Լիզպոնի հինգ տղոց ողջակիզման 36րդ տարելիցին առթիւ, Կիրակի՝ 28 Յուլիս 2019ի առաւօտուն, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, կազմակերպուած Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ։
Ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, շրջաններու կոմիտէներու անդամները եւ կոմիտէութիւններու ընկերները, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեանց անդամները եւ վարչականները, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութիւններու անդամները եւ հայրենակիցներ, որոնք անգամ մը եւս մէկտեղուած էին՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար Լիզպոնի Հինգի հերոսութեան եւ զոհողութեան արարքին։
Բեմին վրայ զետեղուած էին հինգ տղոց՝ Սարգիսի, Սեդրակի, Արայի, Սիմոնի եւ Վաչէի նկարները, ինչպէս նաեւ եռագոյն ու Հ.Յ.Դ. դրօշակները։
Օրուան պատարագիչը՝ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան իր քարոզին մէջ շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը ստեղծագործ է՝ տուած է շինականներ, գիտնականներ եւ արուեստի մարդեր, սակայն իր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, գիտցած է տալ նաեւ ֆետայիններ, որոնք իրենց կեանքի գնով տէր եղան հայու արդար դատին։ Այդպէս հասակ նետեցին նաեւ Լիզպոնի հինգ տղաքը, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հայ ժողովուրդին։ Ազգային ոգիով շաղախուած տղաքը նետուեցան պայքարի դաշտ եւ իրենց արեան տուրքը տուին Հայ դատի իրագործման ճամբուն վրայ։
Հոգեհանգիստի աւարտին, Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան կողմէ խօսեցաւ ընկ. Նարօտ Շահինեան, որուն խօսքը կու տանք ստորեւ։
36 տարի կ՚ամբողջանան այդ օրէն, որ հինգ հայ երիտասարդներ գրաւեցին եւ հրկիզեցին թրքական դեսպանատան շէնքը Լիզպոնի մէջ, հոն ձգելով իրենց վերջին շունչը, անոր հետ ձգելով նաեւ իրենց քաջ ու ազնիւ հոգին:
Վաչէ Տաղլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Արա Քըրճլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սիմոն Եահնիեան:
Հայ երիտասարդ ընկերներ, որոնք անձնազոհ եղան սուրբ նպատակի մը հետեւելով: Իրենց անունները, դրոշմուեցան մեր մտքերուն վրայ ու դարձան ազգային խորհրդանիշ՝ Վաչէ, Սագօ, Արա, Սեդօ, Սիմոն, կարծես անոնք մեր մօտիկ ընկերներն էին՝ հակառակ թէ, երբեք առիթը չունեցանք անոնց հետ ծանօթանալու:
Այսօր, մեր 5 ընկերներուն յիշատակին ի պատիւ, կը վերյիշենք իրենց խօսքերը, նախքան իրենց ճամբան զատեն դէպի Լիզպոն՝ ճամբայ մը, որ եղաւ անվերադարձ:
— «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին»,- կը պատգամէր Սագոն:
— «Մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան»,- կ՚ըսէր Սեդոն:
— «Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ: Ես Հայ դատի զինուոր եմ: Կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»,- կը խոստանար Վաչէն:
— Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողի, ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ‘ըլլայ»,- կը հաստատէր Արան:
— Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ,- կը յայտարարէր Սիմոնը:
Լիզպոնի Հինգը՝ երիտասարդ տղաք էին, ուրախ, իրենց ամբողջ կեանքը ունէին իրենց առջեւ: Ունէին հարազատներ, բարեկամներ, ապագայի երազներ, ճիշդ այդպէս ինչպէս իւրաքանչիւր երիտասարդ կ՚ունենայ:
Նախընտրեցին սակայն, իրենց ազատ կամքով անձնազոհ ըլլալ, որպէսզի գաղափարին ծարայեն: Հայ ժողովուրդի Դատին ծառայեն:
Լիզպոնի տղաքը, լոյսի եւ յոյսի աղբիւր են, որ մեզ կը ներշնչեն ազգային ոգիով:
Կ՚ոգեւորեն մեր ամենօրեայ քարոզչական պայքարը:
Կ՚ամրացնեն հայ զինուորի հաւատքն ու տենչը հայրենիքի ու հերոսական Արցախի սահմանները աւելի յամառօրէն պահպանելու համար: