայ հայրը:
Հոգեհանգստեան պահուն, եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած էին 5 տղոց նկարները, ինչպէս նաեւ Եռագոյն եւ Հ.Յ.Դ. դրօշակները։
Արարողութեան աւարտին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անունով ներկայ ժողովուրդին խօսք ուղղեց ընկ. Անայիս Խըտրեան, որուն խօսքը կը ներկայացնենք ստորեւ։
«Յիշէք, հայե՛ր, որ վայր ընկան
Անվերադարձ մահով, սակայն,
Սարգիս Սեդրակ, Արա Սիմոն,
Ինքը՝ Վաչէն՝ հանց երգեհոն,
Մեզ կը կանչեն ու գան պիտի
Ի սէր, գերուած Արարատի,
Ի սէր հայոց մայր հողերուն՝
Ընդդէմ հողաց թուրք գողերուն:
Որ Հայաստանն իմ խլեցին,
Մեզ վրէժը լոկ թողեցին.
Երէկ Տիզպոն,
Այսօր Լիզպոն,
Հայն է զոհւում հորիզոնից
մինչ հորիզոն…»
-Յովաննէս Շիրազ
39 տարիներ կ’ամբողջանան այս տարի, 1983-ի Յուլիսի այն օրէն երբ հինգ երիտասարդ հայեր, Լիզպոնի մէջ ուժական արարքով մը գրաւեցին թրքական դեսպանատունը՝ արդարութեան պահանջքով եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը աշխարհին յիշեցնելու համար: Հոն ձգեցին իրենց վերջին շունչը, հերոսացան եւ անմահացան իրենց քաջութեամբ ու կեանքի զոհաբերութեամբ:
Վաչէ Տաղլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Սեդրակ Աճեմեան, Արա Քրճըլեան, Սիմոն Եահնըեան: Երիտասարդ ընկերներ որոնք հայրենասիրութեան, խիզախութեան եւ գերագոյն անձնազոհութեան օրինակ դարձան: Իրենց անձնազոհութիւնը ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան վրայ ու այժմէականացուց մեր դատը:
Արա, Վաչէ, Սարգիս, Սիմոն եւ Սեդրակ անունները դրոշմուած կը մնան մեր մտքերուն մէջ եւ հակառակ որ մենք չենք ճանչցած իրենց, հակառակ որ տարիները կ’անցնին, անոնք իբրեւ հարազատ ընկերներ կը ներշնչեն եւ կը ոգեւորեն մեզ, իրենց ըմբոստ ոգին կը վարակէ երիտասարդները՝ Հայ դատի պայքարի ճամբուն վրայ, մեր քարոզչական գործին մէջ եւ պահանջատիրական ելոյթներուն:
Այսօր անգամ մը եւս յիշենք իրենց խօսքերը, որ ուղղած էին բոլորիս դէպի Լիզպոն անվերադարձ մեկնելէն առաջ.- «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար: Եկէք միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ, որ օր մը կը տիրանանք մեր հայրենիքին», կը պատգամէր Սագոն:
«Մեզմէ առաջ շատեր քալած են մեր ընտրած ճամբան եւ կը հաւատամ որ մեզմէ վերջ աւելի լաւերն ալ պիտի գան», կ’ըսէր Սեդոն:
«Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ: Ես Հայ դատի զինուոր եմ», կը խոստանար Վաչէն:
«Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին, ոչ ընտանիք կ’ըլլայ, ոչ ապագայ կայ», կը հաստատէր Արան:
«Շատ հպարտ եմ որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայօրէն պիտի մեռնիմ», կը յայտարարէր Սագոն:
Չենք մոռնար, որ անոնք ալ մեզի պէս երիտասարդ տղաք էին: Մեզի պէս ունէին իրենց երիտասարդական կեանքը, ընտանիք, բարեկամներ եւ ապագայի երազները: Բայց իրենց երազներէն, նոյնիսկ իրենց կեանքէն աւելի վեր դասեցին գաղափարին ծառայելը, հայրենիքին եւ ազգային իրաւունքին համար զինուոր դառնալու գիտակցութիւնը:
Հերոսները ընդհանրապէս կը ծնին պատերազմի մէջ: Բայց Լիզպոնի հինգը հերոս դարձան առանց պատերազմական վիճակի, սփիւռքի մէջ զինուոր եղան, որովհետեւ իրենց մտքին ու հոգիին մէջ ունէին «յարատեւ կռիւ»ի պատգամը:
Պատմութիւնը արագօրէն այդպէս գրուեցաւ, որ Լիզպոնի հինգին հերոսացումէն շատ տարիներ չանցած, հայ ժողովուրդը ծնաւ նորանոր հերոսներ: Ազատամարտիկներ, որոնք ազատագրեցին Արցախը: Բոլոր հայ տղաքը որ ընտանիք ու ապագայ ետ ձգելով, 2020-ի 44 օրուայ պատերազմի ընդացքին իրենց ամբողջական սրտով ու ոգիով պայքարեցան մեր Արցախի ազատութեան համար։ Իսկ այսօր՝ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաները կանգնած զինուորը, որ կը դիմադրէ Ատրպէյճանի յարձակողական տրամադրութիւններուն եւ անձէն-անձնականէն վեր դասելով հայրենիքը, օրը-օրին ապահով կը պահէ գիւղերն ու սահմանամերձ քաղաքները:
Այսօր՝ որ մեր հայրենիքը կը գտնուի ներքին եւ արտաքին ճգնաժամի մէջ, մենք, սփիւռքի երիտասարդութիւնը պէտք է դիկունք կենալ հայ զինուորին։ Պայքար, քարոզչութիւնն ու նուիրումը՝ ասոնք են մեր զէնքերը, ու մեր պարտանքն է, որ զանոնք օգտագործել մինջեւ մեր ազգի դատը ստանայ ամբողջական ու արդար հատուցում։
Լիզպոնէն մինչեւ Հայաստան ու Արցախ, հայ զինուորն ու հայ երիտասարդութիւնը, բոլո՛րը կը ծառայեն հայրենիքին միեւնո՛յն հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ քաջութեամբ: Անոնցմէ շատեր կը հանգչին Եռաբլուրին վրայ, հոն ուր հայ ժողովուրդը կանգնեցուցած է նաեւ Լիզպոնի տղոց յարգանքի յուշակոթողը:
Յարգանք Լիզպոնի հինգին յիշատակին: Հայ երիտասարդութեան ապագայ քայլերը առաջնորդող լոյսը պիտի ըլլան անոնք. Արան, Վաչէն, Սարգիսը, Սիմոնը, Սեդրակը: