ԼԷՕ (Առաքել Բաբախանեան, 1860-1932)

ԼԷՕ (Առաքել Բաբախանեան, 1860-1932). ­Մե­ծա­վաս­տակ պատ­մա­բա­նը, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի խո­րա­թա­փանց տե­սա­բա­նը Ն.

0
1096

Ապ­րիլ 26ի (հին տո­մա­րով՝ Ապ­րիլ 14ի) այս օ­րը, 158 տա­րի ա­ռաջ, Ար­ցա­խի հա­յա­կերտ օր­րան ­Շու­շիի մէջ, Ա­ռա­քել Գ­րի­գո­րի ­Բա­բա­խա­նեան ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով լոյս աշ­խարհ ե­կաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծար­ժէք եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր դէմ­քե­րէն ­Լէօ։
­Վաս­տա­կա­շատ հե­ղի­նա­կու­թիւն է ­Լէօ՝ ընդ­հան­րա­պէս հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ, յատ­կա­պէս, հա­յոց պատ­մու­թեան քննա­կան հե­տա­զօտ­ման ու ար­ժե­ւոր­ման ա­ռում­նե­րով։
­Լէօ իր ու­րոյն դրոշ­մը դրաւ ­Հայ Մտ­քի թէ՛ նա­խա­խորհր­դա­յին եւ թէ յետ-խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու դե­գե­րում­նե­րուն վրայ՝ գլխա­ւոր գա­ղա­փա­րա­խօս­նե­րէն մէ­կը դառ­նա­լով պատ­մակշիռ վե­րի­վայ­րում­նե­րով յա­գե­ցած հա­յոց պատ­մու­թեան ա­մե­նավճ­ռո­րոշ փու­լին — 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի ա­ւե­լի քան չորս տաս­նա­մեակ­նե­րուն։
­Թէեւ պատ­մա­գի­տա­կան ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան իր կողմ­նո­րո­շում­նե­րով, յատ­կա­պէս ինք­զինք հա­կա­սող տե­սա­կէտ­նե­րով՝ ­Լէօ միշտ բա­նա­վէ­ճի ա­լիք բարձ­րա­ցուց իր մտա­ծում­նե­րուն եւ կե­ցո­ւածք­նե­րուն շուրջ, այ­դու­հան­դերձ՝ նոյ­նիսկ իր ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը բնաւ հար­ցա­կա­նի տակ չա­ռին ­Լէո­յի գի­տա­կան պա­շա­րին ու կո­թո­ղա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց բա­ցա­ռիկ ար­ժէ­քը։
­Բա­բա­խա­նեան­նե­րու հա­մեստ ըն­տա­նի­քին մէջ ծնած ըլ­լա­լով՝ կեան­քի պայ­ման­նե­րը չօգ­նե­ցին, որ­պէս­զի ­Լէօ կա­րե­նար բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւիլ։ Ան ստի­պո­ւե­ցաւ բա­ւա­րա­րո­ւիլ ­Շու­շիի ­Թե­մա­կան եւ ­Քա­ղա­քա­յին ­Վե­րա­կազ­մեալ վար­ժա­րան­նե­րու ջամ­բած ու­սու­մով։
Դպ­րո­ցա­կան ուս­ման շրջա­նը ա­ւար­տեց 1878ին եւ գնաց ­Պա­քու՝ նո­տա­րա­կան աշ­խա­տանք գտնե­լով եւ ա­զատ ժա­մա­նա­կը լրիւ օգ­տա­գոր­ծե­լով թէ՛ ինք­նա­զար­գաց­ման, թէ՛ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ թէ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան հա­մար։
Այդ տա­րի­նե­րէն սկսեալ, ­Լէօ մնա­յուն աշ­խա­տա­կի­ցը ե­ղաւ Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի մե­ծահռ­չակ «Մշակ» թեր­թին՝ ան­մի­ջա­պէս ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւե­լով ու ա­տե­նի ծա­նօթ գրող­նե­րու եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր դէմ­քե­րու խրա­խու­սան­քին ար­ժա­նա­նա­լով։
Ինք­նա­զար­գա­ցու­մը դար­ձաւ ­Լէո­յի կեան­քին մղիչ ու­ժը՝ զինք դարձ­նե­լով հե­ղի­նա­կը ա­ւե­լի քան 200 հա­տոր կազ­մող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց։ ­Լէո­յի այդ պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կը նկա­տի ու­նէին իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը, երբ կ­’ը­սէին.- «­Լէոն ոչ թէ գրող է, այլ գրա­կան հիմ­նար­կու­թիւն»։
­Բեղմ­նա­ւոր գրիչ է ­Լէօ, ո­րուն կարճ պատ­մուածք­նե­րը, վի­պակ­նե­րը, հրա­պա­րա­կագ­րա­կան յօ­դո­ւած­նե­րը, գրա­խօ­սա­կան­նե­րը, ու­ղե­ւո­րագ­րու­թիւն­ներն ու վէ­պե­րը ա­րա­գօ­րէն յա­ջոր­դե­ցին ի­րա­րու՝ լոյս տես­նե­լով ­Թիֆ­լի­սի, ­Պա­քո­ւի, ­Շու­շիի, ­Վե­նե­տի­կի, Ս.­Ղա­զա­րի եւ ­Պոլ­սոյ հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն:
1895ին ­Լէօ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր ապ­րե­ցաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց մին­չեւ 1924 թո­ւա­կա­նը, երբ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ իբ­րեւ ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի ա­ւագ դա­սա­խօս։
‘­Թիֆ­լի­սեան իր գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին, եր­կու տա­րիով, 1906էն 1908, ­Լէօ դա­սա­խօ­սա­կան պաշ­տօ­նի կո­չո­ւե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» ­Ճե­մա­րա­նին մէջ։ Այ­լա­պէս եր­կար տա­րի­ներ ե­ղաւ «Մ­շակ»ի խմբագ­րու­թեան քար­տու­ղա­րը, իսկ 1908էն ետք դար­ձաւ «­Մուրճ» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գի­րը։
­Լէո­յի գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւոր­ման վրայ զգա­լի ե­ղաւ դրոշ­մը ինչ­պէս Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի մտա­ծո­ղու­թեան, նոյն­պէս եւ ­Րաֆ­ֆիի ա­զա­տա­խոհ ուղ­ղու­թեան։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Լէօ սկզբնա­պէս անխ­նայ քննա­դա­տո­ղը ե­ղաւ իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան եւ կղե­րամ­տու­թեան։ ­Դար­ձաւ քննա­դա­տա­կան մտքի դա­սա­կան եւ ու­սա­նե­լի օ­րի­նակ մը հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ:
­Թիֆ­լի­սի մէջ ­Լէօ մեծ հռչա­կի տի­րա­ցաւ ոչ միայն իբ­րեւ գրո­ղի, գրա­կա­նա­գէ­տի, հրա­պա­րա­կա­խօ­սի եւ նո­րա­րար պատ­մա­գի­րի, այ­լեւ՝ իբ­րեւ լայն պատ­րաս­տու­թեան եւ գի­տու­թեան տէր մտա­ւո­րա­կա­նի, ո­րուն քննա­կան ար­ժե­ւոր­ման կ­’ար­ժա­նա­նար հայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը յու­զող իւ­րա­քան­չիւր հարց:
­Թէեւ ­Լէո­յի գրա­խօ­սա­կան­նե­րը ծայր աս­տի­ճան խստա­պա­հանջ էին իր ժա­մա­նա­կա­կից գրող­նե­րուն նկատ­մամբ, այ­սու­հան­դերձ՝ ան մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցաւ իր կա­տա­րած քննա­դա­տու­թեանց հա­մար եւ պա­տա­հա­կան չէր, որ ­Կով­կա­սի ­Հայ Գ­րող­նե­րու Ըն­կե­րու­թեան եւ յատ­կա­պէս ա­նոր նա­խա­գահ ­Յովհ. ­Թու­մա­նեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 1908ին եւ 1910ին մեծ շու­քով նշո­ւե­ցան ­Լէո­յի գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան 25ա­մեակն ու ծննդեան 50ա­մեա­կը։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­նո­ւած ծան­րա­գոյն ող­բեր­գու­թիւ­նը՝ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ծայր աս­տի­ճան ծանր անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ ­Լէո­յի վրայ։
­Մեծ մտա­ւո­րա­կա­նի գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հը հիմ­նո­վին փուլ ե­կաւ եւ ան գրեց «Ան­ցեա­լից» խո­րագ­րով աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, ուր գլխի­վայր շրջուած պատ­կե­րով կը ներ­կա­յա­նայ ­Լէո­յի սկզբնա­կան շրջա­նի դրա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման վե­րա­բե­րեալ։
­Րաֆ­ֆիի եւ Արծ­րու­նիի յե­ղա­փո­խա­շունչ մտա­ծո­ղու­թեան եր­բեմ­նի ար­ժա­նա­ւոր շա­ռա­ւի­ղը ինք­զինք հա­կա­սեց այն աս­տի­ճան, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած մեծ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­ներն ու մե­ղա­ւոր­նե­րը ­Լէօ սկսաւ փնտռել նոյ­նինքն հա­յու­թեան մէջ՝ հե­տե­ւեալ տի­պի ան­հիմն եզ­րա­կա­ցու­թեանց յան­գե­լով.-
…«­Մե­ղա­ւո­րը մտա­ւո­րա­կան­ներն էին, հայ հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն, ո­րոնք յի­մա­րա­բար եւ ան­խո­հեմ հա­ւա­տա­ցին շա­հա­մոլ բուր­ժո­ւա­կան ա­րեւ­մուտ­քին ու ­Ռու­սաս­տա­նին, եւ մենք՝ որ ման­կա­միտ ձե­ւով հա­ւա­տա­ցինք լու­սա­ւո­րեալ մարդ­կու­թեան հու­մա­նիզ­մին, ծա­խու եւ ստոր հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րին…
­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ես յան­ցա­գործ ձե­ւով պայ­քա­րել եմ մեր պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րի դէմ, բայց նրանք ա­ւե­լի ի­րա­տե­սա­կան գտնո­ւե­ցին, քա­նի որ ա­ւե­լի լաւ էին հաս­կա­ցել աշ­խար­հի ու­ժեղ­նե­րի ա­նա­մօ­թու­թիւ­նը եւ ան­բա­րո­յա­կա­նութիւ­նը»:
Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մէն եւ մեր երկ­րին պար­տադ­րո­ւած խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, ­Լէօ դրսե­ւո­րեց պատ­մա­քա­ղա­քա­կան իր հա­յեացք­ներն ու ար­ժե­ւո­րում­նե­րը հիմ­նո­վին վե­րա­նայ­ման են­թար­կե­լու ա­նար­դա­րա­նա­լի վար­քա­գիծ մը։
­Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու ­Լէո­յի գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան խո­տո­րում­նե­րը, յատ­կա­պէս իր կո­թո­ղա­կան «­Հա­յոց ­Պատ­մու­թիւն» ե­ռա­հա­տոր գոր­ծին վեր­ջին հա­տո­րին (նո­րա­գոյն շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ) եզ­րա­յան­գում­նե­րը ա­նըն­դու­նե­լի ե­ղան այն աս­տի­ճան, որ մին­չեւ իսկ «­Հայ­կա­կան ­Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ը, 1970ա­կան­նե­րուն, դա­տա­պար­տան­քով անդ­րա­դար­ձաւ այդ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման հաս­ցէին եւ դէմ ­Լէո­յի կող­մէ հնչած… ան­հիմն ու ան­հե­թեթ «մե­ղադ­րանք­նե­րուն»։
1925էն ետք գրո­ւած իր աշ­խա­տու­թեանց մէջ, ­Լէօ փաս­տօ­րէն հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան վրայ բար­դեց յան­ցան­քի եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ծանր բա­ժին մը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ջար­դե­րուն «պատ­ճառ» նկա­տե­լով հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու այս­պէս կո­չո­ւած «յան­պատ­րաս­տի» եւ «կան­խա­հաս» պոռթ­կում­նե­րը։
­Պատ­մա­գի­տա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան իր այդ խորհր­դա­հա­ճոյ վե­րա­նա­յում­նե­րուն հա­մար, օ­րին իսկ, ­Լէօ «յա­պա­ղած մար­գա­րէ» հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան տե­սա­բան ­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեա­նի կող­մէ։
Այ­դօ­րի­նակ իր խո­տո­րում­նե­րով հան­դերձ՝ ­Լէօ մեր ժո­ղո­վուր­դին յանձ­նեց ժա­ռան­գու­թիւն մը, ուր հայ քննա­կան միտ­քը կը ճա­ռա­գայ­թէ ա­մե­նայն խո­րի­մա­ցու­թեամբ ու լու­սա­ւո­րող ջեր­մու­թեամբ, ո­րոնց հա­մար ­Լէօ իր մնա­յուն տե­ղը ու­նի հա­յոց մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։
­Խօ­սուն է, այս ա­ռու­մով, ­Մեծն Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի գնա­հա­տա­կա­նը ԼԷՕ ե­րե­ւոյ­թին վե­րա­բե­րեալ.-՝ «­Մար­դու հե­տաքր­քիր օ­րի­նակ է ­Լէոն: ­Հա­զիւ թէ այդ­պի­սի երկ­րոր­դը գտնո­ւի մեր մէջ, ո­րի հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րի ո­լոր­տը սահ­ման չի ու­նե­ցել»։
­Լէօ իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րը, 1924էն 1932, ան­ցուց Ե­րե­ւան՝ դա­սա­ւան­դե­լով Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Ան վախ­ճա­նե­ցաւ 14 ­Նո­յեմ­բեր 1932ին, գրե­թէ կու­րա­ցած վի­ճա­կի մէջ, բայց մին­չեւ վեր­ջին շունչ գրի­չը՝ ձեռ­քին եւ հա­յոց վիշ­տը՝ հո­գիին խո­րը:
Իր կտա­կը ե­ղաւ՝
«Ե­րա­նի նրանց, ո­րոնք մե­ռան միամ­տու­թեան մէջ՝ հա­ւա­տա­լով, որ հա­յոց հար­ցը պի­տի լու­ծուի հայ ժո­ղովր­դի եր­ջան­կու­թեան հա­մար: Ես մի մխի­թա­րանք ու­նեմ այժմ, ա­ւե­րո­ւած եւ բզքտո­ւած ­Հա­յաս­տա­նից մնա­ցել է մի փոք­րիկ հո­ղակ­տոր, ո­րը շատ մեծ գնով է ձեռք բե­րո­ւել…:
­Բայց հայ ժո­ղո­վուր­դը… պի­տի նո­րից ապ­րի: Ապ­րի այն­պէս, որ հի­նը եր­բեք չկրկնո­ւի:
Ապ­րել ոչ միայն նո­րից, այ­լեւ նո­րո­վի ու ա­նէծ­քով խա­փա­նո­ւած ճա­նա­պարհ­նե­րի փո­խա­րէն պի­տի բա­ցո­ւեն նո­րե­րը…»:
­Լէո­յի ա­ճիւ­նը ամ­փո­փո­ւած է ­Կո­մի­տա­սի ա­նուան զբօ­սայ­գիի ­Պան­թէո­նին մէջ:
­Մե­ծա­վաս­տակ պատ­մա­բա­նին եւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի հե­ղի­նա­կա­ւոր տե­սա­բա­նին ծննդեան տա­րե­դար­ձին՝ ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի են հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան կեան­քին մա­սին ­Լէո­յի հե­տա­գայ մտո­րում­նե­րը.
— «­Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը մի հսկա­յա­կան մար­տի­րո­սու­թիւն է»։
— «­Հե­րոս­նե­րը երկն­քից չեն ընկ­նում, հե­րոս­նե­րը ծնւում են ժո­ղովր­դից»։
— ­Հայ գրե­րու գիւ­տին ա­ռի­թով՝
«­Մեր ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին սա ա­ռա­ջին մեծ դէպքն է, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը ճշմա­րիտ, նշա­նա­ւոր յաղ­թա­նակ մը տա­րաւ։
­Նոյ­նիսկ ե­թէ ­Տիգ­րան­նե­րը ա­ւե­լի սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ ըլ­լա­յին մեր պատ­մու­թեան մէջ, դար­ձեալ ա­նոնց յաղ­թա­նակ­նե­րը կա­րող չէին հա­մե­մա­տո­ւիլ այս հա­մեստ վար­դա­պե­տի գոր­ծի հետ»։
«­Մես­րոպն իր կա­տա­րած գոր­ծով ա­մե­նա­մեծն է մեր պատ­մա­կան հե­րոս­նե­րի մէջ»։