Եր­կու­շաբ­թի՝ 9 Յու­լիս 2018ին, Ֆիք­սի «Ա­րամ Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ Լիզ­պո­նի 5 Տ­ղոց Ող­ջա­կիզ­ման 35ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կոյ՝ Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ Պա­տա­նե­կան Միու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։
Ներ­կայ էին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը, Նէոս Գոզ­մո­սի եւ Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, Հ.Յ.Դ. Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն ու ան­դամ­նե­րը, Հայ Կա­պոյտ Խա­չի եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեանց ան­դամ­նե­րը։
Օ­րո­ւան խօս­քը կա­տա­րե­ցին Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան ան­դամ­ներ՝ ընկ. Ա­նա­յիս Խտ­րեան եւ ընկ. Ժա­նօ Պար­տաք­ճեան։ Յա­ջոր­դեց Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­րէ ներ­կա­յա­ցո­ւած խմբա­յին եր­գեր՝ «­Վէր­քե­րով լի» եւ «Ա­րիւ­նոտ Դ­րօշ», ինչպէս նաեւ «­Լիզ­պո­նի Հինգ»ը՝ ընկ. Ա­զատ Մի­նա­սեա­նի եւ Ե­րո­ւանդ Մա­նու­կեա­նի կող­մէ: Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը ամ­բող­ջա­ցաւ աս­մուն­քով ընկ.՝ Քա­րէն Գաւ­լա­քեա­նի, Օ­սան­նա Քէ­շի­շեա­նի եւ Յո­վիկ Թի­թո­յեա­նի կող­մէ եւ տե­սե­րիզ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ՝ նո­ւիրուած Հինգ Տ­ղոց՝ Սեդ­րակ Ա­ճէ­մեա­նի, Վա­չէ Տաղ­լեա­նի, Ա­րա Քրճ­լեա­նի, Սար­գիս Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ Սի­մոն Եահ­նեա­նի յի­շա­տա­կին։
Լիզ­պո­նի մէջ պա­տա­հած դէպ­քը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ կեն­դա­նի պատ­կե­րով, որ հան­դի­սա­տես­նե­րու աչ­քե­րուն առ­ջեւ պար­զեց Հինգ Տ­ղոց ող­ջա­կիզ­ման պա­հը՝ թրքա­կան դես­պա­նու­թեան առ­ջեւ: Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, խորհր­դա­ւոր ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ, ան­մա­հա­ցու­ցին հե­րո­սա­կան այդ պա­հը:
Ա­պա՝ խօսք ուղ­ղեց ընկ. Սե­ւակ Գա­զա­րեան, յու­նա­կան եւ օ­տար մա­մու­լի ար­ձա­գանգ­նե­րուն նուիրուած տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրու­թեամբ մը:

Օրուան խօսքը՝ ընկ. Ա­նա­յիս Խտ­րեա­նի եւ ընկ. Ժա­նօ Պար­տաք­ճեա­նի կող­մէ

35 եր­կար տա­րի­ներ ան­ցան այն օ­րէն, երբ Ա­նոնք մեզ­մէ ան­վե­րա­դարձ բաժ­նո­ւե­ցան՝ գրե­լով մեր ազ­գի նոր պատ­մու­թեան փայ­լուն է­ջե­րէն մէ­կը:
Ան­հա­ւա­տա­լի էր, շա­տե­րուն հա­մար, յա­ջորդ օ­րուան թեր­թե­րուն՝ 1983 Յու­լի­սի հե­տե­ւեալ վեր­նա­գի­րը տես­նել, թէ՝ «­Հա­յոց Յե­ղա­փո­խա­կան Բա­նա­կը յար­ձա­կում գոր­ծեց Լիզ­պո­նի թրքա­կան դես­պա­նու­թեան դէմ»:
Շա­տեր շտա­պե­ցին այս ա­րար­քը ա­հա­բեկ­չու­թիւն նկա­տե­լու, ու­րիշ­ներ խօ­սե­ցան «խենթ»ե­րու մա­սին եւ կամ անձ­նաս­պա­նու­թեան ո­րա­կու­մը տո­ւին այս հե­րո­սա­կան կե­ցո­ւած­քին, ո­րով­հե­տեւ քի­չեր ըմբռ­նե­ցին այս ի­րո­ղու­թեան մէջ պա­հո­ւած վեհ գա­ղա­փա­րը:
27 Յու­լիս 1983ին էր, երբ Վա­չէ Տաղ­լեան, Սար­գիս Աբ­րա­հա­մեան, Ա­րա Քրճ­լեան, Սեդ­րակ Ա­ճէ­մեան եւ Սի­մոն Եահ­նեան ո­րո­շե­ցին նոր շունչ տալ «­Հայ Դա­տին»: Այդ ժա­մա­նակ, երբ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը աչք կը գո­ցէր եւ չէր ու­զեր զբա­ղիլ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի յայտ բե­րող ո­րե­ւէ հար­ցով:
Երբ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը կը թա­փա­ռէին, ար­մա­տա­խիլ ե­ղած ի­րենց հայ­րե­նի հո­ղե­րէն, 70 տա­րի­ներ շա­րու­նակ, կը փոր­ձէին կան­գուն մնալ եւ նոր սե­րունդ­նե­րը կը պա­հան­ջէին Ար­դա­րու­թիւն:
Այս ի­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ էր, որ 5 հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ Լի­բա­նա­նի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­ներ, ո­րո­շե­ցին ձգել ըն­տա­նիք, սի­րե­լի­ներ, ե­րազ­ներ եւ ու­ժեղ հա­րո­ւա­ծով մը զարկ տալ, արթննց­նել մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը, որ պատ­րաստ էր առ յա­ւէտ թա­ղե­լու Հայ­կա­կան Դա­տը:
Այս հե­րո­սա­կան կե­ցո­ւած­քին առ­ջեւ, մենք մե­զի հարց կու­տանք՝ «Այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը չու­նէի՞ն սի­րե­լի­ներ, չու­նէի՞ն ե­րազ­ներ, չու­նէի՞ն ար­դեօք ա­պա­գայ»: Վս­տահ ենք, թէ ու­նէին ի­րենց սպա­սող սի­րե­լի­ներ, սա­կայն ի­րենց հա­մար գե­րա­գոյն սէ­րը հան­դի­սա­ցաւ «սէ­րը Ազ­գին եւ Հայ­րե­նի­քին հան­դէպ»:
Վս­տահ ենք, որ ի­րենց տես­լա­կանն էր նաեւ տես­նել «Ա­զատ, Ան­կախ եւ Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նը»: Սա­կայն ո­րո­շե­ցին զո­հել ի­րենց փայ­լուն ա­պա­գան՝ յու­սա­լով, որ հայ ազ­գի ա­պա­գան ըլ­լայ ա­ւե­լի լու­սա­ւոր:
Չ­մոռ­նանք Ա­րա Քրճ­լեա­նի խօս­քե­րը.- «Ա­ռանց հայ­րե­նի­քի, ա­ռանց մեր հո­ղե­րուն, ո՛չ ա­պա­գայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ըն­տա­նիք կ’ըլ­լայ»:
Բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք մեր 5 հե­րոս­նե­րը ու­զե­ցին ո­րա­կել «խենթ»եր, կամ՝ ան­ձեր, որ շփոթ կա­ցու­թեան մէջ կը գտնո­ւէին, պա­տաս­խա­նը ստա­ցան նոյ­նինքն մեր հե­րոս ըն­կեր­նե­րէն, ո­րոնք ի­րենց խօս­քե­րով կը փաս­տէին, թէ երբ ճամ­բայ ե­լան ի­րա­կա­նաց­նե­լու այս հա­րո­ւա­ծը, գի­տակ­ցա­բա՛ր գոր­ծե­ցին՝ հա­ւա­տա­լով, որ «ի­մա­ցեալ մա­հը՝ ան­մա­հու­թիւն է»: Ա­ռանց վա­րա­նու­մի, ա­նոնք քա­լե­ցին դէ­պի անձ­նա­զո­հու­թիւն, Ազ­գին եւ Հայ­րե­նի­քին հա­մար:
Բայց կայ ի­րո­ղու­թիւն մը, որ չկա­րո­ղա­ցան ի­մա­նալ: Չ­կա­րո­ղա­ցան տես­նել ա­նոնց անձ­նա­զո­հու­թեան ար­դիւն­քը, չի­մա­ցան՝ թէ ինչ­պէ՞ս Հայ Դա­տը կրկին յա­ռաջ ե­կաւ, ինչ­պէ՛ս նոր սե­րունդ­նե­րը վա­ռե­ցին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ջա­հը եւ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն տէր կանգ­նիլ ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն:
Գա­լով մե­զի՛, Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող ե­րի­տա­սար­դու­թեան, խոր յար­գան­քով կը խո­նար­հինք մեր 5 հե­րոս­նե­րուն յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, քա­նի ա­նոնք կա­րո­ղա­ցան նոր սե­րունդ­նե­րուն ներշն­չել անձ­նա­զո­հու­թեան եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ո­գին:
Մի՛շտ ան­թա­ռամ մնայ ա­նոնց յի­շա­տա­կը:

Օտար մամուլի արձագանգը  Լիզպոնի դէպքին կապակցութեամբ՝  ընկ. Սեւակ Գազարեանի կողմէ

Պաս­տա­ռին վրայ կը տես­նենք, թէ ինչ­պէս այդ օ­րուան New York Times վա­ւե­րա­կան օ­րա­թեր­թը անդ­րա­դար­ձաւ ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գի ա­րար­քին: ­Փաս­տօ­րէն մեր տղա­քը հա­սան ի­րենց նպա­տա­կին: ­Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը զբա­ղե­ցաւ դէպ­քով, հե­տե­ւա­բար նաեւ հայ­կա­կան հար­ցով: Ինչ­պէս կը տես­նենք New York Times կը ճանչ­նայ որ հին­գին նպա­տա­կը՝ դես­պա­նա­տու­նը գրա­ւե­լով եւ պա­տանդ բռնե­լով մի­միայն հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւել էր, «պար­տադ­րել» որ ­Հայ ­Դա­տով զբա­ղին: ­Նաեւ, ըստ փոր­թու­կա­լա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան, եր­կու ինք­նա­շարժ­նե­րուն մէջ գտնո­ւած պայ­թու­ցիկ նիւ­թին կող­քին կար նաեւ ու­տես­տե­ղէ­նի մեծ քա­նա­կու­թիւն, ինչ որ կը փաս­տէ, թէ մի քա­նի օր մնա­լու նպա­տակ ու­նէին ա­նոնք, որ­պէս­զի յա­ջո­ղին մի­ջազ­գա­յին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը արթնց­նել հայ­կա­կան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ:
Ար­դէն ­Հինգ տղա­քը, Associated Press լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան ուղղած իրենց նամակին մէջ, կը նշէին. «­Մենք ո­րո­շե­ցինք այս շէն­քը օ­դը հա­նել եւ մնալ փլա­տակ­նե­րուն տակ: Անձ­նաս­պա­նու­թիւն չէ այս, ոչ ալ խե­լա­գա­րու­թիւն, այլ մեր զո­հո­ղու­թիւ­նը՝ Ա­զա­տու­թեան բա­գի­նին»: Իս­կա­պէս, ի­րենց զո­հո­ղու­թիւ­նը միշտ ալ ե­ղաւ լու­սա­ւոր փա­րոս, ներշնչ­ման ու կամ­քի ամ­րապնդ­ման աղ­բիւր, որ­պէս­զի նոր սե­րունդ­նե­րէն տղաք պայ­քա­րին հայ­րե­նի­քին հա­մար, ըլ­լան ար­թուն պա­հակ­նե­րը Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ: ­Լիզ­պո­նի ­Հինգ հե­րոս­նե­րը միշտ ալ պի­տի շա­րու­նա­կեն մէ­կա­կան լու­սա­ւոր աստ­ղեր ըլ­լալ եւ դժո­ւա­րա­գոյն պա­հե­րուն յոյս եւ լոյս սփռել մեր պայ­քա­րի ճամ­բուն վրայ: