«­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Լի­բա­նա­նի գոր­ծա­դիր մար­մի­նը ու­րա­խու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րէ, որ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 29 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին, իր կազ­մա­կեր­պած ռա­տիո­թո­նի ըն­թաց­քին, հա­մայն լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ջան­քե­րով հան­գա­նա­կո­ւե­ցաւ 90.560 ա­մե­րի­կեան տո­լար` ի նպաստ հիմ­նադ­րա­մի «­Բեր­քա­ռատ Ար­ցախ» ծրա­գի­րին, ո­րուն շնոր­հիւ Ար­ցա­խի տա­րած­քին պի­տի հո­րա­տո­ւին ար­տե­զեան ջրհոր­ներ եւ պի­տի հաս­տա­տո­ւին ո­ռոգ­ման ցան­ցեր, ինչ­պէս նաեւ՝ հան­րա­յին կա­ռոյց­նե­րը պի­տի օժ­տո­ւին ա­րե­ւա­յին ու­ժա­նիւ­թով բա­նող հա­մա­կար­գե­րով: Ռա­տիո­թո­նը ան­գամ մը եւս ե­կաւ փաս­տե­լու, որ լի­բա­նա­նա­հա­յը, իր դի­մագ­րա­ւած բա­զում դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, կը մնայ հա­ւա­տա­րիմ իր ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, եւ հայ­րե­նա­կեր­տու­մի գոր­ծը նկա­տե­լով գե­րա­դաս՝ մե­ծա­թիւ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թեամբ ըն­թա­ցող նման ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման: