Լեւոն Թադէոսեան (Պապաշա, 1865-1935)

Լեւոն Թադէոսեան (Պապաշա, 1865-1935). ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման «­Հայ­րիկ»ը. ­Դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չի բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան ա­ւան­դը Ն.

0
1464

­Դեկ­տեմ­բեր 19ին կ­’ո­գե­կո­չենք յի­շա­տա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դի ե­զա­կի ծնունդ­նե­րէն ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեա­նի, որ իր ան­ձով ու գոր­ծով ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց հայ ղե­կա­վար գոր­ծի­չի բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան ա­ւան­դը։
1935ի այս օ­րը, ­Փա­րի­զի մէջ, 70 տա­րե­կան հա­սա­կին աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի ու քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան ազ­գա­յին գոր­ծի­չի ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ նո­ւի­րեալ մը՝ ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեան, որ իր գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­քի­նու­թեան եւ անձն­դիր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ ­Պա­պա­շա (ռու­սե­րէն՝ հայ­րիկ) ա­նո­ւա­նու­մին։
­Թէ՛ գա­ղա­փա­րի իր ըն­կեր­նե­րուն, թէ՛ մեր ժո­ղո­վուր­դի լայն խա­ւե­րուն հա­մար իս­կա­պէս բա­րո­յա­կան մեծ հե­ղի­նա­կու­թեան տէր «­Հայ­րիկ» մը ե­ղաւ ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեան։ Ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց իբ­րեւ բո­լո­րին «­Հայ­րիկ»ը՝ իր ան­սահ­ման բա­րու­թեամբ ու անձ­նա­զո­հու­թեամբ, ըն­կե­րա­սի­րու­թեամբ ու մար­դա­սի­րու­թեամբ, պար­զու­թեամբ ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ, սկզբուն­քայ­նու­թեամբ ու ան­շա­հախնդ­րու­թեամբ։
Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի քրոջ որ­դին է ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեան, ծնած՝ ­Գողթն գա­ւա­ռի ­Վե­րին Ա­գու­լիս գիւ­ղը, 1865 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւար 2ին։ ­Հայ­րը վա­ճա­ռա­կան էր եւ խա­նութ ու­նէր ­Ջա­քա­թա­լա­յի մէջ, որ բա­ւա­կան հե­ռու էր Ա­գու­լի­սէն։ Ե­րեք տա­րին մէկ ան­գամ կու գար Ա­գու­լիս՝ տես­նե­լու ըն­տա­նի­քը եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ, ինչ­պէս ­Պա­պա­շա­յի կեն­սագ­րու­թեան մէջ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան կը նշէ, ե­րեք եղ­բայր եւ մէկ քոյր ­Թա­դէո­սեան­նե­րը ի­րար­մէ ե­րեք տա­րո­ւան տար­բե­րու­թիւն ու­նէին։ ­Լե­ւոն անդ­րա­նիկն էր տան, ­Սամ­սոն՝ միջ­նե­կը, իսկ ­Յով­սէփ՝ կրտսե­րը։ Ե­րեքն ալ հան­րա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան ա­նո­ւա­նի դէմ­քեր ե­ղան հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
­Հօր բա­ցա­կա­յու­թեան, ­Թա­դէո­սեան եղ­բայր­նե­րը կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցան ի­րենց մօր շուն­չով, որ իր զա­ւակ­նե­րը զգաս­տաց­նե­լու կամ ուղ­ղե­լու հա­մար կը դի­մէր «Ք­րիս­տա­փոր քե­ռիին»։ ­Թէեւ այն­քան ալ մեծ չէր տա­րի­քի տար­բե­րու­թիւ­նը Ք­րիս­տա­փո­րի եւ իր քրոջ որ­դի­նե­րուն մի­ջեւ, այ­դու­հան­դերձ՝ իր ան­հա­տա­կա­նու­թեան ու հա­սու­նու­թեան շնոր­հիւ, Ք­րիս­տա­փոր օ­րի­նա­կե­լի տի­պար եւ ա­ռաջ­նոր­դող հե­ղի­նա­կու­թիւն մը ե­ղաւ ­Թա­դէո­սեան եղ­բայր­նե­րուն, յատ­կա­պէս ­Լե­ւո­նի հա­մար։
­Պա­պա­շա իր տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ Ա­գու­լի­սի ծխա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ ու­սու­ցիչ ու­նե­նա­լով ­Րաֆ­ֆին։ Այ­նու­հե­տեւ, Ք­րիս­տա­փո­րի օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով, գիւ­ղի հո­գա­բար­ձու­թեան ծախ­սե­րով ու­ղար­կո­ւե­ցաւ քե­ռիին մօտ, ­Թիֆ­լիս, «­Ներ­սի­սեան» վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սու­մը ամ­բող­ջաց­նե­լու եւ այ­նու­հե­տեւ, Ա­գու­լիս վե­րա­դառ­նա­լով, չորս տա­րի գիւ­ղին մէջ ու­սուց­չու­թիւն ը­նե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ։
­Կեան­քը դա­ժան գտնո­ւե­ցաւ այս հա­մեստ ըն­տա­նի­քին հա­մար։ ­Հայ­րը կան­խա­հաս մահ ու­նե­ցաւ, ­Թա­դէո­սեան­նե­րը որ­բա­ցան եւ ­Լե­ւոն պա­տա­նի հա­սա­կէն իր վրայ վեր­ցուց ըն­տա­նի­քին հո­գը։
Աս­տո­ւա­ծա­վախ եւ հա­ւա­տա­ցեալ էր ­Լե­ւոն, որ Ք­րիս­տո­սի մէջ մարմ­նա­ւո­րո­ւած կը տես­նէր յա­նուն մարդ­կու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան ա­զա­տագ­րու­մին իր անձն ու կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րող մեծ մար­դա­սէրն ու ըն­կե­րա­յին գոր­ծի­չը։ Այդ ներշն­չու­մով ալ ­Պա­պա­շա­յի մտա­ծո­ղու­թեան եւ նկա­րագ­րին մէջ ա­մուր տեղ գրա­ւե­ցին սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին կա­րիք­նե­րուն հաս­նե­լու եւ ցա­ւե­րը ա­մո­քե­լու հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թիւնն ու ամ­բող­ջա­կան անձ­նո­ւի­րու­մը։
1883ին, ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը փա­կեց հա­յոց ծխա­կան վար­ժա­րան­նե­րը։ Ք­րիս­տա­փո­րի յոր­դո­րով, ­Լե­ւոն ան­ցաւ ­Գան­ձակ, ուր թե­մա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սուց­չու­թեան լծո­ւե­ցաւ, բայց շու­տով բա­խում ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն կղե­րա­միտ եւ պահ­պա­նո­ղա­կան մտայ­նու­թեանց հետ։ Էջ­միած­նէն՝ ­Մա­կար ­Կա­թո­ղի­կո­սի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, կրթա­կան յա­տուկ քննիչ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Գան­ձակ։ Ըմ­բոստ ա­շա­կեր­տու­թիւնն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը պատ­ժե­լու իր կար­գադ­րու­թեանց ճամ­բով՝ Էջ­միա­ծի­նի կող­մէ ա­ռա­քո­ւած քննի­չը ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեա­նին զրկեց ոչ միայն տեղ­ւոյն դպրո­ցին մէջ, այ­լեւ՝ ո­րե­ւէ թե­մա­կան վար­ժա­րա­նի մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րե­լու եւ դա­սա­ւան­դե­լու ի­րա­ւուն­քէն։ Այդ­պի­սով վերջ գտաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զը ­Պա­պա­շա­յի հա­մար, որ այ­նու­հե­տեւ հա­շո­ւա­պա­հա­կան իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ՝ միա­ժա­մա­նակ նո­ւի­րո­ւե­լով հետզ­հե­տէ թափ հա­ւա­քող հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման։
1890ա­կան­նե­րուն ­Պա­պա­շա աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր ժո­ղով­նե­րուն եւ ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման սկզբնա­կան քայ­լե­րուն։ Ան­բա­ժան գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ Ք­րիս­տա­փո­րի, որ ­Լե­ւո­նի մէջ գտած էր ոչ միայն ժո­ղո­վուր­դի լայն խա­ւե­րուն հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու եւ վստա­հու­թիւն ներշն­չե­լու բա­րո­յա­կան մեծ դրա­մագ­լու­խի տէր յե­ղա­փո­խա­կա­նը, այ­լեւ՝ կազ­մա­կերպ­չա­կան ան­դուլ աշ­խա­տան­քի, ան­շա­հախնդ­րու­թեան, ան­կա­շառ նկա­րագ­րի եւ տնտե­սու­մի բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած գոր­ծի­չը։
­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեա­նի դաշ­նակ­ցա­կան եւ ազ­գա­յին-հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան աս­պա­րէ­զը դար­ձաւ ­Պա­քուն, ուր ան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ 1900ին եւ ուր ան­դուլ գոր­ծեց մին­չեւ 1918ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին քա­ղա­քին գրա­ւու­մը թուր­քե­րուն կող­մէ։
­Կով­կա­սի նաւ­թար­դիւ­նա­բե­րու­թեան կեդ­րոն ­Պա­քուն եւ Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն, այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ընդ­հան­րա­պէս կեդ­րո­նա­կան տեղ կը գրա­ւէին հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Իսկ ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեան շու­տով դար­ձաւ հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ ռուս աշ­խա­տա­ւո­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րուն մէջ ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նած ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը, ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րու նաեւ՝ բո­լո­րին «­Հայ­րիկ»ը, որ հիմ­նա­կան դեր ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­քին միաս­նու­թեան պահ­պան­ման, ամ­րապնդ­ման եւ ընդ­լայն­ման մէջ։
­Պա­պա­շա­յի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը մեծ եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղաւ թէ՛ «­Փո­թո­րիկ»ի ճամ­բով հայ­կա­կան ա­զա­տա­մար­տին մե­ծա­հա­րուստ հա­յե­րու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին մէջ, թէ՛ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ներք­նա­պէս պա­ռակ­տե­լու փոր­ձե­րուն դի­մագ­րաւ­ման ճա­կա­տին վրայ՝ 1904-1907 թո­ւա­կան­նե­րուն, թէ՛ հայ-թա­թա­րա­կան ա­րիւ­նա­լի ընդ­հա­րում­նե­րու հանգ­րո­ւա­նին՝ 1905ին, թէ՛ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան հա­լա­ծան­քը ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­լու ճա­կա­տին վրայ՝ 1908-1912 տա­րի­նե­րուն։
1908ին ­Պա­պա­շա իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու բան­տար­կո­ւե­ցաւ ­Ցա­րիզ­մի կող­մէ, ցմրուր ճա­շա­կեց ­Մե­տե­խի բան­տին դա­ժա­նու­թիւ­նը, բայց ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Դա­տէն ետք եւ միշտ մնաց պատ­նէ­շի վրայ՝ ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լով, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, ­Պա­քո­ւի հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ։
­Պա­քո­ւի ան­կու­մէն ետք, ընտ­րո­ւե­լով ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին խորհրդա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր, ­Պա­պա­շա տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան եւ մե­ծակ­շիռ գործ կա­տա­րեց խորհր­դա­րա­նի ե­լեւմ­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին խօս­նա­կի իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեամբ։ ­Հա­յոց նո­րա­հաս­տատ պե­տա­կա­նու­թեան ե­լեւմ­տա­կան հի­մե­րու ամ­րապնդ­ման մէջ հսկա­յա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Պա­պա­շա։ Ե­րե­ւան մնաց մին­չեւ 1921ի ­Փետ­րուա­րեան Ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տը, երբ ան­ցաւ Ատր­պա­տա­կան՝ ­Թաւ­րիզ, ուր կարճ ժա­մա­նակ մը գոր­ծեց իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. ­Գե­րա­գոյն ­Դա­տա­կան Ա­տեա­նի ան­դամ, պաշ­տօն՝ ո­րուն ընտ­րո­ւած էր 1919ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին կող­մէ։
1923ին ­Պա­պա­շա ան­ցաւ ­Ժը­նեւ, ա­պա՝ ­Փա­րիզ, ուր ստանձ­նեց Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Դի­ւա­նի վա­րի­չի պաշ­տօ­նը։ ­Բայց ար­դէն քայ­քա­յո­ւած էր ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ 19 ­Դեկ­տեմ­բեր 1935ին ան բաժ­նո­ւե­ցաւ մեր աշ­խար­հէն՝ «­Հայ­րիկ»ի հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը կտա­կե­լով իր պաշ­տած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր նո­ւի­րեալ­նե­րուն.
— «­Սի­րե­ցէք ի­րար միշտ ան­կեղ­ծօ­րէն եւ նե­րո­ղամ­տա­բար ուղ­ղե­ցէք ի­րա­րու սխալ­նե­րը, միշտ զսպե­ցէք ձեր ինք­նա­սի­րու­թիւ­նը, որ պզտիկ բա­նե­րից վեր մնաք»։
­Պա­պա­շա­նե­րու կեն­դա­նի ու վա­րա­կիչ այս օ­րի­նա­կով է, որ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին շղթա­յա­զեր­ծո­ւած հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան շար­ժիչ ու­ժը հան­դի­սա­ցաւ ոչ միայն յե­ղա­փո­խա­կան հա­յոր­դի­նե­րու հե­րո­սա­կան մար­տու­նա­կու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­պաշտ անձ­նա­զո­հու­թեան շնոր­հիւ, այ­լեւ՝ հայ կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս բա­րո­յա­կա­նու­թեան ու ա­ռա­քի­նու­թեան գօ­տեպն­դող մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու իր իւ­րա­յատ­կու­թեամբ։
­Սուլ­թան­նե­րու, խա­նե­րու եւ ցա­րե­րու լու­ծին տակ, դա­րա­ւոր գե­րու­թեան մէջ ապ­րե­լով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը շատ բան կորսն­ցուց ազ­գա­յին իր ար­ժա­նիք­նե­րէն եւ 19րդ ­դար հա­սաւ ե­սա­կեդ­րոն, դրա­մա­պաշտ, վաշ­խա­ռու եւ չեր­չի տի­պար­նե­րու այ­լա­սե­րած ու հեղ­ձու­ցիչ մթնո­լոր­տով։
Այդ ա­ռու­մով ալ խա­ւա­րա­միտ կղե­րի եւ մա­կա­բոյծ փո­ղա­տէ­րե­րու ա­ռա­ջա­ցու­ցած բա­րո­յա­կան ան­կու­մի այդ չա­րի­քէն հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­զա­տագ­րե­լու՝ բա­րո­յա­կան ինք­նա­մաքր­ման եւ գա­ղա­փա­րա­կան վե­րած­նուն­դի ի խնդիր պայ­քար մը ե­ղաւ, նաեւ ու էա­պէ՛ս, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը՝ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։
Ո­րո­շա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին մօտ շեշ­տո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րո­յա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րը ստրկու­թեան կեղ­տա­ջու­րե­րէն մաք­րե­լու եւ նո­րո­վի կեն­սա­գոր­ծե­լու այդ խստա­պա­հան­ջու­թիւ­նը, որ կա­րե­ւո­րա­գոյն ե­րաշ­խի­քը ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թեան հան­դէպ մեր ժո­ղո­վուր­դին ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան ու ակ­նա­ծան­քին։
­Դաշ­նակ­ցու­թեան բա­րո­յա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան այդ խստա­պա­հան­ջու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րած ու իբ­րեւ կազ­մա­կեր­պա­կան ա­ւանդ եւ դրա­մագ­լուխ հարս­տա­ցու­ցած ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն է ­Պա­պա­շան՝ ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեա­նը, որ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր մնա­յուն տե­ղը գրա­ւած է ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի եւ ­Յո­նան ­Դաւ­թեա­նի կող­քին՝ իբ­րեւ հայ ղե­կա­վար գոր­ծի­չի բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան ա­ւան­դը կեր­տած եւ ա­մե­նայն հա­ւա­տար­մու­թեամբ պահ­պա­նած նո­ւի­րեա­լի։