ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Այն­քան ան­հա­կակ­շիռ զե­ղու­մով կը մե­ծա­բա­նենք փոքր գոր­ծեր, այն­քան ան­սո­վոր ա­ծա­կան­ներ կը շռայ­լենք սո­վո­րա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու հա­մար, որ մարդ պար­զա­պէս կը հար­կադ­րո­ւի իր լե­զո­ւին ու գրչին կղպանք դնել, որ­պէս­զի ­Լիզ­պո­նի հին­գին ող­ջա­կի­զու­մը չփա­ռա­բա­նէ մա­շած խօս­քե­րով եւ չնսե­մաց­նէ ա­նոնց գի­տա­կից ու կա­մա­ւոր նա­հա­տա­կու­թիւ­նը:
­Հայ­կա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան ծննդո­ցի բա­ժի­նին մէջ մեր նա­խա­հայ­րե­րը կը հա­ւա­տա­յին, որ մայր հո­ղը կը միա­նար երկն­քին եւ այդ միա­ցու­մէն կը ծնէին հե­րոս-հսկա­ներ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին կը փո­խա­կեր­պո­ւէին աս­տո­ւած­նե­րու եւ այդ աս­տո­ւած­նե­րէն կը յա­ռա­ջա­նա­յին մարդ­կա­յին ցե­ղեր: Եւ այս­պէս, մարդ­կա­յին ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ ծնունդ կ­’առ­նէին ա­ռաս­պել­ներ, ա­ւան­դու­թիւն­ներ, հե­քիաթ­ներ: Եւ ա­տոնք կը գծէին ազ­գե­րու ճամ­բան. ­Պա’րզ, յստա՛կ:
Այդ­պէս ծնած էր ­Վա­հագն, որ կը մարմ­նա­ւո­րէր քա­ջու­թեան մեր ձգտու­մը՝ որ­պէս ու­ղե­նիշ պատ­մա­կան մեր եր­թին…:
­Յա­մի տեառն 1983ին, ­Յու­լի­սի 27ին, հինգ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ­Վա­չէ, ­Սա­գօ, Ա­րա, ­Սեդ­րակ եւ ­Սի­մոն, մայր հո­ղին կա­րօ­տով, այդ հո­ղը ա­ռած ի­րենց սրտե­րուն՝ կը միա­նա­յին երկն­քին եւ այդ միա­ցու­մէն կը ծնէր քա­ջու­թեան լու­սաստ­ղը ու կը տա­րա­ծո­ւէր յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չը, միա­ժա­մա­նակ կը վե­րա­կեն­սա­ւո­րո­ւէր քա­ղա­քա­կան մեր կամ­քը: ­Կը գրո­ւէր նոր ա­ռաս­պել մը, կը պատ­մո­ւէր հայ­կա­կան սփիւռ­քի ա­ռա­ջին հե­քիա­թը, որ­պէս­զի հայ­րեր ա­ւան­դեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն, թոռ­նե­րուն, եւ այդ հե­քիա­թէն յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չը յառ­նի ե­կող սե­րունդ­նե­րուն մէջ ու վա­րա­կէ ա­նոնց հո­գի­նե­րը:
Ա­յո՛, ան­պա­ճոյճ, դիւ­րին պատ­մո­ւե­լիք ու դիւ­րին սոր­վե­լիք հե­քիաթ մըն է ­Լիզ­պո­նը, ուր հինգ ե­րի­տա­սարդ­ներ ը­սին, պարզ ու յստակ, բո­լո­րէն հասկ­նա­լի լե­զո­ւով. «­Մե­րը անձ­նաս­պա­նու­թիւն չէ, այլ՝ ա­զա­տու­թեան ու ար­դա­րու­թեան զո­հա­սե­ղա­նին մա­տու­ցո­ւած կեան­քի ըն­ծա­յում…»։
Եւ սա­կայն, հե­քիաթ­նե­րը ի­րենց պար­զու­թեամբ ազ­գա­յին վճիտ ա­կե­րէ բխե­լէ ետք, յա­ճախ կը հո­սին հա­մա­մարդ­կա­յին ու­ղի­նե­րէ՝ ազ­գին ու մարդ­կու­թեան տա­նե­լով իւ­րա­յա­տուկ պատ­գամ, վեր­ծա­նե­լի խոր­հուրդ, բա­րո­յա­կան թե­լադ­րա­կա­նու­թիւն:
­Յե­ղա­փո­խա­կան խի­զա­խու­մի բա­րո­յա­կա­նը ընդգ­ծող եւ մա­հը կեան­քին կամր­ջող ու կեան­քը մա­հով ի­մաս­տա­ւո­րող ե­զա­կի ո­ճով ե­զա­կի հե­քիաթ մը ե­ղաւ ­Լիզ­պո­նը, ո­րուն հինգ դիւ­զա­զուն­նե­րը պի­տի փսփսան մե­զի, մեր յա­ջորդ­նե­րուն եւ ի­րենց իսկ գրած հե­քիա­թը պի­տի պատ­մեն միշտ:
Ես չեմ կրնար ի­րա­ւունք տալ ինք­զին­քիս՝ ա­նոնց ա­րար­քի խոր­քին հաս­նիլ, հոն պա­հո­ւած խոր­հուր­դը պար­զել ու խռովքն ա­նոնց հո­գիին բա­ցատ­րել մահ­կա­նա­ցո­ւի ան­զօր լե­զո­ւով:
Բայց թոյլ տո­ւէ՛ք, ­Լիզ­պո­նի քա՛ջ հա­յոր­դի­ներ, որ իբ­րեւ պարզ հե­քիա­թա­սաց, ա­ռա­ւե­լա­գոյն ճի­գով մը ձեր հե­քիա­թը ես պատ­մեմ, սա­կայն պատ­մեմ ձեր լե­զո­ւով.
«… ­Վա­չէն եմ ես: ­Մէ­կը՝ հին­գէն: ­Կը խօ­սիմ մա­հեղ­բայր­նե­րուս ա­նու­նովն ալ: Ըն­կեր­նե­րուս պէս կեան­քին բա­ցո­ւե­ցայ օ­տար երկն­քի տակ, մայր հո­ղէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած տուն­կի մը պէս: Կ’ու­զէի ա­ճիլ, բայց հո­ղը խորթ էր ու ան­հա­ղորդ ար­մատ­նե­րուս: ­Գի­տակ­ցու­թեանս ծաղ­կու­մին՝ ու­զե­ցի տի­րել կեան­քի ի­մաս­տին: ­Սեր­տե­ցի մեր պատ­մու­թիւ­նը: Ու­սա­նո­ղա­կան գրա­սե­ղան­նե­րէս մտեր­մա­ցայ մեր ազ­գին փառ­քը կազ­մող ա­նուն­նե­րուն հետ, ո­րոնց մա­հո­ւան դի­մաց յա­ճախ հան­դի­պե­ցայ չա­րա­շուք թո­ւա­կա­նի մը՝ 1915: Այդ թո­ւա­կա­նը անջն­ջե­լի խա­րան մը ե­ղաւ սրտիս ու հո­գիիս վրայ: ­Գա­րուն տա­րիքս մղեց զիս, որ կեան­քին նպա­տա­կը սահ­մա­նեմ եւ ապ­րե­լու ու­ղե­գիծս ճշդեմ՝ ա­նո­ւա­նի ու ա­նա­նուն նա­խա­հայ­րե­րուս տի­պա­րին վրայ կա­ղա­պա­րո­ւած:
«­Հա­մո­զո­ւե­ցայ, որ մար­դու կեան­քը պատ­ճա­ռա­ւոր ա­րարք­նե­րու դրու­թիւն է: Աշ­խար­հի ու մար­դոց ու­ժե­րուն դի­մաց գի­տա­կից դիր­քա­ւո­րում մը՝ ան­հա­տին կող­մէ: ­Ներ­քին ու ար­տա­քին աշ­խարհ­նե­րէ ե­կող պա­տե­րազմ մը, պայ­քար մը:
«Ա­մէ­նուն պէս ու­զե­ցի մաս­նա­կից դառ­նալ կեան­քի այդ պա­տե­րազ­մին:
­Սա­կայն պա­տե­րազ­մե­լէ ա­ռաջ հարկ էր սեր­տել պա­տե­րազ­մի յա­տուկ օ­րէնք­նե­րը:
«­Սեր­տո­ղու­թե­նէս պար­զո­ւե­ցաւ, որ կեան­քի պա­տե­րազ­մին վախ­ճա­նա­կան նպա­տա­կը ու­րիշ բան չէ, բայց միայն սե­փա­կան ան­ձի եր­ջան­կու­թեան նո­ւա­ճու­մը: ­Հո­գիի այն վի­ճա­կը, ուր մարդ ինք­զինք կը զգայ գո­հու­նակ եւ լե­ցո­ւած այն­պի­սի զգա­ցում­նե­րով, որ լի­նե­լու­թեան լիար­ժէք իս­կու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­կան ի­մաստ զգե­նու: Այդ եր­ջան­կու­թիւ­նը իմ մէջ պի­տի հաս­տա­տո­ւէր այն ա­տեն միայն, երբ իմ կեանքս օգ­տա­կար գոր­ծե­րու շղթայ մը պի­տի ըլ­լար, նպա­տա­կի մը ձգտող ճի­գե­րու հան­դի­սա­րան մը դառ­նար:
Ու­րեմն ին­ծի կը մնար գտնել օգ­տա­կա­րը:
«Ո­մանք ը­սին, որ օգ­տա­կա­րը հա­ճոյ­քի մէջն է: Եր­ջա­նիկ պի­տի ըլ­լա­յի, ե­թէ իմ բո­լոր զգա­յա­րանք­ներս գո­հա­ցած ըլ­լա­յին: ­Բայց անդ­րա­դար­ձայ, որ այդ ձե­ւով կեանքս կը վե­րա­ծո­ւէր հա­ճոյ­քի գա­ցող յոգ­նե­ցու­ցիչ վազ­քի մը միայն:
«Ու­րիշ­ներ ը­սին, որ օգ­տա­կա­րը շա­հու մէջն է: Ինչ որ իմ ան­հա­տա­կան շահս կ­’ա­պա­հո­վէ, եւ կամ՝ ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի վրայ, ինչ որ ըն­կե­րու­թեան շա­հը ա­ռաջ կը բե­րէ, այն է օգ­տա­կա­րը եւ հե­տապն­դե­լի նպա­տա­կը:
«­Կար­դա­ցի, որ Ա­թէն­քի մեծ թա­փա­ռա­կա­նը՝ ­Սոկ­րատ փոր­ձած էր ձեր­բա­զա­տիլ մարմ­նէն ու հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րու մէջ կար­ծած էր գտնել օգ­տա­կա­րը եւ եր­ջան­կու­թեան աղ­բիւ­րը:
«­Կար­դա­ցի, որ վե­րա­փո­խիչ մտա­ծում­նե­րով հա­րուստ մեծ ըն­կե­րա­բան­ներ ըն­կե­րա­յին յան­դուգն գա­ղա­փար­նե­րու ի­րա­գործ­ման մէջ տե­սած էին եր­ջան­կու­թեան բա­նա­լին:
«Ու­րիշ­ներ նիւ­թին մէջ տե­սած էին օգ­տա­կա­րը եւ հա­ւա­սա­րու­թեան մէջ՝ եր­ջան­կու­թիւ­նը:
«­Հիա­ցայ ­Նա­զով­րե­ցիին վրայ, որ բա­ցար­ձակ օգ­տա­կարն ու ան­խառն եր­ջան­կու­թիւ­նը սահ­մա­նած էր սի­րոյ մէջ:
«Ես, նա­խա­հայ­րե­րուս նման, ու­զե­ցի հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րու մէջ փնտռել եր­ջան­կու­թիւնս, բայց տե­սայ, որ ե­սա­պաշտ այս աշ­խար­հին մէջ չա­փա­նիշ դար­ձած էր նիւ­թը միայն:
«­Վերջ­նա­կան ու­ղե­ցոյց ընտ­րե­ցի սէ­րը, հա­կա­ռակ որ իմ պա­պերս ա­տե­լու­թիւն գտած էին ի­րենց սի­րոյ սերմ­նա­ցա­նին:
«Ու­զե­ցի սի­րել, բայց չգտայ կտոր մը հա­րա­զատ եր­կինք ու ափ մը հայ­րե­նի հող, որ ջեր­մաց­նէր եւ սնունդ տար սի­րոյ ար­մատ­նե­րուս: Ա­նար­ձա­գանգ մնաց սի­րոյ երգս աշ­խար­հի մը մէջ, ուր շա­հը կը գե­րիշ­խէր եւ հա­շի­ւը կ­’ա­ռաջ­նոր­դէր: Ին­ծի կը մնար տալ գե­րա­գոյնս՝ սի­րոյ տեն­չիս գրա­ւա­կան:
«­Սի­րե­ցի բո­լոր ար­ժէք­նե­րը, կեան­քը, մար­դիկ, ազգ, հայ­րե­նիք, ա­զա­տու­թիւն: Եւ այդ սէրս այն­քան մեծ էր, որ անխ­ռով կեանքս տո­ւի ես ա­նոր»:
«­Սեդ­րակն եմ ես, բայց կը խօ­սիմ ա­նու­նովն ալ միւս չոր­սին: ­Մա­նուկ էի, շատ մա­նուկ, կը լսէի իմ հօր­մէս եւ ջեր­մե­ռանդ ու­սուց­չէս, որ պա­պե­րուս երկ­րին մէջ, Ա­րա­րա­տի ան­դունդ­նե­րէն շղթա­յա­կապ Ար­տա­ւազ­դը պի­տի փշրէ կա­պանք­նե­րը եւ դուրս գա­լով իր բան­տէն՝ պի­տի բե­րէ ա­զա­տու­թիւնն հա­յե­րուն: Մտ­քիս պաս­տա­ռէն չէր ջնջո­ւեր ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թը, ­Թուր ­Կէ­ծա­կին ի ձե­ռին պի­տի իջ­նէր ­Մա­րու­թայ սա­րէն ու մեր թշնա­մի­նե­րը պի­տի պատ­ժէր ար­դա­րօ­րէն: Օ՜, որ­քան խոր տպա­ւո­րած էր զիս ­Փոքր Մ­հե­րը, որ ծնած էր յե­ղա­փո­խա­կա­նի տի­պա­րով, բռունց­քը պինդ ա­րեան հետ­քով: Կ’ու­զէի հան­դի­պիլ Ար­տա­ւազ­դին ու Մ­հե­րին: Ալ ո՞ր օ­րո­ւան կը սպա­սէին: Ազգ մը ամ­բողջ ջար­դո­ւած էր, հայ­րե­նի­քը՝ գրա­ւո­ւած, մնա­ցոր­դա­ցը՝ հոս-հոն ցրո­ւած, են­թա­կայ՝ ֆի­զի­քա­կան վտան­գի եւ հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րու կո­րուս­տի:
«Եւ ա­հա օր մը, օրհ­նեալ օր մը լսո­ւե­ցաւ Ար­տա­ւազ­դի շղթա­նե­րուն ճռին­չը եւ Մ­հե­րի բռունց­քին թունդ հա­րո­ւա­ծը: ­Հայ­կա­կան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի զանգն էր, որ կը զան­գէր աշ­խար­հի զա­նա­զան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն, թէ՝ ա­յո՛, պար­տո­ւած ժո­ղո­վուրդ մը կայ, բայց որ չէ ընկ­ճո­ւած:
«Ես այդ ձայ­նը նման­ցու­ցի ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի բամբ կան­չին. «Մս­րա՛յ ­Մե­լիք, կեն­դա­նի եմ դեռ եւ հա­րո­ւա­ծե­լու կար­գը ի’մն­ է հի­մա…»:
«Այդ ձայ­նը, ին­ծի հա­մար, ­Քուր­քիկ ­Ջա­լա­լիին վրայ նստած նոյն ­Դա­ւի­թին խրոխտ կանչն էր ազ­դա­րա­րող. «Ո՛վ քնած է, թող արթն­նայ, ո՛վ ար­թուն է, թող ձին թամ­բէ…»:
«Եւ շատ չան­ցած՝ թոյն կա­թե­ցաւ յու­սա­վառ իմ հո­գիին: Իմ պաշ­տե­լի հե­րոս­ներս, ­Դա­ւի­թէն սե­րած հա­յոր­դի­ներ, ա­նար­դա­րօ­րէն կը բան­տար­կո­ւէին մարդ­կա­յին վեհ ի­տէալ­նե­րու ա­խո­յեան եր­կիր­նե­րու մէջ իսկ՝ Ֆ­րան­սա, Ա­մե­րի­կա, ­Գա­նա­տա, ­Զո­ւի­ցե­րիա, ­Հո­լան­տա, ­Պելկ­րատ…:
­Գի­տակ­ցա­բար եւ չա­րա­միտ վա­տու­թեամբ ա­զա­տագ­րա­կան մեր պայ­քա­րին յե­ղա­փո­խա­կան խո­յանք­նե­րը կ­’ա­րա­տա­ւո­րո­ւէին՝ ոճ­րա­յին հան­գա­մանք տա­լով ա­նոնց: ­Զո­հը կը դառ­նար ոճ­րա­գործ, իսկ ոճ­րա­գոր­ծը՝ ան­մեղ զոհ:
«­Կը յաղ­թա­նա­կէր վար­կա­ծը, թէ՝ «Ս­պան­նէ մէկ հո­գի, կը դա­տա­պար­տո­ւիս իբ­րեւ հա­սա­րակ ոճ­րա­գործ, որ­քան ալ ար­դար ըլ­լայ ա­րար­քիդ շար­ժա­ռի­թը:
­Բայց մոր­թե­ցէք հա­զար­ներ, ա­րիւ­նով ներ­կե­ցէք հայ­րե­նիք­ներ, դիակ­նե­րով լե­ցու­ցէք գե­տեր, եւ ձե­զի տեղ կը վե­րա­պա­հեն Ո­ղիմ­պո­սի բար­ձուն­քին…»:
«Աշ­խարհ կ­’ու­զէր, որ ան­կեն­դան գո­յու­թիւն մը ըլ­լար իմ ազ­գը: Այս աշ­խար­հէն, բայց ոչ այս աշ­խար­հին մէջ: Այ­լա­պէս, գար­շե­լի ոճ­րա­գործ­ներ պի­տի ըլ­լա­յին ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը մեր:
«Օ՜ ո՛չ. ես չէի կրնար հան­դի­սա­տե­սը ըլ­լալ սար­քո­ւած ահ­ռե­լի դա­ւին: ­Մա­նա­ւանդ որ նոյ­նիսկ հա­յեր խա­բո­ւե­ցան այդ դա­ւէն: ­Չէի կրնար հան­դուր­ժել, որ Ար­տա­ւազդն ու Մ­հե­րը, ան­պա­տո­ւուած, մին շղթա­յո­ւէր վերս­տին ու երկ­րոր­դը մտնէր քա­րայ­րը կրկին:
­Միա­խառ­նո­ւած էինք ի­րա­րու եւ վե­րա­ծո­ւած՝ մէկ էու­թեան: Սր­բու­թիւնն ա­զա­տու­թեան պայ­քա­րին պէտք էր մնար վճիտ, ա­նա­ղարտ: ­Յե­ղա­փո­խու­թեան շուն­չը չէր տա­րա­ծո­ւեր մահ սփռե­լու հա­մար, այլ՝ ար­դա­րու­թիւ­նը ձեռք բե­րե­լու: Եւ ես հան­դարտ սրտով, ան­սուտ մա­հով ը­սի խա­բե­բայ այս աշ­խար­հին. «Իմ մահս ըլ­լայ թող վկայ հա­յու­թեան ար­դար դա­տին եւ ա­նոր սուրբ պայ­քա­րին»:
«Եր­րորդն եմ ես, ա­ռանց կար­գի: Ինչ որ կ­’ը­սեմ, լսե­ցի իմ ըն­կեր­նե­րէս եւ իմ սրտէս: Ա­նունս է ­Սի­մոն, յար եւ նման միւս ­Սի­մո­նին, ­Զա­ւա­րեա­նին, ո­րուն կեան­քը ան­բա­սիր, ե­ղաւ ին­ծի ցու­ցա­նիշ: Ին­ծի հա­մար հե­րոսն էր ան, որ ու­նե­ցա­ծը տո­ւաւ, իսկ ինք ա­ռաւ ոչ մէկ բան: Ե­կե­ղեց­ւոյ մոմն էր ան, որ կը հա­լի ի խնդիր պուտ մը լոյ­սի:
«Ու ա­հա, այս պատ­կե­րին հա­կա­ռակ, ես տե­սայ մար­դի­կը անձ­նա­սէր ու ե­սա­պաշտ: ­Հայ­կա­կան հա­րա­զատ կեան­քի մէջն իսկ միշտ առ­նե­լու ծա­րա­ւի, եր­բեք տա­լու պատ­րաստ: «Ուր շահ կայ ու հան­գիստ կեանք, հոն է նաեւ հայ­րե­նիք: Ի՞նչ պէտ­քը կայ ան­ծա­նօ­թին եր­թա­լու՝ ի խնդիր հին ի­տէալ­նե­րու եւ ազ­գա­յին ե­րազ­նե­րու:
Ա­պա­ւի­նինք մեր նոր կեան­քին, մե­զի տեղ տո­ւած սփիւռ­քին: ­Վար­ժո­ւած ենք մեր տե­ղին: Ա­մէն նոր քայլ կը պա­րու­նա­կէ ձա­խո­ղե­լու վտան­գը եւ ու­նե­ցածդ կորսնց­նե­լու սպառ­նա­լի­քը»:
«Յս­տակ էր ին­ծի հա­մար, որ փի­լի­սո­փա­յե­լու այս ե­ղա­նա­կը ու­րիշ բան չէր, բայց ե­թէ միայն խո­րունկ վախ մը պարտ­կե­լու եւ մարդ­կա­յին ա­զա­տագ­րու­մի ճամ­բան խա­փա­նե­լու վա­տու­թիւն: ­Հա­պա ին­չո՞ւ հիա­ցում կար ա­նոնց վրայ, ո­րոնք նո­րին տե­սիլ­քը ու­նին, նոր ճամ­բա­ներ կը բա­նան ու հե­րո­սու­թեամբ ա­ռաջ կ­’եր­թան: ­Խոր հա­մո­զու­մով հաս­տա­տե­ցի, որ ա­մէն մարդ պի­տի ու­զէր հե­րո­սու­թեան ճամ­բան ընտ­րել, ե­թէ վա­խը չար­գի­լէր: ­Բայց… այդ ճամ­բուն մէջ ա­պա­հո­վու­թիւն չկայ, մինչ մեր ու­նե­ցած­նե­րուն մէջ ա­պա­հո­վու­թիւն կայ: Դ­րամ ու­նինք, դիրք ու­նինք, վարկ ու­նինք:
«Ու­զե­ցի ը­սել ստոր­նա­ցեալ հա­մա­տա­րած այդ մար­դոց։ «Ե­թէ այն ես, ինչ որ ու­նիս, եւ ե­թէ ու­նե­ցածդ կորսնց­նես, ու­րեմն ո՞վ ես: «­Լաւ գիտ­ցի՛ր, որ ու­րիշ ոչ ոք, բայց միայն պար­տո­ւած կեն­դա­նի մը, կեան­քին ի­մաս­տը չհասկ­ցած վկայ մը լոկ:
«Ին­չո՞ւ, ին­չո՞ւ վա­խի ճի­րան­նե­րուն մէջ բռնո­ւած կը տա­ռա­պի մարդ­կու­թիւ­նը եւ ա­նոր հետ՝ հայ մար­դը։
Ո­րով­հե­տեւ իր հո­գիէն դուրս փնտռեց եր­ջան­կու­թեան աղ­բիւ­րը: Ես պե­ղե­ցի իմ հո­գիս եւ հոն գտայ աս­տո­ւա­ծու­թիւն մը հզօր, որ կը սպա­սէր իմ կան­չիս, ծա­ռա­յե­լու իմ կամ­քիս: ­Ծով ուժ մը կար ան­հատ­նե­լի, որ կը սպա­սէր նոր ճամ­բու: Ես այն ե­ղայ, ինչ որ մտա­ծե­ցի իմ մա­սիս: Ե­ղայ ան­կախ հո­գե­պէս: ­Կա­մե­նալն ու կա­րե­նա­լը ե­ղան ին­ծի հո­մա­նիշ:
«Ո՛չ. ո՛չ. կա­րե­լի չէր մի­լիո­նա­ւոր զո­հեր տալ եւ վա­խի ճի­րան­նե­րուն մէջ բա­րո­յա­կան ան­զօ­րու­թեամբ տո­ւայ­տիլ: Այդ կը նշա­նա­կէր մարդ­կա­յին ցե­ղէն չհա­մա­րո­ւիլ:
«­Մեր մե­ռել­նե­րը կը սպա­սէին, որ ա­հա, տա­ռա­պան­քը պի­տի ծնի ուխ­տեալ­ներ, մահ հա­լա­ծող նոր տի­պեր, փաս­տե­լու հա­մար որ մահ ի­մա­ցեալ ան­մա­հու­թեան կը տա­նի:
«Մ­տա­ծու­մէս ծնունդ ա­ռաւ ցան­կու­թիւնս ու ան­կէ ալ մեծ ձգտումս՝ կեանքս տա­լու հայ պայ­քա­րին, որ ար­ձա­կէր ծի­լեր ուժ­գին, նոր ե­ռան­դով, ան­մեռ կամ­քով»:
«Ես ­Սա­գոն եմ, կ­’ար­ձա­գան­գեմ ըն­կեր­նե­րուս ձայ­նովն ա­րի ու հա­ւատ­քի:
«Իմ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քիս տե­սայ ազգս մու­րա­ցի­կի դիր­քին մէջն ան­վա­յել: Ի­րա­ւունքս էր ըլ­լալ հպարտ՝ նա­խա­հօրս ­Հայ­կին պէս: ­Բայց իմ կեանքս կա­խեալ մնաց օ­տար­նե­րու յա­րա­փո­փոխ կամ­քե­րէն: Կ’ը­սո­ւէր ին­ծի, յու­սա՛ տղա՛ս, այս օ­րե­րուն վերջն ալ կու գայ: ­Յոյսս սա­կայն որ­քան կ­’ա­ճէր, տկա­րու­թեան զիս կը մատ­նէր:
«Ա­մէ­նու­րեք մար­դիկն յայտ­նի կը գո­վէին բարձ­րա­ձայն ի­րա­ւուն­քին ուժն ան­մեռ, բայց խոր­քին մէջ կ­’օգ­տո­ւէին ու­ժին բե­րած ի­րա­ւուն­քէն, իսկ մե­զի հա­մար իբ­րեւ բա­ժին կը հա­նէին ազ­նիւ խօս­քեր:
«Ու ես տե­սայ հիաս­թա­փու­թիւ­նը իմ ժո­ղո­վուր­դիս: ­Հա­մո­զո­ւե­ցայ վերջ­նա­կա­նա­պէս, որ իմ ժո­ղո­վուրդս որ­քան որ շատ յոյ­սեր կա­պէր օ­տա­րին, այն­քան ա­ւե­լի կը ծան­րա­նար իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը իր դժբախ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար:
«­Հա­զա­րա­ւոր բե­րան­նե­րէ կը լսէի ան­զօ­րու­թեան ա­ղա­ղակ­ներ, մեր կա­րո­ղա­կա­նու­թեան գնա­հա­տու­մի անճշդու­թիւն­ներ, քա­ղա­քա­կան դարձ­դար­ձիկ հա­շիւ­ներ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան իբ­րեւ թէ բարձր ու ան­հատ­նում մար­զանք­ներ, ո­րոնք կը յան­գէին միեւ­նոյն ու մէկ եզ­րա­կա­ցու­թեան. «­Ներ­կա­յի պայ­ման­նե­րը ձեռն­տու չեն մե­զի հա­մար, որ ան­հանգս­տաց­նենք աշ­խար­հը: ­Մենք պէտք ու­նինք աշ­խար­հին: ­Մեր թշնա­մին զօ­րա­ւոր է եւ զի­նա­կից­ներ ու­նի ա­մէն կողմ…»:
«Ես դառ­նօ­րէն զգա­ցի, որ ա­ռաջ քշուած բո­լոր պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րը ե­րե­ւու­թա­պէս տրա­մա­բա­նա­կան ըլ­լա­լով հան­դերձ, չէր յայ­տա­րա­րո­ւէր մեր ան­զօ­րու­թեան պատ­ճառ­նե­րուն մեծ պատ­ճա­ռը։ ­Յաղ­թե­լու հա­ւատ­քին չգո­յու­թի՛ւ­նը:
«­Կը տխրէի իմ հո­գիիս խո­րե­րէն՝ ի տես եւ ի լուր այն տա­րօ­րի­նակ խան­դա­վա­ռու­թեան, երբ ա­մէն ան­գամ օ­տար­ներ խոս­տում­ներ կու տա­յին իմ ազ­գին եւ նոյն­քան տա­րօ­րի­նակ յու­սալ­քու­մին հա­մար, երբ տրո­ւած խոս­տում­նե­րը կը դրժէին պար­զօ­րէն:
«Ո՛չ. պէտք էր վե­րա­կանգ­նէր սե­փա­կան ու­ժի հա­ւատ­քը հո­գի­նե­րու մէջ:
«­Վա՜յ ա­նոր, որ տկա­րու­թիւն ցոյց կու տայ, «­Վա՜յ ա­նոր, որ կորսն­ցու­ցած է կա­րո­ղու­թիւ­նը շեշ­տա­կի նա­յե­լու թշնա­միի աչ­քե­րուն, «­Վա՜յ ա­նոր, որ ան­զօր է ա­ւե­լի սար­սա­փե­լի ըլ­լա­լու քան թշնա­մին, «­Վա՜յ ա­նոր, որ միամ­տու­թեամբ կը պա­հան­ջէ, որ աշ­խար­հը ըլ­լայ այն­պէս, ինչ­պէս որ ինք կ­’ու­զէ, եւ ինք չըլ­լայ այն, ինչ որ աշ­խար­հը կը թե­լադ­րէ:
«Տ­կա­րը մե­ղա­ւոր է, որ տկար է. ա՛յս է աշ­խար­հին դա­տավ­ճի­ռը: Կ’ար­ժես այն, ինչ որ ես այ­սօր: ­Տա­ռա­պան­քիդ մե­ծու­թիւ­նը կշիռ չու­նի, այլ կշիռ ու­նի յաղ­թե­լու հա­ւատ­քիդ ան­պար­տե­լիու­թիւ­նը:
«­Յաղ­թե­լու հա­ւատքս վեր դա­սե­ցի կեան­քէս ալ ու ինք­զինքս ըն­ծայ ը­րի այդ աստ­ծուն»:
«­Շա­մի­րա­մի ցան­կու­թեան զոհ՝ ­Գե­ղե­ցիկն Ա­րան չեմ, այլ ուխ­տո­ւած բա­նա­կի մը զի­նո­ւոր գրո­ւած ­Լիզ­պո­նի հին­գէն մէկն եմ ես: ­Փոքր տա­րի­քիս ­Շա­մի­րա­մը շատ ազ­դած է իմ հո­գիիս:
Ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­ցում­նե­րու խառ­նուրդ մը կար ա­նոր սրտին մէջ:
Իր ցան­կու­թեան մղու­մով՝ հրա­ման տո­ւաւ բա­նա­կին. «­Գա­ցէ՛ք, կռո­ւե­ցէ՛ք, մեռ­ցու­ցէք որ­քան կրնաք, բայց չդպնաք իմ Ա­րա­յին»: Այն­քան ան­գութ բո­լո­րին, բայց հա­մակ գութ իր սի­րա­ծին:
«Ես վա­նե­ցի իմ մէ­ջէն անգ­թու­թեան ա­մէն հետք եւ փա­րե­ցայ երկ­րոր­դին:
Գուր­գու­րան­քը ե­ղաւ իմ քայ­լե­րուս կողմ­նա­ցոյ­ցը: ­Շուրջս տե­սայ հրէ­շա­յին ու­ղեղ­ներ, ո­րոնց­մէ միշտ ա­տե­լու­թիւն կը ծնէր: Ա­նոնց հա­մար մահ էր պէտք, ան­հատ­նում մահ, որ­պէս­զի ա­տե­լու­թիւնն ի­րենց ապ­րէր:
«­Գուր­գու­րա­ցի կեան­քին վրայ ի­մին­նե­րուս: ­Տե­սայ շուրջս պա­տա­նի­ներ՝ շա­րան-շա­րան դպրոց կ­’եր­թան: ­Խա­ղա­ղու­թեան խաբ­կան­քին մէջ պի­տի մեծ­նան, ան­գի­տա­կից մեր պար­տու­թեան: Ապ­րե­լու ցան­կու­թիւնն ա­նոնց մեծ էր թէեւ, ճշմար­տու­թիւնն այն էր սա­կայն, որ իբ­րեւ հայ, կեանքն ա­նոնց կա­մաց-կա­մաց մա­հո­ւան կ­’եր­թար: Այդ վտան­գին ազ­դա­լոյ­սի նշան չկար: Ամ­րօ­րէն հա­ւա­տա­ցի, գուր­գու­րան­քիս խո­րուն­կէն, որ խի­զախ մա­հո­ւան ցնցու­մը միայն կ­’ըլ­լար լծակ փրկու­թեան: Ու իմ կեանքս ես տո­ւի գուր­գու­րան­քիս ջեր­մու­թեան:
«Ա­հա­ւա­սիկ հե­քիա­թը մեր, մենք պատ­մե­ցինք ձե­զի այ­սօր: ­Վեր­ջին խօսքն ալ լսե­ցէ՛ք ու ձեր մտքէն մի՛ հա­նէք։
«Ինք­նատ­պու­թիւնն մեր հե­քիա­թին ­Լիզ­պո­նի, Որ­պէս­զի յար չկոր­չի ու ա­նա­ղարտ միշտ պա­հո­ւի, հա­յու­թիւնն իմ սի­րե­լի, կրկնե­լէ զայն խու­սա­փի…
«­Մենք մեր մա­հով ու­զե­ցինք կեանք տալ հայ պայ­քա­րին, «­Դուք ձեր կեան­քով զայն հաս­ցու­ցէ՛ք յաղ­թա­նա­կի դափ­նիին»:
Ընդ­հան­րա­պէս հե­քիա­թա­սաց­նե­րը ի­րենց հե­քիա­թի ա­ւար­տին սո­վոր են կրկնել ծա­նօթ ա­սոյ­թը.
«Եր­կին­քէն ե­րեք խնձոր ին­կաւ»:
Ան­սո­վոր հե­քիաթ մըն է սա­կայն ­Լիզ­պո­նը: Ս­կիզբ չու­նե­ցող եւ վերջ չու­նե­ցող հե­քիաթ մըն է ան եւ այդ­պէս ալ պի­տի մնայ: Ին­ծի պէս քա­նի հե­քիա­թա­սաց­ներ ալ փոր­ձեն պատ­մել զայն, միշտ պի­տի մնայ չպատ­մո­ւած բա­ժին մը, ո­րով­հե­տեւ եր­կին­քէն ե­րեք խնձոր­ներ չին­կան, այլ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Բա­նա­կի հինգ ող­ջա­կէզ­ներ ի­րենց ա­րիւ­նով փաս­տե­ցին ան­սահ­մա­նե­լիու­թիւ­նը ա­զա­տու­թեան մեծ տե­սիլ­քին: